Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հոգիով ինչո՞ւ առաջնորդուիլ

Աստուծոյ հոգիով ինչո՞ւ առաջնորդուիլ

Աստուծոյ հոգիով ինչո՞ւ առաջնորդուիլ

«Դուն ես իմ Աստուածս. թող քու բարի Հոգիդ զիս. . . առաջնորդէ» (ՍԱՂ. 143։10

1. Լուսաբանէ թէ անտեսանելի ոյժ մը ինչպէ՛ս կրնայ անհատ մը առաջնորդել։

ԵՐԲԵՔ կողմնացոյց գործածա՞ծ ես ուղղութիւնդ գտնելու համար։ Կողմնացոյցը պարզ գործիք մըն է՝ միայն մէկ շարժուն մասով,– մագնիսական սլաք մը, որ դէպի հիւսիս կը մատնանշէ։ Անտեսանելի ոյժ մը՝ մագնիսականութիւնը, սլաքը կը շարժէ։ Դարերէ ի վեր, երկրախոյզներ եւ ճամբորդներ, ըլլան ծովու վրայ կամ ցամաքի վրայ, իրենց ուղղութիւնը գիտնալու համար կողմնացոյցին դիմած են։

2, 3. ա) Երկա՜ր դարեր առաջ, Եհովա ի՞նչ զօրեղ ոյժ մը գործածեց։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուծոյ անտեսանելի գործօն ուժը ներկայիս մեր կեանքը ուղղէ։

2 Մեր առաջնորդութեան համար ա՛լ աւելի կարեւոր անտեսանելի ոյժ մը կայ, որ Աստուածաշունչի բացման համարներուն մէջ նկարագրուած է։ Խօսելով թէ Եհովա ի՛նչ իրագործեց երկա՜ր դարեր առաջ, Ծննդոցը կը նշէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ Ստեղծելու համար, ան հզօր ոյժ մը գործածեց, քանի որ ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Աստուծոյ Հոգին. . . կը շարժէր» (Ծն. 1։1, 2)։ Ի՞նչ բան գործի վրայ էր։ Սուրբ հոգի՛ն,– ստեղծագործութեան ետին գտնուող հզօր ուժը։ Երախտապա՛րտ ենք որ Եհովա իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժը գործածեց՝ մեզի կեանք տալու եւ միւս բոլոր բաները ստեղծելու համար (Յոբ 33։4. Սաղ. 104։30

3 Որպէս ապրող արարածներ, պէ՞տք է ակնկալենք որ Աստուծոյ գործօն ուժը մէկ այլ կերպով մեր կեանքին ազդէ։ Աստուծոյ Որդին գիտէր թէ պէ՛տք է ակնկալենք, քանի որ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հոգին. . . ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ» (Յովհ. 16։13)։ Ի՞նչ է այս հոգին եւ ինչո՞ւ պէտք է ուզենք անով առաջնորդուիլ։

Սուրբ հոգիին բնոյթը

4, 5. ա) Երրորդութենականները սուրբ հոգիին մասին ի՞նչ սխալ գաղափար ունին։ բ) Սուրբ հոգիին իսկական բնոյթը ինչպէ՞ս պիտի բացատրէիր։

4 Հաւանաբար, կարգ մը անհատներ՝ որոնց հետ ծառայութեան ընթացքին կը խօսիս, սուրբ հոգիին նկատմամբ անաստուածաշնչական տեսակէտ ունին։ Երրորդութենականները սխալ կերպով կը խորհին, թէ ատիկա հոգեղէն անձ մըն է՝ Հայր Աստուծոյ հաւասար (Ա. Կոր. 8։6)։ Սակայն, Երրորդութեան վարդապետութիւնը յստակ կերպով կը հակասէ Սուրբ Գրութիւններուն։

