Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛

Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛

Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛

«Տոկունութեամբ վազենք մեր առջեւ դրուած մրցավազքը» (ԵԲ. 12։1, ՆԱ

1, 2. Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական կեանքի ընթացքը ի՞նչ բանի նմանցուց։

ԱՄԷՆ տարի, բազմաթիւ շրջաններու մէջ մարաթոններ տեղի կ’ունենան։ Այդպէս կոչուած ընտրանի վազողներ մրցավազքին կը մասնակցին մէկ նպատակով. շահիլ։ Իսկ միւս մասնակցողները՝ գիտնալով որ չեն կրնար շահիլ, կը ջանան պարզապէս աւարտագծին հասնիլ, զայն նկատելով հպարտանալիք իրագործում մը։

2 Աստուածաշունչին մէջ, քրիստոնէական կեանքի ընթացքը նմանցուած է մրցավազքի։ Պօղոս առաքեալ ասիկա վաղեմի Կորնթոսի քրիստոնեաներուն ուշադրութեան յանձնեց, իրենց յղած իր առաջին նամակին մէջ։ Ան գրեց. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք» (Ա. Կոր. 9։24

3. Պօղոս ինչո՞ւ նշեց թէ միայն մէկ վազող կը շահի։

3 Պօղոս ըսել կ’ուզէ՞ր թէ այդ քրիստոնեաներէն միայն մէկ հոգի կեանքի մրցանակը պիտի շահէր, եւ մնացեալ բոլոր անհատները ի զուր պիտի վազէին։ Անշուշտ ո՛չ։ Մրցումներու մէջ վազողները, շահելու նպատակով կը մարզուէին եւ իրենց ամէն կարելին կ’ընէին։ Պօղոս ուզեց որ քրիստոնեաները այդ կերպով ջանք թափէին՝ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար։ Այդպէս ընելով, անոնք կրնային յուսալ կեանքի մրցանակը շահիլ։ Արդարեւ, քրիստոնէական մրցավազքին մէջ, բոլոր անոնք՝ որոնք աւարտագծին կը հասնին, այդ մրցանակը կը շահին։

4. Մեր առջեւ դրուած մրցավազքին առնչութեամբ, ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնենք։

4 Այս խօսքերը քաջալերական ու զգաստացուցիչ են բոլոր անոնց՝ որոնք այսօր կեանքի մրցավազքին մէջ են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մրցանակը,– կեանքը՝ երկնքի մէջ կամ դրախտային երկրի վրայ,– անբաղդատելի է։ Ճիշդ է որ մրցավազքը երկար ու դժուար է. ճամբուն վրայ շատ մը խոչընդոտներ, խանգարումներ եւ վտանգներ կան (Մատ. 7։13, 14)։ Ցաւօք սրտի, ոմանք դանդաղած են, տեղի տուած են կամ նո՛յնիսկ ինկած են։ Կեանքի մրցավազքին մէջ, ի՞նչ թակարդներ եւ վտանգներ կան։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնցմէ խուսափիլ։ Մրցավազքը աւարտելու ե՛ւ շահելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։

Շահելու համար՝ պէտք է տոկանք

5. Եբրայեցիս 12։1–ի մէջ Պօղոս ի՞նչ բացատրեց։

5 Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի մէջ գտնուող եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս դարձեալ մրցավազքի մէջ վազողներու մասին ակնարկութիւն ըրաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։1Ան ոչ միայն ուշադրութեան յանձնեց մրցավազքին մասնակցելու պատճառը, այլ նաեւ նշեց թէ շահելու համար անհատ մը ի՛նչ պէտք է ընէ։ Եբրայեցի քրիստոնեաներուն տուած Պօղոսի ներշնչեալ խրատը քննարկելէ առաջ, տեսնելու համար թէ ի՛նչ դասեր կան մեզի համար, նկատի առնենք թէ ի՛նչ բան մղեց Պօղոսը որ նամակը գրէ եւ թէ ան ընթերցողները քաջալերեց որ ի՛նչ ընեն։

6. Քրիստոնեաները կրօնական առաջնորդներու կողմէ ի՞նչ ճնշումի տակ էին։

6 Առաջին դարու քրիստոնեաները, մանաւանդ Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի մէջ բնակողները, բազմաթիւ փորձութիւններ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին։ Անոնք մեծ ճնշումի ենթարկուած էին հրեայ կրօնական առաջնորդներու կողմէ, որոնք տակաւին զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէին ժողովուրդին վրայ։ Նախապէս, այս առաջնորդները կրցած էին Յիսուս Քրիստոսը որպէս խռովարար դատապարտել եւ որպէս ոճրագործ սպաննել։ Եւ անոնք իրենց հակառակութիւնը պիտի չդադրեցնէին։ Գործք գիրքին մէջ կրկին անգամ կը կարդանք քրիստոնեաներուն դէմ ըրած անոնց սպառնալիքներուն ու յարձակումներուն մասին, որոնք մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէի հրաշալի դէպքերէն գրեթէ անմիջապէս ետք սկսան։ Ասիկա անշուշտ հաւատարիմներուն կեանքը դժուարացուց (Գործք 4։1-3. 5։17, 18. 6։8-12. 7։58, 59. 8։1, 3

