«Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
«Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
«Տէրը զիս օծեց. . . բոլոր սգաւորները մխիթարելու» (ԵՍԱ. 61։1, 2)։
1. Յիսուս սգաւորներու համար ի՞նչ ըրաւ, եւ ինչո՞ւ։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34)։ Մինչ իր աստուածատուր նշանակումը կը կատարէր, Յիսուս իր Հօր սքանչելի յատկութիւնները արտացոլացուց, որոնցմէ մէկն է՝ Եհովայի մեծ սէրը մարդոց հանդէպ (Ա. Յովհ. 4։7-10)։ Պօղոս առաքեալ այդ սիրոյ մէկ դրսեւորումը նշեց, երբ Եհովային ակնարկեց որպէս «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» (Բ. Կոր. 1։3)։ Յիսուս նոյնանման սէր ցուցաբերեց, երբ կատարեց ինչ որ նախագուշակուած էր Եսայիի մարգարէութեան մէջ (կարդա՛ Եսայի 61։1, 2)։ Նազարէթի մէջ, Յիսուս ժողովարանը մտնելով, այդ մարգարէութիւնը կարդաց եւ իրեն կիրարկեց (Ղուկ. 4։16-21)։ Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս սիրալիրօրէն մխիթարեց սգաւորները, տալով քաջալերութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն։
2, 3. Մխիթարելու առնչութեամբ, Քրիստոսի հետեւորդները ինչո՞ւ պէտք է զինք ընդօրինակեն։
2 Յիսուսի բոլոր հետեւորդները հարկ է որ զինք ընդօրինակեն՝ սգաւորները մխիթարելով Ա. Կոր. 11։1)։ Պօղոս ըսաւ. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք» (Ա. Թես. 5։11)։ Յատկապէս ուրիշները պէտք է մխիթարենք, քանի որ մարդկութիւնը այժմ «չար ժամանակներ» կը դիմագրաւէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Համայն աշխարհի մէջ, պարկեշտամիտ անհատներ հետզհետէ կը հանդիպին ոմանց, որոնց խօսքերն ու արարքները տառապանք, սրտացաւ եւ տխրութիւն կը պատճառեն։
(3 Ինչպէս որ աստուածաշնչական մարգարէութիւնը նախագուշակեց, այս իրերու ամբարիշտ դրութեան վերջին օրերուն, շատեր եղած են «անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ Այս վարքագիծերը այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի վատ են, քանի որ ‘չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ յառաջացած են’ (Բ. Տիմ. 3։2-4, 13)։
4. Այժմ, աշխարհի իրավիճակները ի՞նչ եղած են։
4 Այս բոլորը մեզ պէտք չէ զարմացնեն, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ, թէ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհ. 5։19)։ «Բոլոր աշխարհ»ի մէջ կ’իյնան քաղաքական, կրօնական եւ առեւտրական տարրերը, ինչպէս նաեւ՝ պրոպականդի խողովակները։ Անկասկած, Բանսարկու Սատանան տեղին ըլլալով կոչուած է՝ «աշխարհին իշխանը» եւ «այս աշխարհի աստուածը» (Յովհ. 14։30. Բ. Կոր. 4։4)։ Աշխարհի տարածքին, իրավիճակները կը շարունակեն վատթարանալ, քանի որ Սատանան այժմ շատ բարկացած է, գիտնալով որ միայն կարճ ժամանակ ունի, առաջ որ Եհովան զինք դուրս շպրտէ (Յայտ. 12։12)։ Ո՜րքան կը մխիթարուինք գիտնալով, որ մօտ օրէն Աստուած ա՛լ պիտի չհանդուրժէ Սատանային ու անոր ամբարիշտ դրութիւնը, եւ թէ Եհովայի գերիշխանութեան վերաբերեալ Սատանայի յարուցած հարցը պիտի լուծուի (Ծննդոց, գլ. 3. Յոբ, գլ. 2)։
Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ կը քարոզուի
5. Այս վերջին օրերուն, քարոզչութեան մասին եղած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։
