Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հրատապութեան զգացումդ պահէ

Հրատապութեան զգացումդ պահէ

Հրատապութեան զգացումդ պահէ

«Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ [«հրատապութեան զգացումով», ՆԱ] գործիդ պարապէ՛» (Բ. ՏԻՄ. 4։2

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

Առաջին դարու քրիստոնեաները ինչո՞ւ հրատապութեան զգացումով քարոզեցին։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հրատապութեան զգացումը պահել։

Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչո՞ւ որեւէ ատենէ աւելի հրատապ է։

1, 2. ‘Հրատապութեան զգացումով քարոզելու’ պատուէրին նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ՄԱՐԴԻԿ, որոնց գործը կեանքեր փրկել է, սովորաբար հրատապութեան զգացումով կ’աշխատին։ Օրինակ՝ հրշէջներ կ’աճապարեն, երբ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի. անոնք գիտեն թէ կեանքեր վտանգի տակ են։

2 Որպէս Եհովայի վկաներ, մեր փափաքն է մարդոց օգնել որ փրկուին։ Այս պատճառով, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը լուրջի կ’առնենք։ Բայց եւ այնպէս, առանց մտածելու գործի չենք լծուիր։ Ուրեմն Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ սա յորդորը տուաւ. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ [«հրատապութեան զգացումով», ՆԱ] գործիդ պարապէ՛» (Բ. Տիմ. 4։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք հրատապութեան զգացումով քարոզել։ Եւ մեր գործը ինչո՞ւ հրատապ է։

ՄԵՐ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՐԱՏԱՊ Է

3. Մարդոց համար, Թագաւորութեան պատգամը ընդունիլը կամ մերժելը ի՞նչ արդիւնք կրնայ ունենալ։

3 Երբ նկատի կ’առնես թէ մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ կեանքեր փրկել, հաւանաբար հրատապութեան զգացում մը կ’ունենաս ուրիշներուն բարի լուրին մասին խօսելու (Հռով. 10։13, 14)։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, . . .անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին» (Եզեկ. 33։14-16)։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը Թագաւորութեան պատգամը սորվեցնողներուն կ’ըսէ. «Քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16. Եզեկ. 3։17-21

4. Հաւատուրացութիւնը ինչո՞ւ քարոզչութիւնը հրատապ դարձուց առաջին դարուն։

4 Հասկնալու համար թէ Պօղոս ինչո՛ւ Տիմոթէոսը յորդորեց հրատապութեան զգացումով քարոզելու, նկատի առ մեր ուսումնասիրութեան գլխաւոր համարը եւ անոր յաջորդող խօսքերը. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ [«հրատապութեան զգացումով», ՆԱ] գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս, յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ։ Վասն զի ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն» (Բ. Տիմ. 4։2-4)։ Յիսուս նախագուշակեց թէ ապստամբութիւն կամ հաւատուրացութիւն մը պիտի զարգանար (Մատ. 13։24, 25, 38)։ Երբ այդ զարգացումը տեղի ունենալու վրայ էր, հրատապ էր որ Տիմոթէոս նոյնիսկ ժողովքէն ներս ‘խօսքը քարոզէր’, որպէսզի քրիստոնեաներ սուտ ուսուցումներու խաբէական գրաւչութեամբ չմոլորէին։ Կեանքեր վտանգի տակ էին։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ հիմակուան մասին։

5, 6. Մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչ ժողովրդական կարծիքներու կրնանք հանդիպիլ։

5 Ճշմարիտ պաշտամունքէն այս ապստամբութիւնը այժմ աճած ու տարածուած է (Բ. Թես. 2։3, 8)։ Ներկայիս մարդիկ ո՞ր ուսուցումները լսելու մարմաջը ունին։ Շատ մը շրջաններ, բարեշրջութեան ուսուցումը կը քաջալերուի կրօնական մոլեռանդութեամբ։ Թէեւ բարեշրջութիւնը գիտական լեզուով կը ներկայացուի, բայց անիկա գրեթէ աշխարհիկ կրօնք մը դարձած է։ Անիկա կ’ազդէ Աստուծոյ եւ ուրիշներու հանդէպ մարդոց տեսակէտին վրայ։ Ա՛յլ ժողովրդական ուսուցում մըն ալ այն է՝ թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ. ուստի պէտք չունինք իրմով հետաքրքրուելու։ Այս ուսուցումները ինչո՞ւ այսքան գրաւիչ են որ միլիոնաւորները «օրօրելով» հոգեւորապէս կը քնացնեն։ Որովհետեւ անոնք հիմնական հետեւեալ պատգամը կը կրեն. ‘Կրնաս ուզածդ ընել, քանի որ մէկո՛ւ մը հաշիւ պիտի չտաս’։ Ասիկա իրապէս պատգամ մըն է, որը շատեր մարմաջը ունին լսելու (կարդա՛ Սաղմոս 10։4

