Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»

«Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»

«Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»

«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (ԱՌ. 3։5

1, 2. ա) Ի՞նչ կացութիւններ թերեւս դիմագրաւենք։ բ) Նեղութեան հետ գլուխ ելլելու, որոշում մը կայացնելու կամ փորձութեան մը դիմադրելու ատեն, որո՞ւ պէտք է վստահինք եւ ինչո՞ւ։

ՍԻՆԹԻԱՅԻ * գործատէրը արդէն իսկ իր ընկերութենէն քանի մը մասեր գոցեր է եւ շարք մը գործաւորներ պաշտօնանկ ըրած է։ Սինթիան կը զգայ թէ յաջորդ պաշտօնանկ եղողը ինք պիտի ըլլայ։ Ան արդեօք ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ իր գործը կորսնցնէ։ Ան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իր ծախսերը գոցել։ Փամելա անունով քրիստոնեայ քոյր մը կը փափաքի փոխադրուիլ հո՛ն, ուր Թագաւորութիւնը հռչակողներու աւելի մեծ կարիք կայ. բայց պիտի փոխադրուի՞ արդեօք։ Սամուէլ անունով երիտասարդ մը ուրիշ տեսակ մտահոգութիւն ունի։ Ան կանուխ տարիքէն պոռնկագրութիւն դիտած էր։ Այժմ, 20–ական տարիքի մէջ ըլլալով, ան այդ սովորութեան վերադառնալու զօրաւոր փորձութիւն կը դիմագրաւէ։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ անոր դիմադրել։

2 Որո՞ւ կը վստահիս, երբ դժուարին կացութիւններ դիմագրաւես, կարեւոր որոշումներ կայացնես կամ փորձութիւններու դիմադրես։ Արդեօք միայն քու անձի՞դ կ’ապաւինիս, թէ ոչ «հոգդ Տէրոջը վրայ» կը ձգես (Սաղ. 55։22)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին» (Սաղ. 34։15)։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է որ ամբողջ սրտով Եհովային ապաւինինք ու մեր իմաստութեան չվստահինք (Առ. 3։5

3. ա) Եհովային ապաւինիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ոմանք ինչո՞ւ թերեւս հակամէտ ըլլան իրենց իմաստութեան վստահելու։

3 Ամբողջ սրտով Եհովային ապաւինիլը կը պարփակէ՝ գործել իր ուզած կերպով, իր կամքին համաձայն։ Ասիկա ընելու գլխաւոր մէկ կերպն է՝ աղօթքով յարատեւաբար իրեն մօտենալ եւ սրտանց իր ուղղութիւնը խնդրել։ Սակայն, լման կերպով Եհովային ապաւինիլը շատերու համար մարտահրաւէր մըն է։ Օրինակի համար, Լին անունով քրիստոնեայ քոյր մը կը խոստովանի. «Լման վստահութիւնս Եհովային վրայ դնել սորվիլը ինծի համար շարունակական պայքար մը եղած է»։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Որո՛վհետեւ հօրս հետ կապ չունիմ, իսկ մայրս ինծի հոգ չտարաւ զգացական կամ ֆիզիքական գետնի վրայ, արագօրէն սորվեցայ ես ինծի հոգ տանիլ»։ Իր ենթահողին պատճառով, Լին դժուարութիւն ունեցաւ ոեւէ մէկուն լման կերպով վստահելու։ Անձնական կարողութիւնն ու յաջողութիւնը նոյնպէս կրնան պատճառ ըլլալ, որ անհատ մը չափազանց ինքնավստահ ըլլայ։ Իր փորձառութեան վստահելով, երէց մը թերեւս սկսի ժողովքին վերաբերող հարցերը հոգալ, նախքան աղօթքով Աստուծոյ մօտենալը։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

4 Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ անկեղծ ջանք թափենք՝ մեր աղօթքներուն համաձայն ապրելու եւ իր կամքին հետ ներդաշնակ գործելու։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք հաւասարակշռութիւն դնել՝ մեր հոգը Եհովային վրայ ձգելուն եւ դժուար խնդիրներ լուծելու համար անձնական ջանք թափելուն միջեւ։ Որոշումներ կայացնելու ատեն, ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։ Փորձութեան մը դիմադրելու ատեն, աղօթքը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք՝ քննարկելով աստուածաշնչական օրինակներ։

