Վաղեմի հաւատարիմները Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցան
Վաղեմի հաւատարիմները Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցան
«Զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց» (ԵՍԱ. 48։16)։
1, 2. Հաւատք ի գործ դնելու համար ի՞նչ բանի պէտք ունինք, եւ ի՞նչ քաջալերութիւն պիտի գտնենք՝ վաղեմի հաւատարիմները նկատի առնելով։
ԹԷԵՒ Աբէլի օրերէն ի վեր շատեր հաւատք ցուցաբերած են, սակայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքը հաւատք չունին» (Բ. Թես. 3։2)։ Ուստի, անհատ մը ինչո՞ւ այս յատկութիւնը ունի եւ ի՞նչ բան կ’օգնէ որ հաւատարիմ ըլլայ։ Մեծաւ մասամբ, հաւատքը Աստուծոյ Խօսքը լսելէն կու գայ (Հռով. 10։17)։ Ատիկա Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Հետեւաբար, հաւատք ի գործ դնելու համար, սուրբ հոգիին պէտք ունինք։
2 Սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել, թէ հաւատքի տէր տղամարդիկ ու կիներ այդպէս ծնած են, այսինքն՝ թէ հաւատքը բնականօրէն կու գայ։ Օրինակելի ծառաները՝ որոնց մասին Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, «մեզի պէս կրքերու ենթակայ» մարդիկ էին (Յակ. 5։17)։ Անոնք կասկածներ, մտահոգութիւններ եւ տկարութիւններ ունէին, բայց Աստուծոյ հոգիով «ուժովցան» մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար (Եբ. 11։34)։ Նկատի առնելով թէ Եհովային հոգին ինչպէ՛ս ներգործեց անոնց մէջ, պիտի քաջալերուինք որ շարունակենք Աստուծոյ հաւատարմաբար ծառայել։ Այս քաջալերութիւնը յատկապէս կարեւոր է ներկայիս, երբ շատ մը բաներ կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։
Աստուծոյ հոգին Մովսէսը զօրացուց
3-5. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Մովսէս սուրբ հոգիին օգնութեամբ գործեց։ բ) Մեզի իր հոգին տալու Եհովայի կերպին մասին, Մովսէսի օրինակը ի՞նչ կը յայտնէ։
3 Մ.թ.ա. 1513–ին, նկատուած էր որ Մովսէս «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թուոց 12։3)։ Իսրայէլ ազգին մէջ, այս հեզ ծառային վստահուեցան հսկայական պատասխանատուութիւններ։ Աստուծոյ հոգին Մովսէսը զօրացուց՝ մարգարէանալու, դատելու, գրելու, առաջնորդելու եւ հրաշքներ գործելու համար (կարդա՛ Եսայի 63։11-14)։ Սակայն, առիթով մը Մովսէս գանգատեցաւ թէ բեռը շատ ծանր էր (Թուոց 11։14, 15)։ Ուստի, Եհովա Մովսէսին վրայ եղած ‘հոգիէն առաւ’ եւ ուրիշ 70 անհատներու վրայ դրաւ, որպէսզի կատարուելիք աշխատանքին մէջ օգնեն (Թուոց 11։16, 17)։ Թէեւ Մովսէսի բեռը երեւութապէս շատ ծանր էր, սակայն իրականութեան մէջ, ան մինակը չէր շալկած զայն,– ոչ ալ այդ 70 անհատները՝ որոնք իրեն օգնելու նշանակուեցան, զայն առանձին պիտի շալկէին։
4 Գործը կատարելու համար, Մովսէսի բաւարար սուրբ հոգի տրուած էր։ Եհովա 70 տղամարդոց սուրբ հոգի տալէ ետք, Մովսէս տակաւի՛ն հարկ եղած սուրբ հոգին ունէր։ Ո՛չ Մովսէս քիչ սուրբ հոգի ունէր, ոչ ալ 70 տղամարդիկը շատ սուրբ հոգի ունէին։ Մեր պարագաներուն համեմատ, Եհովա մեզի հարկ եղած սուրբ հոգին կը մատակարարէ։ Ան «չափով չի տար իր Հոգին», հապա իր «լեցունութենէն» կու տայ (Յովհ. 1։16. 3։34)։
