Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ետին» մի՛ նայիր

«Ետին» մի՛ նայիր

«Ետին» մի՛ նայիր

«Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (ՂՈՒԿ. 9։62

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ինչո՞ւ պէտք է ‘մտքերնիս բերենք Ղովտին կինը’։

Ի՞նչ երեք բաներու շուրջ շարունակ մտածելէ պէտք է խուսափինք։

Եհովայի կազմակերպութեան հետ ինչպէ՞ս քայլ կը պահենք։

1. Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ եւ ի՞նչ հարցում կը ծագի։

«ՄՏՔԵՐՆԻԴ բերէք Ղովտին կինը» (Ղուկ. 17։32)։ Այս ազդարարութիւնը որ Յիսուս Քրիստոս գրեթէ 2000 տարի առաջ տուաւ, այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է։ Բայց Յիսուս այս լուրջ ազդարարութեամբ ի՞նչ ըսել ուզեց։ Իր հրեայ ունկնդիրները յաւելեալ բացատրութեան կարիք չունէին, քանի որ գիտէին թէ Ղովտի կնոջ ի՛նչ պատահած էր։ Մինչ ան իր ընտանիքին հետ Սոդոմէն կը փախչէր, անհնազանդ գտնուելով ետին նայեցաւ եւ աղի արձան դարձաւ (կարդա՛ Ծննդոց 19։17, 26

2. Ղովտի կինը թերեւս ինչո՞ւ ետին նայեցաւ, եւ ի՞նչ էր հետեւանքը։

2 Սակայն Ղովտին կինը ինչո՞ւ ետին նայեցաւ։ Թերեւս ան ուզեց նայիլ թէ ի՛նչ կը պատահէր, կամ՝ իր հաւատքը տկար ըլլալով ետին նայեցաւ, քանի որ չհաւատաց թէ քաղաքը կը կործանուէր, եւ կամ՝ Սոդոմի մէջ իր ետին ձգած բաներուն տենչաց (Ղուկ. 17։31)։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, ան անհնազանդութեան համար իր կեա՛նքը կորսնցուց։ Պահ մը մտածէ. ան Սոդոմ ու Գոմորի ամբարիշտ բնակիչներուն հետ նո՛յն օրը մահացաւ։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս ըսաւ. «Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը»։

3. Յիսուս ինչպէ՞ս շեշտեց թէ մենք այլաբանական առումով պէտք չէ ետին նայինք։

3 Մենք եւս կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ կենսական է այլաբանական առումով ետին չնայիլ։ Յիսուս այս կէտը շեշտեց, երբ մարդ մը իրմէ խնդրեց, որ աշակերտ ըլլալէ առաջ, իր ընտանիքին հրաժեշտ տայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (Ղուկ. 9։62)։ Արդեօք այս կերպով պատասխանելով՝ Յիսուս կոպիտ կամ անտրամաբանակա՞ն էր։ Ո՛չ. քանի որ ան գիտէր թէ մարդուն խնդրածը պարզապէս չքմեղանք մըն էր, որպէսզի պատասխանատուութենէ խոյս տայ։ Յիսուս այսպիսի յետաձգում մը նկարագրեց որպէս ‘ետին նայիլ’։ Տարբերութիւն կ’ընէ՞, եթէ հերկող անհատը վայրկեան մը ետին նայի կամ կանգ առնելով ետին նայի։ Երկու պարագաներուն ալ, ան իր աշխատանքէն կը շեղի, եւ իր գործը բացասականօրէն կրնայ ազդուիլ։

4. Մեր աչքերը ի՞նչ բանի վրայ սեւեռած պէտք է պահենք։

4 Փոխանակ մեր ուշադրութիւնը անցեալին վրայ կեդրոնացնելու, պէտք է մեր աչքերը սեւեռած պահենք այն բանին վրայ, որ տակաւին մեր առջեւ է։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս յստակ կերպով արտայայտուած է Առակաց 4։25–ի մէջ. «Քու աչքերդ դիմացը թող նային, ու կոպերդ ուղղէ՛ դէպի առջեւդ» (Առ. 4։25, ԱԾ

