Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Վազեցէք, որ հասնիք»

«Վազեցէք, որ հասնիք»

«Վազեցէք, որ հասնիք»

«Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք» (Ա. ԿՈՐ. 9։24

1, 2. ա) Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաները ինչպէ՞ս քաջալերեց։ բ) Աստուծոյ ծառաներուն յորդոր տրուած է որ ի՞նչ ընեն։

ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները քաջալերելու համար, ազդու նկարագրութիւն մը գործածեց։ Ան իրենց յիշեցուց, թէ կեանքի մրցավազքին մէջ առանձին չէին։ Անոնք շրջապատուած էին «վկաներու բազմութեամբ»՝ որոնք յաջողապէս մրցավազքը աւարտած էին։ Այս նախակարապետներուն հաւատարիմ գործերը եւ անխոնջ ջանքերը յստակ կերպով ի մտի ունենալը, եբրայեցի քրիստոնեաներուն դրդապատճառ պիտի տար, որ իրենց մրցավազքին մէջ յարատեւէին եւ տեղի չտային։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ, ‘վկաներու բազմութենէն’ քանի մը անհատներու կեանքի ընթացքը նկատի առինք։ Բոլորը ցոյց տուին, թէ անխախտ հաւատքը զիրենք կարող դարձուց որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան, կարծես թէ անոնք մրցավազքի մը մէջ կը յարատեւէին մինչեւ աւարտագիծը։ Մենք կրնանք անոնց յաջողութենէն դաս քաղել։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածը նշեց, Պօղոս սա յորդորը տուաւ իր հաւատակիցներուն, ինչպէս նաեւ մեզի. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը» (Եբ. 12։1

3. Յունական խաղերուն մէջ վազողներուն նկատմամբ Պօղոսի ըսածէն քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան սորվիլ։

3 Այդ ժամանակ ժողովրդական եղող վազքամրցումի առնչութեամբ, գիրք մը կ’ըսէ թէ «յոյները մերկ կը մարզուէին եւ կը մրցէին» (Backgrounds of Early Christianity * Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, վազողները կը մերկանային՝ զիրենք դանդաղեցնող որեւէ աւելորդ ծանրութիւն կամ բեռ հանելով։ Մինչ պիտի առարկէինք անոնց անպատշաճութեան համար, սակայն անոնք այդ կերպով կը վազէին մրցանակը շահելու միակ նպատակակէտով։ Պօղոսի միտք բանին այն էր՝ թէ կեանքի մրցավազքին մէջ մրցանակը շահելու համար, կարեւոր է որ վազողները ամէն տեսակի խոչընդոտ վերցնեն։ Ասիկա քրիստոնեաներուն համար ողջամիտ խրատ մըն էր այդ ատեն, եւ մեզի համար ալ այսօր։ Ի՞նչ ծանրութիւններ կամ բեռներ կրնան մեզ ետ պահել, կեանքի մրցավազքին մէջ մրցանակը շահելէ։

«Ամէն ծանրութիւն. . . մէկդի ձգենք»

4. Նոյի օրերուն մարդիկ ի՞նչ բաներով տարուած էին։

4 Պօղոսի խրատն էր՝ ‘ամէն ծանրութիւն մէկդի ձգել’։ Ատիկա կը պարփակէ ամէն բան որ մեզ կ’արգիլէ մեր լման ուշադրութիւնը եւ լաւագոյն ջանքերը կեդրոնացնելէ այն մրցավազքին վրայ՝ որուն մէջ կը վազենք։ Ի՞նչ բաներ կրնան ըլլալ այսպիսի ծանրութիւններ։ Նոյի նայելով,– Պօղոսի մէջբերած օրինակներէն մէկը,– կը յիշենք Յիսուսի խօսքը. «Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ» (Ղուկ. 17։26)։ Յիսուս գլխաւորաբար գալիք աննախընթաց դէպքին մասին չէր խօսեր. ան մարդոց ապրելակերպին կ’ակնարկէր (կարդա՛ Մատթէոս 24։37-39Նոյի օրերուն, մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուծոյ հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց. անոնք չուզեցին զինք հաճեցնող կերպով ապրիլ։ Ի՞նչ բաներով տարուեցան։ Արտասովոր ո՛չ մէկ բանով։ Ուտել, խմել եւ ամուսնանալ,– կեանքի սովորական երեսակները։ Բուն խնդիրը այն էր՝ թէ անոնք «չգիտցան» կամ «ուշադրութիւն չդարձուցին» (ՆԱ), ինչպէս Յիսուս նշեց։

5. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մրցավազքը յաջողութեամբ աւարտենք։

5 Նոյին եւ իր ընտանիքին նման, ամէն օր ընելիք շատ բան ունինք։ Պէտք է որ ապրուստ ճարենք, եւ մենք մեզի ու մեր ընտանիքին հոգ տանինք։ Ատիկա կրնայ մեր ժամանակին, կորովին եւ միջոցներուն մեծ մասը գրաւել։ Մանաւանդ տնտեսականօրէն դժուարին ժամանակներուն, դիւրին է կեանքի անհրաժեշտութիւններու մասին մտահոգուիլ։ Որպէս նուիրուած քրիստոնեաներ, նաեւ աստուածպետական կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունինք։ Ծառայութեան կը մասնակցինք, քրիստոնէական ժողովները կը պատրաստենք ու անոնց ներկայ կը գտնուինք, եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ու ընտանեկան պաշտամունք ընելով՝ հոգեւորապէս զօրաւոր կը մնանք։ Նոյ ալ ընելիք շատ բան ունէր, բայց «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Վստահաբար, մեր կրելիք ծանրութիւնը ծայր աստիճան թեթեւցնելը եւ անհարկի բեռներ չկրելը կենսական են, եթէ կ’ուզենք քրիստոնէական մրցավազքին մէջ մինչեւ աւարտագիծը վազել։

6, 7. Յիսուսի ո՞ր խրատը պէտք է ի մտի ունենանք։

6 Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ «ամէն ծանրութիւն. . . մէկդի ձգենք»։ Անշուշտ, մեր բոլոր պատասխանատուութիւնները չենք կրնար զանց ընել։ Այս առնչութեամբ, Յիսուսի խօսքը ի մտի ունեցիր. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են» (Մատ. 6։31, 32)։ Յիսուսի այս խօսքը ցոյց կու տայ թէ նո՛յնիսկ այդպէս կոչուած սովորական բաները, ինչպէս՝ ուտելիք եւ հագնելիք, կրնան բեռ մը կամ գայթակղութեան քար ըլլալ, եթէ իրենց յարմար տեղը չպահուին։

7 Կեդրոնացի՛ր Յիսուսի խօսքին վրայ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա, իրեն ինկած բաժինը պիտի ընէ, մեր կարիքներուն հոգ տանելու համար։ Անշուշտ, «այդ բոլոր բաները» մեր սիրած կամ ուզած բաներէն տարբեր կրնան ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, մեզի կ’ըսուի որ չմտահոգուինք ‘բաներով՝ որոնք հեթանոսները կը խնդրեն’։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս յետագային յորդորեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի» (Ղուկ. 21։34, 35

8. Ինչո՞ւ հիմա՛ է ժամանակը ‘ամէն ծանրութիւն մէկդի ձգելու’։

8 Աւարտագիծը ահա՛ մեր դիմացն է։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որ անհարկի ծանրութիւններով ծանրաբեռնուինք, որոնք կրնան մեզի արգելք հանդիսանալ, երբ վախճանին ա՛յսքան մօտ ենք։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խրատը ի՛րապէս իմաստալից է. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է» (Ա. Տիմ. 6։6)։ Պօղոսի խօսքերը լուրջի առնելը, մրցանակը ձեռք ձգելու հաւանականութիւնը մեծապէս կ’աւելցնէ։

«Մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»

9, 10. ա) «Մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ բ) Քրիստոնեայի մը հաւատքին ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