5 Փորձութիւններու կը տոկա՞ս։ Կը զգա՞ս թէ պատասխանատուութիւններդ կը շատնան եւ հետզհետէ ժամանակէդ կ’առնեն։ Կը ջանա՞ս ընտանիքիդ հոգեւոր եւ ֆիզիքական կարիքները հոգալ, մինչ ծախսերդ կ’աւելնան կամ առողջութիւնդ կը վատթարանայ։ Ժողովքէն ներս ծանր պատասխանատուութիւններ կը շալկե՞ս։ Վստահ եղիր որ Աստուած իր հոգիին միջոցով քեզի հարկ եղած ուժը կրնայ տալ, որպէսզի որեւէ պարագայի հետ գլուխ ելլես (Հռով. 15։13)։
Սուրբ հոգին Բեսելիէլը որակեալ ըրաւ
6-8. ա) Աստուծոյ հոգին Բեսելիէլն ու Ոողիաբը կարող դարձուց որ ի՞նչ ընեն։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Բեսելիէլ եւ Ոողիաբ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուեցան։ գ) Ինչո՞ւ Բեսելիէլի փորձառութիւնը յատկապէս քաջալերական է։
6 Մովսէսի ժամանակակիցին՝ Բեսելիէլին փորձառութիւնը, Աստուծոյ հոգիին ներգործելու կերպին մասին շատ բան կը յայտնէ (կարդա՛ Ելից 35։30-35)։ Բեսելիէլ նշանակուեցաւ՝ որպէսզի խորանին անհրաժեշտ կահկարասին շինելու մէջ առաջնորդութիւն առնէ։ Արդեօք ան այս հսկայ ծրագրէն առաջ՝ արուեստագէ՞տ էր։ Թերեւս. սակայն, շատ հաւանաբար անոր վերջին աշխատանքը՝ եգիպտացիներուն աղիւսներ շինել էր (Ել. 1։13, 14)։ Ուստի, Բեսելիէլ իր խրթին պարտականութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարէր։ Եհովա իր «Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով. . . ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ»։ Ի՛նչ բնական կարողութիւն ալ որ Բեսելիէլ ունէր՝ սուրբ հոգիով բարելաւուեցաւ։ Նոյնն է պարագան Ոողիաբին։ Բեսելիէլն ու Ոողիաբը լաւ սորված ըլլալու էին, քանի որ ոչ միայն իրենց պարտականութիւնները կատարեցին, այլ նաեւ՝ ուրիշներուն սորվեցուցին ի՛նչ ընել։ Արդարեւ, Աստուա՛ծ անոնց սրտին մէջ դրաւ որ սորվեցնեն։
7 Բեսելիէլի ու Ոողիաբի գործին հիանալի տոկունութիւնը ուրիշ ապացոյց մըն է, որ անոնք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուած էին։ Անոնց շինածները մօտ 500 տարի ետք տակաւի՛ն կը գործածուէին (Բ. Մն. 1։2-6)։ Արդի գործարանատէրերուն հակառակը, Բեսելիէլն ու Ոողիաբը իրենց գործին վրայ իրենց ստորագրութիւնը կամ վաճառանիշը դնելով հետաքրքրուած չէին։ Անոնք ուզեցին որ ամբողջ վարկը Եհովային երթայ (Ել. 36։1, 2)։
8 Ներկայիս, թերեւս հարկ ըլլայ որ մասնայատուկ հմտութիւններ պահանջող գործեր կատարենք, ինչպէս՝ շինարարութիւն, տպագրութիւն, համաժողովներ կազմակերպել, աղէտեալներու օգնութիւնը ձեռք առնել, եւ արեան գործածութեան առնչութեամբ մեր աստուածաշնչական կեցուածքը բացատրել բժիշկներու ու հիւանդանոցներու անձնակազմին։ Ատեններ, այս բաները հմուտ աշխատաւորներ կը կատարեն, սակայն շատ յաճախ կամաւորներ են որ ատոնք կ’ընեն, որոնք պահանջուած գործին մասին շատ բան չեն գիտեր։ Աստուծոյ հոգի՛ն իրենց ջանքերը կը յաջողցնէ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ նշանակում մը ընդունելէ ետ կեցա՞ծ ես, խորհելով որ ուրիշներ աւելի որակեալ են։ Յիշէ՛ թէ Եհովայի հոգին կրնա՛յ գիտութիւնդ ու կարողութիւններդ բարելաւել եւ օգնել որ քեզի տրուած որեւէ նշանակում կատարես։
Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ Յեսու յաջողեցաւ
9. Եգիպտոսէ ելլելէն ետք իսրայէլացիները ի՞նչ պարագայ դիմագրաւեցին, եւ ի՞նչ հարցում ծագեցաւ։