5 Ուստի, սուրբ հոգիին իսկական բնոյթը ի՞նչ է։ Ծննդոց 1։2–ի մէջ գործածուած եբրայերէն ռուախ բառը որ «հոգի» թարգմանուած է, կրնայ նաեւ թարգմանուիլ «հով» եւ այլ բառեր, որոնք անտեսանելի գործօն ոյժ կը նշանակեն (համեմատէ՛ Ծննդոց 3։8. 8։1)։ Ինչպէս որ հովը անտեսանելի է բայց ոյժ կը բանեցնէ, նոյնն է պարագան աննիւթական եւ անդէմ սուրբ հոգիին, որ անտեսանելի ըլլալով հանդերձ ազդեցութիւն կը բանեցնէ։ Այս հոգին Աստուծմէ բխած զօրութիւն մըն է, որ իր կամքը իրագործելու համար, անհատներու կամ առարկաներու վրայ կը բանեցուի։ Արդեօք դժուա՞ր է հաւատալ թէ այսպիսի հոյակապ ոյժ մը ծագում կ’առնէ սուրբ Աղբիւրէն՝ ամենակալ Աստուծմէն։ Բնա՛ւ երբեք (կարդա՛ Եսայի 40։12, 13

6. Դաւիթ Եհովայէ ի՞նչ խնդրեց։

6 Կեանքին մէջ մեզ առաջնորդելու համար, Եհովա կրնա՞յ շարունակել իր սուրբ հոգին գործածել։ Ան սաղմոսերգու Դաւիթին խոստացաւ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի» (Սաղ. 32։8)։ Արդարեւ Դաւիթ Եհովայի առաջնորդութիւնը կ’ուզէր, քանի որ աղօթեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս. թող քու բարի Հոգիդ զիս. . . առաջնորդէ» (Սաղ. 143։10)։ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուելու նոյն փափաքն ու պատրաստակամութիւնը պէտք է ունենանք։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ չորս պատճառ։

Մենք մեզ առաջնորդելու որակեալ չենք

7, 8. ա) Ինչո՞ւ կարող չենք Աստուծմէ անկախ մենք մեզ առաջնորդել։ բ) Ո՞ր օրինակը կ’օգնէ որ հասկնանք թէ այս չար աշխարհին մէջ ինչո՛ւ Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքը ունինք։

7 Առաջին, պէտք է ուզենք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ, քանի որ մենք մեզ առաջնորդելու կարող չենք։ «Առաջնորդել» կը նշանակէ «առջեւը անցնիլ եւ տանիլ, կամ հետեւելիք ճանապարհը ցոյց տալ»։ Սակայն, Եհովա կարողութիւնը չտուաւ մեզի այդ մէկը մեր անձին համար ընելու. առաւել՝ մենք այժմ անկատար վիճակի մէջ ենք։ Իր մարգարէն՝ Երեմիան գրեց. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Եր. 10։23)։ Աստուած ասոր պատճառը տալով՝ ըսաւ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ» (Եր. 17։9. Մատ. 15։19

8 Երեւակայէ թէ անհատ մը պիտի ճեմէ վտանգաւոր վայրի մէջ, որ շատ լաւ չի գիտեր, ինչպէս՝ անտառ մը կամ անապատ մը։ Իմաստութիւն պիտի չըլլար երթալ առանձին, առանց հմուտ առաջնորդի կամ կողմնացոյցի։ Եթէ անհատը չի գիտեր այսպիսի վայրի մը մէջ ինչպէ՛ս վերապրիլ եւ ապահովութեամբ իր ճամբան գտնել, իր կեանքը վտանգի տակ պիտի ըլլայ։ Նմանապէս, այն անձը որ կը խորհի թէ այս չար աշխարհին մէջ կրնայ իր ընթացքը առաջնորդել առանց թոյլ տալու Աստուծոյ որ իրեն շիտակ ճամբան ցուցնէ, իր կեանքը մեծապէս կը վտանգէ։ Իրերու այս դրութենէն յաջողապէս կ’անցնինք միայն եթէ Դաւիթի նոյն թախանձանքով Եհովայի աղօթենք. «Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին» (Սաղ. 17։5. 23։3)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս առաջնորդութիւնը ստանալ։

