Եղբայրներուն օգնել որ ժողովքին մէջ ծառայեն
Եղբայրներուն օգնել որ ժողովքին մէջ ծառայեն
«Ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ» (ՂՈՒԿ. 6։40)։
1. Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ինչպէ՞ս յատկանշական ժողովքի մը հիմը դրաւ։
ԻՐ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ եզրափակելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը» (Յովհ. 21։25)։ Իր կարճատեւ բայց եռանդուն ծառայութեան ընթացքին, Յիսուսի իրագործած բաները ընդգրկեցին՝ գտնել, մարզել եւ կազմակերպել այն տղամարդիկը, որոնք իր երկրային կեանքէն ետք առաջնորդութիւն պիտի առնէին։ Երբ ան մ.թ. 33–ին երկինք վերադարձաւ, իր ետին ձգեց յատկանշական ժողովքի մը հիմը, որ արագօրէն հազարաւորներ պիտի պարփակէր (Գործք 2։41, 42. 4։4. 6։7)։
2, 3. ա) Ինչո՞ւ հրատապ կարիք կայ, որ մկրտուած տղամարդիկ ժողովքներու մէջ ծառայեն։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Ներկայիս, աւելի քան 100,000 ժողովքներու մէջ եօթը միլիոնէ աւելի գործունեայ հրատարակիչներ ըլլալով, հոգեւոր հարցերու մէջ առաջնորդութիւն առնող տղամարդոց կարիքը տակաւին առկայ է։ Զոր օրինակ, երէցներու մեծ կարիք կայ։ Ամէն ով որ այս առանձնաշնորհումին կը ձգտի՝ գովասանքի արժանի է, քանի որ «աղէկ գործի կը ցանկայ» (Ա. Տիմ. 3։1)։
3 Սակայն ինքնաբերաբար չէ, որ տղամարդիկ ժողովքային առանձնաշնորհումներու որակեալ կ’ըլլան։ Աշխարհիկ ուսումը կամ կեանքի փորձառութիւնը ինքնին ազդակ մը չէ որ տղամարդ մը պատրաստ ըլլայ այս գործին։ Այսպիսի հանգամանքով Ղուկ. 6։40)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք կարգ մը կերպեր, որոնցմով Հմուտ Ուսուցիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, իր աշակերտներուն օգնեց աւելի մեծ պատասխանատուութիւններու որակեալ ըլլալու, եւ պիտի տեսնենք թէ իր ըրածներէն ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։
պատշաճօրէն ծառայելու համար, տղամարդ մը պէտք է հոգեւորապէս որակեալ ըլլայ։ Կարողութիւններէ կամ իրագործումներէ աւելի, ան հոգեւոր յատկութիւններ պէտք է ունենայ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ժողովքի տղամարդոց օգնել որակեալ ըլլալու։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ» («Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի»
4. Յիսուս իր աշակերտներուն հետ իր իսկական բարեկամ ըլլալը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։
4 Յիսուս իր աշակերտները ստորադաս մարդիկ չնկատեց, հապա՝ բարեկամներ։ Ան անոնց հետ ժամանակ անցուց, իր վստահութիւնը տուաւ եւ ‘այն ամէն բաները որոնք իր Հօրմէն լսեց, անոնց իմացուց’ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։15)։ Երեւակայէ անոնց ուրախութիւնը, երբ Յիսուս պատասխանեց իրենց այս հարցումին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3, 4)։ Ան իր հետեւորդներուն հետ նաեւ իր անձնական մտածումներն ու զգացումները բաժնեց։ Իր մատնուած գիշերը, զոր օրինակ, ան Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը իրեն հետ Գեթսեմանիի պարտէզը տարաւ, ուր տագնապալից սրտով ջերմեռանդօրէն աղօթեց։ Կրնայ ըլլալ որ երեք առաքեալները չլսեցին թէ ի՛նչ կ’աղօթէր, սակայն, պարագային լրջութիւնը ըմբռնած ըլլալու էին (Մար. 14։33-38)։ Նաեւ խորհէ թէ այլակերպութիւնը նախապէս ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած ըլլալու էր այս երեքին վրայ (Մար. 9։1-7. Բ. Պետ. 1։16-18)։ Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի կերտած մտերիմ բարեկամութիւնը խարիսխի մը պէս էր անոնց, մինչ յետագային սկսան ծանրակշիռ նշանակումներ կատարել։