Երբ նեղութիւններ դիմագրաւենք

5, 6. Եզեկիան ինչպէ՞ս ընդառաջեց, երբ Ասորեստանի թագաւորը իրեն սպառնաց։

5 Յուդայի Եզեկիա թագաւորին առնչութեամբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան «Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց»։ Այո, ան «Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ» (Դ. Թագ. 18։5, 6)։ Եզեկիա ինչպէ՞ս ընդառաջեց, երբ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Երուսաղէմ ղրկեց իր ներկայացուցիչները,– ներառեալ՝ Ռափսակը,– մեծ բանակով միասին։ Ասորական հզօր բանակը արդէն իսկ Յուդայի շատ մը պարսպապատ քաղաքները գրաւած էր, իսկ Սենեքերիմ այժմ իր աչքը Երուսաղէմի վրայ դրած էր։ Եզեկիա Եհովայի տունը մտաւ եւ սկսաւ աղօթել. «Ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած» (Դ. Թագ. 19։14-19

6 Եզեկիան իր աղօթքին համաձայն գործեց։ Նոյնիսկ նախքան աղօթելու համար տաճար ելլելը, ան ժողովուրդին պատուիրեց որ Ռափսակի ծաղրանքներուն չպատասխանեն։ Եզեկիան նաեւ պատուիրակներ ղրկեց Եսայի մարգարէին, եւ անկէ խրատ ուզեց (Դ. Թագ. 18։36. 19։1, 2)։ Եւ Եզեկիա ըրաւ միայն այն բաները որ գիտէր թէ Եհովան պիտի հաճեցնէին։ Ան չփորձեց Եհովայի կամքէն դուրս ելլելով՝ Եգիպտոսէն կամ ուրիշ շրջակայ ազգերէ օգնութիւն խնդրել։ Իր իմաստութեան վստահելու տեղ, ան Եհովային ապաւինեցաւ։ Եհովայի հրեշտակը Սենեքերիմի բանակէն 185,000 մարդ զարնելէ ետք, Սենեքերիմ «չուեց» ու Նինուէ վերադարձաւ (Դ. Թագ. 19։35, 36

7. Աննայի եւ Յովնանի ըրած աղօթքներէն ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք ձեռք ձգել։

7 Ղեւտացի Եղկանային կինը՝ Աննան, նոյնպէս Եհովային ապաւինեցաւ, երբ իր ամուլ ըլլալուն պատճառով նեղութիւն կը դիմագրաւէր (Ա. Թագ. 1։9-11, 18)։ Յովնան մարգարէն մեծ ձուկի մը փորէն ազատեցաւ, հետեւեալ աղօթքը ընելէ ետք. «Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։ Գերեզմանին փորէն կանչեցի ու իմ ձայնս լսեցիր» (Յովն. 2։1, 2, 10)։ Ի՜նչ մխիթարութիւն է գիտնալ թէ մեր դիմագրաւած կացութիւնը ո՛րքան ալ ծանր ըլլայ, կրնանք Եհովային կանչել՝ իր բարեհաճութիւնը ունենալու «խնդրուածք»ով (կարդա՛ Սաղմոս 55։1, 16

8, 9. Եզեկիայի, Աննայի եւ Յովնանի աղօթքներուն մէջ ի՞նչ մտահոգութիւններ արտայայտուեցան, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

8 Եզեկիայի, Աննայի եւ Յովնանի օրինակները մեզի նաեւ կենսական դաս մը կը սորվեցնեն, թէ ի՛նչ բան պէտք չէ մոռնանք, մինչ տառապանքի ներքեւ կ’աղօթենք։ Երեք անհատներն ալ իրենց վշտակիր պահերուն, զգացական գետնի վրայ ցաւեցան։ Այսուհանդերձ, իրենց աղօթքները ցոյց կու տան, թէ միմիայն իրենց անձով եւ իրենց խնդիրներէն ձերբազատուելով չէին հետաքրքրուած։ Իրենց համար, կարեւորագոյն հարցերն էին՝ Աստուծոյ անունը, անոր պաշտամունքը եւ անոր կամքը կատարելը։ Եզեկիան ցաւ զգաց, քանի որ նախատինքը Եհովայի անուան վրայ կը կուտակուէր։ Աննան խոստացաւ իր շատ փափաքած զաւակը Եհովային տալ իբրեւ ծառայ Սելովի խորանին մէջ։ Իսկ Յովնան ըսաւ. «Ըրած ուխտս պիտի կատարեմ» (Յովն. 2։9

