Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանէ

Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանէ

Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանէ

«Որդեա՛կ իմ. . . քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով. . . ծառայութիւն ըրէ՛» (Ա. ՄՆ. 28։9

ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՓՆՏՌԷ.

Այլաբանական սիրտը ի՞նչ է։

Մեր սիրտը քննելու համար ի՞նչ մեթոտ կրնանք գործածել։

Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանել։

1, 2. ա) Աստուծոյ Խօսքին մէջ մարմնի ո՞ր անդամին այլաբանօրէն կ’ակնարկուի, այլ անդամներէ շատ աւելի յաճախ։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ այլաբանական սրտին նշանակութիւնը հասկնանք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ յաճախ այլաբանական առումով մարդկային մարմնին մասերուն կ’ակնարկէ։ Օրինակ, Յոբ նահապետ նշեց. «Ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ»։ Սողոմոն թագաւոր նկատեց. «Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ»։ Եհովա Եզեկիէլը հաւաստիացուց. «Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի»։ Եւ Պօղոս առաքեալի ըսուեցաւ. «Մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես» (Յոբ 16։17. Առ. 15։30. Եզեկ. 3։9. Գործք 17։20

2 Սակայն, կայ մարմնի անդամ մը՝ որուն այլաբանօրէն կ’ակնարկուի Աստուածաշունչին մէջ, այլ անդամներէ շատ աւելի յաճախ։ Ատիկա հաւատարիմ Աննայի աղօթքին մէջ նշուած է. «Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ» (Ա. Թագ. 2։1)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչ գրողները սիրտը մօտ հազար անգամ կը նշեն, գրեթէ միշտ այլաբանական առումով։ Շատ կարեւոր է որ հասկնանք թէ «սիրտ»ը ի՛նչ կը ներկայացնէ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ զայն պէտք է պահենք (կարդա՛ Առակաց 4։23

Ի՞ՆՉ Է ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍԻՐՏԸ

3. Աստուածաշունչին մէջ «սիրտ» բառին իմաստը ինչպէ՞ս կրնանք զատորոշել. լուսաբանէ՛։

3 Թէեւ Աստուծոյ Խօսքը «սիրտ» բառին համար բառարանի սահմանում մը չի տար, բայց մեզի թոյլ կու տայ որ բառին նշանակութիւնը զատորոշենք։ Ինչպէ՞ս։ Լուսաբանելու համար, պահ մը խորհէ շքեղ խճանկարի մը մասին, որ քով–քովի շարուած հազար խիճէ կազմուած է։ Պատէն քիչ մը հեռու կայնելով, մէկը կրնայ նկատել թէ բծախնդրաբար շարուած խիճերը նկար մը կը ներկայացնեն։ Նմանապէս, եթէ քով–քովի բերենք այն բազմաթիւ համարները, ուր «սիրտ» բառը կը գործածուի, կրնանք նկատել որ ատոնք միասնաբար պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Ի՞նչ պատկեր։

4. ա) «Սիրտ»ը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ բ) Մատթէոս 22։37–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

4 Աստուածաշունչ գրողները «սիրտ» բառը կը գործածեն մարդուն ամբողջ ներքին անձը նկարագրելու համար։ Ատիկա կ’ընդգրկէ մեր փափաքները, մտածումները, տրամադրութիւնը, կեցուածքները, կարողութիւնները, մղումները եւ նպատակակէտերը (կարդա՛ Բ. Օրինաց 15։7. Առակաց 16։9. Գործք 2։26Ինչպէս որ աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, ատիկա «ներքին մարդուն ամբողջութիւնն է»։ Կարգ մը պարագաներու, «սիրտ»ը աւելի սահմանափակ իմաստ կը կրէ։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատ. 22։37)։ Այս համարին մէջ, «սիրտ»ը կ’ակնարկէ ներքին մարդուն յուզումին, փափաքներուն եւ զգացումներուն։ Սիրտը, անձը եւ միտքը անջատաբար նշելով՝ Յիսուս շեշտեց թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պէտք է արտայայտենք մեր զգացումներով, ինչպէս նաեւ՝ մեր կեանքը ուղղելու եւ մեր մտային կարողութիւնները գործածելու կերպով (Յովհ. 17։3. Եփ. 6։6)։ Սակայն, երբ «սիրտ»ը առանձին կը նշուի, ատիկա կը նշանակէ ամբողջ ներքին անձը։

ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ ՊԱՀԵՆՔ

5. Ինչո՞ւ կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել, որ կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայենք։

