Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Պանդուխտներ» ամբարիշտ աշխարհին մէջ

«Պանդուխտներ» ամբարիշտ աշխարհին մէջ

«Պանդուխտներ» ամբարիշտ աշխարհին մէջ

«Ասոնք ամէնքն ալ. . . խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ» (ԵԲ. 11։13

1. Աշխարհին առնչութեամբ, Յիսուս իր հետեւորդներուն դիրքին մասին ի՞նչ ըսաւ։

ՅԻՍՈՒՍ իր աշակերտներուն ակնարկելով ըսաւ. «Անոնք աշխարհի մէջ են»։ Բայց ան աւելցուց. «[Անոնք] աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։11, 14)։ Այսպէս, Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ իր ճշմարիտ հետեւորդներուն դիրքը այս «աշխարհ»ին առնչութեամբ, որուն աստուածը Սատանան է (Բ. Կոր. 4։4)։ Այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, անոնք անոր մէկ մասը պիտի չըլլային։ Այս դրութեան մէջ, անոնք «պանդուխտներ» եւ «օտարականներ» պիտի ըլլային (Ա. Պետ. 2։11

Անոնք որպէս «պանդուխտներ» ապրեցան

2, 3. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ, թէ Ենովքը, Նոյը, Աբրահամն ու Սառան որպէս «օտարներ ու պանդուխտներ» ապրեցան։

2 Հինէն ի վեր, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները անբարեպաշտ աշխարհի մարդոցմէ միշտ տարբեր եղած են։ Ջրհեղեղէն առաջ, Ենովքն ու Նոյը «Աստուծոյ հետ քալեց»ին (Ծն. 5։22-24. 6։9)։ Երկուքն ալ քաջաբար քարոզեցին, թէ Եհովան դատապարտեց Սատանայի ամբարիշտ աշխարհը (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։5. Յուդա 14, 15Որո՛վհետեւ անոնք անբարեպաշտ աշխարհին մէջ Աստուծոյ հետ քալեցին, Ենովք «Աստուծոյ հաճելի» եղաւ, իսկ Նոյ «իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ» եղաւ (Եբ. 11։5. Ծն. 6։9

3 Աստուծոյ հրաւէրով, Աբրահամն ու Սառան քաղդէացիներու Ուր քաղաքին հանգստաւէտութիւնը թողուցին եւ օտար երկրի մը մէջ որպէս թափառական ապրելու մարտահրաւէրն ընդունեցին (Ծն. 11։27, 28. 12։1)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին» (Եբ. 11։8, 9)։ Եհովայի այսպիսի հաւատարիմ ծառաներու առնչութեամբ, Պօղոս ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ» (Եբ. 11։13

Զգուշացում մը իսրայէլացիներուն

4. Իրենց երկրին մէջ բնակելէ առաջ, իսրայէլացիներուն ի՞նչ զգուշացում մը տրուեցաւ։

4 Աբրահամի զարմը՝ իսրայէլացիները, թիւով շատցան։ Ի վերջոյ, Աստուած զանոնք ազգի մը վերածեց, իրենց երկիր մը եւ օրէնքներ տալով (Ծն. 48։4. Բ. Օր. 6։1)։ Իսրայէլացիները բնաւ պէտք չէ մոռնային թէ իրենց երկրին բուն Սեփականատէրը Եհովան էր (Ղեւ. 25։23)։ Անոնք վարձակալներու պէս հարկադրուած էին Սեփականատիրոջ պահանջները յարգելու։ Աւելին, անոնք պէտք է յիշէին թէ «մարդ միայն հացով չ’ապրիր». անոնք թոյլ պէտք չէ տային որ նիւթական բարգաւաճութիւնը պատճառ ըլլայ Եհովան մոռնալու (Բ. Օր. 8։1-3)։ Իրենց երկրին մէջ հաստատուելէ առաջ, իսրայէլ ազգին սա զգուշացումը տրուեցաւ. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս, զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս» (Բ. Օր. 6։10-12