5. Երէցները ի՞նչ կարգ մը կերպերով ինքզինքնին ուրիշներուն մատչելի կ’ընեն։
5 Յիսուսի նման, ներկայիս քրիստոնեայ երէցներ ուրիշներու հետ կը բարեկամանան ու կ’օգնեն։ Անոնք իրենց հաւատակիցներուն հետ ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութիւն մը կը մշակեն, ժամանակ տրամադրելով որ անոնցմով անձամբ հետաքրքրուին։ Երբեմն կ’ըլլան պարագաներ, որոնց մասին երէցները չեն կրնար խօսիլ։ Բայց անոնք իրենց եղբայրներուն կը վստահին եւ իրենց սորված աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները կը բաժնեն անոնց հետ։ Անոնք տարիքով իրենցմէ պզտիկ եղող օգնական ծառան բնա՛ւ ստորադաս չեն սեպեր։ Փոխարէն, անոնք զինք ընդունակ ու հոգեւոր մարդ կը նկատեն, որ ժողովքին ի նպաստ արժէքաւոր ծառայութիւն կը կատարէ։
«Ձեզի օրինակ մը տուի»
6, 7. Նկարագրէ թէ Յիսուս ի՛նչ օրինակ թողուց իր աշակերտներուն, եւ թէ ասիկա անոնց վրայ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
6 Թէեւ Յիսուսի աշակերտները հոգեւոր բաները կը գնահատէին, բայց իրենց մտածումը երբեմն իրենց ենթահողէն ու մշակոյթէն կ’ազդուէր (Մատ. 19։9, 10. Ղուկ. 9։46-48. Յովհ. 4։27)։ Սակայն, Յիսուս իր աշակերտները բնաւ չքննադատեց կամ անոնց վրայ չբարկացաւ։ Ան զանոնք չծանրաբեռնեց անտրամաբանական պահանջներով, ոչ ալ յորդորեց ընել բաներ, որոնք ինք պիտի չընէր։ Փոխարէն, Յիսուս իր օրինակով սորվեցուց անոնց (կարդա՛ Յովհաննէս 13։15)։
7 Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպիսի՞ օրինակ թողուց (Ա. Պետ. 2։21)։ Ան իր կեանքը պարզ պահեց, որպէսզի կարենար ազատօրէն ուրիշներուն ծառայել (Ղուկ. 9։58)։ Յիսուս համեստ էր եւ իր ուսուցումները միշտ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնեց (Յովհ. 5։19. 17։14, 17)։ Ան դիւրամերձ ու քաղցր էր։ Իր ըրած բոլոր բաներուն շարժառիթը՝ սէրն էր (Մատ. 19։13-15. Յովհ. 15։12)։ Յիսուսի օրինակը իր առաքեալներուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ։ Օրինակի համար, Յակոբոս մահուընէ չսարսափեցաւ, հապա մինչեւ մահապատիժի ենթարկուիլը, ան հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայեց (Գործք 12։1, 2)։ Յովհաննէս աւելի քան 60 տարի հաւատարմօրէն հետեւեցաւ Յիսուսի շաւիղներուն (Յայտ. 1։1, 2, 9)։
8. Երէցներն ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանան իրենցմէ պզտիկ եղող տղամարդոց եւ ուրիշներուն։
8 Երէցները կրնան իրենցմէ պզտիկ եղող տղամարդոց լաւ օրինակ հանդիսանալ՝ անձնազոհ, խոնարհ եւ սիրառատ ըլլալով (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Ասկէ զատ, հաւատքի, ուսուցումի, քրիստոնէական կեանքի եւ ծառայութեան մէջ օրինակելի եղող երէցները կ’ուրախանան, գիտնալով թէ ուրիշներ կրնան իրենց հաւատքն ընդօրինակել (Եբ. 13։7)։
‘Յիսուս զանոնք ղրկեց՝ պատուիրելով’
9. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս քարոզչութեան համար իր աշակերտները մարզեց։
9 Շուրջ երկու տարի նախանձախնդրօրէն ծառայելէ ետք, Յիսուս քարոզչութեան գործունէութիւնն ընդարձակեց՝ իր 12 առաքեալները ղրկելով որ քարոզեն։ Սակայն ղրկելէ առաջ, ան ցուցմունքներ տուաւ անոնց (Մատ. 10։5-14)։ Երբ հրաշքով հազարաւորներ պիտի կերակրէր, ան իր աշակերտներուն ըսաւ թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէր որ ժողովուրդը կազմակերպէին ու կերակուրը բաշխէին (Ղուկ. 9։12-17)։ Ուստի բացայայտ է որ Յիսուս իր աշակերտները մարզեց, յստակ ու մասնայատուկ ուղղութիւններ տալով։ Մարզելու այս կերպին եւ սուրբ հոգիին զօրեղ ազդեցութեան շնորհիւ, առաքեալները յետագային կազմակերպեցին մե՜ծ քարոզչութիւն մը, որ սկսաւ մ.թ. 33–ին։
