Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատասխանը տարբերութիւն կ’ընէ՞

Պատասխանը տարբերութիւն կ’ընէ՞

Պատասխանը տարբերութիւն կ’ընէ՞

«Տասը տարեկան էի, երբ սկսայ տղոց հետ դուրս ելլել։ Սկիզբը, իրարու ձեռք կը բռնէինք եւ կը համբուրուէինք։ Սակայն, շուտով սկսանք իրարու մարմնի մտերիմ մասերուն դպչիլ եւ հետզհետէ սեռային վարքի միջամուխ ըլլալ։ Երբ 15 տարեկան էի, սկսայ աշխատիլ եւ գործատեղը տղամարդիկ կը մօտենային ինծի, ուզելով սեռային յարաբերութիւն ընել։ Ուզեցի յանդուգն ըլլալ եւ գործընկերներուս միանալ՝ իրենց ըրած բոլոր բաներուն մէջ։ Ուզեցի որ ընկերակիցներս զիս ընդունին, ինչ որ իր կարգին մղեց աւելի սեռային արարքներ գործելու»։ ՍԱՌԱ, * ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ։

ՔԵԶ պիտի զարմացնէ՞ր գիտնալը թէ Սառա բարեպաշտ ընտանիքի մէջ մեծցած էր։ Իր ծնողքը ջանաց զինք կրթել որ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրի։ Սակայն, Սառան տարբեր ընթացք մը ընտրեց։

Շատեր Սառայի կայացուցած ընտրութեան հետ համամիտ պիտի գտնուէին։ Անոնք կը հաւատան թէ սեռի նկատմամբ Աստուածաշունչին տեսակէտը ամբողջովին ժամանակավրէպ է։ Ուրիշներ կրօնասէր ըլլալ դաւանելու եւ սեռայնապէս թոյլատու ապրելակերպ մը վարելու միջեւ ընդհարում չեն տեսներ։

Տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ գիտես ու կ’ապրիս սեռի վերաբերեալ Աստուածաշունչի ուսուցումին համեմատ։ Աստուածաշունչը կը դաւանի թէ «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Եթէ կը հաւատաս թէ Աստուած մարդիկը ստեղծեց, եւ թէ Աստուածաշունչը իր ներշնչեալ Խօսքն է, ուրեմն այս նիւթին շուրջ իր ըսածը կ’արժէ գիտնալ։

Ցաւօք սրտի, շատեր սեռի նկատմամբ Աստուածաշունչի ուսուցումին շուրջ շփոթութեան մատնուած են։ Կրօնական առաջնորդներ՝ որոնք կը դաւանին թէ Աստուածաշունչը կը յարգեն, հակասական գաղափարներ կը յառաջացնեն։ Իրականութեան մէջ, այս հարցը շատ մը գլխաւոր եկեղեցիներ բաժնած է։

Փոխանակ ուրիշներու ըսածներուն վստահելու, ինչո՞ւ քանի մը վայրկեան չտրամադրես նիւթը անձամբ հետազօտելու։ Յաջորդ յօդուածը նկատի կ’առնէ սեռի նկատմամբ Աստուածաշունչի տեսակէտին մասին յաճախ ուղղուած տասը հարցումներ։ Այդ յօդուածին մէջ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած անկեղծ պատասխաններ պիտի գտնես։ Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ մեր ըրած ընտրութիւնները ինչո՛ւ իսկապէս տարբերութիւն կ’ընեն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Անունը փոխուած է։