Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը կրնայ կեանքդ փոխել

Ճշմարտութիւնը կրնայ կեանքդ փոխել

Ճշմարտութիւնը կրնայ կեանքդ փոխել

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ լսած ես կամ սորված ես Աստուծոյ մասին ըսուած այն սուտերէն մէկը, որոնք այս յօդուածաշարքին մէջ քօղազերծուեցան։ Բայց թերեւս կը վարանիս հաւատալիքներդ փոխելու, յատկապէս եթէ երկար ժամանակ է որ անոնց կառչեր ես։

Ասիկա հասկնալի է։ Կարգ մը եկեղեցիներ չեն քաջալերեր որ իրենց ուսուցումները համեմատուին Աստուածաշունչին ըսածներուն հետ։ Ուրիշներ կը փորձեն սուտը արդարացնել, ըսելով թէ Աստուածաշունչը խրթին է, եւ ամէն մարդ չի կրնար զայն հասկնալ։ Սակայն, Յիսուսի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը սովորական եւ առանց բարձր ուսման մարդիկ էին. այսուհանդերձ՝ անոնք դիւրութեամբ ըմբռնեցին ինչ որ Յիսուս սորվեցուց (Գործք 4։13

Նաեւ, թերեւս չուզես հաւատալիքներդ հետազօտել, վախնալով որ այդպիսի բան ընելը կրնայ հաւատքի պակաս նշանակել։ Բայց արդեօք տրամաբանակա՞ն է որ Աստուած քեզի չհաճի, եթէ դիմես Աստուածաշունչին՝ մարդկութեան ուղղած իր պատգամին, որ հասկնաս թէ քեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ։ Ընդհակառակը, իր Խօսքը քեզ կը քաջալերէ որ անձա՛մբ քննես Սուրբ Գրութիւնները, ըսելով. «[Քննեցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռովմայեցիս 12։2

Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը մտային աշխատանքէ մը աւելին կը պարփակէ,– անիկա կրնայ կեանքդ բարեփոխել (Յովհաննէս 8։32)։ Բացման յօդուածին մէջ նշուած Տիանը այժմ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հաւատք կերտած է։ Ան կը պատմէ. «Ես բնաւ չանդրադարձայ թէ Սուրբ Գրութիւնները այսքան յստակ են, մինչեւ որ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել։ Այժմ, ես Եհովան կը ճանչնամ ոչ թէ որպէս անդէմ Աստուած մը, այլ՝ որպէս սիրառատ երկնաւոր Հայրս։ Կեանքի մէջ իսկական նպատակ մը գտած եմ»։

Թերեւս նախապէս Աստուածաշունչը ուսումնասիրած ես, բայց առանց զգալու թէ օգտուած ես։ Եթէ այդ է պարագան, մի՛ յանձնուիր։ Աստուծոյ մասին սխալներ սորվելէ ետք, Աստուածաշունչը հասկնալ փորձելը նոյնն է ինչ որ փորձես միացնել փազլի մը կտորները, սխալ պատկերի մը հետեւելով։ Թերեւս քանի մը կտորներ կարենաս ճշգրտօրէն միացնել, բայց տեղ մը կու գայ որ յուսախաբ կ’ըլլաս եւ վազ կ’անցնիս փազլը ամբողջացնելէ, քանի որ քեզի տրուած պատկերը եւ փազլին կտորները համապատասխան չեն։ Բայց եթէ սկիզբէն շիտակ պատկերը ունենաս, բոլոր կտորներն ալ իրենց տեղերը կը գրաւեն։

Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Քեզ կը հրաւիրենք որ շրջանիդ Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահես կամ այս պարբերաթերթին 4–րդ էջի հասցէներէն մէկուն գրես, Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութեան մը համար։

[Մէջբերում՝ էջ 9]

«[Քննեցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։2