10, 11. Ի՞նչ կերպերով կարելի է յառաջդիմական մարզում մը հայթայթել նորեկներուն։
10 Ներկայիս, տղամարդ մը կը սկսի հոգեւոր ցուցմունքներ ստանալ, երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունի։ Ան թերեւս կարդալու մարզին մէջ օգնութեան պէտք ունենայ։ Մինչ կը շարունակենք իրեն հետ ուսումնասիրել, ուրիշ մարզերու մէջ ալ իրեն կ’օգնենք։ Երբ ան սկսի կանոնաւորապէս ժողովներու ներկայ գտնուիլ, պիտի սորվի թէ ի՛նչ պէտք է ընէ որ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մասնակցի եւ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլայ։ Մկրտուելէ ետք, իր մարզումը թերեւս պարփակէ այնպիսի բաներ, ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահը նորոգելու մէջ օգտակար ըլլալ։ Ժամանակի ընթացքին, երէցները կրնան իրեն օգնել որ հասկնայ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ որ որակեալ ըլլայ օգնական ծառայ մը ըլլալու։
11 Մկրտուած եղբօր մը նշանակում տալու ատեն, երէց մը ուրախութեամբ կը բացատրէ այդ նշանակումին վերաբերող կազմակերպչական գործընթացները եւ կու տայ հարկ եղած ցուցմունքները։ Մարզումի ենթարկուող եղբայրը պէտք է հասկնայ թէ իրմէ ի՛նչ կը պահանջուի։ Եթէ ան պահանջուածը կատարելու մէջ դժուարութիւն կը գտնէ, սիրալիր երէց մը անմիջապէս չ’եզրակացներ թէ ան որակեալ չէ։ Փոխարէն, երէցը ազնուութեամբ կը մատնանշէ անոր աշխատելիք կէտերը եւ վերաքաղ կ’ընէ նպատակակէտերն ու գործընթացները։ Երէցները կ’ուրախանան, երբ կը տեսնեն թէ տղամարդիկ այս ջանքերուն դրականօրէն կ’ընդառաջեն եւ ուրիշներուն ծառայելու ուրախութիւնը կը վայելեն (Գործք 20։35)։
«Իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ»
12. Ի՞նչ բաներ Յիսուսի խրատները ազդեցիկ դարձուցին։
12 Յիսուս իր աշակերտները մարզեց, անոնց կարիքին համաձայն անձնական խրատներ տալով։ Օրինակ, ան Յակոբոսն ու Յովհաննէսը յանդիմանեց, որովհետեւ ուզեցին որ զինք չընդունող սամարացիներուն վրայ երկինքէն կրակ իջնէ (Ղուկ. 9։52-55)։ Երբ իրենց մայրը իրենց ի նպաստ Յիսուսին մօտենալով խնդրեց, որ Թագաւորութեան մէջ նպաստաւոր դիրքեր ունենան, Յիսուս ուղղակիօրէն եղբայրներուն ուղղեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս» (Մատ. 20։20-23)։ Յիսուս ամէն ատեն յստակ, գործնական եւ աստուածային սկզբունքներու վրայ հաստատօրէն հիմնուած խրատներ տուաւ։ Ան իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այսպիսի սկզբունքներու հիման վրայ տրամաբանեն (Մատ. 17։23-26)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սահմանափակումներուն ալ գիտակցեցաւ եւ անոնցմէ կատարելութիւն չակնկալեց։ Իր խրատներուն շարժառիթը անկեղծ սէրն էր (Յովհ. 13։1)։
13, 14. ա) Ո՞վ խրատի պէտք ունի։ բ) Օրինակներ տուր, թէ երէց մը ի՛նչ անձնական խրատներ կրնայ տալ անհատի մը, որ հոգեւորապէս չի յառաջդիմեր։
13 Ժողովքին մէջ պատասխանատուութեան ձգտող ամէն տղամարդ ատեն–ատեն աստուածաշնչական խրատի պէտք կ’ունենայ։ Առակաց 12։15–ը կ’ըսէ. «Իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ»։ «Զգացի թէ մեծագոյն մարտահրաւէրս՝ անկատարութիւններուս հետ գլուխ ելլելն էր», նշեց երիտասարդ եղբայր մը։ Ան ըսաւ որ երէց մը իրեն հասկցուց թէ ծառայելու համար կատարելութիւն չի պահանջուիր։