5. Ետին չնայելու ի՞նչ պատճառ ունինք։

5 Ետին չնայելու վաւերական պատճառ ունինք. մենք կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այժմ կը դիմագրաւենք ոչ թէ միայն երկու ամբարիշտ քաղաքներու բնաջնջումը, այլ՝ ամբողջ չար աշխարհին կործանումը։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Ղովտի կնոջ նման շեղելէ խուսափինք։ Պէտք է բնորոշենք մեր ետին գտնուող այն բաները, որոնց նայելու վտանգին մէջ կրնանք գտնուիլ (Բ. Կոր. 2։11)։ Ուստի, նկատի առնենք թէ ի՛նչ են ատոնք եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց վրայ կեդրոնանալէ խուսափիլ։

ԼԱՒ՝ ՀԻՆ ՕՐԵՐԸ

6. Մեր յիշողութիւնը ինչո՞ւ միշտ վստահելի չէ։

6 «Լաւ՝ հին օրեր»ուն նկատմամբ խեղաթիւրուած տեսակէտ ունենալը, իւրայատուկ վտանգ մըն է։ Մեր յիշողութիւնը միշտ վստահելի չէ։ Թերեւս անգիտակցաբար մեր անցեալին դիմագրաւած խնդիրները նուազեցնենք եւ միեւնոյն ժամանակ մեր վայելած ուրախութիւնները չափազանցենք, թուիլ տալով որ անցեալը այնքան ալ վատ չէր, եւ թէ մենք շա՜տ աւելի ուրախ էինք։ Այս խեղաթիւրուած մտաբերութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ լաւ՝ հին օրերուն տենչանք։ Սակայն Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Մի՛ ըսեր՝ ‘Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին’, վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ» (Ժող. 7։10)։ Ինչո՞ւ այս մտածելակերպը շա՛տ վտանգաւոր է։

7-9. ա) Եգիպտոսի մէջ իսրայէլացիներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Իսրայէլացիները ուրախութեան ի՞նչ պատճառներ ունէին։ գ) Իսրայէլացիները ի՞նչ բանի համար սկսան տռտռալ եւ տրտնջալ։

7 Նկատի առ թէ Մովսէսի ժամանակակից իսրայէլացիներուն ի՛նչ պատահեցաւ։ Թէեւ իսրայէլացիները սկիզբը Եգիպտոսի մէջ հիւրեր կը նկատուէին, սակայն Յովսէփին մահէն ետք եգիպտացիները «գործավարներ դրին [իսրայէլացիներուն] վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով» (Ել. 1։11)։ Աստուծոյ ժողովուրդը ի վերջոյ ջարդի տեսակ մը դիմագրաւեց, երբ փարաւոնը փորձեց անոնց թիւը սահմանափակել (Ել. 1։15, 16, 22)։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ Եհովա Մովսէսի ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ» (Ել. 3։7

8 Կրնա՞ս երեւակայել իսրայէլացիներուն ուրախութիւնը, մինչ իրենց ստրկութեան երկրէն դուրս կ’ելլէին որպէս ազատ ժողովուրդ։ Ուշագրաւ կերպով, անոնք Եհովայի զօրութեան ականատես եղած էին, երբ ան հպարտ փարաւոնին եւ անոր ժողովուրդին վրայ Տասը պատուհասները բերաւ (կարդա՛ Ելից 6։1, 6, 7Իրականութեան մէջ, ոչ միայն եգիպտացիները ի վերջոյ իսրայէլացիներուն թոյլ տուին որ ազատ արձակուին, այլ՝ զիրենք բռնադատեցին որ մեկնին, անոնց տալով ա՛յնքան ոսկեղէն եւ արծաթեղէն զարդեր որ կրնար ըսուիլ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘կողոպտեց եգիպտացիները’ (Ել. 12։33-36)։ Իսրայէլացիները նաեւ ուրախացան, երբ Կարմիր ծովուն մէջ փարաւոնին եւ անոր զինուորներուն կործանումը տեսան (Ել. 14։30, 31)։ Այս հետաքրքրաշարժ դէպքերուն ականատես ըլլալը, որքա՜ն հաւատք–զօրացնող բան մը ըլլալու էր։