7. Ի՞նչ վտանգաւոր ժամանակներ դիմագրաւեցին այն քրիստոնեաները, որոնց Պօղոս գրեց։

7 Այդ քրիստոնեաները նաեւ կ’ապրէին հրէական իրերու դրութեան վախճանէն քիչ առաջ։ Յիսուս անոնց խօսած էր անհաւատարիմ հրեայ ազգին վրայ գալիք կործանումին մասին։ Ան նաեւ իր հետեւորդներուն նշած էր վախճանը կանխող դէպքերը եւ վերապրելու համար մասնայատուկ ցուցմունքներ տուած էր (կարդա՛ Ղուկաս 21։20-22Ուրեմն, անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Յիսուս ազդարարեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի» (Ղուկ. 21։34

8. Թերեւս ի՞նչ բաներ պատճառ եղած էին որ կարգ մը քրիստոնեաներ դանդաղէին կամ տեղի տային։

8 Յիսուսի այդ ազդարարութեան վրայ գրեթէ 30 տարի անցած էր, երբ Պօղոս եբրայեցիներուն իր նամակը գրեց։ Այդ ժամանակը ինչպէ՞ս ազդեց քրիստոնեաներուն։ Ոմանք առօրեայ կեանքի ճնշումներուն եւ զբաղումներուն տեղի տուին եւ հոգեւորապէս չյառաջդիմեցին, իրենք զիրենք զօրացնելով (Եբ. 5։11-14)։ Ուրիշներ ակներեւաբար խորհեցան, թէ կեանքը աւելի դիւրին պիտի ըլլար՝ եթէ միւս հրեաներուն նման ապրէին։ Վերջ ի վերջոյ, այդ հրեաները բոլորովին Աստուած չէին լքած. անոնք տակաւին որոշ չափով իր Օրէնքին կը հետեւէին։ Նաեւ, ժողովքներուն մէջ կային անհատներ, որոնք ուրիշները կը ստիպէին որ մովսիսական օրէնքին եւ հրէական աւանդութիւններուն հնազանդին։ Քրիստոնեաներէն ոմանք անոնց հաւատացին, իսկ ուրիշներ վախ ունենալով անոնց ականջ տուին։ Պօղոս ի՞նչ կրնար ըսել, իր քրիստոնեայ եղբայրներուն օգնելու, որ հոգեւորապէս զգաստ մնային եւ մրցավազքին մէջ տոկային։

9, 10. ա) Եբրայեցիս 10–րդ գլուխին վերջաւորութեան, Պօղոս ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ։ բ) Պօղոս վաղեմի վկաներու հաւատարմութեան արարքներուն մասին ինչո՞ւ գրեց։

9 Հետաքրքրական է նկատել այն կերպը՝ որով Պօղոս աստուածային ներշնչման ներքեւ, ջանաց եբրայեցի քրիստոնեաները զօրացնել։ Իր նամակին 10–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ Օրէնքը միայն «գալիք բարիքներուն շուքն» էր եւ յստակացուց Քրիստոսի փրկանքի զոհին արժէքը։ Այդ գլուխին վերջաւորութեան, Պօղոս ընթերցողները յորդորեց. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. ‘Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ’» (Եբ. 10։1, 36, 37

10 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս հմտօրէն կը բացատրէ թէ Աստուծոյ հանդէպ ճշմարիտ հաւատքը ի՛նչ է, եւ ատիկա կը լուսաբանէ հաւատքի տէր տղամարդոց եւ կիներու պատմական օրինակները տալով։ Ասիկա անհարկի շեղո՞ւմ մըն էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Առաքեալը գիտակից էր թէ իր հաւատակիցները կարիք ունէին անդրադառնալու, որ հաւատքը քաջարի վարք եւ տոկունութիւն կը պահանջէր։ Եհովայի այդ հաւատարիմ ծառաներուն ընտիր օրինակը պիտի զօրացնէր եբրայեցիները, որպէսզի իրենց դիմագրաւած փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէին։ Ուստի, այս վաղեմի հաւատարիմներուն հաւատքի գործերը թուելէ ետք, Պօղոս կրցաւ ըսել. «Մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը» (Եբ. 12։1

‘Վկաներու բազմութիւն մը’

11. ‘Վկաներու բազմութեան’ մասին խորհիլը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։