9 Երբ տագնապալից կացութենէ ազատելու համար կ’աղօթենք, իմաստութիւն է որ մեր շարժառիթները քննենք։ Միմիայն խնդիրէն ձերբազատուելո՞վ հետաքրքրուած ենք, թէ ոչ Եհովան եւ իր նպատակը ի մտի կ’ունենանք։ Անձնական տառապանքը կրնայ դիւրաւ պատճառ ըլլալ, որ մեր կացութեամբ ա՛յնքան կլանուինք որ հոգեւոր հարցերուն առաջնահերթութիւն չտանք։ Ուստի երբ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրենք, թող մեր միտքը կեդրոնացնենք Եհովային, իր անուան սրբացման եւ իր գերիշխանութեան ջատագովման վրայ։ Ասիկա ընելը կրնայ մեզի օգնել որ դրական հայեցակէտ պահպանենք, նո՛յնիսկ եթէ մեր ակնկալած լուծումը չիրականանայ։ Երբեմն, Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ՝ մեզի հարկ եղած զօրութիւնը տալով որ տոկանք, առանց անմիջապէս խնդիրը վերցնելու (կարդա՛ Եսայի 40։29. Փիլիպպեցիս 4։13

Երբ որոշումներ կը կայացնենք

10, 11. Յովսափատ ի՞նչ ըրաւ, երբ ստիպուեցաւ դժուար որոշում մը կայացնել։

10 Ի՞նչ կերպով ծանրակշիռ որոշումներ կը կայացնես կեանքիդ մէջ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ նա՛խ որոշումը կը կայացնես եւ ապա Եհովային կ’աղօթես որ կայացուցած որոշումդ օրհնէ։ Նկատի առ թէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորը ի՛նչ ըրաւ, երբ մովաբացիներու եւ ամմոնացիներու միացեալ զօրքերը իրեն դէմ պատերազմելու ելան։ Յուդայի երկիրը ի վիճակի չէր անոնց դէմ կենալու։ Յովսափատ ի՞նչ պիտի ընէր։

11 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ»։ Ան ամբողջ Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն յայտարարեց եւ ժողովուրդը հաւաքեց որ «Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն»։ Ետքը, ան Յուդայի ու Երուսաղէմի ժողովուրդին մէջ կեցաւ եւ աղօթելով աղերսեց. «Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։ Ճշմարիտ Աստուածը Յովսափատին աղօթքը լսեց եւ հրաշալիօրէն ազատում տուաւ (Բ. Մն. 20։3-12, 17)։ Երբ որոշումներ կը կայացնենք, մա՛նաւանդ մեր հոգեւորութեան ազդող որոշումներ, պէտք չէ՞ որ Եհովային ապաւինինք, մեր իմաստութեան վստահելու տեղ։

12, 13. Որոշումներ կայացնելու առնչութեամբ, Դաւիթ թագաւոր ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

12 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ դիմագրաւենք խնդիրներ, որոնց լուծումը դիւրին կը թուի։ Թերեւս խորհինք թէ շուտով կրնանք լուծում մը գտնել, քանի որ նախապէս նոյնանման կացութիւններէ անցած ենք։ Բայց Դաւիթ թագաւորին մասին եղած մէկ արձանագրութիւնը մեզի խորատեսութիւն կու տայ։ Երբ ամաղեկացիները Սիկելակ քաղաքը ներխուժեցին, Դաւիթի եւ անոր տղամարդոց կիներն ու զաւակները գերի առին։ Դաւիթ Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց, հարցնելով. «Այս գունդը հալածե՞մ»։ Եհովան պատասխանեց. «Հալածէ՛, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու բոլորը պիտի ազատես»։ Դաւիթ հնազանդեցաւ եւ «Ամաղեկացիներուն առած բոլոր բաները ազատեց» (Ա. Թագ. 30։7-9, 18-20