9 Անհաւատալիօրէն, սակայն, իրենց հրաշալի ազատագրութենէն կարճ ժամանակ ետք, այս նոյն ժողովուրդը սկսաւ տռտռալ եւ տրտնջալ ճաշի՛ մասին։ Անոնք Եհովայի հայթայթած ուտելիքով չգոհացան եւ գանգատեցան. «Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան։ Եւ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ» (Թուոց 11։5, 6)։ Արդարեւ, անոնց տեսակէտը խեղաթիւրուած էր,– ա՛յն աստիճան որ անոնք նոյնիսկ ուզեցին իրենց ստրկութեան երկիրը վերադառնալ (Թուոց 14։2-4)։ Իսրայէլացիները ետին նայեցան եւ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցին (Թուոց 11։10

10. Իսրայէլացիներուն օրինակը մեզի ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

10 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Երբ դժուարութիւններ եւ խնդիրներ դիմագրաւենք, պէտք չէ շարունակ մտածենք, թէ անցեալին վիճակները կը թուէին շա՜տ աւելի լաւ ըլլալ, թերեւս նո՛յնիսկ ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ։ Թէեւ սխալ չէ անցեալի փորձառութիւններէն մեր քաղած դասերուն վրայ խոկալ կամ լաւ ժամանակները յիշել, սակայն պէտք է անցեալին մասին հաւասարակշռուած՝ իրապաշտ տեսակէտ մը պահպանենք։ Ապա թէ ոչ, կրնանք մեր ներկայ վիճակէն ա՛լ աւելի դժգոհիլ եւ ուզել մեր անցեալի կենցաղակերպին վերադառնալ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։20-22

ԱՆՑԵԱԼԻ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

11. Ոմանք անցեալին իրենց ըրած զոհողութիւնները ինչպէ՞ս կը նկատեն։

11 Ցաւալի է որ ոմանք ետին կը նային՝ անցեալին իրենց ըրած զոհողութիւններուն, եւ զանոնք չօգտագործուած պատեհութիւններ կը նկատեն։ Թերեւս բարձր ուսում, երեւելի դիրք կամ ֆինանսական ապահովութիւն ձեռք ձգելու պատեհութիւններ ունեցար, սակայն ընտրեցիր զանոնք չհետապնդել։ Մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր իրենց ետին ձգած են շահաբեր դիրքեր՝ առեւտուրի, ժամանցի, ուսումի կամ մարզանքի մարզերուն մէջ։ Այժմ ժամանակը սահած է եւ վախճանը տակաւին չէ եկած. արդեօք կ’երեւակայե՞ս թէ ի՛նչ կրնար պատահիլ, եթէ այդ զոհողութիւնները չընէիր։

12. Պօղոս իր ետին ձգած բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։

12 Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի հետեւորդը ըլլալու համար շատ բաներ զոհեց (Փլպ. 3։4-6)։ Ան իր ետին ձգած բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի»։ Ինչո՞ւ։ Ան կը շարունակէ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ» (Փլպ. 3։7, 8 * Անձ մը որ աղբը կը թափէ, յետագային չի զղջար որ զայն թափեց։ Նմանապէս, Պօղոս չզղջաց որ աշխարհիկ պատեհութիւններ իր ետին ձգեց։ Ան այլեւս չէր զգար որ ատոնք արժէք ունէին։

13, 14. Պօղոսի օրինակին ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ։

13 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ շարունակ մտածենք անցեալին մեր մերժած պատեհութիւններուն մասին։ Պէտք է Պօղոսի օրինակին հետեւինք։ Ինչպէ՞ս։ Ներկայիս քու ունեցած բաներուդ արժէքը գիտցի՛ր։ Եհովայի հետ արժէքաւոր փոխյարաբերութիւն մը շահած ես եւ անոր առջեւ հաւատարմութեան արձանագրութիւն մը հաստատած ես (Եբ. 6։10)։ Ներկայիս մեր վայելած եւ ապագային մեր վայելելիք հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններուն դիմաց, աշխարհը նիւթական ի՞նչ առաւելութիւններ կրնայ հրամցնել (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30

