Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է

3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է

3 Աստուած ոխակալ է. շիտա՞կ է

Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Աստուած իւրաքանչիւր գործուած մեղք իր քովը կ’արձանագրէ եւ փոխարէնը կը հատուցանէ՝ յաւերժական պատիժով դժոխքի կրակին մէջ»։

«Աստուած բնական աղէտներով կը պատժէ յանցագործները»։

Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Երկրորդ Պետրոս 3։9–ն կ’ըսէ թէ Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ Ան ոչ թէ մեր սխալներուն վրայ կը կեդրոնանայ, այլ՝ մեր լաւ կէտերուն վրայ։ Աստուծոյ «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9

Դժոխքի կրակը աստուածաշնչական ուսուցում մը չէ,– յաւիտենական չարչարանքի գաղափարն իսկ Աստուծոյ աչքին զզուելի է։ Չարերու համար իր ամէնէն մեծ պատիժն է՝ զիրենք կեանքի պարգեւէն զրկել (Երեմիա 7։31. Հռովմայեցիս 6։7)։ Իսկ բնական աղէտները, որոնք անխտիր կը կործանեն, Աստուծմէ չեն, հապա աննախատեսելի դիպուածներ են, որոնք կրնան ոեւէ անհատի ազդել (Ժողովող 9։11

Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Երբ գիտակցինք թէ Աստուած «ներող» է եւ անմիջապէս չի դատապարտեր, կրնանք իրեն աւելի մօտենալ (Սաղմոս 86։5)։ Պէտք չունինք յանցապարտութեան զգացումներով կամ պատիժէ դողդղալով իրեն ծառայել։ Փոխարէն, մենք կրնանք լաւագոյն շարժառիթով մեր հաւատքը կերտել, որ է՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը։ Այս սէրը ոգեւորիչ ոյժ մըն է, եւ մեզ կը մղէ որ մեր լաւագոյնը ընենք Աստուած հաճեցնելու (Մատթէոս 22։36-38. Ա. Յովհաննէս 5։3

Աստուած կ’ուզէ որ ամէն մարդ իր ճամբան շտկելով բարիք գործէ. այսուհանդերձ, ան գիտէ թէ շատեր բնաւ այդպէս պիտի չընեն։ Եթէ ան չարութիւն ընել վճռողներուն դէմ բնաւ գործի չլծուէր, պիտի նմանէր կառավարիչի մը, որ օրէնքներ կը սահմանէ առանց զանոնք պարտադրելու, թոյլ տալով որ անարդարութիւնն ու տառապանքը անսահմանօրէն շատնան (Ժողովող 8։11)։ Մեր գիտնալը, թէ Աստուած յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ չարութիւնը, մեզի ապագային նկատմամբ մեծ յոյս մը կու տայ։ Աստուած խոստացած է որ շարունակաբար չար արարքներ ընողները պիտի վերացնէ, որպէսզի «հեզերը» կարենան յաւիտենական կեանքը վայելել երկրի վրայ, ինչպէս որ սկիզբէն մտադրած էր (Սաղմոս 37։10, 11, 29 *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Յաւելեալ տեղեկութեան համար, թէ Աստուած ինչպէ՛ս երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ եւ 8–րդ գլուխները։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Աստուած պիտի ուզէ՞ր որ զինք պաշտէինք այն շարժառիթով՝ թէ պատիժէ կը վախնանք

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

Engravings by Doré