9 Աստուծոյ հոգին ուրիշ ծառայ մըն ալ առաջնորդեց, որ Մովսէսի եւ Բեսելիէլի օրերուն ապրեցաւ։ Իսրայէլացիները Եգիպտոսէ ելլելէն քիչ ետք, ամաղեկացիները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակեցան։ Թէեւ պատերազմելու բոլորովին անվարժ էին, սակայն իսրայէլացիները ստիպուած էին իրենց առաջին պատերազմը մղելու որպէս ազատագրուած ժողովուրդ (Ել. 13։17. 17։8)։ Ո՞վ մարտիկները պիտի առաջնորդէր։
10. Ինչո՞ւ իսրայէլացիները Յեսուի առաջնորդութեամբ պատերազմը շահեցան։
10 Եհովա Յեսուն ընտրեց, բայց ոչ թէ քանի որ ասկէ առաջ բանակներ առաջնորդած էր։ Յեսու պատերազմի մասին ի՞նչ գիտէր։ Ան աղիւսներ շինող ստրուկ մը եղած էր. եւ անապատին մէջ մանանայ կը հաւաքէր իր առօրեայ ուտելիքին համար։ Ճիշդ է որ Յեսուին մեծ հայրը՝ Եղիսամա, Եփրեմի ցեղին իշխանն էր եւ 108,100 տղամարդիկ կ’առաջնորդէր (Թուոց 2։18, 24. Ա. Մն. 7։26, 27)։ Սակայն, Եհովա Մովսէսի միջոցով ուղղութիւն տուաւ, թէ թշնամին նուաճելու համար ո՛չ Եղիսամա եւ ոչ ալ անոր որդին՝ Նաւէ, այլ՝ Յեսո՛ւն պիտի առաջնորդէր զօրքը։ Պատերազմը օրուան մեծ մասը տեւեց։ Իսրայէլ յաղթեց, քանի որ Յեսու անվերապահօրէն Աստուծոյ հնազանդեցաւ եւ Անոր հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունեց (Ել. 17։9-13)։
11. Յեսուի նման, սրբազան ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք յաջողիլ։
Բ. Օր. 34։9)։ Սուրբ հոգին մարգարէանալու կամ հրաշքներ գործելու կարողութիւնը տուած էր Մովսէսին բայց Յեսուին չտուաւ. այլ՝ զինք կարող դարձուց որ իսրայէլի զինուորական արշաւը առաջնորդէ ու Քանանը նուաճէ։ Ներկայիս, թերեւս մեր սրբազան ծառայութեան որոշ երեսակներ կատարելու մէջ անփորձ կամ անորակեալ զգանք։ Սակայն, Յեսուի նման կրնանք վստահ ըլլալ որ պիտի յաջողինք, եթէ աստուածային ցուցմունքներուն սերտօրէն կառչինք (Յես. 1։7-9)։
11 Յետագային, Յեսու ‘իմաստութեան հոգիով լեցուած’՝ յաջորդեց Մովսէսին («Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ»
12-14. ա) Մադիանացիներու հսկայ բանակին վրայ իսրայէլացիներու փոքր գունդին տարած յաղթանակը, մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ բ) Եհովա ինչպէ՞ս Գեդէօնը հաւաստիացուց։ գ) Ներկայիս աստուածային ի՞նչ երաշխիք կը ստանանք։
12 Յեսուին մահէն ետք Եհովա շարունակեց ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս իր ուժը կրնայ հաւատարիմները զօրացնել։ Դատաւորաց գիրքը զեղուն է անհատներու պատմութիւններով, որոնք «տկարութենէ ուժովցան» (Եբ. 11։34)։ Սուրբ հոգիին միջոցով, Աստուած Գեդէօնը մղեց որ Իր ժողովուրդին ի նպաստ պատերազմի (Դատ. 6։34)։ Գեդէօնի զօրքը փոքր էր բաղդատած՝ մադիանացիներու զօրքին հետ։ Իւրաքանչիւր իսրայէլացի զինուորին դիմաց 4 մադիանացի զինուորներ կային։ Եհովայի աչքին նոյնիսկ այդ փոքր գունդը շատուո՛ր էր։ Ան երկու անգամ Գեդէօնին ըսաւ որ աւելի՛ մարդիկ տուն ղրկէ։ Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր իսրայէլացի զինուորի դիմաց 450 մադիանացի զինուորներ կային (Դատ. 7։2-8. 8։10)։ Եհովա այդ համեմատութեան հաճեցաւ։ Այսպէս, եթէ իսրայէլացիները պատերազմը շահէին, ո՛չ ոք կրնար հպարտութեամբ ըսել, թէ յաղթանակը մարդկային զօրութեամբ կամ իմաստութեամբ տարուեցաւ։
