Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամբողջ չարութեան ետին մէկը կա՞յ

Ամբողջ չարութեան ետին մէկը կա՞յ

Ամբողջ չարութեան ետին մէկը կա՞յ

«ԲԱՆՍԱՐԿՈՒԻՆ հետ ձեռնուեցայ»։ Այսպէս ըսաւ Ռուանտայի մէջ Միացեալ ազգերու գունդերուն հրամանատարը, ակնարկելով այդ երկրի 1994–ի ջարդը կասեցնելու իրենց ձախողութեան։ Մեկնաբանելով այդ ժամանակուան անհաւատալի բարբարոսութեան մասին, ուրիշ դիտորդ մը նշեց, թէ եթէ մէկը տակաւի՛ն կը յանդգնի Սատանային գոյութիւնը ուրանալ, թող Ռուանտայի մէջ զանգուածային գերեզման մը այցելէ։ Այսպիսի գազանային արարքներ իրապէս Բանսարկուի՞ն գործն են։

Մարդոց մեծամասնութիւնը անհարկի բռնութիւնն ու դաժանութիւնը անտեսանելի հոգեղէն չար արարածի մը արարքը չեն նկատեր։ Շատեր կը խորհին թէ այսպիսի բաներ մարդկային բնոյթի բնածին չարութեան հետեւանքն են, եւ թէ չարութեան բուն պատճառը մեր անձնասէր բնազդներն են։ Ուրիշներ այն տեսութիւնը կազմած են, թէ հարուստ եւ հեղինակաւոր անհատներէ բաղկացած գաղտնի աշխարհածաւալ ցանց մը, տասնամեակներէ ի վեր մարդկութիւնը կը ղեկավարէ, որպէսզի աշխարհին վրայ իշխէ։ Իսկ ոմանք ալ իրենց տեսած անարդարութեան եւ տառապանքին պատճառը կը վերագրեն կառավարութիւններուն եւ կառավարիչներուն։

Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ Ինչո՞ւ չարութիւնը, դաժանութիւնը, գազանային արարքները եւ տառապանքը այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ համատարած են, հակառակ զանոնք կասեցնելու ջանքերուն։ Ինչո՞ւ այնպէս կը թուի, թէ մարդկութիւնը ինքնակործանման ընթացք բռնած է, եւ ականջ չի կախեր կրկնակի ազդարարութիւններուն։ Այս բոլորին ետին մէկը կա՞յ։ Իրապէս ո՞վ կ’իշխէ աշխարհին վրայ։ Պատասխանը թերեւս քեզ ապշեցնէ։