9 «Ամէն ծանրութիւն»էն զատ, Պօղոս նաեւ նշեց մէկդի ձգել «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»։ Ատիկա ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ «Դիւրաւ պաշարող» թարգմանուած յունարէն բառը, Աստուածաշունչին մէջ միայն այս համարին մէջ կ’երեւի։ Ուսումնական Ալպերթ Պարնզ կ’ըսէ. «Ինչպէս որ վազողը ուշադիր պիտի ըլլար որ ինքզինք չբեռնաւորէր հանդերձով մը, որ վազքի ժամանակ դիւրաւ կրնար ոտքերուն փաթթուիլ եւ իրեն խոչընդոտ հանդիսանալ, նոյնը պէտք է ըլլայ պարագան քրիստոնեային, որ մասնաւորաբար մէկդի պէտք է ձգէ ամէն բան որ ասոր կը նմանի»։ Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ պաշարուիլ, եւ այսպէս իր հաւատքը տկարանայ։

10 Քրիստոնեայ մը մէկ օրէն միւսը իր հաւատքը չի կորսնցներ։ Ատիկա կրնայ աստիճանաբար, նո՛յնիսկ աննկատաբար տեղի ունենալ։ Իր նամակին սկիզբը, Պօղոս ‘փրկութեան ճամբէն հեռանալու’ եւ «անհաւատութեան չար սիրտ» զարգացնելու վտանգին մասին ազդարարեց (Եբ. 2։1, Անթիլիաս. 3։12)։ Երբ վազողին հանդերձը իր ոտքերուն փաթթուի, անխուսափելիօրէն կ’իյնայ։ Այսպիսի խոչընդոտ դառնալու հաւանականութիւնը յատկապէս մեծ է, եթէ վազողը անտեսէ որոշ հանդերձ հագուելու վտանգը։ Ի՞նչ բան պատճառ կը դառնայ որ ան այդ վտանգը անտեսէ։ Թերեւս անհոգութիւնը կամ չափազանց ինքնավստահութիւնը կամ մտազբաղումը։ Պօղոսի խրատէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

11. Ի՞նչ բան պատճառ կրնայ դառնալ որ մեր հաւատքը կորսնցնենք։

11 Պէտք է ի մտի ունենանք, թէ հաւատք կորսնցնելը՝ ժամանակի ընթացքին կատարուած արարքներու վերջին արդիւնքն է։ «Մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» արտայայտութեան նկատմամբ, ուրիշ ուսումնական մը կը նշէ, թէ ատիկա այն «մեղքն է որ մեր պարագաներուն, մեր կազմուածքին եւ մեր ընկերակիցներուն պատճառաւ՝ մեծագոյն առաւելութիւնը ունի մեզի դէմ»։ Գաղափարը այն է՝ թէ մեր միջավայրը, մեր անձնական տկարութիւնները եւ մեր ընկերակցութիւնները կրնան մեծ ազդեցութիւն բանեցնել մեր վրայ։ Ատոնք կրնան մեր հաւատքը տկարացնել կամ նո՛յնիսկ քանդել (Մատ. 13։3-9

12. Մեր հաւատքը չկորսնցնելու համար, ի՞նչ յիշեցումներ պէտք է լուրջի առնենք։

12 Տարիներու ընթացքին, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը մեզի յիշեցուցած է, որ ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ կը դիտենք եւ ի՛նչ կ’ունկնդրենք, այսինքն՝ մեր սրտերն ու մտքերը ի՛նչ բաներու վրայ կը կեդրոնացնենք։ Ծառայ դասակարգը նաեւ մեզ զգուշացուցած է դրամ եւ ստացուածք հետապնդելու վտանգէն։ Թերեւս ժամանցի աշխարհին պերճանքն ու հրապոյրը, կամ անվերջ նորանոր պիտոյքները մեզ շեղեցնեն։ Շատ լուրջ սխալ պիտի ըլլար խորհիլը, թէ այսպիսի խրատ մը չափազանց կաշկանդիչ է, կամ թէ միայն ուրիշներու կը կիրարկուի, մինչ մենք անձամբ ձեւով մը այդ վտանգներէն պաշտպանուած ենք։ Խորամանկ եւ խաբէական են այն խոչընդոտները, որոնք Սատանայի աշխարհը մեր առջեւ կը դնէ։ Անհոգութիւնը, չափազանց ինքնավստահութիւնը եւ մտազբաղումը պատճառ դարձած են որ ոմանք իրենց հաւատքը կորսնցնեն, եւ այսպիսի բաներ կրնան կեանքի մրցանակը ձեռք ձգելու մեր յոյսին ազդել (Ա. Յովհ. 2։15-17