13 Գեդէօնն ու իր բանակը գրեթէ պատրաստ էին։ Պահ մը խորհէ՛. եթէ այդ փոքր բանակին մէջ ըլլայիր, ապահով պիտի զգայի՞ր՝ գիտնալով որ վախկոտներն ու աչալուրջ չեղողները տուն ղրկուեցան, թէ ոչ պատերազմին արդիւնքին մասին մտածելով պիտի վախնայիր։ Հարկ չունինք կռահելու թէ Գեդէօն ի՛նչ զգաց։ Ան իրմէ պահանջուածը ըրա՛ւ (կարդա՛ Դատաւորաց 7։9-14)։ Եհովա չնախատեց Գեդէօնը, երբ ապացոյց մը ուզեց թէ իրեն հետ պիտի ըլլար (Դատ. 6։36-40)։ Ընդհակառակը, ան Գեդէօնին հաւատքը զօրացուց։
14 Եհովայի փրկելու զօրութիւնը անսահման է։ Ան իր ժողովուրդը կ’ազատէ որեւէ դժուար կացութենէ, նո՛յնիսկ գործածելով զանոնք՝ որոնք տկար կամ անօգնական կը թուին։ Ատեններ, թերեւս զգանք թէ շատե՜ր մեզի դէմ են կամ թէ յուսահատ վիճակի մէջ ենք։ Չենք ակնկալեր որ Աստուած մեզի տեսանելի նշաններ տայ, ինչպէս որ Գեդէօնին տուաւ։ Սակայն, ան Աստուածաշունչին եւ հոգիով առաջնորդուած ժողովքին միջոցով մեզ կրնայ ուղղել ու մխիթարել (Հռով. 8։31, 32)։ Եհովայի սիրալիր խոստումները մեր հաւատքը կ’ամրացնեն եւ մեզ կը համոզեն, թէ ան ի՛րապէս մեր Օգնականն է։
«Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ»
15, 16. Յեփթայէի աղջիկը ինչո՞ւ լաւ կեցուածք ունէր, եւ ասիկա ծնողները ինչպէ՞ս կը քաջալերէ։
15 Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Երբ իսրայէլացիները ամմոնացիներու դէմ պէտք էր որ պատերազմէին, «Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ»։ Քանի որ կը տենչար պատերազմը շահիլ ի փառք Եհովային, Յեփթայէ ուխտ մը ըրաւ՝ որ սուղի նստաւ։ Ան ուխտեց, թէ եթէ Աստուած ամմոնը իր ձեռքը մատնէր, իր տան դռնէն զինք առաջին դիմաւորողը Եհովային պիտի պատկանէր։ Երբ Յեփթայէ ամմոնը նուաճելէ ետք տուն վերադարձաւ, իր աղջիկը՝ իր մէկ հատիկը՝ զինք դիմաւորելու ելաւ (Դատ. 11։29-31, 34)։ Ասիկա Յեփթայէն զարմացո՞ւց։ Հաւանաբար ո՛չ, քանի որ երբ ուխտեց, ան գիտէր թէ թերեւս իր աղջի՛կը զինք դիմաւորէր։ Յեփթայէ իր ուխտը կատարեց՝ իր աղջիկը տրամադրելով որ Սելովի մէջ Եհովայի սրբարանին մէջ ծառայէ։ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագու ըլլալով՝ Յեփթայէի աղջիկը համոզուած էր թէ իր հօր ուխտը պէտք է կատարուէր (կարդա՛ Դատաւորաց 11։36)։ Եհովայի հոգին երկուքի՛ն ալ հարկ եղած ուժը տուաւ։
16 Յեփթայէի աղջիկը այսպիսի անձնազոհ հոգի մը ինչպէ՞ս մշակած էր։ Անկասկած իր հօր նախանձախնդրութիւնն ու աստուածպաշտութիւնը տեսնելով՝ իր հաւատքը զօրացած էր։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր օրինակը աննկատ չի մնար։ Ձեր որոշումները ցոյց կու տան թէ ձեր ըսածներուն կը հաւատաք։ Ձեր զաւակները կը լսե՛ն ձեր ջերմեռանդ աղօթքները, ուշադրութիւն կ’ընծայե՛ն ձեր ուսուցումներուն, եւ կը տեսնե՛ն այն բոլոր ջանքերը որ կը թափէք՝ Եհովային լման սրտով ծառայելու համար։ Այսպէս ընելով՝ անոնք հաւանաբար զօրաւոր փափաք զարգացնեն, իրենք զիրենք Եհովայի ծառայութեան մատչելի դարձնելու համար։ Ասիկա ձեզ շա՜տ պիտի ուրախացնէ։
‘Տէրոջը Հոգին Սամփսոնին վրայ եկաւ’
17. Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ Սամփսոն ի՞նչ ըրաւ։