9. Ինչպէս որ էջ 19–ի նկարը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզի համար որպէս ստոյգ ուղեցոյց ծառայել։

9 Եթէ խոնարհ ենք եւ յօժար ենք Եհովայի ապաւինելու, ան իր սուրբ հոգին պիտի տայ՝ որպէս մեր քայլերուն ստոյգ ուղեցոյց։ Այդ գործօն ուժը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն բացատրեց. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ» (Յովհ. 14։26)։ Երբ կանոնաւորաբար եւ ջերմեռանդ աղօթքով Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք, ներառեալ՝ Քրիստոսի բոլոր խօսքերը, սուրբ հոգին Եհովայի խորունկ իմաստութեան մասին մեր հասկացողութիւնը պիտի աւելցնէ, որպէսզի կարենանք աւելի մօտէն իր կամքին հետեւիլ (Ա. Կոր. 2։10)։ Ասկէ զատ, երբ կեանքի տանող ճամբուն մէջ որեւէ անակնկալ անկիւնադարձի հանդիպինք, հոգին մեզի երթալիք ուղին պիտի ցուցնէ։ Ատիկա մեր միտքը պիտի բերէ աստուածաշնչական սկզբունքներ՝ որոնք արդէն սորված ենք, եւ պիտի օգնէ որ ըմբռնենք թէ ինչպէ՛ս կը գործադրուին մեր յաջորդ քայլը ուղղելու համար։

Յիսուս Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցաւ

10, 11. Յիսուս ի՞նչ ակնկալեց որ սուրբ հոգին իրեն ընէ, եւ սուրբ հոգին ինչպէ՞ս իրեն օգնեց։

10 Երկրորդ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ պիտի ուզենք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ, այն է թէ Աստուած իր Որդին անով առաջնորդեց։ Երկիր գալէ առաջ, Աստուծոյ միածին Որդին հետեւեալ մարգարէութիւնը գիտէր. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին» (Եսա. 11։2)։ Երկրի վրայ կեանքը Յիսուսի համար դիւրին պիտի չըլլար։ Պահ մը երեւակայէ, թէ ան ո՜րքան կ’ուզէր Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը ստանալ։

11 Եհովայի խօսքերը կատարուեցա՛ն։ Աւետարանի արձանագրութիւնը կը նշէ թէ Յիսուսի մկրտութենէն անմիջապէս ետք ի՛նչ պատահեցաւ. «Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ» (Ղուկ. 4։1)։ Հոն, մինչ Յիսուս ծոմ կը պահէր, կ’աղօթէր եւ կը խոկար, Եհովա հաւանաբար իր Որդիին ցուցմունքներ տուաւ եւ պատրաստեց զինք գալիք բաներուն համար։ Աստուծոյ գործօն ուժը Յիսուսի մտքին ու սրտին վրայ ազդեցութիւն բանեցուց՝ իր մտածելակերպն ու որոշումները առաջնորդելով։ Առ ի արդիւնք, Յիսուս գիտցաւ իւրաքանչիւր պարագային ի՛նչ ընել, եւ ըրաւ ճիշդ ինչ որ Հայրը կ’ուզէր որ ընէր։

12. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրենք։

12 Իր կեանքէն ներս Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան արժէքը գիտնալով, Յիսուս իր աշակերտներուն ընդգծեց սուրբ հոգին խնդրելու եւ անով առաջնորդուելու կարեւորութիւնը (կարդա՛ Ղուկաս 11։9-13Ասիկա շատ անհրաժեշտ է մեզի համար, քանի որ կրնայ մեր մտածելակերպը փոխել, որպէսզի Քրիստոսի միտքին նմանի (Հռով. 12։2. Ա. Կոր. 2։16)։ Թոյլ տալով Աստուծոյ հոգիին որ մեր կեանքը առաջնորդէ, կրնանք Քրիստոսի նման մտածել եւ զինք ընդօրինակել (Ա. Պետ. 2։21