13 Ամաղեկացիներու ներխուժումէն որոշ ժամանակ մը ետք, փղշտացիները իսրայէլի դէմ ելան։ Դաւիթ դա՛րձեալ Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց եւ յստակ պատասխան մը ստացաւ։ Աստուած ըսաւ. «Ելի՛ր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ» (Բ. Թագ. 5։18, 19)։ Անկէ շատ չանցած, փղշտացիները անգամ մը եւս Դաւիթի դէմ ելան։ Այս անգամ ան ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան կրնար պատճառաբանել. ‘Ասկէ առաջ երկու նոյնանման կացութիւններ դիմագրաւեցի։ Ելլե՛մ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ, ինչպէս որ նախապէս ըրի’։ Սակայն, ան իր նախկին փորձառութեան չվստահեցաւ, հապա Եհովայի ուղղութիւնը փնտռեց։ Ան դարձեալ աղօթքով Եհովային մօտեցաւ։ Ասիկա ընելուն համար ան ո՜րքան ուրախացած ըլլալու էր, քանի որ այս անգամ իր ստացած ուղղութիւնները տարբեր էին (Բ. Թագ. 5։22, 23)։ Երբ մեզի ծանօթ եղող կացութիւն մը կամ խնդիր մը կը դիմագրաւենք, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ միայն մեր նախկին փորձառութեան չվստահինք (կարդա՛ Երեմիա 10։23

14. Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել այն կերպէն, որով Յեսուն եւ իսրայէլի ծերերը վարուեցան գաբաւոնացիներուն հետ։

14 Անկատար ըլլալով, բոլորս,– նոյնիսկ փորձառու երէցներ,– հարկ է որ զգուշանանք, որ որոշումներ կայացնելու ատեն Եհովայէն ուղղութիւն խնդրելու մէջ չթերանանք։ Նկատի առ թէ Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսուն, եւ իսրայէլի ծերերը ինչպէ՛ս ընդառաջեցին, երբ իրենց քով եկան խորամանկ գաբաւոնացիներ, որոնք ծպտուած էին ու կը ձեւացնէին թէ հեռու երկրէ մը եկած էին։ Առանց Եհովայէն ուղղութիւն խնդրելու, Յեսուն եւ ուրիշներ առաջ անցան եւ գաբաւոնացիներուն հետ դաշինք կնքելով խաղաղութիւն ըրին։ Թէպէտեւ Եհովան վերջ ի վերջոյ համաձայնութեան թիկունք կանգնեցաւ, սակայն, ան հոգ տարաւ որ իր ուղղութիւնը չփնտռելու այս դէպքը արձանագրուի Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, յօգուտ մեզի (Յես. 9։3-6, 14, 15

Երբ փորձութիւններուն կը դիմադրենք

15. Բացատրէ՛ թէ փորձութիւններուն դիմադրելու մէջ աղօթքը ինչո՛ւ կարեւոր է։

15 «Մեղքի օրէնք»ը մեր անդամներուն մէջ ունենալով, հարկ է որ մեղաւոր հակումներուն դէմ ուժգնօրէն պայքարինք (Հռով. 7։21-25)։ Այս պայքարին մէջ կրնա՛նք յաջողիլ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ փորձութիւններուն դիմադրելու մէջ, աղօթքը կենսական է (կարդա՛ Ղուկաս 22։40Նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ աղօթելէ ետք, սխալ ցանկութիւնները կամ միտքերը յարատեւեն, պէտք է որ շարունակե՛նք իմաստութիւն ‘խնդրել Աստուծմէ’, որպէսզի այս փորձութեան հետ գլուխ ելլենք։ Մեզի հաւաստիք տրուած է, թէ ան «ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր» (Յակ. 1։5)։ Յակոբոս նաեւ կը գրէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը [հոգեւորապէս] հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը» (Յակ. 5։14, 15

16, 17. Փորձութեան դիմադրելու համար օգնութիւն խնդրելու ատեն, աղօթելու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է։

