Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան քեզի համար լա՞ւ թէ ազդարարական օրինակ մըն է

Ան քեզի համար լա՞ւ թէ ազդարարական օրինակ մըն է

Ան քեզի համար լա՞ւ թէ ազդարարական օրինակ մըն է

‘Յակոբին Աստուածը մեզի իր ճամբաները պիտի սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ պիտի քալենք’ (ԵՍԱ. 2։3

1, 2. Ի՞նչ կերպերով կրնաս Աստուածաշունչի օրինակներէն օգտուիլ։

ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ կը համաձայնիս որ Աստուածաշունչին բովանդակութենէն կրնաս օգտուիլ։ Հոն կը գտնես հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու օրինակները, որոնց կեանքի ընթացքն ու յատկութիւնները պիտի փափաքէիր ընդօրինակել (Եբ. 11։32-34)։ Սակայն, հաւանաբար նշմարած ես նաեւ ազդարարական օրինակներ,– տղամարդիկ եւ կիներ, որոնց արարքներէն կամ կեցուածքներէն պէտք է խուսափիս։

2 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը անհատներ, թէ՛ հետեւելիք լաւ օրինակ եւ թէ խուսափելիք ազդարարական օրինակ կրնան հանդիսանալ։ Պահ մը խորհէ՛ Դաւիթի մասին, որ խոնարհ հովիւ մըն էր եւ ապա՝ զօրաւոր թագաւոր։ Անոր մէջ լաւ օրինակ մը կը տեսնես, մէկը՝ որ ճշմարտութիւնը սիրեց եւ Եհովային վստահեցաւ։ Բայց Դաւիթ լուրջ մեղքերով յանցաւոր էր, ինչպէս՝ Բերսաբէի հետ շնութիւնը, Ուրիայի սպանութիւնը, եւ անխոհեմաբար ժողովուրդը համրելը։ Սակայն, այժմ կեդրոնանանք իր Որդիին՝ Սողոմոնին վրայ, որ թագաւոր եւ Աստուածաշունչի գրող մըն էր։ Սկիզբը, նկատի պիտի առնենք երկու կերպեր՝ որոնցմով ան լաւ օրինակ մըն էր։

«Սողոմոնին իմաստութիւնը»

3. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Սողոմոն մեզի լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

3 Մեծագոյն Սողոմոնը՝ Յիսուս Քրիստոս, Սողոմոն թագաւորին մասին նպաստաւոր կերպով խօսեցաւ, զինք որպէս լաւ օրինակ դնելով մեր առջեւ։ Յիսուս կարգ մը երկմիտ հրեաներու ըսաւ. «Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս» (Մատ. 12։42)։ Արդարեւ, Սողոմոն իր իմաստութեան շնորհիւ համբաւաւոր դարձաւ, եւ մեզ յորդորեց որ իմաստութիւն ձեռք ձգենք։

4, 5. Սողոմոն ինչպէ՞ս իմաստութիւն ձեռք ձգեց, իսկ մեր պարագային՝ զայն ձեռք ձգելը ինչպէ՞ս կը տարբերի։

4 Սողոմոնի թագաւորութեան սկիզբը, Աստուած երազի մը մէջ անոր երեւցաւ, եւ զինք հրաւիրեց որ խնդրանք մը ներկայացնէ։ Իր սահմանափակ փորձառութեան գիտակից ըլլալով, Սողոմոն իմաստութիւն խնդրեց (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 3։5-9Հարստութեան ու փառքի փոխարէն իմաստութիւն խնդրելը, Աստուծոյ աչքին հաճելի երեւցաւ. ուստի, ան Սողոմոնին «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ» մը տուաւ, նաեւ՝ բարգաւաճութիւն (Գ. Թագ. 3։10-14)։ Ինչպէս որ Յիսուս նշեց, Սողոմոնի իմաստութիւնը ա՛յնքան յատկանշական էր որ Սաբայի թագուհին երկա՜ր ճամբորդութիւն մը կատարեց, որպէսզի անոր իմաստութիւնը անձամբ լսէ (Գ. Թագ. 10։1, 4-9

