Բնական աղէտներու հետ գլուխ ելլել
Բնական աղէտներու հետ գլուխ ելլել
Բնական աղէտներու քանակին եւ կործանարար ըլլալուն յաւելումին ի տես, անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել ատոնց հետ գլուխ ելլելու համար։ Նկատի առնենք կարգ մը գործնական քայլեր։
Աղէտի ճամբայէն հեռացիր։ «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 22։3)։ Ասիկա իմաստուն խրատ մըն է, որ աղէտներու պարագային կրնայ կիրարկուիլ։ Եթէ ազդարարութիւն մը տրուի մօտալուտ հրաբխային ժայթքումի, հաւանական հեղեղի, կամ մօտեցող ոլորամրրիկի կամ փոթորիկի մասին, իմաստութիւնը կը պահանջէ թէ ազդուած շրջաններուն մէջ եղողները հեռանան դէպի աւելի ապահով շրջան մը։ Կեանքը տունէն կամ այլ նիւթական բաներէն աւելի արժէքաւոր է։
Ոմանց համար, կարելի է ընտրել վտանգաւոր շրջաններու մէջ չապրիլ։ Հեղինակ մը կ’ըսէ. «Աղէտի վտանգը աշխարհագրականօրէն որոշ շրջաններու մէջ մեծապէս կեդրոնացած է։ Երկրի մակերեսին շատ պզտիկ մասը կը պարունակէ վտանգին մեծ մասը, եւ գալիք լայնածաւալ աղէտներուն մեծամասնութիւնը այդ շրջաններուն մէջ պիտի ըլլայ»։ Ասիկա ճիշդ է, զոր օրինակ, ծովեզերեայ ցած շրջաններուն կամ երկրաշարժի գիծերուն վրայ գտնուող շրջաններուն համար։ Եթէ կրնաս խուսափիլ այսպիսի վտանգաւոր շրջաններու մէջ ապրելէ կամ աւելի ապահով վայր մը փոխադրուիլ, թերեւս կարենաս աղէտներէն վնասուելու վտանգը մեծապէս պակսեցնել։
Ծրագիր մը ունեցիր։ Նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկելով հանդերձ, տակաւին կրնաս անսպասելի ողբերգութեան մը զոհը երթալ։ Ատոր հետ գլուխ ելլելը շատ դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ նախապէս պատրաստուած ըլլաս։ Ասիկա նաեւ ներդաշնակ է մէջբերուած Առակաց 22։3–ի խրատին հետ։ Ստիպողական պարագայի պայուսակ մը ունի՞ս եւ ձեռքի տա՞կ է։ Հրատարակութիւն մը (1-2-3 of Disaster Education) կը յանձնարարէ ատոր մէջ պարփակել հետեւեալները. նախնական դարմանումի նիւթեր, շիշերու մէջ դրուած ջուր, տուփեղէններ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր։ Իմաստութիւն պիտի ըլլար նաեւ, ընտանիքիդ հետ վերաքաղ ընել աղէտներու տեսակները, որոնք կրնան պատահիլ, եւ թէ իւրաքանչիւր պարագայի ի՛նչ կարելի է ընել։
Աստուծոյ հետ մօտիկ յարաբերութիւն մը պահպանէ։ Ասիկա որեւէ պարագայի կրնայ օգնել։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ Ուրիշ համար մը զինք կը նկարագրէ որպէս «Աստուած, որ կը մխիթարէ սրտաբեկները» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. 7։6, Անթիլիաս)։
Արդ, Աստուած իրեն հաւատք ընծայողներուն պարագաներուն մեծապէս գիտակից է։ Ան սիրոյ Աստուած է եւ զանազան կերպերով սփոփանք եւ քաջալերութիւն կու տայ (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ոչ թէ հրաշքներու համար աղօթքները, այլ՝ Աստուծոյ զօրեղ սուրբ հոգիին համար մատուցուած աղօթքները կրնան որեւէ պարագայի օգնութիւն հայթայթել։ Սուրբ հոգին կրնայ յիշեցնել Աստուածաշունչի հատուածներ, որոնք նեղութիւն ունեցողներուն համար կրնան մխիթարիչ եւ ամոքիչ ըլլալ։ Արդարեւ, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները կրնան Դաւիթին՝ վաղեմի Իսրայէլի թագաւորին պէս զգալ, որ ըսաւ. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն» (Սաղմոս 23։4)։
Հաւատակիցները իրարու կ’օգնեն։ Առաջին դարուն, Ագաբոս անունով քրիստոնեայ մարգարէ մը նշեց, թէ «մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը, որ իրապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը»։ Սովը դաժանօրէն ազդեց Հրէաստանի մէջ Յիսուսի աշակերտներուն։ Իրենց հաւատակիցներուն դժուարին կացութիւնը լսելով՝ ուրիշ շրջաններու մէջ գտնուող քրիստոնեաները ի՞նչ ըրին։ Արձանագրութիւնը կը նշէ. «Աշակերտները որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն» (Գործք 11։28, 29)։ Անոնք սիրալիրօրէն ընդառաջեցին՝ օժանդակութիւն հայթայթելով։
Երբ ներկայիս խիստ աղէտներ պատահին, Աստուծոյ ծառաները համանման կերպով կը վարուին։ Եհովայի վկաները իրենց հաւատակիցներուն ձեռք տալով հանրածանօթ են։ Զոր օրինակ, երբ զօրաւոր երկրաշարժ մը Չիլին հարուածեց 27 փետրուար 2010–ին, Եհովայի վկաները շուտով ընդառաջեցին՝ աղէտահարներուն օգնելու համար։ Գարլա, որուն տունը ցունամիով անհետացաւ, նշեց. «Մխիթարական եւ քաջալերական էր տեսնել, թէ ճիշդ յաջորդ օրը ուրիշ շրջաններէ [հաւատակիցները] հասան մեզի օգնելու համար։ Անկասկած, Եհովա մեզ մխիթարեց այդ կամաւորներուն բարութեամբ։ Սիրուած եւ պաշտպանուած զգացի»։ Անոր մեծ հայրը, որ Վկայ չէ, տրուած օգնութիւնը նկատելով՝ ըսաւ. «Ասիկա երկար տարիներ իմ եկեղեցիիս մէջ տեսածէս բոլորովին տարբեր է»։ Ինչ որ տեսաւ, զինք մղեց որ Եհովայի վկաներէն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրէ։
Աստուած սիրողներու հետ ընկերակցիլը, նեղութիւններու ատեն մեծ օգնութիւն կրնայ ըլլալ։
[Նկար՝ էջ 6]
Ստիպողական պարագայի պայուսակ մը ունի՞ս եւ ձեռքի տա՞կ է
[Նկար՝ էջ 7]
Ոչ թէ հրաշքներու համար աղօթքները, այլ՝ Աստուծոյ զօրեղ սուրբ հոգիին համար մատուցուած աղօթքները կրնան որեւէ պարագայի օգնութիւն հայթայթել
[Նկար՝ էջ 7]
Հաւատակիցները իրարու կ’օգնեն, որպէսզի աղէտներու ազդեցութիւններուն հետ գլուխ ելլեն
[Նկար՝ էջ 7]
«Սիրուած եւ պաշտպանուած զգացի»