5 Մարդկային պատմութեան այս դժուար ժամանակամիջոցին կը կատարուի ինչ որ Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին այս աշխարհածաւալ վկայութիւնը հետզհետէ աւելի մեծ տարողութեամբ կը տրուի։ Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 7,500,000 Եհովայի վկաներ այս գործը կը կատարեն. անոնք աւելի քան 107,000 ժողովք կը կազմեն։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզեց ու սորվեցուց. Եհովայի վկաներն ալ նոյնը կ’ընեն (Մատ. 4։17)։ Առ ի արդիւնք մեր այժմու քարոզչութեան, սգաւորները մեծապէս կը մխիթարուին։ Միայն վերջին երկու տարուան մէջ, 570,601 անհատներ մկրտուեցան որպէս Եհովայի վկայ։
6. Մեր քարոզչութեան տարողութեան մասին ի՞նչ կը խորհիս։
6 Քարոզչութեան այս հսկայածաւալ տարողութիւնը զգալի է, քանի որ Եհովայի վկաները այժմ աւելի քան 500 լեզուներով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը թարգմանեն ու կը բաժնեն։ Մարդկային պատմութեան մէջ, բնա՛ւ այսպիսի բան մը չէ կատարուած։ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասի գոյութիւնը, գործը եւ աճը իսկապէս արտասովոր է։ Եթէ Աստուծոյ զօրեղ սուրբ հոգիին տուած ուղղութիւնն ու օգնութիւնը չըլլար, այս գործը անկարելի է որ կատարուէր Սատանայի ձեռքին տակ եղող այս աշխարհին մէջ։ Որո՛վհետեւ բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ կը քարոզուի, ոչ միայն մեր հաւատակիցները կը մխիթարուին, հապա նաեւ այն սգաւորները, որոնք կ’ընդունին Թագաւորութեան պատգամը։
Հաւատակիցները մխիթարել
7. ա) Ինչո՞ւ չենք կրնար Եհովայէն ակնկալել, որ բոլոր նեղացուցիչ պարագաները հիմա անհետացնէ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ կրնանք հալածանքի եւ նեղութեան տոկալ։
7 Չարութեամբ եւ տառապանքով լի այս աշխարհին մէջ, անկասկած պիտի դիմագրաւենք նեղացուցիչ պարագաներ։ Այնքան ատեն որ Աստուած իրերու այս դրութիւնը չէ կործանած, չենք կրնար ակնկալել որ տխրութեան կամ կսկիծի ամէն պատճառ անհետացնէ։ Մինչ այդ, նախագուշակուած հալածանքի դիմաց, որպէս իր տիեզերական գերիշխանութեան աջակիցներ, Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը վտանգի տակ է (Բ. Տիմ. 3։12)։ Սակայն, մեր երկնաւոր Հօր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը ստանալով, կրնանք նմանիլ վաղեմի Թեսաղոնիկէի օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք հալածանքներն ու նեղութիւնները համբերատարութեամբ եւ հաւատքով կրեցին (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3-5)։
8. Աստուածաշնչական ի՞նչ փաստ կայ, թէ Եհովան իր ծառաները կը մխիթարէ։
8 Կասկած չկայ թէ Եհովան իր ծառաներուն կու տայ հարկ եղած մխիթարութիւնը։ Օրինակ՝ երբ Յեզաբէլ չար թագուհին սպառնաց Եղիա մարգարէի կեանքին, մարգարէն իր խիզախութիւնը կորսնցուց եւ փախաւ՝ մինչեւ իսկ մեռնիլ ուզելով։ Բայց Եհովան զինք կշտամբելու տեղ, մխիթարութիւն եւ քաջութիւն տուաւ, որպէսզի ան կատարէր իր գործը որպէս մարգարէ (Գ. Թագ. 19։1-21)։ Թէ Եհովան իր ժողովուրդը կը մխիթարէ, նաեւ յայտնի կ’ըլլայ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքի փորձառութենէն։ Զոր օրինակ, կը կարդանք թէ ատեն մը, «եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին»։ Աւելին, անոնք «Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին» (Գործք 9։31)։ Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ մենք ալ ունինք «Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւն»ը։
9. Յիսուսի մասին սորվիլը ինչո՞ւ մեզ կրնայ մխիթարել։