5 Մենք չե՛նք ակնկալեր որ հրաշալիօրէն իմաստութիւն ստանանք։ Սողոմոն ըսաւ, թէ «իմաստութիւնը Տէրը կու տայ», սակայն ան գրեց թէ պէտք է ջանք թափենք, որպէսզի այդ աստուածային յատկութիւնը ձեռք ձգենք. ‘Ականջդ իմաստութեան տուր ու սիրտդ հանճարին բաց’։ Այս ուղղութեամբ, ան հետեւեալ բառերը գործածեց՝ «կանչես», «փնտռես» եւ «խնդրես» (Առ. 2։1-6)։ Յստակ է որ կրնա՛նք իմաստութիւն ձեռք ձգել։

6. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ, թէ իմաստութեան նկատմամբ Սողոմոնի լաւ օրինակէն կ’օգտուինք։

6 Լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուածային իմաստութիւնը արժեւորելու Սողոմոնի օրինակը լուրջի կ’առնե՞մ’։ Տնտեսական անորոշութիւնները շատերը մղած են որ իրենց գործին եւ եկամուտին վրայ կեդրոնանան, կամ ալ ազդած են անոնց որոշումներուն թէ ի՛նչ տեսակ եւ ո՛րքան ուսում ստանան։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու եւ ընտանիքիդ մասին։ Ընտրութիւններդ ցոյց կու տա՞ն, թէ աստուածային իմաստութիւնը կ’արժեւորես եւ կը փնտռես։ Կեդրոնացումդ կամ նպատակակէտերդ ճշդելը թոյլ պիտի տա՞յ, որ աւելի՛ իմաստութիւն ձեռք ձգես։ Արդարեւ, իմաստութիւն ձեռք ձգելն ու կիրարկելը մնայուն օգտիդ համար է։ Սողոմոն գրեց. «Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս» (Առ. 2։9

Ճշմարիտ պաշտամունքը վեր բռնելը խաղաղութիւն բերաւ

7. Աստուած ինչպէ՞ս հոյակապ տաճար մը ունեցաւ։

7 Իր իշխանութեան սկիզբը, Սողոմոն քայլեր առաւ որ Մովսէսի օրերէն ի վեր գործածուած խորանը սքանչելի տաճարով մը փոխարինէ (Գ. Թագ. 6։1)։ Կրնանք զայն Սողոմոնի տաճարը կոչել, սակայն Սողոմոն համբաւաւոր դառնալու համար չէր որ ատիկա շինեց։ Տաճար կառուցանելը նո՛յնիսկ իր գաղափարը չէր։ Իրականութեան մէջ, Դաւիթ ի՛նք առաջարկեց տաճար կառուցանել, եւ Աստուա՛ծ Դաւիթին տուաւ տաճարին ու ատոր կահկարասիին մանրամասն ծրագիրները։ Դաւիթ նաեւ հսկայ նուիրատուութիւններ ըրաւ՝ այս աշխատանքին ծախսերը հոգալու համար (Բ. Թագ. 7։2, 12, 13. Ա. Մն. 22։14-16)։ Բայց եւ այնպէս, Սողոմոնի՛ն պարտականութիւնն էր այս շինարարական ծրագիրը ամբողջացնել, որ եօթը տարի ու վեց ամիս տեւեց (Գ. Թագ. 6։37, 38. 7։51

8, 9. ա) Բարի գործերու մէջ յարատեւելու նկատմամբ, Սողոմոնի մէջ ի՞նչ լաւ օրինակ կը գտնենք։ բ) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Սողոմոն ճշմարիտ պաշտամունքը վեր բռնեց։

8 Այսպէս, Սողոմոն բարի գործերու մէջ յարատեւելու լաւ օրինակ հանդիսացաւ մեզի. եւ ան ամէնէն կարեւոր բաները առաջին տեղը պահեց։ Երբ տաճարը ամբողջացաւ եւ ուխտին տապանակը իր մէջ դրուեցաւ, Սողոմոն հանրային աղօթք մը մատուցանեց։ Մասամբ, ան Եհովայի աղօթեց. «Գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես» (Գ. Թագ. 8։6, 29)։ Իսրայէլացիներն ու օտարականները կրնային աղօթել դէպի այս կառոյցը, որ Աստուծոյ անունը պատուելու համար շինուած էր (Գ. Թագ. 8։30, 41-43, 60

9 Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Սողոմոն ճշմարիտ պաշտամունքը վեր բռնեց։ Տաճարի նաւակատիքը տօնակատարելէ ետք, իսրայէլացիները «իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային [Դաւիթին] ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրաւ» (Գ. Թագ. 8։65, 66)։ Իրականութեան մէջ, Սողոմոնի 40–ամեայ իշխանութիւնը ուշագրաւ խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ յատկանշուեցաւ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 4։20, 21, 25Սաղմոս 72–ը ասիկա մեզի կը յայտնէ եւ կ’օգնէ ըմբռնելու Մեծագոյն Սողոմոնին՝ Յիսուս Քրիստոսին իշխանութեան ներքեւ մեր վայելելիք օրհնութիւնները (Սաղ. 72։6-8, 16

