‘Իսկական ճշմարտութենէն’ սորվինք
‘Իսկական ճշմարտութենէն’ սորվինք
«Օրէնքը իր մէջ ունի իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը» (ՀՌՈՎ. 2։20, Անթիլիաս)։
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ.
Մովսիսական օրէնքի նշած զոհերը ի՞նչ բան նախապատկերացուցին։
Իսրայէլացիներուն եւ այժմու քրիստոնեաներուն մատուցած կարգ մը զոհերուն միջեւ, ի՞նչ զուգահեռ մը կայ։
Ո՞ր ազդակները կ’որոշեն թէ զոհ մը Եհովայի ընդունելի՛ է կամ ոչ։
1. Ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք Մովսիսական օրէնքին նշանակութիւնը հասկնալով։
ԵԹԷ Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խօսքերը չըլլային, մեզի համար դժուար պիտի ըլլար Մովսիսական օրէնքին շատ մը երեսակներուն նշանակութիւնը հասկնալ։ Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, զոր օրինակ, Պօղոս բացատրեց թէ Յիսուս «հաւատարիմ քահանայապետ» մըն էր, որ միանգամ ընդմիշտ զոհ մը մատուցանեց։ Այդ զոհին հաւատք ընծայողները կրնան Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալ եւ «յաւիտենական փրկութիւն» ստանալ (Եբ. 2։17. 9։11, 12)։ Պօղոս բացատրեց, թէ խորանը պարզապէս ‘երկնային բաներուն շուքն’ էր, եւ թէ Յիսուս Մովսէսի միջնորդած ուխտէն «աւելի աղէկ ուխտի մը» Միջնորդը եղաւ (Եբ. 7։22. 8։1-5)։ Պօղոսի օրերուն, այսպիսի բացատրութիւններ քրիստոնեաներուն համար շատ արժէքաւոր էին, եւ տակաւին անգին են։ Ատոնք կ’օգնեն, որ մեզի ի նպաստ Աստուծոյ ըրած կարգադրութիւններուն արժէքը լիակատար կերպով ըմբռնենք։
2. Հրեայ քրիստոնեաները հեթանոսներէն ի՞նչ առաւելութիւն ունէին։
2 Երբ Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց, իր կարգ մը մեկնաբանութիւնները ուղղեց ժողովքի այն անդամներուն՝ որոնք հրէական ծագում ունէին եւ Մովսիսական օրէնքով դաստիարակուած էին։ Ան ընդունեց, թէ այսպիսիներ այդ աստուածային Օրէնքին քաջածանօթ ըլլալով, Եհովայի եւ իր արդար սկզբունքներուն առնչութեամբ «իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը» ձեռք ձգելու առաւելութիւնը ունէին։ ‘Իսկական ճշմարտութիւնը’ ըմբռնելը եւ զայն սրտանց յարգելը, հրեայ քրիստոնեաները կարող դարձուց որ վաղեմի հաւատարիմ հրեաներուն նման, առաջնորդեն, սորվեցնեն եւ լուսաւորեն զանոնք՝ որոնք Եհովայի Օրէնքին անտեղեակ էին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։17-20)։
ՅԻՍՈՒՍԻ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՔԵՐԸ
3. Վաղեմի հրէական զոհերը ուսումնասիրելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
3 Իսկական ճշմարտութիւնը՝ որուն Պօղոս ակնարկեց, տակաւի՛ն կարեւոր է, որպէսզի Եհովայի նպատակները հասկնանք։ Մովսիսական օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքները իրենց կարեւորութիւնը կամ արժէքը չե՛ն կորսնցուցած։ Ասիկա ի մտի ունենալով, նկատի առնենք այդ Օրէնքին միայն մէկ Մաղ. 3։6)։