5 Սրտին առնչութեամբ Դաւիթ թագաւոր Սողոմոնի յիշեցուց. «Քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ» (Ա. Մն. 28։9)։ Արդարեւ, Եհովա բոլոր սրտերը Քննողն է, ներառեալ՝ մեր սիրտը (Առ. 17։3. 21։2)։ Եւ ինչ որ մեր սրտին մէջ կը գտնէ, զօրաւոր ազդեցութիւն ունի իրեն հետ մեր փոխյարաբերութեան եւ մեր ապագային վրայ։ Այսպէս, վաւերական պատճառ ունինք Դաւիթի ներշնչեալ խրատին հետեւելու, մեր ամէն կարելին ընելով՝ որ կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայենք։

6. Եհովայի ծառայելու մեր վճռականութեան մասին ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

6 Որպէս Եհովայի ժողովուրդ, մեր նախանձախնդիր գործունէութիւնները ցոյց կու տան թէ արդարեւ մենք խոր փափաք ունինք որ կատարեալ սրտով իրեն ծառայենք։ Միեւնոյն ատեն, կը գիտակցինք թէ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին ճնշումները եւ մեր մարմնին մեղաւոր հակումները զօրաւոր ուժեր են, որոնք լման սրտով Աստուծոյ ծառայելու մեր վճռականութիւնը կրնան տկարացնել (Եր. 17։9. Եփ. 2։2)։ Ուստի, վստահ ըլլալու համար որ ասիկա մեզի չի պատահիր, պէտք է կանոնաւորաբար մեր սիրտը քննենք։ Ինչպէ՞ս։

7. Ո՞ր բանը մեր սրտին վիճակը ցոյց կու տայ։

7 Բացայայտ է որ մեր ներքին անձնաւորութիւնը տեսանելի չէ,– ճիշդ ինչպէս որ ծառի մը կորիզը կամ սիրտը չի կրնար տեսնուիլ։ Սակայն Յիսուս Լերան քարոզին մէջ նշեց, թէ պտուղները ծառին վիճակը կը յայտնեն. նոյնպէս, մեր գործունէութիւնները մեր սրտին իսկական վիճակը ցոյց կու տան (Մատ. 7։17-20)։ Նկատի առնենք այսպիսի արտաքին արարք մը։

ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ ՔՆՆԵԼՈՒ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՄԵԹՈՏ

8. Մատթէոս 6։33–ի մէջ նշուած Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, մեր սրտին մէջինը ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք։

8 Նախապէս, նոյն քարոզին մէջ Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ, թէ իրենց ո՛ր մասնայատուկ արարքը ցոյց պիտի տար լման սրտով Եհովայի ծառայելու իրենց ներքին փափաքը։ Ան ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։33)։ Արդարեւ, մեր կեանքի առաջնահերթութիւններով ցոյց կու տանք թէ մեր սրտին խորը ի՛նչ կը փափաքինք, կը խորհինք եւ կը ծրագրենք։ Ուրեմն, կեանքի մէջ մեր առաջնահերթութիւնները քննելը, շօշափելի կերպ մըն է գիտնալու համար, թէ արդեօք կատարեալ սրտով Աստուծոյ կը ծառայե՛նք կամ ոչ։

9. Յիսուս կարգ մը մարդոց ի՞նչ հրաւէր տուաւ, եւ անոնց հակազդեցութիւնները ի՞նչ յայտնեցին։

9 «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» յորդորը տալէն քիչ ժամանակ ետք, միջադէպ մը պատահեցաւ որ կը լուսաբանէ, թէ ինչպէ՛ս մարդուն սրտին վիճակը արդարեւ իր առաջնահերթութիւններէն կը յայտնուի։ Ղուկաս աւետարանագիրը միջադէպը կը սկսի պատմել, նշելով որ Յիսուս «հաստատ որոշեց Երուսաղէմ երթալ», թէեւ ան շատ լաւ գիտէր թէ ի վերջոյ հոն իրեն ի՛նչ կը սպասէր։ Մինչ ան եւ իր առաքեալները «ճամբան կ’երթային», կարգ մը մարդոց հանդիպեցաւ, որոնց հետեւեալ հրաւէրը տուաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Այդ տղամարդիկը յօժար էին Յիսուսի հրաւէրը ընդունելու,– բայց որոշ պայմաններով։ Տղամարդոցմէ մէկը պատասխանեց. «Ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ» (Ղուկ. 9։51, 57-61)։ Ի՜նչ հակադրութիւն կար Յիսուսի հաստատամտութեան ու սրտագին վճռականութեան եւ այդ տղամարդոց տկար հակազդեցութեան միջեւ։ Իրենց անձնական մտահոգութիւնները առաջին տեղը դնելով՝ Թագաւորութեան շահերէն առաջ դասելով, անոնք յայտնեցին թէ իրենց սիրտը Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ չէր։