Աշխարհի հոգին կրնայ մեզ մոլորեցնել

13. Աշխարհի հոգին ի՞նչ է եւ մարդիկը կը մղէ որ ի՞նչ ընեն։

13 Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ ուզելու երրորդ պատճառն այն է, թէ առանց ատոր կրնանք անսուրբ հոգիով մոլորիլ՝ որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութեան կեանքին մէջ կը ներգործէ։ Աշխարհի հոգին այն զօրեղ ուժն է, որ մարդիկը կը մղէ ընելու այն ինչ որ ճիշդ հակառակն է սուրբ հոգիին ուզածին։ Փոխանակ մարդոց օգնելու որ Քրիստոսի միտքը ունենան, աշխարհի հոգին պատճառ կը դառնայ որ մարդիկ այս աշխարհի իշխանին՝ Սատանային նման մտածեն ու գործեն (կարդա՛ Եփեսացիս 2։1-3. Տիտոս 3։3Երբ անհատ մը աշխարհի հոգիին տեղի կու տայ եւ կը սկսի մարմնին գործերը ընել, լուրջ հետեւանքներ յառաջ կու գան՝ անհատին արգելք հանդիսանալով որ Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգէ (Գաղ. 5։19-21

14, 15. Աշխարհի հոգիին դէմ դնելու մէջ ինչպէ՞ս կրնանք յաջողիլ։

14 Եհովա մեզ զինած է, որ աշխարհի հոգիին դէմ դնենք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը. . . որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել» (Եփ. 6։10, 13)։ Իր հոգիին միջոցով Եհովա մեզ կ’ամրապնդէ, որպէսզի մեզ մոլորեցնելու Սատանայի ջանքերուն դիմադրենք (Յայտ. 12։9)։ Աշխարհի հոգին զօրաւոր է, եւ անկէ բոլորովին չենք կրնար խուսափիլ։ Սակայն, կրնա՛նք ատոր դէմ դնել. սուրբ հոգին շա՛տ աւելի զօրաւոր է եւ մեզի պիտի օգնէ՛։

15 Առաջին դարուն քրիստոնէութիւնը լքողներուն մասին, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան» (Բ. Պետ. 2։15)։ Ո՜րքան երախտապարտ կրնանք ըլլալ, որ «ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է» (Ա. Կոր. 2։12)։ Սուրբ հոգիին թոյլ տալով որ մեզ առաջնորդէ եւ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահելու Եհովայի բոլոր կարգադրութիւններէն օգտուելով, կրնանք շիտակը ընել եւ այս չար աշխարհին սատանայական հոգիին դէմ դնել (Գաղ. 5։16

Սուրբ հոգին բարի պտուղ կ’արտադրէ

16. Սուրբ հոգին ի՞նչ պտուղ կրնայ արտադրել մեր մէջ։

16 Աստուծոյ հոգին մեր մէջ ներգործել ուզելու չորրորդ պատճառն այն է, թէ ատիկա իրմով առաջնորդուողներուն կեանքին մէջ հոյակապ պտուղ կ’արտադրէ (կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23Մեզմէ ո՞վ չ’ուզեր աւելի սիրալիր, ուրախ եւ խաղաղասէր ըլլալ։ Մեզմէ ո՞վ չ’ուզեր երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն ու բարութիւն աւելցնել։ Մեզմէ ո՞վ պիտի չօգտուի երբ աւելի մեծ հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն զարգացնէ։ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ կ’արտադրէ լաւ յատկութիւններ, որոնք կ’օգտեն մեզի, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց հետ կ’ապրինք ու կը ծառայենք։ Այս պտուղը մշակելը յարատեւ աշխատանք է, քանի որ սահման չկայ այն պտուղին քանակին, որ հոգին կրնայ արտադրել մեր մէջ։

