Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլը՝ առաջին դարուն եւ ներկայիս
Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլը՝ առաջին դարուն եւ ներկայիս
«Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ» (Ա. ԿՈՐ. 12։11)։
1. Այս ուսումնասիրութեան մէջ ի՞նչ կէտեր նկատի պիտի առնենք։
ՊԷՆՏԷԿՈՍՏԷ։ Այս բառը ի՜նչ ոգեւորիչ դէպքեր կը յիշեցնէ (Գործք 2։1-4)։ Առաջին դարուն այդ առթիւ սուրբ հոգիին թափուիլը, իր ծառաներուն հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մէջ կարեւոր փոփոխութիւն նշեց։ Նախորդ յօդուածին մէջ, նկատի առինք կարգ մը կերպեր, որոնցմով Աստուծոյ հոգին վաղեմի հաւատարիմները կարող դարձուց որ դժուար եւ մանրամասն նշանակումներ կատարեն։ Սակայն ի՞նչ է տարբերութիւնը նախաքրիստոնէական ժամանակներուն Աստուծոյ հոգիին ներգործման կերպին եւ առաջին դարուն ատոր գործած կերպին միջեւ։ Եւ ներկայիս քրիստոնեաները Աստուծոյ սուրբ հոգիին գործունէութենէն ինչպէ՞ս կ’օգտուին։ Տեսնե՛նք։
«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
2. Մարիամ սուրբ հոգիին ազդեցութիւնը ինչպէ՞ս տեսած էր։
2 Մարիամ ներկայ էր Երուսաղէմի այդ մեծ Գործք 1։13, 14)։ Բայց այդ դէպքէն առաջ, աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր, ան Եհովայի հոգիին ազդեցութիւնը աչքառու կերպերով տեսած էր։ Եհովա իր Որդիին կեանքը երկնքէն երկիր փոխադրած էր, Մարիամին արգանդին մէջ յղութիւն պատճառելով՝ մինչ ան տակաւին կոյս էր։ Անոր մէջ յղացուածը «Սուրբ Հոգիէն» էր (Մատ. 1։20)։
վերնատան մէջ, երբ խոստացեալ սուրբ հոգին թափուեցաւ (3, 4. Մարիամ ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։
3 Եհովա ինչո՞ւ Մարիամը ընտրեց։ Հրեշտակը բացատրելէ ետք Եհովայի կամքը իրեն նկատմամբ, Մարիամ բացագանչեց. «Ահա՛ ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1։38)։ Այսպէս արտայայտուելով, Մարիամ յայտնեց սրտի կեցուածք մը՝ որ Աստուած արդէն նկատած էր։ Իր անմիջական պատասխանը ցոյց կու տայ, թէ ան այդ հարցին շուրջ Աստուծոյ կամքը ընդունելու պատրա՛ստ էր։ Ան որեւէ հարցում չուղղեց, թէ ժողովուրդը իր յղութիւնը ինչպէ՛ս պիտի նկատէր կամ թէ ատիկա ի՛նչ հաւանական ազդեցութիւն կրնար ունենալ իր նշանածին վրայ։ Իր անձին ակնարկելով որպէս ամէնէն համեստ ծառան, Մարիամ ցոյց տուաւ թէ Եհովային լման կը վստահէր՝ որպէս իր Տէրը։
4 Արդեօք ատեններ ձեւով մը Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մարտահրաւէրներով կամ պատասխանատուութիւններով ջախջախուած զգացա՞ծ ես։ Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Եհովայի լման կը վստահի՞մ որ հարցերը ձեռք առնէ իր կամքին հետ ներդաշնակ։ Ի՛րապէս կամաւ հոգի մը կը ցուցաբերե՞մ’։ Վստահ եղիր որ Աստուած իր հոգին կու տայ բոլոր անոնց, որոնք ամբողջ սրտով իրեն կը վստահին եւ կ’ընդունին իր գերիշխան կամքը (Գործք 5։32)։
Սուրբ հոգին Պետրոսին օգնեց
5. Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս Պետրոսին օգնած էր։