Սողոմոնի ազդարարական օրինակը

10. Սողոմոն ի՞նչ լուրջ սխալ մը գործեց։

10 Սակայն, ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Սողոմոնի կեանքի ընթացքը նաեւ ազդարարական օրինակ մըն է։ Թերեւս սկիզբը իր օտարազգի կիներուն եւ հարճերուն մասին խորհիս։ Կը կարդանք. «Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ. . . կատարեալ չէր» (Գ. Թագ. 11։1-6)։ Անկասկած, վճռած ես բնա՛ւ իր յիմար ընթացքը չընդօրինակել։ Բայց, ատիկա միա՞կ ազդարարութիւնն է որ Սողոմոնի կեանքին մէջ կը գտնենք։ Նկատի առ իր կեանքին կարգ մը մանրամասնութիւնները, որոնք դիւրաւ կ’անտեսուին, եւ տես թէ ի՛նչ ազդարարութիւն կը գտնես։

11. Սողոմոնի առաջին ամուսնութեան մասին ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։

11 Սողոմոն 40 տարի թագաւորեց (Բ. Մն. 9։30)։ Ուստի, ի՞նչ կրնաս եզրակացնել Գ. Թագաւորաց 14։21–էն (կարդա՛)։ Ըստ այս համարին, Սողոմոնի մահէն ետք, 41 տարեկան իր որդին՝ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ, եւ անոր մայրը «Ամմոնացի էր, Նաամա անունով»։ Սա կը նշանակէ թէ թագաւոր ըլլալէ առաջ, Սողոմոն թշնամի ու կռապաշտ ազգէն կնոջ մը հետ ամուսնացաւ (Դատ. 10։6. Բ. Թագ. 10։6)։ Չենք գիտեր թէ Սողոմոնի կինը շարունակե՛ց սուտ չաստուածներ պաշտել կամ Ռախաբի եւ Հռութի նման ճշմարիտ երկրպագու դարձաւ (Հռութ 1։16. 4։13-17. Մատ. 1։5, 6)։ Բայց եւ այնպէս, Սողոմոն հաւանաբար Եհովան չպաշտող ամմոնացի խնամիներ եւ ազգականներ ունեցաւ։

12, 13. Իր իշխանութեան սկիզբը, Սողոմոն ի՞նչ տկար որոշում կայացուց, եւ թերեւս ինչպէ՞ս տրամաբանած էր։

12 Եւ ան թագաւոր ըլլալէ ետք, հարցերը վստահաբար վատթարացան։ Սողոմոն «Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին հետ խնամութիւն ըրաւ ու Փարաւոնին աղջիկը առաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը բերաւ» (Գ. Թագ. 3։1)։ Արդեօք այս եգիպտացի կինը Հռութը ընդօրինակե՞ց՝ ճշմարիտ պաշտամունքը ընդունելով։ Ոչինչ կ’ապացուցանէ թէ այդպէս ըրաւ։ Փոխարէն, ժամանակի ընթացքին, Սողոմոն Դաւիթին քաղաքէն դուրս տուն մը շինեց անոր համար (եւ թերեւս անոր եգիպտացի սպասուհիներուն համար)։ Ինչո՞ւ։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ ան այդպէս ըրաւ, քանի որ սուտ պաշտամունքի հետեւողի մը համար, յարմար չէր ուխտին տապանակին մօտը բնակիլ (Բ. Մն. 8։11

13 Սողոմոն թերեւս եգիպտացի իշխանուհիի մը հետ ամուսնանալուն մէջ քաղաքական առաւելութիւններ տեսած էր. սակայն, կրնա՞ր ինքզինք արդարացնել։ Շա՜տ առաջ, Աստուած արգիլած էր հեթանոս քանանացիներու հետ ամուսնանալը, նո՛յնիսկ նշելով որոշ ժողովուրդներ (Ել. 34։11-16)։ Արդեօք Սողոմոն պատճառաբանե՞ց թէ Եգիպտոսը այդ նշուած ազգերուն մաս չէր կազմեր։ Նո՛յնիսկ եթէ ան այսպէս տրամաբանեց, արդեօք այսպիսի պատճառաբանութիւն մը վաւերական պիտի ըլլա՞ր։ Իրականութեան մէջ, Սողոմոն Եհովայի նշած յստակ մէկ վտանգը անտեսեց,– իսրայէլացին ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացնել (կարդա՛ Բ. Օրինաց 7։1-4