14 Պօղոս ետքը կը նշէ բան մը, որ մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք հաւատարմաբար Եհովայի ծառայել։ Ան կ’ըսէ, թէ ‘ետեւի եղած բաները մոռցած էր եւ առջեւի եղածներուն կը դիմէր’ (Փլպ. 3։13)։ Նշմարէ թէ Պօղոս երկու անհրաժեշտ քայլեր կ’ընդգծէ։ Առաջին, պէտք է մեր ետին ձգած բաները մոռնանք, առանց թանկարժէք կորով եւ ժամանակ կորսնցնելու՝ անոնց մասին չափէ դուրս մտահոգուելով։ Երկրորդ, աւարտագծին մօտեցող վազողի մը նման, պէտք է յառաջ երթանք, մեր առջեւ եղած բանին վրայ կեդրոնացած մնալով։

15. Երբ կը խոկանք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն օրինակներուն վրայ, ի՞նչ օգուտ կը քաղենք։

15 Երբ կը խոկանք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն օրինակներուն վրայ,– ըլլա՛ն վաղեմի թէ այժմու,– կրնանք յաւելեալ շարժառիթ ունենալ որ շարունակենք առաջ մղուիլ, փոխանակ ետին գտնուող բաներուն նայելու։ Օրինակ, եթէ Աբրահամ եւ Սառա Ուրի մասին շարունակ մտածէին, «պատեհութիւն [պիտի] ունենային հոն վերադառնալու» (Եբ. 11։13-15, ԱԾ)։ Բայց անոնք չվերադարձան։ Երբ Մովսէս առաջին անգամ Եգիպտոսէն հեռացաւ, ան իր ետին ձգեց շատ աւելի բաներ, քան՝ ինչ որ յետագային ոեւէ իսրայէլացի ձգեց։ Սակայն, չկայ արձանագրութիւն մը, որ կ’ըսէ թէ Մովսէս ատոնց տենչաց։ Փոխարէն, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ, թէ ան «աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին» (Եբ. 11։26

ԱՆՑԵԱԼԻ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

16. Անցեալի փորձառութիւններէն ինչպէ՞ս կրնանք ազդուիլ։

16 Սակայն, անցեալի ո՛չ բոլոր փորձառութիւնները դրական կրնան թուիլ։ Թերեւս անցեալի մեր մեղքերը կամ գործած սխալները յիշելը մեզ կը ջախջախէ (Սաղ. 51։3)։ Կրնայ ըլլալ որ մեր ստացած խիստ խրատին խայթոցը տակաւին կը զգանք (Եբ. 12։11)։ Անարդարութիւնները,– իսկական կամ երեւակայական,– թերեւս մեր մտածումին կը տիրեն (Սաղ. 55։2)։ Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի այսպիսի փորձառութիւններու մասին շարունակ չմտածենք։ Նկատի առ երեք օրինակ։

17. ա) Պօղոս ինչո՞ւ ինքզինք նկարագրեց որպէս «բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնը»։ բ) Ի՞նչ բան օգնեց Պօղոսի որ բացասական մտածումներով չջախջախուի։