10. ա) Քրիստոսի հետեւորդները իր հրաւէրին ինչպէ՞ս հակազդած են։ բ) Յիսուս ի՞նչ հակիրճ լուսաբանութիւն տուաւ։

10 Այդ հաւանական աշակերտներուն հակառակը, մենք Յիսուսի հետեւորդները ըլլալու հրաւէրը իմաստութեամբ ընդունած ենք, եւ այժմ ամէն օր Եհովայի կը ծառայենք։ Այս կերպով, մենք ցոյց կու տանք թէ Անոր հանդէպ մեր սրտին մէջ ի՛նչ կը զգանք։ Բայց, թէեւ ժողովքին մէջ գործունեայ ենք, պէտք է զգուշանանք մեր սրտի վիճակին սպառնացող հաւանական վտանգէ մը։ Ի՞նչ է այդ։ Հաւանական աշակերտներուն հետ իր ունեցած նոյն խօսակցութեան մէջ, Յիսուս այս վտանգը յայտնեց՝ ըսելով. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (Ղուկ. 9։62)։ Այս լուսաբանութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

‘ԲԱՐԻԻՆ ԿԸ ՅԱՐԻ՞ՆՔ’

11. Յիսուսի լուսաբանութեան մէջ, հողագործին աշխատանքին ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

11 Յիսուսի լուսաբանութենէն քաղուած դասը աչքառու դարձնելու համար, թող որ կարգ մը մանրամասնութիւններ աւելցնենք այս նկարագրութեան վրայ։ Հողագործ մը հերկելով զբաղած է։ Սակայն, հերկելու ժամանակ, ան շարունակ կը մտածէ իր տան մասին. հոն՝ ան կրնայ իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ ըլլալ, եւ ուտելիք, երաժշտութիւն, զբօսանք ու տան շուքը վայելել։ Ան ասոնց կը տենչայ։ Բաւական ժամանակ հերկելէ ետք, կեանքի այս հաճելի բաներուն հանդէպ հողագործին փափաքը այնքան կը զօրանայ որ ան «ետին կը նայի»։ Թէեւ դաշտը ցանելէ առաջ դեռ ընելիք շատ գործ կայ, բայց հողագործը կը ցրուի եւ իր աշխատանքը կը վնասուի։ Անշուշտ անոր տէրը յուսախաբ կ’ըլլայ, երբ կը տեսնէ որ ան չի յարատեւեր։

12. Յիսուսի լուսաբանութեան հողագործին եւ արդի կարգ մը քրիստոնեաներու միջեւ ի՞նչ բաղդատութիւն կրնանք ընել։

12 Հիմա նկատի առ զուգահեռ արդի պարագայ մը։ Հողագործը կրնայ ներկայացնել ոեւէ քրիստոնեայ, որ կը թուի լաւ ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ ան հոգեւորապէս վտանգի մէջ է։ Բաղդատելու համար, երեւակայէ եղբայր մը որ ծառայութեամբ զբաղած է։ Թէեւ ան ժողովներու ներկայ կը գտնուի եւ դաշտի ծառայութեան մէջ բաժին կը բերէ, բայց ան շարունակ կը մտածէ աշխարհային կենցաղակերպին կարգ մը երեսակներուն մասին, որոնք հրապուրիչ կը գտնէ։ Իր սրտին խորը, ան ատոնց կը տենչայ։ Ի վերջոյ, տարիներ ծառայելէ ետք, այս աշխարհային կարգ մը բաներուն հանդէպ անոր փափաքը այնքան կը զօրանայ որ ան «ետին կը նայի»։ Թէեւ ծառայութեան մէջ դեռ ընելիք շատ բան կայ, ան ‘կենաց խօսքը ամուր չի բռներ’, եւ աստուածպետական գործունէութիւններու մէջ իր բերած բաժինը կը վնասուի (Փլպ. 2։16)։ Եհովան՝ ‘հունձքին Տէրը’՝ կը տխրի երբ կը տեսնէ թէ քրիստոնեան չի տոկար (Ղուկ. 10։2