6 Սակայն մարդիկ մարմաջ ունին ա՛յլ բաներ ալ լսելու։ Եկեղեցի յաճախողներէն ոմանք կը սիրեն ունենալ ուսուցիչներ, որոնք իրենց կ’ըսեն. ‘Ի՛նչ որ ալ ընես, Աստուած քեզ կը սիրէ’։ Քահանաներ ու հովիւներ շատերու ականջին հաճելի եղածը կ’ըսեն, զիրենք համոզելով թէ ծէսերը, պատարագները, սուրբերու նուիրուած տօները եւ պատկերներն ու արձանները Աստուծոյ օրհնութիւնը կը բերեն։ Այս եկեղեցասէրները կրնան չանդրադառնալ թէ որքա՛ն վտանգաւոր կացութեան մը մէջ կը գտնուին (Սաղ. 115։4-8)։ Այսուհանդերձ, եթէ կրնանք զիրենք հոգեւորապէս արթնցնել, որպէսզի Աստուածաշունչի իսկական պատգամը հասկնան, անոնք կրնան Աստուծոյ Թագաւորութենէն օգտուիլ։

ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՈՎ ՔԱՐՈԶԵԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

7. Հրատապութեան մեր զգացումը ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ։

7 Խղճամիտ վիրաբոյժ մը անշեղ ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ իր գործին, քանի որ կեանքեր վտանգի տակ են։ Մեր քրիստոնէական ծառայութեան մէջ կրնանք հրատապութեան զգացում ցոյց տալ, մեր գործին վրայ կեդրոնանալով, օրինակ՝ մտածելով թէ ի՛նչ նիւթեր, հարցումներ կամ տեղեկութիւններ կրնան մեր հանդիպած մարդիկը հետաքրքրել։ Հրատապութեան զգացումը կրնայ նաեւ մեզ առաջնորդել մեր յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, այնպէս մը՝ որ մարդոց այցելենք այնպիսի ժամու մը, որ աւելի տրամադիր ըլլան մեզ ընդունելու (Հռով. 1։15, 16. Ա. Տիմ. 4։16

8. Հրատապութեան զգացումով գործելը սովորաբար ի՞նչ կը պարփակէ։

8 Հրատապութեան զգացում ունենալը նաեւ կը պարփակէ նախապատուութիւններ դնել (կարդա՛ Ծննդոց 19։15Օրինակ՝ պատկերացուր թէ բժշկական քննութիւններուդ արդիւնքը ստանալէ ետք, բժիշկդ քեզ իր գրասենեակը կանչելով անկեղծօրէն ըսէ. «Նայէ՛, պարագադ հրատապ է։ Հիւանդութեանդ նկատմամբ բան մը ընելու համար առաւելագոյնը մէկ ամիս ունիս»։ Թէեւ լուծում մը որոնելու համար իր գրասենեակէն դուրս պիտի չսուրաս, շտապ օգնութեան կոչին ընդառաջող հրշէջի մը պէս, սակայն հաւանաբար, ուշադրութեամբ իր յանձնարարութիւնները մտիկ ընես, տուն երթաս եւ նախապատուութիւններուդ մասին լրջօրէն մտածես։

9. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Պօղոս հրատապութեան զգացումով քարոզեց երբ Եփեսոսի մէջ էր։