13. Ինչպէ՞ս կրնանք վնասակար ազդեցութիւններէ մենք մեզ պաշտպանել։

13 Ամէն օր, կը հանդիպինք մարդոց՝ որոնք աշխարհի նպատակակէտերը, արժանիքները եւ մտածելակերպը յառաջ կը մղեն (կարդա՛ Եփեսացիս 2։1, 2Այսուհանդերձ, թէ ո՛ր աստիճան մենք կ’ազդուինք, մեծապէս մեզմէ կախեալ է, այսինքն՝ այս ազդեցութիւններուն ինչպէ՛ս կը հակազդենք։ «Օդ»ը՝ որուն մասին Պօղոս խօսեցաւ, մահացու է։ Յարատեւաբար պէտք է զգաստ ըլլանք, որպէսզի չխեղդուինք կամ շնչահեղձութիւն չունենանք եւ այսպէս չկարենանք աւարտագծին հասնիլ։ Մինչեւ վերջ մրցումին մէջ մնալու համար, ի՞նչ օգնութիւն ունինք։ Կրնաս ըսել թէ Յիսուս կատարեալ գլխաւոր–վազողն է (Եբ. 12։2)։ Նաեւ ունինք Պօղոսի օրինակը, որ ինքզինք քրիստոնէական մրցավազքին մէջ վազող մը համարեց եւ հաւատակիցները յորդորեց որ զինք ընդօրինակեն (Ա. Կոր. 11։1. Փլպ. 3։14

«Վազեցէք, որ հասնիք». ինչպէ՞ս

14. Պօղոս մրցավազքին մէջ իր անձնական մասնակցութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց։

14 Պօղոս մրցավազքին մէջ իր անձնական մասնակցութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց։ Եփեսոսի երէցներուն ուղղած իր վերջին խօսքին մէջ, ան ըսաւ. «Բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի» (Գործք 20։24)։ Ան պատրաստ էր ամէն բան զոհելու, ներառեալ՝ իր կեանքը, որպէսզի աւարտագծին հասնէր։ Պօղոսի համար, բարի լուրին առնչութեամբ իր բոլոր ջանքերը եւ ծանր աշխատանքը անարժէք պիտի ըլլային, եթէ ձեւով մը աւարտագծին հասնելու ձախողէր։ Սակայն, ան չափազանց ինքնավստահ չէր, խորհելով թէ անպայման մրցանակը պիտի շահէր (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։12, 13Միայն իր կեանքի վերջաւորութեան էր, որ ան որոշ վստահութեամբ ըսաւ. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմ. 4։7

15. Պօղոս մրցավազքին մէջ իրեն հետ վազողներուն ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ։

15 Ասկէ զատ, Պօղոս զօրաւոր փափաք ունէր որ իր հաւատակիցները մրցավազքը աւարտեն եւ ետ չքաշուին։ Օրինակ՝ ան Փիլիպպէի քրիստոնեաները յորդորեց, որ իրենց փրկութեան համար ծանր աշխատին։ Հարկ էր որ անոնք «կենաց խօսքը ամուր» բռնէին։ Ան շարունակեց. «Որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած» (Փլպ. 2։16)։ Նմանապէս, ան Կորնթոսի քրիստոնեաները յորդորեց՝ ըսելով. «Այնպէս վազեցէք, որ [մրցանակին] հասնիք» (Ա. Կոր. 9։24