14 Եթէ երէցները նկատեն թէ տղամարդու մը որոշ հարցական վարքը իր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանայ, նախաքայլը կ’առնեն զինք հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերելու (Գաղ. 6։1)։ Երբեմն, անոնք պէտք կ’ունենան եղբայր մը խրատելու, որ իր կեցուածքը բարեփոխէ։ Զոր օրինակ, եթէ թուի թէ եղբայր մը կը գոհանայ քիչ ջանք թափելով, երէց մը թերեւս օգտակար գտնէ մատնանշել Յիսուսի օրինակը, որ ջանասիրութեամբ Թագաւորութիւնը քարոզեց եւ իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ աշակերտեն (Մատ. 28։19, 20. Ղուկ. 8։1)։ Եթէ եղբայր մը փառասէր կ’երեւնայ, երէց մը կրնայ իրեն ցոյց տալ, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր աշակերտներուն օգնեց որ երեւելիութիւն փնտռելուն վտանգները տեսնեն (Ղուկ. 22։24-27)։ Ի՞նչ ըսել եթէ եղբայր մը ներողամիտ չըլլալու հակումը ունի։ Այն ծառային առակը, որ չուզեց չնչին պարտք մը ներել, հակառակ անոր որ իրեն շա՜տ աւելի մեծ պարտք մը ներուած էր, կրնայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ եղբօր վրայ (Մատ. 18։21-35)։ Երբ խրատելու կարիք ըլլայ, լաւ է որ երէցները առաջին իսկ պատեհութիւնը օգտագործեն (կարդա՛ Առակաց 15։23)։
«Քու անձդ. . . վարժեցուր»
15. Տղամարդու մը ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն օգնել ուրիշներուն ծառայելու։
15 Ճիշդ է որ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն տղամարդիկը մարզելու որ յառաջդիմեն, բայց ուրիշներ ալ կրնան աջակցիլ։ Օրինակ, տղամարդու մը ընտանիքը կրնայ եւ պէտք է որ իրեն օգնէ յառաջդիմելու։ Եւ եթէ ան արդէն իսկ երէց մըն է, իր սիրալիր կնոջ եւ անձնուրաց զաւակներուն թիկունք կանգնիլը պիտի օգտէ իրեն։ Իր կինն ու զաւակները կը հասկնան որ իր ժամանակէն ու կորովէն որոշ մաս մը պէտք է ուրիշներուն տրամադրէ։ Ան կ’ուրախանայ, երբ իր ընտանիքը յօժար կ’ըլլայ զոհողութիւններ ընելու, այնպէս որ կարենայ իր ժողովքային պատասխանատուութիւնները լաւ կերպով կատարել։ Երէցի ընտանիքի անդամներուն կատարած զոհողութիւնները մեծապէս կը գնահատենք (Առ. 15։20. 31։10, 23)։
16. ա) Յառաջդիմելու մէջ գլխաւոր դեր ունեցողը ո՞վ է։ բ) Տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտիլ։
16 Թէեւ ուրիշներ կրնան իրեն օգնել ու թիկունք կանգնիլ, սակայն՝ յառաջդիմելու մէջ գլխաւոր դեր ունեցողը տղամարդը ի՛նքն է (կարդա՛ Գաղատացիս 6։5)։ Անշուշտ, պայման չէ որ եղբայր մը օգնական ծառայ կամ երէց ըլլայ, որպէսզի ուրիշներուն օգնէ ու լիակատար կերպով ծառայէ։ Սակայն, ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտիլը կը պահանջէ՝ ջանալ Սուրբ Գրութիւններու մէջ նշուած որակումներուն գոհացում տալ (Ա. Տիմ. 3։1-13. Տիտ. 1։5-9. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Ուստի եթէ տղամարդ մը կը փափաքի ծառայել որպէս օգնական ծառայ կամ երէց, բայց տակաւին այդպիսի նշանակում չէ ստացած, հարկ է որ ուշադրութիւն ընծայէ ա՛յն մարզերուն, ուր պէտք է հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Ասիկա կը պահանջէ՝ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալ, ժրաջան անձնական ուսումնասիրութիւն ընել, լրջօրէն խոկալ, սրտանց աղօթել եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ նախանձախնդրօրէն բաժին բերել։ Այսպիսի կերպերով, ան կրնայ անձամբ կիրարկել Տիմոթէոսին ուղղած Պօղոսի խրատը. «Քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր» (Ա. Տիմ. 4։7)։