երեսակը,– ինչպէ՛ս զանազան զոհեր ու ընծաներ խոնարհ հրեաները Քրիստոսի առաջնորդեցին եւ օգնեցին Աստուծոյ պահանջները հասկնալու։ Եւ քանի որ ներկայիս Եհովա իր ծառաներէն նոյն հիմնական բաները կը պահանջէ, պիտի տեսնենք նաեւ թէ զոհերու եւ ընծաներու առնչութեամբ իսրայէլացիներուն տրուած օրէնքները կրնան մեզի օգնել, որ մեր սրբազան ծառայութեան որակը վերլուծենք (4, 5. ա) Մովսիսական օրէնքը Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչ յիշեցուց։ բ) Զոհերը ի՞նչ բանի «շուքն» էին։
4 Մովսիսական օրէնքին շատ մը մասերը յիշեցուցին հրեաներուն, թէ մեղաւոր էին։ Զոր օրինակ, մեռած մարդու մը մարմնին դպչող անհատէն պահանջուած էր մաքրուիլ։ Մաքրուելու համար, անարատ կարմիր երինջ մը կը մորթուէր ու կ’այրուէր։ Ատոր մոխիրը կը պահուէր «մաքրութեան ջուր» ընելու համար, որ մաքրուող անհատին վրայ կը սրսկուէր, անմաքուր դառնալէն ետք՝ երրորդ եւ եօթներորդ օրերը (Թուոց 19։1-13)։ Առ ի յիշեցում որ մարդը անկատարութիւնն ու մեղքը կը ժառանգէ, ծննդաբերութենէ ետք կինը որոշ ժամանակ անմաքուր կը սեպուէր, եւ անկէ ետք քաւուելու համար զոհ մը պէտք էր մատուցանէր (Ղեւ. 12։1-8)։
5 Անասնական զոհերը պահանջուած էին առօրեայ կեանքին բազմաթիւ ուրիշ պարագաներու մէջ, մեղքերու քաւութեան համար։ Երկրպագուն գիտակցէր կամ ոչ, այս զոհերը,– եւ ատոնք որոնք յետագային Եհովայի տաճարին մէջ մատուցանուեցան,– Յիսուսի կատարեալ զոհաբերութեան «շուքն» էին (Եբ. 10։1-10)։
ԶՈՀԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՇԻՏԱԿ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏ
6, 7. ա) Երբ զոհ մը ընտրէին, իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք է յիշէին, եւ ասիկա ի՞նչ նախապատկերացուց։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել։
6 Եհովա պահանջեց որ իսրայէլացիները միայն «անարատ» կամ առողջ կենդանիներ ընծայեն,– ոչ թէ կոյր, վիրաւոր, հաշմանդամ կամ հիւանդ կենդանիներ (Ղեւ. 22։20-22)։ Երբ իսրայէլացիները Եհովայի պտուղ կամ ցորեն մատուցանէին, ատոնք իրենց բերքին «երախայրիներ»ը, «ամենալաւ»ը պէտք է ըլլային (Թուոց 18։12, 29)։ Երկրորդ կարգի ընծաները, Եհովայի անընդունելի էին։ Անասնական զոհերու նկատմամբ այս կարեւոր պահանջը պատկերացուց, թէ Յիսուսի զոհաբերութիւնը անբիծ եւ անարատ պիտի ըլլար, եւ թէ Եհովա մարդկութիւնը փրկելու համար, իր լաւագոյնը ե՛ւ ամէնէն սիրելին պիտի զոհէր (Ա. Պետ. 1։18, 19)։
7 Եթէ զոհ մատուցանողը, Եհովայի ամէն բարութեան համար իրապէս երախտապարտ էր, ուրախ պիտի չը՞լլար իր ունեցած լաւագոյնը ընտրելու։ Ընծային որակը անհատին ձգուած էր։ Այսուհանդերձ, ան գիտէր թէ թերի ընծայ մը Աստուած պիտի չհաճեցնէր, քանի որ ցոյց պիտի տար թէ ինք զոհ մատուցանելը ձեւականութիւն կը սեպէ, նո՛յնիսկ՝ բեռ մը (կարդա՛ Մաղաքիա 1։6-8, 13)։ Ասիկա պէտք է մեզի օգնէ, որ Աստուծոյ մատուցանած մեր ծառայութեան վրայ խոկանք. ‘Ինչպիսի՞ հոգիով Եհովայի կը ծառայեմ։ Արդեօք յարմա՞ր է որ ծառայութեանս որակը եւ Իրեն ծառայելու շարժառիթներս քննեմ’։
8, 9. Ինչո՞ւ նկատի պէտք է առնենք այդ հոգին՝ որով իսրայէլացիները իրենց զոհերը մատուցանեցին։