17. Հոգիին պտուղին մէկ երեսակը ինչպէ՞ս կրնանք աւելի մեծ տարողութեամբ մշակել։

17 Իմաստութիւն պիտի ըլլար հետեւեալին մասին խորհիլ. մեր խօսքերն ու գործերը ցոյց կու տա՞ն թէ սուրբ հոգիով առաջնորդուած ենք եւ ատոր պտուղը կ’արտադրենք (Բ. Կոր. 13։5ա. Գաղ. 5։25)։ Եթէ տեսնենք թէ հոգիին պտուղին կարգ մը երեսակները հարկ է որ մշակենք, կրնանք սուրբ հոգիին հետ աւելի մեծ տարողութեամբ համագործակցիլ, որպէսզի այսպիսի յատկութիւններ արտադրենք։ Ասիկա կ’ընենք իւրաքանչիւր երեսակ սերտելով, ինչպէս որ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ յայտնուած է եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ քննարկուած է։ Այսպէս կրնանք զատորոշել, թէ ինչպէ՛ս հոգիին պտուղը պէտք է ցուցաբերուի մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ ապա աշխատիլ որ զայն աւելի մեծ տարողութեամբ մշակենք։ * Մինչ Աստուծոյ հոգիին ներգործութեան արդիւնքները կը նկատենք մեր եւ հաւատակիցներուն կեանքին մէջ, յստակ կերպով կը տեսնենք թէ ինչո՛ւ անով պէտք է առաջնորդուինք։

Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ

18. Սուրբ հոգիին ուղղութեան ընդառաջելու նկատմամբ, Յիսուս ինչպէ՞ս մեզի համար օրինակ կը հանդիսանայ։

18 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին Յիսուսի մարդկային կեանքին մէջ զօրեղ ոյժ մըն էր։ Յիսուս ուզե՛ց անով առաջնորդուիլ. երբ հոգին զինք կ’առաջնորդէր որ բան մը ընէ, ան ուղղութիւնը կ’ընդունէր եւ ատոր համաձայն կը գործէր (Մար. 1։12, 13. Ղուկ. 4։14)։ Յիսուսի նման, Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ։

19. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի սուրբ հոգին մեզ առաջնորդէ։

19 Աստուծոյ գործօն ուժը տակաւին կը ներգործէ պատրաստակամ մտքերու եւ սրտերու մէջ, զիրենք մղելու եւ առաջնորդելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ տալ որ ատիկա քու վրադ գործէ, քեզ շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդելու համար։ Յարատեւաբար Եհովայի աղօթէ՛ որ իր սուրբ հոգին ղրկէ եւ քեզի օգնէ ատոր առաջնորդութիւնը ընդունելու (կարդա՛ Եփեսացիս 3։14-16Աղօթքներուդ համաձայն գործէ՛, խրատներ փնտռելով Աստուծոյ գրաւոր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն,– սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնը (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Աստուածաշունչին տուած իմաստուն ցուցմունքներուն հնազանդէ եւ ապա սուրբ հոգիին առաջնորդութեան անվերապահօրէն ընդառաջէ։ Այս չար աշխարհին մէջ, քեզ շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդելու Եհովայի կարողութեան հաւատա՛։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Իւրաքանչիւր երեսակի քննարկութեան համար, տե՛ս դ07 8/1 էջ 15-18, դ01 1/1 էջ 22, դ95 4/1 էջ 26, դ01 11/1 էջ 14-15, դ02 2/1 էջ 15, դ03 2/1 էջ 7, դ03 4/1 էջ 22, 25-26 եւ դ03 11/1 էջ 9։

Գլխաւոր կէտերը ըմբռնեցի՞ր

• Սուրբ հոգին մեր կեանքին ինչպէ՞ս կրնայ ազդել։

• Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ ուզելու ի՞նչ չորս պատճառներ կան։

• Սուրբ հոգիին առաջնորդութենէն լիովին օգտուելու համար, ինչպէ՞ս կրնանք մեր բաժինը բերել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Սուրբ հոգին Յիսուսի կեանքին մէջ զօրեղ ոյժ մըն էր

[Նկար՝ էջ 19]

Աստուծոյ հոգին կը ներգործէ մտքերու եւ սրտերու մէջ, զիրենք մղելու եւ առաջնորդելու համար