16. Ինչո՞ւ մեր աչքերը սեւեռած պէտք է պահենք մրցանակին վրայ։

16 Երկար մրցավազքի մը մէջ, ինչպէս՝ մարաթոն, աւարտագիծը սկիզբը չ’երեւիր։ Սակայն, ամբողջ մրցավազքին ընթացքին, վազողը աւարտագծին վրայ կեդրոնացած կը մնայ։ Եւ երբ ան կը գիտակցի թէ աւարտագիծը մօտ է, որեւէ ժամանակէ աւելի կը վճռէ վազքը ամբողջացնել։ Նոյնը պէտք է ըլլայ պարագան մեր մրցավազքին։ Մրցանակը պէտք է իրական ըլլայ մեզի, ինչ որ պիտի օգնէ անոր հասնելու։

17. Հաւատքը ինչպէ՞ս մրցանակը մեզի իրական կը դարձնէ։

17 Պօղոս գրեց. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է» (Եբ. 11։1)։ Աբրահամ եւ Սառա պատրաստ էին իրենց հանգստաւէտ կենցաղակերպը լքելու, եւ որպէս «օտարներ ու պանդուխտներ» ապրելու։ Ի՞նչ բան անոնց օգնեց։ Անոնք Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը «հեռուէն տեսան»։ Մովսէս մերժեց «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը» եւ «Եգիպտոսին գանձերը»։ Ան ինչպէ՞ս ձեռք ձգեց հարկ եղած հաւատքն ու քաջութիւնը։ Ան «դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» (Եբ. 11։8-13, 24-26)։ Հասկնալիօրէն, Պօղոս այս անհատներէն իւրաքանչիւրին նկարագրութիւնը կանխեց՝ ըսելով. «Հաւատքով»։ Հաւատքը զիրենք կարող դարձուց որ ներկայ փորձութիւններէն եւ դժուարութիւններէն անդին նային եւ տեսնեն թէ Աստուած իրենց ի նպաստ ի՛նչ կ’ընէր եւ դեռ ի՛նչ պիտի ընէր։

18. «Մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» մէկդի ձգելու համար, ի՞նչ դրական քայլեր կրնանք առնել։

18 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ նշուած հաւատքի տէր կիներուն եւ տղամարդոց վրայ խոկալով եւ անոնց օրինակը ընդօրինակելով, կրնանք հաւատք մշակել եւ «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» մէկդի ձգել (Եբ. 12։1)։ Նաեւ, կրնանք ‘իրարու հոգ տանիլ՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’, նոյնանման հաւատք մշակողներուն հետ մէկտեղ հաւաքուելով (Եբ. 10։24

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հիմա՛ շարունակենք մեր մրցավազքին մէջ վազել։

19 Մեր մրցավազքին աւարտին մօտեցած ենք։ Աւարտագիծը ահա՛ կը տեսնենք։ Հաւատքով եւ Եհովայի օգնութեամբ, մենք ալ կրնա՛նք ‘ամէն ծանրութիւն եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը մէկդի ձգել’։ Արդարեւ, կրնա՛նք այնպէս մը վազել որ հասնինք մրցանակին,– մեր Աստուծոյ եւ Հօր՝ Եհովայի խոստացած օրհնութիւնները։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Ասիկա վաղեմի հրեաներուն համար գարշելի բան էր։ Ըստ պարականոն գիրքին՝ Բ. Մակաբայեցիներ, ատիկա բաւական տարակարծութիւն պատճառեց, երբ հաւատուրաց քահանայապետ՝ Յասոն, որպէս հելլենացնելու մէկ արարք, առաջարկեց Երուսաղէմի մէջ մարզաւան մը կառուցանել (Բ. Մկ. 4։7-17)։

Կը յիշե՞ս

• «Ամէն ծանրութիւն» մէկդի ձգելու մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

• Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ քրիստոնեան իր հաւատքը կորսնցնէ։

• Ինչո՞ւ մրցանակին վրայ կեդրոնացած պէտք է մնանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]