16 Փորձութեան դիմադրելու համար աղօթքը կենսական է, բայց պէտք է որ ճիշդ պահուն աղօթելու կարիքին գիտակցինք։ Նկատի առ Առակաց 7։6-23–ի մէջ նշուած պատանիի մը պարագան։ Իրիկուան ժամերուն, ան անբարոյ կնոջ մը տան փողոցէն կ’անցնի։ Անոր խօսքերով եւ շրթունքին շողոքորթութեամբ հրապուրուելով, ան կնոջ ետեւէն կ’երթայ, սպանդանոց գացող արջառի մը պէս։ Այս պատանին ինչո՞ւ հոն գացեր էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «պակասամիտ» կամ անփորձ էր։ Հաւանաբար ան սխալ ցանկութիւններու դէմ պայքար կը մղէր (Առ. 7։7)։ Իրեն համար, աղօթելու ճիշդ պահը ե՞րբ պիտի ըլլար։ Անշուշտ, կնոջ խօսակցութեան ընթացքին որեւէ ատեն աղօթք ընելը արժէքաւոր պիտի ըլլար։ Սակայն, աղօթքի լաւագոյն ժամանակը պիտի ըլլար ա՛յն ատեն, երբ այդ փողոցէն անցնելու գաղափարը ծագեցաւ իր մտքին մէջ։

17 Ներկայիս, թերեւս տղամարդ մը ճիգ կը թափէ պոռնկագրութիւն դիտելու դէմ պայքարելու։ Սակայն, ենթադրենք թէ ան այցելեց այն ցանցակայքերը, ուր գիտէ թէ գրգռիչ պատկերներ կամ տեսաերիզներ կան։ Միթէ իր պարագան պիտի չնմանէ՞ր Առակաց 7–րդ գլուխի մէջ նշուած պատանիին պարագային։ Ի՜նչ վտանգալից փողոց մը՝ քալելու համար. . . ։ Պոռնկագրութիւն դիտելու փորձութեան դիմադրելու համար, հարկ է որ անհատ մը աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, առաջ որ սկսի համացանցի այդ ուղին բռնել։

18, 19. ա) Փորձութեան դիմադրելը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, բայց ինչպէ՞ս կրնաս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլել։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Փորձութեան դիմադրելը կամ գէշ սովորութիւններ դադրեցնելը դիւրին չէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ»։ Ուստի ինչ որ կ’ուզենք ընել՝ այն չենք ըներ (Գաղ. 5։17)։ Այս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլելու համար, երբոր սխալ գաղափարներ կամ փորձութիւններ առաջին անգամ մեր միտքը ծագին, հարկ է որ ջերմեռանդօրէն աղօթենք եւ ապա մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործենք։ Մեզի «մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած». եւ Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛նք իրեն հաւատարիմ մնալ (Ա. Կոր. 10։13

19 Մեր պարագան ըլլա՛յ դժուար կացութիւն մը դիմագրաւել, ծանրակշիռ որոշում մը կայացնել կամ փորձութեան դիմադրել, Եհովան մեզի հոյակապ պարգեւ մը տուած է,– աղօթելու թանկագին կարգադրութիւնը։ Աղօթքի միջոցով կը փաստենք թէ իրեն կ’ապաւինինք։ Նաեւ, պէտք է որ շարունակե՛նք Աստուծմէ խնդրել իր սուրբ հոգին, որ մեզ կ’առաջնորդէ ու կը զօրացնէ (Ղուկ. 11։9-13)։ Եւ թող որ ամէն գնով Եհովայի՛ն ապաւինինք եւ մեր իմաստութեան չվստահինք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Անունները փոխուած են։

Կը յիշե՞ս

• Եհովային ապաւինելու մասին ի՞նչ սորվեցար Եզեկիայէն, Աննայէն եւ Յովնանէն։

• Դաւիթի եւ Յեսուի օրինակները ինչպէ՞ս կ’ընդգծեն զգոյշ ըլլալու կարիքը, երբ որոշումներ կը կայացնենք։

• Մասնաւորաբար ե՞րբ է որ պէտք է աղօթենք փորձութիւններու մասին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Փորձութեան դիմադրելու առնչութեամբ, աղօթելու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է