5 Մարիամին նման, Պետրոս առաքեալ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութիւնը անձամբ շօշափած էր, մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ։ Յիսուս իրեն եւ միւս առաքեալներուն դեւեր հանելու իշխանութիւն տուած էր (Մար. 3։14-16)։ Եւ թէեւ Սուրբ Գրութիւնները շատ մանրամասնութիւններ չեն տար, սակայն հաւանաբար Պետրոս այդ իշխանութիւնը գործածեց։ Աստուծոյ զօրութիւնը նաեւ յայտնուեցաւ, երբ Յիսուս Պետրոսը հրաւիրեց՝ որ Գալիլիոյ ծովուն ջուրերուն վրայէն իր ուղղութեամբ քալէ, եւ Պետրոս այդպէս ըրաւ (կարդա՛ Մատթէոս 14։25-29)։ Բացայայտ է որ հզօր արարքներ կատարելու համար, Պետրոս սուրբ հոգիին վստահեցաւ։ Շուտով՝ այդ հոգին Պետրոսին եւ միւս աշակերտներուն կարողութիւն պիտի տար որ ուրիշ շատ մը բաներ ընէին։
6. Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ Պետրոս ի՞նչ կրցաւ ընել մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ եւ վերջ։
6 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէի տօնին, Պետրոսին եւ ուրիշներուն հրաշալի կարողութիւն տրուեցաւ՝ որ Երուսաղէմ այցելող օտարախօս պանդուխտներուն հետ հաղորդակցին իրենց լեզուներով։ Անկէ ետք, Պետրոս ամբոխին խօսելու մէջ առաջնորդութիւն առաւ (Գործք 2։14-36)։ Արդարեւ այս մարդը որ ատեններ առաջ–նետուող կամ վախկոտ էր, քաջութեամբ լեցուեցաւ համարձակօրէն վկայելու՝ հակառակ սպառնալիքներուն ու հալածանքին (Գործք 4։18-20, 31)։ Ան աստուածային յայտնութեամբ տեղեկութիւններ ձեռք ձգեց (Գործք 5։8, 9)։ Եւ ան նո՛յնիսկ զօրութիւն ստացաւ որ անհատ մը յարուցանէ (Գործք 9։40)։
7. Յիսուսի ո՞ր ուսուցումները Պետրոսի համար յստակ դարձան, միայն իր օծուելէն ետք։
7 Նո՛յնիսկ Պէնտէկոստէէն առաջ, Պետրոս Յիսուսի սորվեցուցած շատ մը ճշմարտութիւնները ըմբռնեց (Մատ. 16։16, 17. Յովհ. 6։69)։ Սակայն այդ դէպքէն առաջ Յիսուսի ուսուցումներուն կարգ մը երեսակները Պետրոսի համար անյստակ մնացին։ Զոր օրինակ, Պետրոս չէր հասկցած թէ Քրիստոս երրորդ օրը որպէս հոգեղէն անձ յարութիւն պիտի առնէր, ոչ ալ հասկցած էր թէ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ պիտի ըլլար (Յովհ. 20։6-10. Գործք 1։6)։ Մարդիկ հոգեղէն արարածներ ըլլալու եւ երկնային Թագաւորութեան մը մէջ իշխելու գաղափարը անծանօթ էր Պետրոսին։ Անգամ մը որ ան սուրբ հոգիով մկրտուեցաւ եւ երկնային յոյսը ստացաւ, կրցաւ այս կէտերուն շուրջ Յիսուսի ուսուցումները հասկնալ։
8. Թէ՛ օծեալները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ գիտութիւն կրնան ստանալ։
8 Յիսուսի աշակերտները սուրբ հոգին ստանալէ ետք, կրցան հասկնալ ուսուցումներ՝ որոնք նախապէս չէին ըմբռնած։ Ներշնչման ներքեւ, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրողները,– մեր օգտին համար,– Եհովայի նպատակին մասին ապշեցուցիչ ճշմարտութիւններ բացատրեցին (Եփ. 3։8-11, 18)։ Ներկայիս, թէ՛ օծեալները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը կրնան այս նոյն ճշմարտութիւնները սորվիլ եւ հասկնալ (Յովհ. 10։16)։ Երախտապա՞րտ ես Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան եւ հասկացողութեան համար, որ սուրբ հոգին կ’օգնէ որ ունենաս։