9 Որպէս քրիստոնեաներ, մխիթարութիւն գտած ենք՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվելով եւ անոր շաւիղներուն հետեւելով։ Յիսուս ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Մարդոց հետ վարուելու Յիսուսի շինիչ կերպը սորվիլը եւ անոր դրական օրինակին հետեւիլը ինքնին մեծ օգնութիւն մըն է որ ճնշուածութենէ ձերբազատուինք։
10, 11. Ժողովքին մէջ, որո՞նք կրնան մխիթարութիւն տալ։
10 Մեր հաւատակիցներն ալ կրնան մեզ մխիթարել։ Օրինակի համար, նկատի առ թէ ժողովքի երէցները ինչպէ՛ս կ’օգնեն անոնց, որոնք նեղացուցիչ պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը [հոգեւորապէս] հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի Յակ. 5։14, 15)։ Ժողովքի միւս անդամներն ալ կրնան մխիթարութեան աղբիւր ըլլալ։
հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր» (11 Զանազան խնդիրներու մասին, կիներ յաճախ աւելի ազատութեամբ կը խօսին ուրիշ կիներու հետ։ Յատկապէս աւելի մեծ եւ փորձառու քոյրեր կրնան շատ մը ընտիր խրատներ տալ աւելի փոքր քոյրերուն։ Այս չափահաս եւ հասուն քոյրերը թերեւս արդէն իսկ նոյնանման պարագաներէ անցած ըլլան։ Իրենց կարեկցութիւնն ու կանացի յատկութիւնները կրնան մեծ օգնութիւն մը ըլլալ (կարդա՛ Տիտոս 2։3-5)։ Բայց անշուշտ, երէցներ եւ ուրիշներ կրնա՛ն եւ պէ՛տք է մեր մէջ եղող ‘վատասիրտները մխիթարեն’ (Ա. Թես. 5։14, 15)։ Նաեւ լաւ է որ յիշենք, թէ Աստուած «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են» (Բ. Կոր. 1։4)։
12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ներկայ գտնուինք քրիստոնէական ժողովներուն։
12 Մխիթարուելու շատ կարեւոր միջոց մըն է՝ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, ուր աստուածաշնչական քննարկութիւններ մեզ կը քաջալերեն։ Կը կարդանք թէ Յուդա եւ Շիղա «շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին» (Գործք 15։32)։ Մեր ժողովներէն առաջ ու ետք, ժողովքի անդամներու միջեւ շինիչ խօսակցութիւններ կ’ըլլան։ Ուստի նոյնիսկ եթէ որոշ նեղացուցիչ պարագայէ մը կը տառապինք, թող որ չառանձնանանք, քանի որ մեկուսանալը հարցերը չի բարելաւեր (Առ. 18։1)։ Փոխարէն, լաւ կ’ըլլայ որ հետեւինք Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խրատին. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։
Աստուծոյ Խօսքով մխիթարուէ
13, 14. Ցոյց տուր թէ Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՛ս կրնան մեզ մխիթարել։
13 Ըլլա՛նք մկրտուած քրիստոնեաներ թէ անհատներ՝ որոնք դեռ նոր կը սկսին սորվիլ Աստուծոյ եւ անոր նպատակներու մասին, կրնանք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքէն մեծապէս մխիթարուիլ։ Պօղոս գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Սուրբ Գրութիւնները կրնան մեզ մխիթարել եւ լիովին իրազեկ դարձնել, «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Աստուծոյ նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը եւ ապագայի նկատմամբ իսկական յոյս ունենալը, վստա՛հաբար մեծ մխիթարութիւն կը հայթայթէ։ Ուստի, լմա՛ն կերպով օգտագործենք Աստուծոյ Խօսքը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները, որոնք կրնան մեզ մխիթարել եւ շատ մը կերպերով օգտել։
14 Յիսուս մեզի ընտիր օրինակ հանդիսացաւ, Ղուկ. 24։32)։ Յիսուսի ընտիր օրինակին հետեւելով, Պօղոս առաքեալ «խօսեցաւ» կամ տրամաբանեց «գրքերէն»։ Բերիայի մէջ, անոր ունկնդիրները «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են» (Գործք 17։2, 10, 11)։ Ո՜րքան պատշաճ է որ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք, օգտուելով անկէ եւ քրիստոնէական հրատարակութիւններէ, որոնք պատրաստուած են մեզի մխիթարութիւն ու յոյս տալու այս տագնապալից ժամանակներուն մէջ։