13. Կատարեալ սրտով Եհովային ծառայելը ի՞նչ կը պարփակէ։

13 Դասը բացայայտ է։ Գովելի բան է եթէ ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ ծառայութեան մասնակցելու նման օգտակար եւ գոհացուցիչ գործունէութիւններու կանոնաւորաբար կը մասնակցինք։ Սակայն, կատարեալ սրտով Եհովային ծառայելը աւելի՛ն կը պարփակէ (Բ. Մն. 25։1, 2, 27)։ Եթէ քրիստոնեան իր սրտին խորը կը շարունակէ «ետին» գտնուող բաները սիրել,– այսինքն՝ աշխարհային կենցաղակերպին որոշ երեսակներ,– ան Աստուծոյ առջեւ իր ընդունելի կեցուածքը կորսնցնելու վտանգին մէջ է (Ղուկ. 17։32)։ Միայն եթէ իսկապէս ‘չարէն զզուինք եւ բարիին յարինք’, «Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար» պիտի ըլլանք (Հռով. 12։9. Ղուկ. 9։62)։ Ուստի, բոլորս պէտք է վստահ ըլլանք որ Սատանային աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ բան, որքա՛ն ալ գործնական կամ հաճելի թուի, մեզ ետ կը պահէ Թագաւորութեան շահերը լման սրտով հոգալէ (Բ. Կոր. 11։14. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։13, 14

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ՄՆԱՑԻՐ

14, 15. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր սրտին վիճակին ազդել։ բ) Լուսաբանէ թէ ի՛նչ բան Սատանային մեթոտը շա՜տ վտանգաւոր կը դարձնէ։

14 Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ մղեց որ մեր անձը իրեն նուիրենք։ Անկէ ի վեր, մեզմէ շատեր տարիներ շարունակ փաստած են, թէ վճռած են Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանել։ Այսուհանդերձ, Սատանան չէ յանձնուած։ Մեր սիրտը տակաւին իր թիրախն է (Եփ. 6։12)։ Անշուշտ, ան կը գիտակցի թէ մենք պարզապէս Եհովան անակնկալօրէն պիտի չձգենք։ Ուստի, ան խորամանկօրէն ‘աշխարհը’ կը գործածէ, ջանալով Աստուծոյ հանդէպ մեր անկեղծ նախանձախնդրութիւնը աստիճանաբար տկարացնել (կարդա՛ Մարկոս 4։18, 19Սատանային այս մեթոտը ինչո՞ւ այսքան ազդու է։

15 Պատասխանելու համար, երեւակայէ թէ 100 ուաթ ուժով լամբի մը լոյսին տակ գիրք մը կը կարդաս, բայց յանկարծ լամբը կ’այրի։ Մութին մէջ մնալով, անմիջապէս կ’անդրադառնաս թէ ի՛նչ պատահեցաւ, եւ այրած լամբը նոր լամբով կը փոխարինես։ Սենեակը դարձեալ կը լուսաւորուի։ Յաջորդ գիշերը կը շարունակես գիրքը կարդալ։ Սակայն, մէկը գաղտնաբար լամբը փոխած է՝ դնելով 95 ուաթ ուժով լամբ մը։ Տարբերութիւնը պիտի կարենա՞ս նշմարել։ Հաւանաբար ո՛չ։ Լաւ, ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ յաջորդ օրը մէկը 90 ուաթ ուժով լամբ մը դնէ։ Հաւանաբար տակաւի՛ն պիտի չնշմարես տարբերութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Լամբին լոյսը այնքան աստիճանաբար կը թեթեւնայ որ դուն չես անդրադառնար։ Նմանապէս, Սատանայի աշխարհին ազդեցութիւնները կրնան պատճառ դառնալ որ մեր նախանձախնդրութիւնը կամաց–կամաց տկարանայ։ Եթէ ասիկա պատահի, ուրեմն Սատանան յաջողեցաւ Եհովայի ծառայութեան հանդէպ մեր 100 ուաթ ուժով անկեղծ նախանձախնդրութիւնը տկարացնել։ Եթէ քրիստոնեան արթուն չըլլայ, ան նոյնիսկ այս աստիճանական փոփոխութիւնը պիտի չնշմարէ (Մատ. 24։42. Ա. Պետ. 5։8

ԱՂՕԹՔԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է

16. Սատանային ծրագիրներէն ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։

16 Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանային ծրագիրներէն մենք մեզ պաշտպանել եւ Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանել (Բ. Կոր. 2։11)։ Աղօթքը կենսական է։ Պօղոս հաւատակիցները քաջալերեց որ ‘Սատանային հնարքներուն դէմ դնեն’։ Ապա զանոնք յորդորեց. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք. . . կատարեալ յարատեւութեամբ» (Եփ. 6։11, 18. Ա. Պետ. 4։7