Պօղոս ‘Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ’
9. Պօղոս սուրբ հոգիին միջոցաւ ի՞նչ կրցաւ իրագործել։
9 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն շուրջ տարի մը ետք, ուրիշ անհատ մը ստացաւ Աստուծոյ պարգեւը՝ սուրբ հոգին։ Անիկա Սօղոսն էր, որ ճանչցուեցաւ որպէս՝ Պօղոս։ Հոգին անոր մէջ ներգործեց այնպիսի կերպերով՝ որոնք այսօր մեզի կ’օգտեն։ Պօղոս առաքեալ ներշնչուեցաւ որ 14 նամակ գրէ։ Եւ ինչպէս էր պարագան Պետրոսի, Աստուծոյ հոգին Պօղոսը կարող դարձուց որ հասկնայ եւ յստակ կերպով գրէ անմահութեան եւ անապականութեան յոյսին մասին՝ երկնքի մէջ։ Սուրբ հոգիով, Պօղոս հիւանդները բժշկեց, դեւերը հանեց եւ նո՛յնիսկ կրցաւ յարութիւն տալ։ Սակայն, սուրբ հոգիին միջոցաւ իր ստացած զօրութիւնը օգնեց որ աւելի կարեւոր նշանակում մը կատարէ,– նշանակում մը որ այսօր Աստուծոյ բոլոր ծառաները կը կատարեն, թէեւ ո՛չ հրաշալի կերպով։
10. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց որ խօսի։
10 Պօղոս որ ‘սուրբ հոգիով լեցուեցաւ’, մոգի մը դէմ համարձակօրէն խօսեցաւ։ Ի՜նչ ազդեցութիւն ունեցաւ ատիկա Կիպրոսի փոխանորդ բդեշխին վրայ, որ ամբողջ խօսակցութիւնը մտիկ կ’ընէր։ Ան ճշմարտութիւնը ընդունեց՝ «մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ» (Գործք 13։8-12)։ Յստակ է որ Պօղոս գիտէր թէ միա՛յն Աստուծոյ հոգին ճշմարտութիւնը քաջութեամբ խօսելու կարողութիւնը կրնար տալ (Մատ. 10։20)։ Յետագային, ան Եփեսոսի ժողովքը յորդորեց որ իրեն համար աղօթեն, որպէսզի իրեն «խօսք տրուի» (Եփ. 6։18-20)։
11. Պօղոս ինչպէ՞ս Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցաւ։
11 Սուրբ հոգին ոչ միայն Պօղոսը կարող դարձուց որ խօսի, այլ՝ ատեններ արգիլեց զինք որ որոշ վայրերու մէջ խօսի։ Երբ ան իր միսիոնարական ճամբորդութիւններուն ձեռնարկեց, սուրբ հոգիով առաջնորդուեցաւ (Գործք 13։2. կարդա՛ Գործք 16։6-10)։ Եհովա տակաւի՛ն քարոզչութիւնը իր հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ։ Պօղոսի նման, Եհովայի բոլոր հնազանդ ծառաները կը ջանան ճշմարտութիւնը համարձակութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ հռչակել։ Թէեւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը այսօր նո՛յնքան բացայայտ չէ, ո՛րքան Պօղոսի օրերը, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ տակաւին արժանաւորները ճշմարտութեան ‘կը քաշէ’ (Յովհ. 6։44)։
«Ներգործութիւնները զանազան են»
12-14. Աստուծոյ հոգին իր բոլոր ծառաներուն վրայ նո՞յն կերպով կը գործէ։ Բացատրէ՛։
