Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

4 Աստուած անարդար է. շիտա՞կ է

4 Աստուած անարդար է. շիտա՞կ է

4 Աստուած անարդար է. շիտա՞կ է

Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Այս աշխարհին ղեկավարը Աստուած է, եւ ամէն ինչ որ կը պատահի, իր կամքն է։ Որովհետեւ աշխարհը լեցուած է խտրականութեամբ, անարդարութեամբ եւ կեղեքումով, պէտք է որ պատասխանատուն Աստուած ըլլայ»։

Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Աստուած աշխարհի անարդարութեան աղբիւրը չէ։ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են» (Բ. Օրինաց 32։4

Աստուած ամէնուն հանդէպ առատաձեռն է, ներառեալ անոնց հանդէպ՝ որոնք ակներեւօրէն արժանի չեն։ Օրինակի համար, ան «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատթէոս 5։45)։ Ան ամէն ցեղէ եւ մշակոյթէ եկած մարդոց հետ իրաւունքով կը վարուի, ինչպէս որ Գործք 10։34, 35–ը ցոյց կու տայ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։

Իսկ անարդարութեան աղբիւրը ի՞նչ է։ Մարդոցմէ շատեր կ’ընտրեն անարդարացի կերպով վարուիլ, Աստուծոյ օրինակին չհետեւելով (Բ. Օրինաց 32։5)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած իր թշնամիին՝ Սատանային, թոյլ տուած է որ աշխարհին վրայ հեղինակութիւն բանեցնէ (Ա. Յովհաննէս 5։19 * Սակայն, այս անարդար իշխանութեան վերաբերեալ Աստուծոյ արտօնութեան ժամկէտը շուտով պիտի աւարտի։ Ան արդէն իսկ իր միջոցները կարգադրած է, որ «Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհաննէս 3։8

Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Կաշառակերութեան, կեղեքումի եւ անիրաւութեան անվերջ տեղեկագրութիւնները թերեւս ապշեցուցած են քեզ։ Սակայն, խնդիրներուն պատճառը գիտնալը քեզի կ’օգնէ որ հասկնաս թէ իրավիճակները ինչո՛ւ այսչափ գէշ են եւ թէ ինչո՛ւ մարդիկ չեն կրնար աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնել՝ հակառակ անոր որ մեծ ջանքեր կը թափեն (Սաղմոս 146։3)։ Փոխանակ ժամանակդ եւ կորովդ տրամադրես ժամանակաւոր փոփոխութիւններ մտցնելու, կրնաս ապագային նկատմամբ ստոյգ յոյս մը ունենալ՝ Աստուծոյ խոստումներուն վստահելով (Յայտնութիւն 21։3, 4

Անարդարութեան իսկական աղբիւրը գիտնալը կրնայ մեզի օգնել, յատկապէս երբ անձամբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։ Անիրաւութեան ենթարկուելու ատեն, թերեւս աղաղակենք ինչպէս որ Աստուծոյ Ամբակում ծառան ըրաւ. «Օրէնքը կը խափանուի ու իրաւունքը չի գործադրուիր» (Ամբակում 1։4)։ Սակայն, Աստուած այս խօսքին վրայ Ամբակումին դէմ չզայրացաւ։ Փոխարէն, ան Իր ծառան հաւաստիացուց թէ ժամանակ մը որոշած էր հարցերը շտկելու. ան Ամբակումին օգնեց որ նեղութիւններու դիմաց ուրախ մնար (Ամբակում 2։2-4. 3։17, 18)։ Նմանապէս, անարդարութիւնը անհետացնելու Աստուծոյ խոստումին վստահիլը կրնայ քեզի օգնել, որ հանդարտութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն գտնես այս անիրաւ աշխարհին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Գիտնալու համար թէ Բանսարկուն ինչպէ՛ս գոյացաւ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ գլուխը։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Աստուած իրօ՞ք պատասխանատու է տառապանքին եւ անարդարութեան համար

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 7]

© Sven Torfinn/Panos Pictures