9 Պօղոսի հրատապութեան զգացումէն կրնանք սորվիլ նկատի առնելով՝ Ասիոյ նահանգին մէջ բարի լուրի իր քարոզչութեան մասին Եփեսոսի երէցներուն իր ըսածները (կարդա՛ Գործք 20։18-21Ըստ երեւոյթին, առաջին օրէն որ ան Եփեսոս հասաւ, զբաղեցաւ բարի լուրը տունէ տուն մարդոց տանելով։ Ասկէ զատ, երկու տարի ան կանոնաւոր յայտագրի մը հետեւեցաւ, ‘ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ խօսելով’ (Գործք 19։1, 8-10)։ Բացայայտ է, թէ Պօղոսի հրատապութեան զգացումը իր սովորամոլութեան վրայ կ’ազդէր։ ‘Հրատապութեան զգացումով գործիդ պարապելու’ կոչին նպատակը մեր յանձնարարութեամբ մեզ ծանրաբեռնել չէ։ Այսուհանդերձ, քարոզչութիւնը պէտք է մեր կեանքին նախապատուութիւններէն մէկը ըլլայ։

10. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ որ քրիստոնեաները, շուրջ 100 տարի առաջ, հրատապութեան զգացումով վարուեցան։

10 Աստուածաշունչի Աշակերտներու փոքր խումբի մը օրինակը, որ 1914–էն առաջ գործի լծուեցաւ բարի լուրը քարոզելու, ցոյց կու տայ թէ հրատապութեան զգացում ունենալը ի՛նչ կը նշանակէ։ Անոնց թիւը քանի մը հազար ըլլալով հանդերձ, անոնք մեր ժամանակներուն հրատապ ըլլալուն գիտակցեցան եւ խանդավառօրէն Թագաւորութեան քարոզչութեան ձեռնարկեցին։ Անոնք հարիւրաւոր լրագիրներու մէջ քարոզներ հրատարակեցին եւ գունաւոր լուսապատկերներով ու շարժուն պատկերներով յայտագիր մը ներկայացուցին, որ կը կոչուի՝ «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը»։ Այս կերպով, անոնք բարի լուրը միլիոնաւորներու հասցուցին։ Եթէ անոնք հրատապութեան զգացումը չունենային, մեզմէ քանինե՞ր Թագաւորութեան պատգամը լսած պիտի ըլլային (կարդա՛ Սաղմոս 119։60

ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԴ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼԷ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ

11. Ի՞նչ բան շատերը առաջնորդած է իրենց հրատապութեան զգացումը կորսնցնելու։

11 Զբաղումները կրնան անհատը ետ պահել քարոզչութեան կարեւորութեան մասին խորհելէ։ Սատանայի դրութիւնը ծրագրուած է, որ մեզ կլանուած պահէ անձնական հետապնդումներով եւ նուազ կարեւոր հարցերով (Ա. Պետ. 5։8. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Կարգ մը անհատներ, որոնք ատեն մը Եհովայի ծառայութեան առաջնահերթ տեղը տուած էին, իրենց հրատապութեան զգացումը կորսնցուցին։ Օրինակ՝ առաջին դարու Դեմաս անունով քրիստոնեան, Պօղոսի մէկ «գործակից»ը եղած էր, բայց ան իրերու անբարեպաշտ դրութեամբ զբաղեցաւ։ Փոխանակ շարունակելու առաջնահերթութիւնը տալ խռովալից ժամանակներուն իր եղբայրը զօրացնելու, Դեմաս Պօղոսը լքեց (Փլմ. 23, 24. Բ. Տիմ. 4։10

12. Ներկայիս ի՞նչ պատեհութիւն բացուած է, իսկ ի՞նչ պատեհութիւններ պիտի ներկայացուին մեզի յաւիտեան։

12 Եթէ մեր հրատապութեան զգացումը կ’ուզենք պահել, ուրեմն պէտք է պայքարինք կեանքի հրամցուցած բաները ա՛լ աւելի վայելելու տենչին դէմ։ Պէտք է աշխատինք ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու’ համար (Ա. Տիմ. 6։18, 19, Անթիլիաս)։ Հաւանաբար կասկած չունիս թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը անհամար պատեհութիւններ պիտի հայթայթէ, որպէսզի հետաքրքրական գործունէութիւններ վայելենք։ Սակայն այն պատեհութիւնը որ այժմ ունինք՝ ուրիշներուն օգնել որ Արմագեդոնէն վերապրին, անգամ մը եւս պիտի չկրկնուի։

13. Հիմա որ քրիստոնեաներ դարձանք, ինչպէ՞ս կրնանք մեր հրատապութեան զգացումը պահել։