12 Ներկայիս, մեզի համար շատ քաջալերական Ա. Կոր. 12։4-6, 11)։ Արդարեւ, սուրբ հոգին Աստուծոյ տարբեր ծառաներուն մէջ, տարբեր կերպերով կրնայ ներգործել՝ նպատակի մը համար։ Ի՛րապէս սուրբ հոգին մատչելի է թէ՛ Քրիստոսի «պզտիկ հօտ»ին եւ թէ անոր «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։16)։ Սակայն, ատիկա միշտ նոյն կերպով չի ներգործեր ժողովքին իւրաքանչիւր անդամին մէջ։
է կարդալ այն կերպին մասին, որով Եհովա առաջին դարու օծեալներու ժողովքը օրհնեց։ Ի մտի ունեցիր Պօղոսի օրերուն հոգիին հրաշալի պարգեւներուն նկատմամբ Կորնթոսի ժողովքին ուղղուած ներշնչեալ խօսքերը. «Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ» (13 Երէցները, զոր օրինակ, սուրբ հոգիով նշանակուած են (Գործք 20։28)։ Բայց ո՛չ բոլոր հոգիէն–օծուածները ժողովքին մէջ որպէս տեսուչներ կը ծառայեն։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Պարզապէս, թէ Աստուծոյ հոգին տարբեր կերպերով ժողովքի անդամներուն մէջ կը ներգործէ։
14 Հոգին, որ օծեալներուն մէջ «որդեգրութեան հոգի» կամ որդիութեան զգացում մը կը քանդակէ, այն նոյն հոգին է՝ որուն միջոցաւ Եհովա իր միածին Որդին մեռելներէն յարուցանեց՝ անոր տալով անմահ կեանք երկնքի մէջ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։11, 15)։ Ատիկա այն նոյն հոգին է, որով Եհովա ամբողջ տիեզերքը գոյացուց (Ծն. 1։1-3)։ Այդ նոյն սուրբ հոգիով, Եհովա Բեսելիէլը որակեալ դարձուց որ խորանին վերաբերեալ մասնայատուկ գործեր ընէ, Սամփսոնը զօրացուց որպէսզի արտակարգ զօրութիւն պահանջող արարքներ կատարէ, եւ Պետրոսը կարող դարձուց որ ջուրերուն վրայէն քալէ։ Ուրեմն, թող որ Աստուծոյ հոգին ստանալը անով օծուելուն հետ չշփոթենք։ Հոգիով օծուիլը միայն սուրբ հոգիին մասնայատուկ մէկ ներգործութիւնն է, եւ Աստուծոյ ընտրութենէն կախեալ է։
15. Սուրբ հոգիով մկրտուիլը յաւիտեա՞ն պիտի շարունակուի։ Բացատրէ՛։
15 Աստուծոյ գործօն ուժը միշտ իր հաւատարիմ ծառաներուն մէջ տարբեր կերպերով ներգործած է։ Ատիկա իրենց մէջ ներգործած է հազարաւոր տարիներ շարունակ՝ օծումը սկսելէն առաջ։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին այդ նոր ներգործութիւնը սկսաւ, սակայն՝ յաւիտեան պիտի չշարունակուի։ Հոգիով մկրտուիլը պիտի դադրի, բայց սուրբ հոգին պիտի շարունակէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ներգործել, այնպէս որ առյաւէտ կարենան Իր կամքը կատարել։
16. Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները իր հոգիին միջոցաւ ի՞նչ կ’ընեն։
16 Այժմ երկրի վրայ, Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցաւ մասնաւորաբար ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ Յայտնութիւն 22։17–ն կը պատասխանէ. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ Աստուծոյ հոգիով մղուած, ներկայիս քրիստոնեաները Եհովայի կենսատու հրաւէրը կու տան ‘անոր՝ որ կ’ուզէ’ կենաց ջուրը ընդունիլ։ Ասիկա ընելու մէջ, օծեալ քրիստոնեաները առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Սակայն, ուրիշ ոչխարներէ եղողները այս հրաւէրը ներկայացնելու մէջ բաժին կը բերեն։ Այս գործը կատարելու համար, երկու դասակարգերը նոյն