11 Այլաբանօրէն խօսելով, ‘վկաներու բազմութիւնը’ պարզապէս հանդիսատեսներ կամ դիտողներ չէին, որոնք ներկայ կը գտնուէին միմիայն մրցավազքը դիտելու կամ իրենց նախասիրած մարզիկին կամ խումբին շահիլը տեսնելու։ Փոխարէն, անոնք մասնակցողներ էին, մրցավազքի մը մէջ վազողներու նման։ Եւ անոնք յաջողապէս վազած էին եւ աւարտագծին հասած էին։ Անոնց օրինակը պիտի քաջալերէր ուրիշները, որ շարունակէին մրցավազքը վազել։ Եթէ մրցավազքի մը մէջ ըլլայինք, եւ գիտնայինք թէ շատ լաւ վազողներ մեզ կը դիտեն ու կը քաջալերեն որ շարունակենք վազել, այդ ատեն մեր ամէն կարելին պիտի ընէինք որ աւարտագծին հասնէինք։ Այս վաղեմի վկաները կրնային վկայել թէ այսպիսի այլաբանական մրցավազք մը, ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ՝ կրնա՛յ շահուիլ։ Հետեւաբար, ի մտի ունենալով ‘վկաներու բազմութեան’ օրինակը, առաջին դարու եբրայեցի քրիստոնեաները կրնային քաջալերուիլ եւ ‘տոկունութեամբ մրցավազքը վազել’։ Մենք ալ կրնա՛նք նոյնը ընել։

12. Պօղոսի մէջբերած օրինակները ինչո՞ւ մեզի օգտակար են։

12 Հաւատարիմ անհատներէն շատեր՝ որոնց Պօղոս ակնարկեց, անցան պարագաներէ, որոնք մեր պարագաներուն նման էին։ Օրինակ՝ Նոյ ողջ էր երբ նախաջրհեղեղեան աշխարհը իր վախճանին կը մօտենար։ Մենք ներկայ աշխարհի վախճանին սեմին կ’ապրինք։ Աբրահամի եւ Սառայի ըսուեցաւ որ իրենց շրջանը ձգեն, ճշմարիտ պաշտամունքին հետամուտ ըլլան եւ Եհովայի խոստումին կատարման սպասեն։ Մեզի յորդոր կը տրուի, որ ուրանանք մենք մեզ եւ ձեռք ձգենք Եհովայի հաճութիւնը եւ մեզի վերապահած օրհնութիւնները։ Մովսէս վախազդու անապատի մը մէջ ճամբորդելով ուղղուեցաւ դէպի Խոստացեալ երկիր։ Մենք այս մահամերձ աշխարհին մէջ կ’ապրինք՝ ուղղուելով դէպի խոստացեալ նոր աշխարհը։ Իրապէս մեր նկատողութեան արժանի են այս մարդոց դիմագրաւած պարագաները, իրենց յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց զօրաւոր կողմերն ու տկարութիւնները (Հռով. 15։4. Ա. Կոր. 10։11

Անոնք ինչպէ՞ս յաջողեցան

13. Նոյ ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, եւ ի՞նչ բան զինք կարող դարձուց որ անոնց հետ գլուխ ելլէ։

13 Ի՞նչ բան կարող դարձուց Եհովայի այս ծառաները որ տոկան ու յաջողաբար մրցավազքը աւարտեն։ Նկատի առ թէ Պօղոս Նոյի մասին ի՛նչ գրեց (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։7Նոյի համար «դեռ չերեւցած բան» մըն էր ‘ջրհեղեղը, որ բոլոր մարմինները պիտի կորսնցնէր’ (Ծն. 6։17)։ Ատիկա բոլորովին աննախընթաց դէպք մըն էր։ Սակայն Նոյ զայն անկարելի կամ նոյնիսկ անհաւանական բան չնկատեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան կը հաւատար թէ Եհովան իր ամէն ըսածը կը կատարէ։ Նոյ չխորհեցաւ թէ իրմէ պահանջուածը շատ դժուար բան էր։ Փոխարէն, ան «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Նոյի ըրածը քիչ բան չէր,– տապանը շինել, կենդանիները հաւաքել, տապանը ուտելիքներով մթերել, ազդարարական պատգամ քարոզել եւ իր ընտանիքը հոգեւորապէս զօրաւոր պահել։ Այսուհանդերձ, Նոյի հաւատքն ու տոկունութիւնը պատճառ եղան, որ ան եւ իր ընտանիքը վերապրին եւ օրհնութիւններ ստանան։

14. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Աբրահամ եւ Սառա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ցուցաբերեցին, եւ մենք ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոնց օրինակէն։

