Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն

Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտեն

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ հնազանդինք։

Պատշաճ է Աստուծոյ հնազանդիլ, քանի որ ան մեզ ստեղծեց։ Նո՛յնիսկ Յիսուս միշտ Աստուծոյ հնազանդեցաւ (Յովհաննէս 6։38. Յայտնութիւն 4։10ա)։ Աստուծոյ օրէնքները մեզի պատեհութիւն կու տան, որ իրեն հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3

Եհովա Աստուծոյ բոլոր օրէնքները մեզի օգտակար են։ Անոնք լաւագոյն ապրելակերպը կը սորվեցնեն մեզի հիմա, եւ ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտենական օրհնութիւններ ձեռք ձգել ապագային (կարդա՛ Սաղմոս 19։7, 11. Եսայի 48։17, 18

2. Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս մեր առողջութեան կ’օգտեն։

Գինովութեան դէմ եղած Աստուծոյ օրէնքը, մեզ մահացու հիւանդութենէ եւ արկածներէ կը պաշտպանէ։ Չափազանց խմելը մոլութիւն է եւ ունայն ընթացքի կ’առաջնորդէ (Առակաց 23։20, 29, 30)։ Եհովա թոյլ կու տայ որ ոգելից ըմպելի խմենք, բայց միայն չափաւորութեամբ (կարդա՛ Սաղմոս 104։15. Ա. Կորնթացիս 6։10

Եհովա նաեւ մեզ կը զգուշացնէ նախանձէ, անսանձ բարկութենէ եւ ուրիշ վնասաբեր վերաբերմունքներէ։ Ա՛յնքան ատեն որ իր խրատը կը կիրարկենք, մեր առողջութիւնը պիտի օգտուի (կարդա՛ Առակաց 14։30. 22։24, 25

3. Աստուծոյ օրէնքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ պաշտպանել։

Աստուծոյ օրէնքը արտամուսնական սեռը կ’արգիլէ (Եբրայեցիս 13։4)։ Զոյգեր՝ որոնք այս օրէնքին կը հնազանդին, աւելի ապահով կը զգան եւ իրենց զաւակներուն համար աւելի լաւ միջավայր մը կը ստեղծեն։ Միւս կողմէ, արտամուսնական սեռը յաճախ կը պատճառէ հիւանդութիւն, ամուսնալուծում, բռնութիւն, զգացական ցնցում եւ միածնող ընտանիքներ (կարդա՛ Առակաց 5։1-9

Երբ կը խուսափինք պարագաներէ՝ որոնք մեզ կը փորձեն արտամուսնական սեռի միջամուխ ըլլալու, Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը կը պաշտպանենք, ինչպէս նաեւ հեռու կը կենանք ուրիշներուն վնաս հասցնելէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-6

4. Կեանքը յարգելը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ։

Աստուածատուր կեանքի պարգեւը յարգողները, առողջապահական օգուտներ կը վայելեն, երբ ետ կը կենան ծխելէ եւ կեանքը վտանգող այլ մոլութիւններէ (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Աստուած կ’արժեւորէ նո՛յնիսկ արգանդին մէջ կազմուող մանկիկի մը կեանքը (Ելից 21։22, 23)։ Ուստի, պէտք չէ որ չծնած մանուկ մը դիտումնաւոր կերպով սպաննենք։ Նաեւ, կեանքի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը գնահատողները, ապահովութեան նախազգուշական քայլեր կ’առնեն, ինքնաշարժին, գործին եւ տան մէջ (Բ. Օրինաց 22։8)։ Ասկէ զատ, անոնք իրենց կեանքը չեն վտանգեր մարմնամարզանքի համար, քանի որ կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է (կարդա՛ Սաղմոս 36։9

5. Արեան սրբութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգտէ։

Արիւնը սուրբ է, քանի որ Աստուած կ’ըսէ թէ ատիկա արարածի մը կեանքը կը ներկայացնէ (Ծննդոց 9։3, 4)։ Աստուծոյ օրէնքը, որ արեան արժէքը համահաւասար կը սեպէ կեանքի արժէքին, մեզի կ’օգտէ։ Ինչպէ՞ս։ Այդ օրէնքին հիման վրայ, Աստուած մեղքերու թողութիւնը կարելի դարձուց (կարդա՛ Ղեւտացւոց 17։11-13. Եբրայեցիս 9։22

Յիսուսի արիւնը մասնաւորաբար թանկարժէք էր, քանի որ ան կատարեալ էր։ Իր կեանքը մարդկութեան համար զոհելէ ետք, Յիսուս Աստուծոյ մատուցանեց իր արեան արժէքը, որ իր կեանքը կը ներկայացնէր (Եբրայեցիս 9։12)։ Իր թափուած արիւնը, յաւիտենական կեանքը մեզի համար կարելի կը դարձնէ (կարդա՛ Մատթէոս 26։28. Յովհաննէս 3։16

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 12–րդ եւ 13–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։