ուրիշներուն սորվեցնելու եւ մխիթարելու համար Սուրբ Գրութիւնները գործածելով։ Իր յարութենէն ետք, զոր օրինակ, ան իր աշակերտներէն երկուքին երեւցաւ եւ ‘գրքերը մեկնեց’ անոնց։ Իր բացատրութիւնը աշակերտներուն սրտին դպաւ (Ուրիշները մխիթարելու յաւելեալ կերպեր
15, 16. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք հաւատակիցներուն օգնել ու մխիթարել։
15 Զանազան գործնական կերպերով կրնանք մեր հաւատակիցներուն օգնել եւ այսպէս՝ զանոնք մխիթարել։ Օրինակ՝ կրնանք տարեց կամ հիւանդ հաւատակիցներու համար գնում ընել։ Կրնանք ոմանց կարգ մը թեթեւ գործերը կատարել եւ այսպէս՝ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել (Փլպ. 2։4)։ Թերեւս կրնանք հաւատակիցները գովել իրենց լաւ յատկութիւններուն համար, ինչպէս՝ իրենց սէրը, հնարամտութիւնը, խիզախութիւնն ու հաւատքը։
16 Տարեցները մխիթարելու համար, կրնանք անոնց այցելել եւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել, մինչ կը պատմեն թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ փորձառութիւններ եւ ակնյայտ օրհնութիւններ վայելած են։ Ասիկա կրնայ նո՛յնիսկ մեզ քաջալերել ու մխիթարել։ Կրնանք Աստուածաշունչը կամ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները անոնց կարդալ։ Թերեւս կրնանք անոնց հետ նկատի առնել ընթացիկ շաբաթական Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կամ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ ծածկուելիք նիւթը։ Կրնանք անոնց հետ աստուածաշնչական թեմայով DVD մը դիտել։ Կրնանք նաեւ մեր հրատարակութիւններու մէջ նշուած կարգ մը քաջալերական փորձառութիւններ անոնց կարդալ կամ պատմել։
17, 18. Որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի պիտի օգնէ ու մխիթարէ։
17 Եթէ նկատենք թէ Եհովայի երկրպագու մը մխիթարութեան կարիք ունի, կրնանք մեր անձնական աղօթքներու մէջ յիշել զայն (Հռով. 15։30. Կող. 4։12)։ Մինչ անհատապէս կը մաքառինք կեանքի խնդիրներու հետ եւ ուրիշները մխիթարելու մէջ ջանք կը թափենք, կրնանք նոյն հաւատքն ու վստահութիւնը ունենալ, որ սաղմոսերգուն ունէր, երբ տաղերգեց. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ» (Սաղ. 55։22)։ Արդարեւ, Եհովան մի՛շտ պատրաստ է, որպէս իր հաւատարիմ ծառաներ, մեզ մխիթարելու եւ աջակցելու։
18 Աստուած իր վաղեմի երկրպագուներուն ըսաւ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Եսա. 51։12)։ Եհովան մեզի ալ նոյն բանը պիտի ընէ եւ պիտի օրհնէ մեր բարի գործերն ու խօսքերը, մինչ սգաւորները կը մխիթարենք։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային, իւրաքանչիւրս կրնանք մխիթարուիլ այն խօսքերէն, որոնք Պօղոս հոգիէն–օծուած իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ» (Բ. Թես. 2։15, 16)։
Կը յիշե՞ս
• Սգաւորները մխիթարելու մեր գործը ո՞րքան լայնատարած է։
• Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք ուրիշները մխիթարել։
• Աստուածաշնչական ի՞նչ փաստ կայ, թէ Եհովան իր ժողովուրդը կը մխիթարէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 26]
Սգաւորները մխիթարելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
[Նկար՝ էջ 28]
Թէ՛ տարեցներ եւ թէ երիտասարդներ կրնան ուրիշները քաջալերել