8 Երբ իսրայէլացին կամաւորաբար զոհ մատուցանէր Եհովայի հանդէպ իր անկեղծ երախտագիտութիւնը դրսեւորելու համար կամ Իր հաճութիւնը խնդրելու համար,– ինչպէս որ էր պարագան ողջակէզին,– կենդանիի յարմար ընտրութիւնը հաւանաբար մարտահրաւէր մը չէր ներկայացներ։ Երկրպագուն ուրախ պիտի ըլլար Եհովային տալով իր լաւագոյնը։ Քրիստոնեաները ներկայիս Մովսիսական օրէնքին պահանջած բառացի զոհերը չեն մատուցաներ. սակայն անոնք զոհեր կը մատուցանե՛ն, այն առումով որ իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները կը գործածեն Եհովային ծառայելու համար։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական յոյսը ‘հրապարակաւ հռչակելը’ եւ «բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը» սեպեց Աստուած հաճեցնող զոհեր (Եբ. 13։15, ՆԱ, 16)։ Այդ հոգին՝ որով Եհովայի ժողովուրդը այսպիսի գործունէութիւններու միջամուխ կ’ըլլայ, ցոյց կու տայ թէ անոնք ո՜րքան երախտապարտ են ու կը գնահատեն Աստուծոյ շնորհած բոլոր բաները։ Ուստի, ներկայիս քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցողներուն եւ կամաւոր զոհեր մատուցանող իսրայէլացիներուն հայեցակէտին ու շարժառիթներուն միջեւ զուգահեռ մը կայ։
9 Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն պարագային մասին, երբ Մովսիսական օրէնքը մեղանչողէն կը պահանջէր մեղքի պատարագ կամ յանցանքի պատարագ մատուցանել։ Կը խորհի՞ս թէ զոհին պարտաւորիչ բնոյթը զայն մատուցանելու անհատին կամեցողութեան եւ հայեցակէտին պիտի ազդէր։ Արդեօք այսպիսի զոհեր դժկամութեա՞մբ կը մատուցանուէին (Ղեւ. 4։27, 28)։ Ո՛չ, եթէ անհատը ի՛րապէս կ’ուզէր Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը պահպանել։
10. Քրիստոնեաները ի՞նչ «զոհեր» թերեւս պէտք է մատուցանեն, քայքայուած փոխաբերութիւններ վերահաստատելու համար։
10 Նմանապէս այսօր, թերեւս գիտակցիս թէ անմտօրէն, անգիտակցաբար կամ անուշադրութեամբ եղբայր մը վիրաւորած ես։ Խիղճդ թերեւս քեզի ըսէ, թէ վարքիդ մէջ թերացած ես։ Եհովայի ծառայութեան մէջ լուրջ եղող անհատը, իր ամէն կարելին պիտի ընէր սխալը սրբագրելու համար, այնպէս չէ՞։ Ասիկա կրնայ նշանակել՝ վիրաւորուած անհատէն անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրել, կամ լուրջ յանցագործութեան պարագային, սիրալիր տեսուչներուն հոգեւոր օգնութիւնը փնտռել (Մատ. 5։23, 24. Յակ. 5։14, 15)։ Եղբօր մը կամ Աստուծոյ դէմ գործուած մեղք մը սրբագրելը, մեր կողմէն քայլ կը պահանջէ. ատիկա զոհ մատուցանելու նման է։ Ասով հանդերձ, երբ այսպիսի «զոհեր» կը մատուցանենք, Եհովայի ու մեր եղբօր հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը վերահաստատենք, եւ մաքուր խղճմտանք մը կ’ունենանք։ Ասիկա իր կարգին մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովայի ճամբան լաւագոյն ճամբան է։
11, 12. ա) Խաղաղութեան զոհերը ի՞նչ էին։ բ) Խաղաղութեան զոհերուն եւ այժմու մաքուր պաշտամունքին միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