17. Յիսուսի աղօթքները մեզի ի՞նչ դաս կը սորվեցնեն։

17 Սատանային դէմ դնելու համար, իմաստութիւն է ընդօրինակել Յիսուսը եւ կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայելու իր տենչը։ Օրինակ, նշմարէ թէ Ղուկաս ի՛նչ արձանագրեց Յիսուսի աղօթած կերպին մասին, անոր երկրային կեանքին վերջին գիշերը. «Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ» (Ղուկ. 22։43)։ Յիսուս ասկէ առաջ ջերմեռանդութեամբ աղօթած էր, սակայն այս առթիւ, իր երկրային կեանքին ամէնէն խիստ փորձութիւնը դիմագրաւելով, ան «աւելի ջերմեռանդութեամբ» աղօթեց,– եւ իր աղօթքը պատասխանուեցաւ։ Յիսուսի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կարգ մը աղօթքներ ուրիշ աղօթքներէ աւելի ուժգին կ’ըլլան։ Ուստի, երբ մեր դիմագրաւած փորձութիւնները աւելի խիստ ըլլան եւ Սատանային ծրագիրները աւելի՛ նենգ, Եհովայի պաշտպանութեան համար «աւելի ջերմեռանդութեամբ» պէտք է աղօթենք։

18. ա) Աղօթքի մասին մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ ազդակներ մեր սրտին կ’ազդեն, եւ ի՞նչ կերպերով (տե՛ս էջ 22–ի շրջանակը

18 Այսպիսի աղօթքներ ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։ Պօղոս նշեց. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը. . . պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Արդարեւ, պէտք է ջերմեռանդութեամբ եւ յաճախակի աղօթենք, որպէսզի Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանենք (Ղուկ. 6։12)։ Ուստի, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ջերմեռանդօրէն եւ յաճախ կ’աղօթե՞մ’ (Մատ. 7։7. Հռով. 12։12)։ Պատասխանդ շատ բան պիտի յայտնէ Աստուծոյ ծառայելու սրտագին փափաքիդ խորութեան մասին։

19. Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանելու համար, ի՞նչ պիտի ընես։

19 Ինչպէս որ նկատի առինք, կեանքի մէջ մեր դրած առաջնահերթութիւնները շատ բան կը յայտնեն մեր սրտին վիճակին մասին։ Կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ թէ՛ մեր ետին ձգած բաները եւ թէ Սատանային խորամանկ ծրագիրները, կատարեալ սրտով Եհովային ծառայելու մեր վճռականութիւնը պիտի չտկարացնեն (կարդա՛ Ղուկաս 21։19, 34-36Ուստի, Դաւիթի նման կը շարունակենք Եհովային աղերսել. «Միացուր իմ սիրտս» (Սաղ. 86։11

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 22]

ԵՐԵՔ ԱԶԴԱԿՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԵՐ ՍՐՏԻՆ Կ’ԱԶԴԵՆ

Ճիշդ ինչպէս որ քայլեր կրնանք առնել մեր բառացի սրտին օգտելու համար, նմանապէս կրնանք քայլեր առնել, որպէսզի այլաբանական առողջ սիրտ մը պահպանենք։ Նկատի առ հետեւեալ երեք կարեւոր ազդակները.

1 Սնունդ։ Մեր բառացի սիրտը պէտք է բաւարար քանակով օգտակար սնունդ ստանայ։ Նմանապէս, մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ բաւարար քանակով սննդարար հոգեւոր կերակուր կը ստանանք՝ կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութեամբ, խոկալով եւ ժողովներուն ներկայ գտնուելով (Սաղ. 1։1, 2. Առ. 15։28. Եբ. 10։24, 25

2 Մարզանք։ Մեր բառացի սիրտը առողջ ըլլալու համար, ատեններ զօրաւոր կերպով պէտք է տրոփէ։ Նմանապէս, ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդիր մասնակցութիւնը,– թերեւս ջանք թափել մեր գործունէութիւնները կրկնապատկելու համար,– մեր այլաբանական սիրտը լաւ վիճակի մէջ կը պահէ (Ղուկ. 13։24. Փլպ. 3։12

3 Միջավայր։ Անբարեպաշտ շրջապատը, որուն մէջ ստիպուած ենք աշխատիլ եւ ապրիլ, կրնայ մեր բառացի ե՛ւ այլաբանական սիրտը ծանր ճնշումի ենթարկել։ Այսուհանդերձ, կրնանք այս ճնշուածութիւնը թեթեւցնել, կարելի եղածին չափ յաճախ ընկերակցելով հաւատակիցներու հետ, որոնք անկեղծօրէն մեզմով կը հետաքրքրուին եւ որոնց սիրտը Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ է (Սաղ. 119։63. Առ. 13։20