17 Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ «Տէրոջը հոգին. . . զօրացուց» Սամփսոնը, որպէսզի իսրայէլացիները փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ (Դատ. 13։24, 25)։ Աստուած Սամփսոնին տուաւ հիանալի զօրութիւն մը, որ ուրիշ ո՛չ ոք ունէր։ Երբ փղշտացիները Սամփսոնի հայրենակիցները համոզեցին որ զինք բռնեն, «Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ անոր թեւերուն վրայ եղող չուանները կրակով այրուած քթանի պէս եղան ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան» (Դատ. 15։14)։ Յետագային, Սամփսոնի առած սխալ որոշումները պատճառ դարձան որ իր ուժը կորսնցնէ։ Սակայն, նո՛յնիսկ երբ ան ֆիզիքապէս տկար էր, վերջին անգամ ըլլալով դարձեալ զօրաւոր դարձաւ «հաւատք»ին միջոցաւ (Եբ. 11։32-34. Դատ. 16։18-21, 28-30)։ Արտասովոր պարագաներուն պատճառով, Եհովայի հոգին յատուկ կերպով Սամփսոնին մէջ ներգործեց։ Յամենայնդէպս, այս պատմական դէպքերը մեզի համար շա՜տ քաջալերական են։ Ինչպէ՞ս։
18, 19. ա) Սամփսոնի փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ բ) Այս յօդուածին մէջ նշուած հաւատարիմներուն օրինակները նկատի առնելով ինչպէ՞ս օգտուեցար։
18 Սամփսոնի վստահած նո՛յն հոգիին կ’ապաւինինք։ Վստահ ենք որ ատիկա մեզի պիտի օգնէ, մինչ Յիսուսի պատուիրած գործը կը կատարենք, այսինքն՝ ‘ժողովուրդին քարոզել ու վկայութիւն տալ’ (Գործք 10։42)։ Այս նշանակումը հմտութիւններ կը պահանջէ՝ որոնք թերեւս բնածին չեն։ Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ Եհովա իր հոգին կը գործածէ, որպէսզի մեզ կարող դարձնէ որ մեզի վստահուած այլազան պարտականութիւններ ընենք։ Այսպէս, մինչ մեր յանձնարարութիւնը կը կատարենք, Եսայի մարգարէին նման կրնանք ըսել. «Զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց» (Եսա. 48։16)։ Արդարեւ Աստուծոյ հոգի՛ն մեզ ղրկած է։ Եհովա պիտի շարունակէ մեզի օգնել որ մեր յանձնարարութիւնը կատարենք՝ մեր որակումները բարելաւելով, ինչպէս որ Մովսէսին, Բեսելիէլին եւ Յեսուին օգնեց։ Մենք կը գործածենք «Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է», եւ վստահ ենք թէ Աստուած մեզ պիտի զօրացնէ, ինչպէս որ Գեդէօնը, Յեփթայէն եւ Սամփսոնը զօրացուց (Եփ. 6։17, 18)։ Եհովայի յարելով՝ որ մեզի օգնէ խոչընդոտներու հետ գլուխ ելլելու, կրնա՛նք հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլալ, ինչպէս որ Սամփսոն ֆիզիքապէս զօրաւոր էր։
19 Յստակ է որ Եհովա կ’օրհնէ բոլոր անոնք՝ որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին խիզախ կեցուածք կը բռնեն։ Մինչ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութեան կ’ընդառաջենք, մեր հաւատքը կը յորդի։ Հետեւաբար, հաճելի պիտի ըլլայ վերաքաղ ընել նաեւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած կարգ մը հետաքրքրաշարժ դէպքեր։ Ատիկա պիտի յայտնէ թէ ինչպէ՛ս Եհովայի հոգին առաջին դարու հաւատարիմ ծառաներուն մէջ ներգործեց,– մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն առաջ ե՛ւ վերջ։ Այս արձանագրութիւնները յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք։
Ինչո՞ւ կը քաջալերուիս՝ գիտնալով Աստուծոյ հոգիին ներգործութեան կերպը հետեւեալ անհատներուն մէջ.
• Մովսէս։
• Բեսելիէլ։
• Յեսու։
• Գեդէօն։
• Յեփթայէ։
• Սամփսոն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 26]
Աստուծոյ հոգին մեզ հոգեւորապէս կրնայ զօրացնել, ինչպէս որ Սամփսոն ֆիզիքապէս զօրաւոր էր
[Նկար՝ էջ 25]
Ո՛վ ծնողներ, ձեր լաւ օրինակը պիտի օգնէ ձեր զաւակներուն որ փափաքին Եհովային ծառայել