11 Մովսիսական օրէնքին նշած կարգ մը զոհերը կը նկատուէին խաղաղութեան զոհեր։ Անոնք ցոյց կու տային թէ անհատը Եհովայի հետ խաղաղութեան մէջ է։ Այսպիսի ընծայ մատուցանող անհատը եւ իր ընտանիքը, զոհուած անասունին միսը պիտի ուտէին, թերեւս տաճարին ճաշասենեակներէն մէկուն մէջ։ Պաշտօն կատարող քահանան եւ տաճարին մէջ ծառայող միւս քահանաները միսէն մաս մը կը ստանային (Ղեւ. 3։1. 7։31-33)։ Երկրպագուն այս զոհը կը մատուցանէր, քանի որ սրտանց կ’ուզէր Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը վայելել։ Կարծես թէ երկրպագուն, իր ընտանիքը, քահանաներն ու Եհովան, ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ միասին կը ճաշէին։
12 Ուրեմն, խաղաղութեան զոհ մատուցանելը, Եհովան ճաշի հրաւիրելու նման էր։ Իսրայէլացիին համար ի՜նչ մեծ պատիւ մըն էր, որ Եհովան այսպիսի ճաշի մը հրաւէրը ընդունէր։ Բնականաբար, ան պիտի ուզէր այս յարգարժան հիւրին մատուցանել իր լաւագոյնը։ Խաղաղութեան զոհերու կարգադրութիւնը՝ Օրէնքին հիմնական ճշմարտութեան մէկ մասը, մատնանշեց այն իրողութիւնը, թէ Յիսուսի աւելի մեծ զոհին միջոցաւ, բոլոր անոնք՝ որոնք կը փափաքին Ստեղծիչին հետ մտերիմ եւ խաղաղ փոխյարաբերութիւն մը վայելել, կրնա՛ն այդպէս ընել։ Ներկայիս, կրնանք Եհովայի բարեկամութիւնն ու ընկերակցութիւնը վայելել, մինչ իր ծառայութեան մէջ կամաւորաբար մեր նիւթական միջոցներն ու կորովը կը զոհենք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵՐԺԱԾ ԿԱՐԳ ՄԸ ԶՈՀԵՐ
13, 14. Ինչո՞ւ Եհովայի անընդունելի էր Սաւուղ թագաւորի մտադրած զոհը։
13 Բնականաբար, Եհովայի կողմէ ընդունուելու համար, Մովսիսական օրէնքին պատուիրած զոհերը շիտակ հայեցակէտով եւ պատշաճ սրտի վիճակով պէտք էր մատուցանուէին։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ զոհերու ազդարարական օրինակներ, որոնք Աստուծոյ ընդունելի չէին։ Ի՞նչը Եհովան մղեց որ զանոնք մերժէ։ Նկատի առնենք երկու պարագայ։
14 Սամուէլ մարգարէն Սաւուղ թագաւորին ըսաւ, որ ժամանակը եկած էր որ Եհովա ամաղեկացիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնէր։ Ուստի, Սաւուղ այս թշնամի ազգը պէտք էր բնաջնջէր, իրենց խաշինքին հետ մէկտեղ։ Սակայն, իր յաղթանակէն ետք, Սաւուղ իր զինուորներուն թոյլ տուաւ որ ամաղեկացիներուն թագաւորը՝ Ագագը ողջ պահեն։ Ան նաեւ ատոնց լաւագոյն խաշինքին խնայեց, Եհովային որպէս զոհ մատուցանելու բան մը նկատելով (Ա. Թագ. 15։2, 3, 21)։ Եհովայի հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Սաւուղին անհնազանդութեան պատճառով զինք մերժեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 15։22, 23)։ Ասկէ կը սորվինք, թէ Աստուած մեր զոհերը կ’ընդունի, եթէ իր պատուէրներուն կը հնազանդինք։
15. Եսայիի օրերուն զոհ մատուցանող կարգ մը իսրայէլացիներու գէշ վերաբերմունքը ի՞նչ ցոյց տուաւ։
15 Համանման օրինակ մը կը գտնենք Եսայիի Եսա. 1։11-16)։
գրքին մէջ։ Եսայիի ժամանակակից իսրայէլացիները Եհովայի զոհեր կը մատուցանէին ներումի համար։ Բայց միեւնոյն ժամանակ անոնք շարունակեցին գէշ բաներ ընել, ինչ որ յայտնեց անոնց կեղծաւոր ըլլալը։ «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը», հարցուց Եհովա։ «Ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր։ . . .Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։ Ձեր խունկը ինծի պիղծ է»։ Խնդիրը ի՞նչ էր։ Եհովա անոնց ըսաւ. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են։ Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք» (16. Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ զոհը Աստուծոյ ընդունելի՛ է կամ ոչ։