13 Նկատի ունենալով որ մեր շուրջ մարդոց մեծամասնութիւնը անխոհեմօրէն կը քնանայ՝ հոգեւոր առումով, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր հրատապութեան զգացումը պահելու։ Պէտք է խորհրդածենք այն իրողութեան շուրջ, թէ ատեն մը այլաբանօրէն խաւարի մէջ քնացած էինք։ Բայց արթնցանք եւ Քրիստոս մեր վրայ փայլեցաւ, ինչպէս Պօղոս նշեց։ Այժմ լոյս կրողներ ըլլալու առանձնաշնորհումը ունինք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։14Ասիկա նշելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են» (Եփ. 5։15, 16)։ Այս չար աշխարհին մէջ, ‘ժամանակը ծախու առնենք’ այն գործունէութիւններուն համար, որոնք կրնան մեզ հոգեւորապէս արթուն պահել։

ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ Կ’ԱՊՐԻՆՔ

14-16. Ի՞նչ բան Թագաւորութեան քարոզչութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի հրատապ կը դարձնէ։

14 Քրիստոնէական ծառայութիւնը միշտ ալ հրատապ եղած է, բայց այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի ճգնաժամային է։ 1914–էն ի վեր, Աստուծոյ Խօսքին մէջ բնութագրուած բաղադրեալ նշանը բացայայտ եղած է (Մատ. 24։3-51)։ Մարդկութեան գոյատեւումը որեւէ ժամանակէ աւելի վտանգուած է։ Հակառակ վերջերս տեղի ունեցած համաձայնութիւններուն, գերուժերը տակաւին շուրջ 2000 կորիզային ռումբեր ունին, որոնք արձակուելու պատրաստ են։ Պետութիւններ կը տեղեկագրեն հարիւրաւոր պարագաներ, ուր կորիզային նիւթեր «կորսուած» են։ Արդեօք կարելի՞ է որ անոնցմէ մաս մը ահաբեկիչներու ձեռքը անցնի։ Դիտորդներ կ’ըսեն, թէ մարդկութիւնը դիւրաւ կրնայ բնաջնջուիլ պատերազմով մը, որուն կրնայ սկիզբ տալ ահաբեկիչ մը։ Սակայն պատերազմը մարդու գոյութեան սպառնացող միակ ազդակը չէ։

15 The Lancet եւ University College London–ի կողմէ 2009–ին հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը կը դաւանի, թէ «կլիմայի փոփոխութիւնը, 21–րդ դարու մեծագոյն աշխարհածաւալ առողջապահական սպառնալիքն է», եւ կը նշէ. «Առողջութեան վրայ կլիմայի ազդեցութիւնը, յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի ազդէ բնակչութեան մեծամասնութեան վրայ, եւ միլիառաւորներու կեանքին ու բարօրութեան աւելի պիտի սպառնայ»։ Անոր ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ համատարած կործանում՝ ծովու մակարդակի բարձրացման, երաշտներու, ջրհեղեղներու, համաճարակներու, մրրիկներու եւ նուազող բնական հարստութիւններու համար մղուած պատերազմներու պատճառաւ։ Արդարեւ, պատերազմներն ու աղէտները քաղաքակրթութեան կը սպառնան։

16 Կարգ մը անհատներ կրնան խորհիլ, թէ կորիզային պատերազմի մը սպառնալիքը կրնայ առաջնորդել դէպքերու, որոնք կրնան «նշանը» կատարել։ Սակայն շատեր չեն հասկնար նշանին իսկական նշանակութիւնը։ Անիկա տասնամեակներէ ի վեր տեսանելի է, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը իրականութիւն մըն է եւ իրերու այս դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ (Մատ. 24։3)։ Երբեք չէ եղած որ նշանին շատ մը երեսակները այսքան յստակօրէն բացայայտ եղած են։ Ժամանակն է որ մարդիկ իրենց հոգեւոր մրափէն արթննան։ Մեր ծառայութիւնը կրնայ իրենց օգնել որ արթննան։

17, 18. ա) ‘Ժամանակը’ ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ անհատները մղել Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ իրենց տեսակէտը փոխելու։

17 Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ապացուցանելու եւ վերջին օրերուն համար նշանակուած քարոզչութիւնը աւարտելու՝ շատ կարճ ժամանակ մնացած է։ Ինչ որ Պօղոս ըսաւ առաջին դարու Հռոմի քրիստոնեաներուն, ներկայիս ա՛լ աւելի մեծ նշանակութիւն մը ունի. «Գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք» (Հռով. 13։11