14. Սողոմոնի ազդարարական օրինակը լուրջի առնելով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

14 Թոյլ պիտի տա՞նք որ Սողոմոնին ընթացքը ազդարարական օրինակ մը ըլլայ մեզի համար։ Քոյր մը թերեւս փորձէ չքմեղանքներ ներկայացնել, «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալու Աստուծոյ պատուէրը անտեսելու համար (Ա. Կոր. 7։39)։ Համանման պատճառաբանութեամբ, անհատ մը կրնայ դպրոցէն ներս արտակրթական մարմնամարզանքի կամ այլ գործունէութիւններու մէջ բաժին բերել, եկամտային տուրքի տեղեկագիրը խարդախել, կամ ստել երբ հարցուի իր ըրած մէկ արարքին մասին, որ կրնայ զինք նեղ կացութեան մատնել։ Յիշելիք կարեւոր կէտն այն է, թէ Սողոմոնին նման, Աստուծոյ չհնազանդելու համար չքմեղանքներ ներկայացնելու վտանգին մէջ կրնա՛նք ըլլալ։

15. Եհովա Սողոմոնի հետ ինչպէ՞ս ողորմութեամբ վարուեցաւ, բայց այս ուղղութեամբ ի՞նչ պէտք է յիշենք։

15 Հետաքրքրական է թէ այդ օտար իշխանուհիին հետ Սողոմոնին ամուսնութիւնը նշելէ ետք, Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ Աստուած անոր իմաստութեան խնդրանքը շնորհեց, եւ նաեւ հարստութիւնը աւելցուց (Գ. Թագ. 3։10-13)։ Սողոմոն Աստուծոյ ցուցմունքները անտեսած էր, սակայն բան մը չկայ որ ցոյց կու տայ թէ Եհովա իսկոյն զինք մերժեց որպէս թագաւոր կամ ալ խստիւ զինք խրատեց։ Ասիկա ներդաշնակ է այն իրողութեան հետ, թէ Աստուած կը գիտակցի թէ մենք անկատար մարդիկ ենք՝ հողէ շինուած (Սաղ. 103։10, 13, 14)։ Բայց յիշէ՛. մեր արարքները կրնան հետեւանքներ ունենալ հիմա՛ կամ թերեւս յետագային։

Շա՜տ կիներ

16. Բազմաթիւ կիներ առնելով, Սողոմոն ի՞նչ բան կ’անտեսէր։

16 Երգ Երգոց գրքին մէջ, Սողոմոն որոշ աղջկայ մը մասին հիացմունքով ըսաւ, թէ ան 60 թագուհիներէ եւ 80 հարճերէ աւելի գեղեցիկ էր (Երգ 6։1, 8-10)։ Ասիկա թերեւս ակնարկեց այդ ատենուան իր կիներուն թիւին։ Նո՛յնիսկ եթէ անոնց մեծամասնութիւնը կամ բոլորը ճշմարիտ երկրպագուներ էին, Մովսէսի միջոցով Աստուծոյ տուած ուղղութիւնն էր, թէ իսրայէլի թագաւորը «իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։17)։ Սակայն դարձեալ, Եհովա պարզապէս Սողոմոնը չմերժեց։ Իրականութեան մէջ, ան շարունակեց Սողոմոնը օրհնել՝ զինք գործածելով որ Աստուածաշունչի Երգ Երգոց գիրքը յօրինէ։

17. Ո՞ր իրողութիւնը պէտք չէ անտեսենք։

17 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Սողոմոն կրնա՛ր Աստուծոյ ուղղութիւնը անտեսել եւ անպատիժ մնալ, կամ թէ մենք ալ նոյնը կրնա՛նք ընել։ Ո՛չ։ Ասիկա պարզապէս ցոյց կու տայ թէ Եհովան շատ համբերող է։ Ճիշդ է որ անհատ մը կրնայ Աստուծոյ պատուէրներուն չհնազանդիլ եւ անմիջապէս հետեւանքները չկրել։ Բայց սա չի նշանակեր թէ ան ի վերջոյ գէշ արդիւնքներ պիտի չհնձէ։ Յիշէ Սողոմոնին գրածը. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է»։ Ան աւելցուց. «Ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ» (Ժող. 8։11, 12