5. Եհովան ինչո՞ւ մերժեց իսրայէլը, եւ իր հաճութիւնը ո՞ր նոր ազգին վրայ դրաւ։

5 Այս զգուշացումը անհիմն չէր։ Նէեմիայի օրերուն, խումբ մը ղեւտացիներ ամչնալով մտաբերեցին ինչ որ տեղի ունեցաւ՝ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիրը ժառանգելէ ետք։ Հանգստաւէտ տուներ եւ ուտելիքի ու գինիի առատութիւն ունենալէ ետք, իսրայէլացիները «կերան, կշտացան ու գիրցան»։ Անոնք Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, նոյնիսկ սպաննելով այն մարգարէները, որոնք ղրկեց զիրենք զգուշացնելու համար։ Հետեւաբար, Եհովան զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքը յանձնեց (կարդա՛ Նէեմիա 9։25-27. Ով. 13։6-9)։ Յետագային, հռոմէական իշխանութեան ներքեւ, անհաւատ հրեաները մինչեւ իսկ խոստացեալ Մեսիա՛ն սպաննեցին։ Եհովան մերժեց զանոնք եւ իր հաճութիւնը դրաւ նոր ազգի մը վրայ, որ է՝ հոգեւոր իսրայէլը (Մատ. 21։43. Գործք 7։51, 52. Գաղ. 6։16

«Աշխարհէն չեն»

6, 7. ա) Աշխարհին նկատմամբ իր հետեւորդներուն կեցուածքին մասին Յիսուսի ըսածը ինչպէ՞ս կը բացատրես։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Սատանայի դրութեան մէկ մասը պէտք չէ ըլլային։

6 Ինչպէս որ այս յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ, քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս, յստակօրէն ըսաւ թէ իր հետեւորդները զատուած պիտի ըլլային աշխարհէն՝ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութենէն։ Իր մահէն առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ» (Յովհ. 15։19

7 Քրիստոնէութիւնը տարածուելու ընթացքին, արդեօք քրիստոնեաները աշխարհն ու անոր սովորութիւնները պիտի ընդունէի՞ն՝ անոր մէկ մասը դառնալով։ Ո՛չ։ Ուր որ ալ ապրէին, անոնք պէտք է զատորոշուէին Սատանայի դրութենէն։ Քրիստոսի մահէն մօտ 30 տարի ետք, Պետրոս առաքեալ հռոմէական աշխարհի զանազան մասերու մէջ բնակող քրիստոնեաներուն գրեց. «Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին, ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով» (Ա. Պետ. 1։1. 2։11, 12

8. Պատմաբան մը ինչպէ՞ս նկարագրեց նախկին քրիստոնեաներուն յարաբերութիւնը աշխարհին հետ։

8 Հաստատելով որ նախկին քրիստոնեաները հռոմէական աշխարհին մէջ որպէս «պանդուխտներ» եւ «օտարականներ» եղան, պատմաբան Գեննեթ Սքոթ Լադուրէթ գրեց. «Պատմութեան մէջ հանրածանօթ է այն իրողութիւնը, թէ առաջին երեք դարերուն, քրիստոնէութիւնը շարունակական եւ յաճախ խիստ հալածանքներ դիմագրաւեց. . . Զանազան ամբաստանութիւններ եղան։ Հեթանոսական ծէսերուն չմասնակցելու պատճառաւ, քրիստոնեաները անաստուածներ կոչուեցան։ Անոնք նախատուեցան որպէս մարդկային ցեղը ատողներ, քանի որ հասարակական կեանքի շատ մը բաներէն հրաժարեցան,– հեթանոսական փառատօներէն եւ հանրային զուարճութիւններէն, որոնք ըստ քրիստոնեաներուն, հեթանոսական հաւատալիքներով, սովորութիւններով եւ անբարոյութեամբ լեցուն էին»։

Աշխարհէն լիովին չօգտուիլ

9. Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, ինչպէ՞ս կը փաստենք թէ «մարդկային ցեղը ատողներ» չենք։

9 Ներկայիս պարագան ի՞նչ է։ «Հիմակուան չար աշխարհ»ին նկատմամբ, մենք նախկին քրիստոնեաներուն նոյն կեցուածքը կը պահպանենք (Գաղ. 1։4)։ Այս պատճառով, շատերու կողմէ սխալ կը հասկցուինք եւ ոմանք նոյնիսկ կ’ատեն մեզ։ Բայց անշուշտ, մենք «մարդկային ցեղը ատողներ» չենք։ Մարդ արարածին հանդէպ սէրէ մղուելով, տունէ տուն կ’երթանք եւ ամէն ջանք կը թափենք իւրաքանչիւր տանտիրոջ հաղորդելու «[Աստուծոյ] Արքայութեան այս աւետարանը» (Մատ. 22։39. 24։14)։ Ասիկա կ’ընենք քանի որ համոզուած ենք, թէ Քրիստոսին յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը շուտով անկատար մարդկային իշխանութեան վերջ պիտի դնէ, զայն փոխարինելով իրերու արդար ու նոր դրութեամբ (Դան. 2։44. Բ. Պետ. 3։13