18 Վերջին օրերուն մասին նախագուշակուած դէպքերը կրնան մարդոց օգնել, իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակցելու։ Ուրիշներ թերեւս անդրադառնան թէ մարդկութիւնը օգնութեան պէտք ունի, երբ մտածեն՝ տնտեսական աղէտներու, կորիզային սպառնալիքներու, վայրագ ոճիրներու կամ կենսոլորտի ապականութեան նկատմամբ մարդկային կառավարութիւններուն ձախողութեան մասին։ Տակաւին ուրիշներ, իրենց հոգեւոր կարիքին կրնան գիտակցիլ, իրենց ընտանիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառաւ, ինչպէս՝ առողջապահական տագնապ, ամուսնալուծում կամ սիրելիի մը մահը։ Մինչ ծառայութեան կը մասնակցինք, մեր անձերը մատչելի կը դարձնենք այսպիսիներուն օգնելու համար։

ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԷ ՄՂՈՒԱԾ

19, 20. Հրատապութեան զգացումը ինչպէ՞ս բազմաթիւ քրիստոնեաներ մղած է իրենց կենցաղը փոխելու։

19 Հրատապութեան զգացումը մղած է շատ մը քրիստոնեաներ ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնելու։ Օրինակ՝ Էքուատորէն երիտասարդ ամոլ մը, 2006–ի «Աչքդ պարզ պահէ» բնաբանով միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը ունկնդրելէ ետք, որոշեց պարզ կեանք մը վարել։ Անոնք ցանկ մը պատրաստեցին, որուն մէջ նշեցին այն բոլոր բաները որոնց պէտք չունէին, եւ երեք ամսուան մէջ իրենց երեք սենեակնոց յարկաբաժինէն փոխադրուեցան մէկ սենեակնոց յարկաբաժին մը, կարգ մը իրեր ծախեցին եւ պարտքերէ զերծ եղան։ Շատ չանցած անոնք օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեցին եւ ընդառաջեցին շրջանային տեսուչին թելադրութեան, որ ծառայեն ժողովքի մը մէջ, ուր աւելի կարիք կար։

20 Հիւսիսային Ամերիկայէն եղբայր մը կը գրէ. «Երբ կինս ու ես 2006–ին համաժողովի մը ներկայ գտնուեցանք, արդէն 30 տարիէ ի վեր մկրտուած էինք։ Յայտագրէն ետք, տուն վերադառնալու միջոցին, խօսեցանք թէ ինչպէ՛ս կրնայինք մեր կեանքը պարզելու խրատը կիրարկել (Մատ. 6։19-22)։ Ունէինք երեք տուն, հողաշերտ մը, սուղնոց ինքնաշարժներ, նաւ մը եւ շարժական տուն։ Անդրադառնալով որ մեր ժամանակն ու կորովը կը վատնէինք նիւթական բաներու հետամուտ ըլլալով, որոշեցինք լիաժամ ծառայութիւնը մեր նպատակակէտը դարձնել։ 2008–ին, մեր աղջկան միացանք որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Եղբայրներուն հետ սերտօրէն աշխատիլը ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պատճառեց մեզի։ Կարողացանք ծառայել հո՛ն ուր աւելի կարիք կայ։ Ասկէ զատ, Եհովայի համար աւելին ընելու փորձառութիւնը մեզ աւելի մօտեցուցած է իրեն։ Մանաւանդ վարձահատոյց եղած է տեսնել անհատներու ուրախութիւնը, երբ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը կը լսեն ու կը հասկնան»։

21. Ի՞նչ բան գիտնալը մեզ գործի կը լծէ։

21 Գիտենք թէ մօտ ատենէն «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»՝ իրերու այս չար դրութեան վերջ մը պիտի դնէ (Բ. Պետ. 3։7)։ Աստուծոյ Խօսքին մասին մեր գիտութիւնը մեզ կը մղէ, նախանձախնդրօրէն ծանուցանելու մօտալուտ մեծ նեղութիւնը եւ անոր յաջորդող նոր աշխարհը։ Կը շարունակենք հրատապութեան խոր զգացումով մարդոց խօսիլ ապագայի իսկական յոյսի մասին։ Այս հրատապ գործունէութեան լիովին մասնակցելով, Աստուծոյ ու ընկեր արարածին հանդէպ իսկական սէր ցոյց կու տանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]