18. Սողոմոնի օրինակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Գաղատացիս 6։7, 8–ի խօսքերը ճշմարիտ են։

18 Ցաւօք սրտի, Սողոմոն այդ ճշմարտութեան ուշադրութիւն չընծայեց։ Այո, ան շատ լաւ բաներ ըրած էր եւ Եհովայէն բազմաթիւ օրհնութիւններ ստացած էր։ Բայց ժամանակի ընթացքին, ան ետեւ–ետեւի սխալ քայլեր առաւ. եւ այսպէս վատ ընթացք մը զարգացաւ։ Ո՜րքան շիտակ է այն բանը, որ Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» (Գաղ. 6։7, 8ա)։ Ժամանակ մը ետք, Սողոմոն Աստուծոյ չհնազանդելուն գէշ հետեւանքները կրեց։ Կը կարդանք. «Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնին աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց» (Գ. Թագ. 11։1)։ Հաւանաբար այդ կիներէն շատեր բնա՛ւ չդադրեցան իրենց չաստուածները պաշտելէ, եւ ասիկա Սողոմոնին վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ան խոտորեցաւ եւ մեր համբերող Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուց (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 11։4-8

Անոր լաւ ու գէշ օրինակէն սորվէ՛

19. Ինչո՞ւ կրնաս ըսել թէ Աստուածաշունչը բազմաթիւ լաւ օրինակներ կը բովանդակէ։

19 Եհովա Պօղոսը ներշնչեց որ գրէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Այդ գրուած բաները կը պարփակեն բազմաթիւ լաւ օրինակներ՝ յատկանշական հաւատքի տէր տղամարդիկ ու կիներ։ Պօղոս կրցաւ ըսել. «Եւ ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին ու Բարակին եւ Սամփսոնին ու Յեփթայէին եւ Դաւիթին ու Սամուէլին եւ ուրիշ մարգարէներու համար. որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան. . . տկարութենէ ուժովցան» (Եբ. 11։32-34)։ Մենք կրնա՛նք եւ պէտք է որ Աստուածաշունչի բովանդակած լաւ օրինակներէն սորվինք ու զանոնք ընդօրինակենք։

20, 21. Ինչո՞ւ վճռած ես Աստուծոյ Խօսքին ազդարարական օրինակներէն օգտուիլ։

20 Սակայն, աստուածաշնչական որոշ արձանագրութիւններ ազդարարական օրինակներ կը պարփակեն։ Ասոնցմէ մաս մը կը գտնենք այն տղամարդոց եւ կիներու կեանքին մէջ, որոնք Եհովա ժամանակ մը ընդունեց եւ գործածեց որպէս իր ծառաները։ Մինչ կը կարդանք Աստուածաշունչը, կրնանք նշմարել թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք խոտորեցան, եւ այսպէս ազդարարական օրինակներ դարձան։ Կրնանք նկատել թէ ոմանք աստիճանաբար սխալ կեցուածքներ կամ հակումներ զարգացուցին, ինչ որ ի վերջոյ գէշ հետեւանքներ ունեցաւ։ Այսպիսի արձանագրութիւններէ ինչպէ՞ս կրնանք դասեր քաղել։ Մենք մեզի կարգ մը հարցումներ ուղղենք, ինչպէս՝ ‘Այս անհատը ինչպէ՞ս սկսաւ սխալ կերպով մտածել։ Իմ պարագայիս ալ նոյնը կրնա՞յ պատահիլ։ Այս օրինակը ինծի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ այդ սխալը չգործեմ’։

21 Վստահաբար պէտք է այս օրինակները լրջօրէն նկատի առնենք, քանի որ Պօղոս ներշնչման ներքեւ գրեց. «Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան» (Ա. Կոր. 10։11

Ի՞նչ սորվեցար

• Աստուածաշունչին մէջ ինչո՞ւ կրնաս լաւ օրինակներ ե՛ւ ազդարարական օրինակներ գտնել։

• Սողոմոն ինչպէ՞ս թոյլ տուաւ որ վատ ընթացք մը զարգանայ իր կեանքին մէջ։

• Սողոմոնի ազդարարական օրինակէն ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Սողոմոն աստուածատուր իմաստութիւն կիրարկեց

[Նկարներ՝ էջ 14]

Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ Սողոմոնի սխալներէն կը սորվիս