17 Անցեալի սխալներ։ Պօղոս առաքեալ ինքզինք նկարագրեց որպէս «բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնը» (Եփ. 3։8)։ Ան ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Ան կ’ըսէ. «Վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի» (Ա. Կոր. 15։9)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ Պօղոս ինչպէ՞ս զգացած ըլլալու էր, երբ հանդիպեցաւ անոնց՝ որոնք նախապէս հալածած էր։ Բայց եւ այնպէս, ան թոյլ չտուաւ որ այս բացասական մտածումները զինք ջախջախեն. Պօղոս իրեն հանդէպ ցուցաբերուած անզուգական բարութեան վրայ կեդրոնացաւ (Ա. Տիմ. 1։12-16)։ Ատկէ յառաջ եկած երախտագիտութեան զգացումը զինք յառաջ մղեց իր ծառայութեան մէջ։ Իր նախկին մեղաւոր վարքը պարփակուա՛ծ էր այն բաներուն մէջ, որոնք Պօղոս վճռած էր մոռնալ։ Քանի որ անցեալին գործած մեր սխալները կարող չենք փոխել, ատոնց մասին շարունակ մտածելը միա՛յն մեր կորովը պիտի վատնէ։ Փոխարէն, պէտք է կեդրոնանանք մեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած ողորմութեան վրայ եւ մեր ուժը գործածենք իրեն ծառայելու։

18. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ բացասականօրէն ետին նայինք մեր ստացած խրատին։ բ) Խրատը ընդունելու Սողոմոնի ըսածին ինչպէ՞ս կրնանք ականջ տալ։

18 Ցաւագին խրատ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ փորձուինք զայրացած ետին նայիլ մեզի տրուած խրատի մը։ Ասիկա ոչ միայն ցաւագին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ՝ վհատեցուցիչ,– պատճառ դառնալով որ ‘թուլնանք’ (Եբ. 12։5)։ Եթէ մենք խրատը ‘անարգենք’՝ զայն մերժելով, կամ ‘թուլնանք’՝ զայն ընդունելով եւ ապա յանձնուելով, արդիւնքը նոյնն է,– իրապէս թոյլ չենք տար որ խրատը մեզի օգտէ եւ յղկէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է Սողոմոնի ըսածին ականջ տալ. «Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է» (Առ. 4։13)։ Ճամբու ուղենշաններուն հնազանդող վարորդի մը նման, թող որ խրատը ընդունինք, զայն գործադրենք եւ յառա՛ջ երթանք (Առ. 4։26, 27. կարդա՛ Եբրայեցիս 12։12, 13

19. Ամբակումի եւ Երեմիայի հաւատքը ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել։

19 Անարդարութիւններ. իսկական կամ երեւակայական։ Ատեններ, թերեւս Ամբակում մարգարէին նման զգանք, որ արդարութեան համար Եհովայի աղաղակեց, չհասկնալով որ Եհովա ինչո՛ւ թոյլ տուած էր որ անարդար բաներ պատահին (Ամբ. 1։2, 3)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ այդ մարգարէին հաւատքը ընդօրինակենք, որ ըսաւ. «Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ» (Ամբ. 3։18)։ Վաղեմի Երեմիայի նման, եթէ շարունակենք ‘համբերութեամբ սպասել’, լիովին հաւատալով Եհովայի՝ արդարութեան Աստուծոյն, կրնանք վստահ ըլլալ որ բոլոր բաները յարմար ժամանակին պիտի շտկուին (Ողբք 3։19-24, ՆԱ

20. Ինչպէ՞ս կրնանք փաստել թէ ‘մտքերնիս կը բերենք Ղովտին կինը’։

20 Հետաքրքրաշարժ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Այժմ սքանչելի դէպքեր կը պատահին եւ աւելին գալու վրայ է։ Թող որ իւրաքանչիւրս Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք։ Դէպի առջեւ նայելու աստուածաշնչական յորդորին ականջ տանք եւ ետին գտնուող բաներուն չնայինք։ Այսպէս պիտի փաստենք թէ ‘մտքերնիս կը բերենք Ղովտին կինը’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Բնագիր լեզուին մէջ, հոս թարգմանուած «աղտեղութիւն» բառը նաեւ կը նշանակէ՝ «ինչ որ շուներուն կը թափուի», «թրիք», «կղկղանք»։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ թէ Պօղոս այս բառը գործածեց, որպէսզի ակնարկէ բանի մը, որ անհատ մը բացարձակապէս կը մերժէ։ Անհատը զայն անարժէք եւ զզուելի կը նկատէ, եւ բնաւ չ’ուզեր զայն տեսնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]