14 Աբրահամ եւ Սառա, Պօղոսի ‘վկաներու բազմութեան’ ցանկին մէջ յաջորդը կու գան։ Անոնք իրենց հանգստաւէտ կեանքը լքելով՝ Ուր քաղաքէն ելան, եւ իրենց ապագան անորոշ թուեցաւ։ Անոնք դժուարին պահերուն մէջ անխախտ հաւատքի եւ հնազանդութեան օրինակ եղան։ Ճշմարիտ պաշտամունքին համար զոհողութիւններ ընելու պատրաստ ըլլալով, Աբրահամ պատշաճօրէն կոչուեցաւ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ (Հռով. 4։11)։ Պօղոս միայն գլխաւոր կէտեր նշեց, քանի որ ընթերցողները Աբրահամի կեանքին մանրամասնութիւններուն տեղեակ էին։ Այսուհանդերձ, Պօղոս շատ ազդու դաս մը քաղեց. «Ասոնք ամէնքն ալ [ներառեալ՝ Աբրահամ եւ իր ընտանիքը] հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ» (Եբ. 11։13)։ Յստակ է որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը եւ Անոր հետ իրենց անձնական յարաբերութիւնը օգնեցին որ տոկունութեամբ մրցավազքը վազեն։

15. Ի՞նչ ազդակ դեր խաղցաւ որ Մովսէս իր ապրելակերպը ընտրէ։

15 ‘Վկաներու բազմութեան’ մէջ Մովսէս Եհովայի օրինակելի մէկ այլ ծառան է։ Ան իր ետին ձգեց բարգաւաճ եւ առանձնաշնորհեալ կեանք մը, ընտրելով «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ»։ Ի՞նչ բան մղեց զինք որ այդպէս ընէ։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին». ան «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-27Մովսէս «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւն»ով չտարուեցաւ։ Մովսէսի համար Աստուած եւ Իր խոստումները ա՛յնքան իրական էին, որ արտակարգ քաջութիւն եւ տոկունութիւն ցուցաբերեց։ Ան անխոնջօրէն ջանք թափեց, որ իսրայէլացիները առաջնորդէ Եգիպտոսէն դէպի Խոստացեալ երկիր։

16. Մովսէս ինչո՞ւ չյուսահատեցաւ երբ իրեն թոյլ չտրուեցաւ Խոստացեալ երկիրը մտնել։

16 Աբրահամի նման, Մովսէս իր կեանքի ընթացքին Աստուծոյ խոստումին կատարման ականատես չեղաւ։ Երբ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիր մտնելու վրայ էին, Մովսէսի ըսուեցաւ. «Այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։ Ասոր պատճառը այն էր՝ որ նախապէս ան եւ Ահարոն ժողովուրդին ըմբոստութենէն բարկացած՝ ‘Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ [Աստուծոյ] անհնազանդ եղան’ (Բ. Օր. 32։51, 52)։ Մովսէս ո՛չ յուսահատեցաւ, ոչ ալ զայրացաւ։ Ան Եհովայէ խնդրեց որ ժողովուրդը օրհնէ։ Անոր եզրափակիչ խօսքերն էին. «Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է» (Բ. Օր. 33։29

Դասեր մեզի համար

17, 18. ա) Կեանքի մրցավազքին առնչութեամբ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ ‘վկաներու բազմութենէն’։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

17 Վերաքաղ ընելով մեզ ‘շրջապատող վկաներու բազմութենէն’ կարգ մը անհատներու կեանքը, յստակ է որ մրցավազքին աւարտագծին հասնելու համար, Աստուծոյ եւ իր խոստումներուն հանդէպ պէտք է անվերապահ հաւատք ունենանք (Եբ. 11։6)։ Այս հաւատքը մեր ապրելակերպին պէտք է ազդէ։ Գիտենք թէ աւելի լաւ ապագայ մը կայ, որ Աստուած մեզի խոստացած է։ Կրնանք ‘Անտեսանելին տեսնել’ եւ այսպէս տոկունութեամբ մրցավազքը վազել (Բ. Կոր. 5։7

18 Քրիստոնէական մրցավազքը դիւրին չէ։ Բայց եւ այնպէս, կարելի՛ է որ մրցավազքը յաջողութեամբ աւարտենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք յաւելեալ բաներ, որոնք կրնան մեզի օգնել մրցավազքին աւարտագծին հասնելու։

Կրնա՞ս բացատրել

• Պօղոս ինչո՞ւ վաղեմի հաւատարիմ վկաներուն մասին երկարօրէն գրեց։

• Մեզ ‘շրջապատող վկաներու բազմութեան’ օրինակը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ մրցավազքին մէջ տոկալու։

• Նոյի, Աբրահամի, Սառայի եւ Մովսէսի օրինակներէն ի՞նչ սորվեցար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Աբրահամ եւ Սառա պատրաստ էին Ուրի հանգստաւէտութիւնը լքելու