17, 18. Մկրտուած եղբայր մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ մտահոգութիւնը, անատակութեան զգացումները, կամ ծառայելու փափաք չունենալը զինք ետ կը պահէ ձգտելէ։
17 Բայց ի՞նչ ըսել եթէ տղամարդ մը չի ձգտիր Սաղ. 68։19, ԱԾ)։ Ուստի մեր երկնաւոր Հայրը կրնա՛յ եղբօր մը օգնել ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւն շալկելու։ Օգնական ծառայ կամ երէց չեղող եղբայր մը նաեւ պիտի օգտուի նկատի առնելով ա՛յն իրողութիւնը, թէ հասուն տղամարդոց մեծ կարիք կայ, որ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ընդունին։ Այսպիսի կէտերու վրայ խոկալը կրնայ եղբայր մը մղել որ ջանք թափէ իր ժխտական զգացումները յաղթահարելու։ Ան կրնայ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել, ի մտի ունենալով որ ատոր պտուղը կը պարփակէ՝ խաղաղութիւն ու ժուժկալութիւն,– յատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են մտահոգութիւնն ու անատակութեան զգացումները վանելու (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Եւ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Եհովան կ’օրհնէ այն բոլոր տղամարդիկը, որոնք պատշաճ շարժառիթով կը ձգտին։
քանի որ մտահոգ է կամ անատակ կը զգայ։ Լաւ է որ նկատի առնէ թէ Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս մեզի որքա՜ն կ’օգնեն։ Արդարեւ, «երբ բեռնաւորուինք՝ Աստուած մեզ կը փրկէ» (18 Կրնա՞յ ըլլալ որ ծառայելու փափաք չունենալուն պատճառով եղբայր մը չի ձգտիր։ Ի՞նչ բան կրնայ իրեն օգնել։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Աստուած] ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար» (Փլպ. 2։13)։ Ծառայելու փափաքը աստուածատուր է, եւ Եհովայի հոգին կրնայ անհատը զօրացնել որ սրբազան ծառայութիւն մատուցանէ (Փլպ. 4։13)։ Աւելին, քրիստոնեայ մը կրնայ Աստուծոյ աղօթել որ իրեն օգնէ շիտակը ընելու (Սաղ. 25։4, 5)։
19. «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ» ելլելը մեզի ի՞նչ հաւաստիք կու տայ։
19 Եհովան ուրիշները մարզող երէցներուն ջանքերը կ’օրհնէ։ Ընդառաջող եւ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտողներն ալ իր օրհնութիւնը կը վայելեն։ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնելու համար, Աստուծոյ ժողովուրդէն պիտի ելլե՛ն «եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»,– ատակ տղամարդոց պահանջուած թիւը (Միք. 5։5)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է այն իրողութիւնը, թէ քրիստոնեայ տղամարդոցմէ շատեր կը մարզուին ու խոնարհութեամբ ծառայութեան առանձնաշնորհումներու կը ձգտին, ի փառք Եհովային։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս օգնեց որ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններու որակեալ ըլլան։
• Երէցներն ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել, մինչ տղամարդոց կ’օգնեն ժողովքի մէջ առաջնորդութիւնը առնելու։
• Տղամարդու մը ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն օգնել ժողովքին մէջ ծառայելու։
• Տղամարդ մը անձամբ ի՞նչ կրնայ ընել առանձնաշնորհումներու ձգտելու համար։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 31]
Ի՞նչ կերպով կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտդ մարզել, մինչ կը ջանայ յառաջդիմել
[Նկար՝ էջ 32]
Տղամարդիկ ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ թէ կը ձգտին