10, 11. ա) Աշխարհէն ինչպէ՞ս սահմանափակ կերպով կ’օգտուինք։ բ) Ի՞նչ են կարգ մը կերպեր, որոնցմով աչալուրջ քրիստոնեաները աշխարհէն լիովին օգտուելէ ետ կը կենան։

10 Իրերու ներկայ դրութեան մօտալուտ վախճանին ի տես, որպէս Եհովայի ծառաներ կը գիտակցինք, թէ ժամանակը չէ որ այս մահամերձ աշխարհին մէջ հաստատուինք։ Մենք Պօղոս առաքեալի խօսքերուն կ’անսանք. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ. . . ծախու կ’առնեն՝ [այնպէս ըլլան] որպէս թէ բան մը չունին եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր [«անկէ լիովին չեն օգտուիր», ՆԱ]. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի» (Ա. Կոր. 7։29-31)։ Բայց այժմու քրիստոնեաները աշխարհէն ինչպէ՞ս կ’օգտուին։ Աստուածաշնչական գիտութիւնը համայն աշխարհի մէջ հարիւրաւոր լեզուներով տարածելու համար, անոնք արդի արուեստագիտութիւնը եւ հաղորդակցութեան միջոցները կը գործածեն։ Ապրուստ ճարելու համար, անոնք աշխարհէն սահմանափակ կերպով կ’օգտուին։ Իսկ աշխարհին մէջ մատչելի եղող ապրանքներու եւ ծառայութիւններու առնչութեամբ, անոնք անհրաժե՛շտ բաները ծախու կ’առնեն։ Սակայն, անոնք խոյս կու տան աշխարհէն լիովին օգտուելէ, այն առումով որ աշխարհի ստացուածքներն ու զբաղումները իրենց պատշաճ տեղը կը պահեն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

11 Աչալուրջ քրիստոնեաները բարձրագոյն ուսման առնչութեամբ ետ կը կենան աշխարհէն լիովին օգտուելէ։ Այս աշխարհին մէջ, շատեր կը խորհին թէ անհատ մը պէտք է համալսարան երթայ, լաւ գործ մը գտնէ եւ շատ դրամ շահի։ Բայց մենք քրիստոնեաներս որպէս պանդուխտներ կ’ապրինք, տարբեր նպատակակէտեր կը հետապնդենք ու ‘մեծ բաներ փնտռելէ’ կը խուսափինք (Եր. 45։5. Հռով. 12։16)։ Որո՛վհետեւ Յիսուսի հետեւորդներն ենք, իր տուած այս զգուշացումին կ’անսանք. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկ. 12։15)։ Հետեւաբար, պատանի քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեն, իրենց հիմնական կարիքներուն գոհացում տուող ուսում ստանան, մինչ իրենց ‘բոլոր սրտով ու բոլոր անձով եւ բոլոր զօրութեամբ ու բոլոր մտքով’ Եհովային ծառայելուն վրայ կը կեդրոնանան (Ղուկ. 10։27)։ Այսպէս ընելով, անոնք ‘Աստուծոյ կը հարստանան’ (Ղուկ. 12։21. կարդա՛ Մատթէոս 6։19-21

Կեանքի մտահոգութիւններով մի՛ ծանրաբեռնուիր

12, 13. Մատթէոս 6։31-33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն անսալով, ինչպէ՞ս կը զատորոշուինք աշխարհի մարդոցմէն։

12 Նիւթական բաներու նկատմամբ Եհովայի ծառաներուն կեցուածքը կը տարբերի աշխարհի մարդոց կեցուածքէն։ Այս ուղղութեամբ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։31-33)։ Մեր հաւատակիցներէն շատեր անձամբ տեսած են, թէ մեր երկնաւոր Հայրը իրենց հարկ եղած բաները կը հայթայթէ։

13 «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է» (Ա. Տիմ. 6։6)։ Սակայն ներկայիս, աշխարհի մարդոց տեսակէտը այս համարին հակառա՛կն է։ Օրինակի համար, շատ մը երիտասարդներ երբ կ’ամուսնանան, կ’ակնկալեն որ իսկոյն պիտի հասնին իրենց բոլոր փափաքներուն,– լիովին կահաւորուած ու շտկուած տուն մը կամ յարկաբաժին մը, լաւ ինքնաշարժ մը, եւ նորագոյն ելեկտրոնական սարքեր։ Սակայն, որպէս պանդուխտներ ապրող քրիստոնեաները թոյլ չեն տար, որ իրենց ցանկութիւնները տրամաբանութենէ եւ կարելիութենէ դուրս ըլլան։ Արդարեւ գովելի է որ շատեր որոշ նիւթական հանգստութիւններ կը թողուն, որպէսզի Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի ժամանակ ու կորով տրամադրեն որպէս Թագաւորութեան նախանձախնդիր հրատարակիչներ։ Ուրիշներ կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ, պէթէլականներ, ճամբորդող տեսուչներ կամ միսիոնարներ։ Բոլորս որքա՜ն կը գնահատենք մեր հաւատակիցներուն անձնուէր ծառայութիւնը։