սուրբ հոգիին հետ կը համագործակցին։ Երկու դասակարգերէն եղողները Եհովայի իրենց նուիրումը խորհրդանշած են՝ մկրտուելով «Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (Մատ. 28։19, ԱԾ)։ Եւ բոլո՛րը հոգիին պտուղը իրենց կեանքին մէջ կը ցուցաբերեն (Գաղ. 5։22, 23)։ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն՝ որպէսզի Աստուած հաճեցնող մաքուր կենցաղակերպ մը վարեն (Բ. Կոր. 7։1. Յայտ. 7։9, 14)։
Շարունակէ՛ սուրբ հոգին խնդրել
17. Ինչպէ՞ս կրնանք փաստել թէ Աստուծոյ հոգին ունինք։
17 Ուստի, աստուածատուր յոյսդ ըլլայ յաւիտենական կեանք երկնքի մէջ կա՛մ երկրի վրայ, Եհովա կրնայ քեզի «անսահման Բ. Կոր. 4։7, Անթիլիաս)։ Թագաւորութեան բարի լուրը շարունակ քարոզելը, թերեւս քեզ ծաղրանքի առարկայ դարձնէ։ Բայց յիշէ, թէ ‘եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիս, երանելի ե՛ս. վասն զի փառքի եւ զօրութեան եւ Աստուծոյ Հոգին քու վրադ հանգչած է’ (Ա. Պետ. 4։14)։
զօրութիւն» տալ, որպէսզի ուղղամտութիւնդ պահպանես եւ վարձատրութիւնդ ստանաս (18, 19. Եհովա իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ինչպէ՞ս պիտի օգնէ քեզի, եւ այս առնչութեամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։
18 Սուրբ հոգին Աստուծոյ պարգեւն է անոնց՝ որոնք զայն անկեղծօրէն կը փնտռեն։ Ատիկա կրնայ բարելաւել ոչ միայն կարողութիւններդ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ լաւագոյնդ ընելու փափաքդ։ «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար»։ Սուրբ հոգիին թանկագին պարգեւը ե՛ւ «կենաց խօսքը ամուր [բռնելու]» մեր անկեղծ ջանքերը, մեզի թոյլ պիտի տան որ ‘ահով ու դողով մեր անձերուն փրկութեանը համար գործենք’ (Փլպ. 2։12, 13, 16)։
19 Հետեւաբար, Աստուծոյ հոգիին լման վստահելով, ամէն նշանակում սրտանց կատարէ, ատոր մէջ հմտացիր եւ Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ (Յակ. 1։5)։ Ան քեզի հարկ եղածը պիտի տայ, որ իր Խօսքը հասկնաս, կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլես եւ բարի լուրը քարոզես։ «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի», եւ ասիկա կը պարփակէ սուրբ հոգին ստանալ (Ղուկ. 11։9, 13)։ Արդարեւ, Եհովայէն խնդրէ որ վաղեմի ու արդի հաւատարիմներուն նման ըլլաս՝ որոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիով առաջնորդուեցան։
Կրնա՞ս բացատրել
• Մարիամի նման, ինչպիսի՞ կեցուածք կրնանք ցուցաբերել, որ օրհնութիւններ պիտի բերէ։
• Ի՞նչ առումով Պօղոս Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցաւ։
• Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս սուրբ հոգիով առաջնորդուած են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Աստուծոյ հոգին Պօղոսը կարող դարձուց, որ չար ոգիներուն ազդեցութիւնը յաղթահարէ
[Նկար՝ էջ 30]
Ներկայիս, սուրբ հոգին մատչելի է՝ քրիստոնեաներուն օգնելու համար, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց յոյսը