16 Եհովա անզեղջ մեղաւորներուն մատուցած զոհերուն չէր հաճեր։ Սակայն, իր պատուէրներուն համաձայն ապրիլ ջանացողներուն աղօթքներն ու ընծաները իրեն ընդունելի էին։ Օրէնքին հիմնական ճշմարտութիւնները այսպիսի անհատներու սորվեցուցին, թէ անոնք մեղաւոր էին եւ ներումի կարիք ունէին (Գաղ. 3։19)։ Այս բանին անդրադառնալը պատշաճօրէն վշտաբեկ սիրտ մը յառաջ բերաւ։ Նոյնպէս այսօր, պէտք է գիտակցինք Քրիստոսի զոհաբերութեան մեր կարիքին, որ իրապէս մեղքերը քաւելու կարող է։ Եթէ ասիկա հասկնանք ու գնահատենք, Եհովա պիտի «հաճի» բոլոր բաներուն, որոնք մեր նուիրուած ծառայութեան մէջ իրեն կը մատուցանենք (կարդա՛ Սաղմոս 51։17, 19)։
ՅԻՍՈՒՍԻ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏՔ ԸՆԾԱՅԷ՛
17-19. ա) Յիսուսի փրկանքի զոհաբերութեան հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը, ինչպէ՞ս կրնանք պատշաճ կերպով Եհովայի ցոյց տալ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
17 Իսրայէլացիներէն մեր ունեցած առաւելութիւնն այն է, թէ մենք այլեւս իրենց պէս չենք գոհանար Աստուծոյ նպատակներուն «շուք»ը տեսնելով (Եբ. 10։1)։ Զոհերու առնչութեամբ օրէնքները քաջալերեցին հրեաները, որ Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ձեռք ձգելու համար, յարմար կեցուածք զարգացնեն,– իրեն հանդէպ հարազատ երախտագիտութիւն, լաւագոյնը տալու փափաք եւ փրկութեան կարիքն ընդունիլ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն շնորհիւ, կրնանք հասկնալ թէ փրկանքին միջոցով, Եհովա մնայուն կերպով մեղքին ազդեցութիւնները պիտի վերացնէ եւ թէ նո՛յնիսկ հիմա մեզի թոյլ կու տայ, որ իր առջեւ բարի խղճմտանք ունենանք։ Յիսուսի փրկանքի զոհը ի՜նչ հոյակապ կարգադրութիւն մըն է (Գաղ. 3։13. Եբ. 9։9, 14)։
18 Անշուշտ, փրկանքի զոհէն օգտուելու համար, զայն պարզապէս հասկնալէն աւելի՛ն պէտք է։ «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք», գրեց Պօղոս առաքեալ (Գաղ. 3։24)։ Եւ այսպիսի հաւատք մը չի կրնար գործերէ զերծ ըլլալ (Յակ. 2։26)։ Այսպէս, Պօղոս քաջալերեց Մովսիսական օրէնքին հաղորդած իսկական գիտութիւնը ունեցող առաջին դարու քրիստոնեաները, որ այդ գիտութիւնը ի գործ դնեն։ Այսպէս ընելով, անոնց վարքը իրենց սորվեցուցած աստուածային սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ պիտի ըլլար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։21-23)։
19 Թէեւ ներկայիս քրիստոնեաներէն պահանջուած չէ Մովսիսական օրէնքը պահել, սակայն անոնք տակաւի՛ն Եհովայի ընդունելի զոհեր պէտք է մատուցանեն։ Արդեօք ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննարկէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 21]
Իր ծառաներուն համար Եհովայի սահմանած հիմնական պահանջները բնաւ չեն փոխուիր
[Նկար՝ էջ 23]
Եհովայի ընդունելի զոհեր մատուցանողները, իր հաճութիւնը կը վայելեն