14. Սերմնացանի առակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

14 Սերմնացանի առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ «աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը» կրնան Աստուծոյ խօսքը մեր սրտին մէջ խեղդել ու պատճառ ըլլալ որ անպտուղ դառնանք (Մատ. 13։22)։ Այս իրերու դրութեան մէջ գոհունակութեամբ որպէս պանդուխտներ ապրիլը մեզի կ’օգնէ որ այս թակարդին մէջ չիյնանք։ Ասիկա ընելը մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր աչքը «պարզ» կամ սեւեռած պահենք, Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնանալով եւ անոր շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով (Մատ. 6։22

‘Աշխարհս կ’անցնի’

15. Յովհաննէս առաքեալի ո՞ր խօսքերը կ’որոշեն ներկայ աշխարհին նկատմամբ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հայեցակէտն ու վարմունքը։

15 Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, մենք մեզ այս աշխարհին մէջ «պանդուխտներ» եւ «օտարականներ» նկատելու հիմնական մէկ պատճառն այն է, որ համոզուած ենք թէ անոր օրերը համրուած են (Ա. Պետ. 2։11. Բ. Պետ. 3։7)։ Այս հայեցակէտը կ’որոշէ մեր ընտրութիւնները, փափաքներն ու ձգտումները։ Յովհաննէս առաքեալ հաւատակիցները խրատեց որ չսիրեն աշխարհը կամ ինչ որ աշխարհին մէջ է, քանի որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։15-17

16. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք թէ մաս կը կազմենք այն «ժողովուրդ»ին, զոր Եհովան աշխարհէն զատած է։

16 Իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ որ եթէ Եհովային հնազանդէին, իրեն «սեպհական ժողովուրդ» պիտի ըլլային «բոլոր ազգերէն» (Ել. 19։5)։ Հաւատարիմ եղած ատեն, իսրայէլ միւս բոլոր ազգերէն կը տարբերէր պաշտամունքի եւ ապրելակերպի կողմանէ։ Նմանապէս այսօր, Եհովան իրեն համար ժողովուրդ մը զատած է, որոնք յատկանշականօրէն կը տարբերին Սատանայի աշխարհէն։ Մեզի կ’ըսուի. «Ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։ Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։ Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ. 2։11-14)։ Այս «ժողովուրդ»ը բաղկացած է օծեալ քրիստոնեաներէն եւ Յիսուսի միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»էն, որոնք օծեալներուն կ’օգնեն ու թիկունք կը կանգնին (Յովհ. 10։16

17. Օծեալներն ու իրենց ընկերակիցները այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ որպէս պանդուխտներ ապրելուն համար ինչո՞ւ բնաւ պիտի չզղջան։

17 Օծեալներուն «երջանիկ յոյս»ը՝ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ իշխելն է (Յայտ. 5։10)։ Երբ ուրիշ ոչխարներու համար երկրի վրայ յաւերժական կեանքի յոյսը իրականանայ, անոնք այլեւս ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ պանդուխտներ պիտի չըլլան. հապա գեղեցիկ տուներ եւ ուտելիքի ու խմելիքի առատութիւն պիտի ունենան (Սաղ. 37։10, 11. Եսա. 25։6. 65։21, 22)։ Ի տարբերութիւն իսրայէլացիներուն, անոնք բնա՛ւ պիտի չմոռնան թէ այս բոլորին Աղբիւրը Եհովան է՝ «երկրին Աստուածը» (Եսա. 54։5)։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ ուրիշ ոչխարները այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ որպէս պանդուխտներ ապրելուն համար պիտի չզղջան։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը ի՞նչ կերպով որպէս պանդուխտներ ապրեցան։

• Նախկին քրիստոնեաները աշխարհին առնչութեամբ ինչպէ՞ս վարուեցան։

• Ճշմարիտ քրիստոնեաները աշխարհէն ինչպէ՞ս սահմանափակ կերպով կ’օգտուին։

• Այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ որպէս պանդուխտներ ապրելուն համար ինչո՞ւ բնաւ պիտի չզղջանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 22]

Նախկին քրիստոնեաները վայրագ ու անբարոյ զուարճութիւններէ ետ կեցան