Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար

Եհովա մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար

Եհովա մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար

«Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու» (Ա. ՊԵՏ. 1։5

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Եհովան մեզ ինչպէ՞ս ճշմարիտ պաշտամունքին քաշեց։

Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ Եհովային որ մեզ իր խրատով առաջնորդէ։

Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ։

1, 2. ա) Ի՞նչ երաշխիք ունինք, թէ Աստուած մեզի պիտի օգնէ որ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք։ բ) Եհովան իւրաքանչիւրս որքա՞ն լաւ կը ճանչնայ։

«ՈՎ ՈՐ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 24։13)։ Այս խօսքերով Յիսուս մեզի յստակացուց, թէ Սատանայի աշխարհին կործանումէն վերապրելու համար, պէտք է մինչեւ վերջ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք։ Սակայն, ասիկա չի նշանակեր, թէ Եհովան կ’ակնկալէ որ մեր անձնական իմաստութեամբ կամ ուժով տոկանք։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կոր. 10։13)։ Այս խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

2 Որպէսզի Եհովան վստահ ըլլայ թէ մենք մեր կարողութենէն աւելի չենք փորձուիր, պէտք է մեր մասին ամէն բան գիտնայ, ներառեալ՝ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մեր կազմուածքը եւ թէ որքա՛ն կրնանք տոկալ։ Աստուած իրապէս այսքան լաւ մեզ գիտէ՞։ Այո՛։ Սուրբ Գրութիւնները կը յայտնեն, թէ Եհովա իւրաքանչիւրս սերտօրէն կը ճանչնայ։ Ան մեր առօրեայ սովորամոլութեան եւ սովորութիւններուն քաջատեղեակ է։ Ան նոյնիսկ կրնայ զատորոշել մեր խորհուրդները եւ սրտի միտումները (կարդա՛ Սաղմոս 139։1-6

3, 4. ա) Դաւիթի փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Եհովա անհատներու ուշադրութիւն կ’ընծայէ։ բ) Ներկայիս Եհովան ուշագրաւ ի՞նչ գործ կը կատարէ։

3 Արդեօք անհամոզիչ կը թուի՞, թէ Աստուած այսպիսի հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ մարդոց հանդէպ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ այս հարցումին վրայ խոկաց, Եհովային ըսելով. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես» (Սաղ. 8։3, 4)։ Թերեւս Դաւիթի անձնական փորձառութիւնը զինք մղեց որ այս հարցումը հարցնէ։ Թէեւ ինք Յեսսէի կրտսերագոյն որդին էր, սակայն Եհովա զինք «իր սրտին համեմատ մարդ մը» նկատեց եւ ‘ոչխարներուն ետեւէն առաւ, որպէսզի առաջնորդ ըլլայ’ իսրայէլի վրայ (Ա. Թագ. 13։14. Բ. Թագ. 7։8)։ Երեւակայէ թէ Դաւիթ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ գիտակցեցաւ թէ տիեզերքի Ստեղծիչը ուշադրութիւն ընծայած էր իր անձնական խորհրդածութիւններուն,– պատանի հովիւի մը խորհուրդներուն։

4 Նուազ ապշեցուցիչ չէ խոկալ մեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած ուշագրաւ անձնական հետաքրքրութեան վրայ։ Ան «ազգերուն ցանկալի բաները» ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ կը հաւաքէ, եւ կ’օգնէ իր ծառաներուն որ իրենց ուղղամտութիւնը պահպանեն (Ան. 2։7)։ Ասիկա աւելի լաւ հասկնալու համար, նկատի առնենք թէ առաջին հերթին ան ինչպէ՛ս մարդիկը դէպի ճշմարիտ պաշտամունք կը քաշէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶ ԿԸ ՔԱՇԷ

5. Եհովա մարդիկը իր Որդիին ինչպէ՞ս կը քաշէ. լուսաբանէ՛։

5 Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհ. 6։44)։ Այս խօսքերը կը նշանակեն, թէ Քրիստոսին աշակերտը ըլլալու համար, Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունինք։ Եհովան ինչպէ՞ս ոչխարանման անհատները իր Որդիին կը քաշէ։ Բարի լուրի քարոզչութեան եւ սուրբ հոգիին ներգործութեան միջոցաւ։ Օրինակ, երբ Պօղոս եւ իրեն ընկերակցող միսիոնարները Փիլիպպէի մէջ էին, Լիդիա անունով կնոջ մը հանդիպեցան եւ սկսան բարի լուրը անոր հաղորդել։ Ներշնչուած արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Լիդիայի] սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ»։ Արդարեւ, Աստուած իր հոգին հայթայթեց, որպէսզի Լիդիայի օգնէ պատգամը ըմբռնելու։ Արդի՞ւնքը։ Լիդիա եւ իր տունը մկրտուեցան (Գործք 16։13-15

6. Աստուած ինչպէ՞ս բոլորս ճշմարիտ պաշտամունքին քաշեց։

6 Լիդիայի փորձառութիւնը իւրայատո՞ւկ էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Եթէ նուիրուած քրիստոնեայ մըն ես, Աստուած քեզ ալ ճշմարիտ պաշտամունքին քաշեց։ Ճիշդ ինչպէս որ մեր երկնաւոր Հայրը Լիդիայի սրտին մէջ արժէքաւոր բան մը նկատեց, քու մէջդ ալ լաւ բան մը նկատեց։ Երբ սկսար բարի լուրին ականջ տալ, Եհովան իր սուրբ հոգին հայթայթելով՝ քեզի օգնեց որ զայն ըմբռնես (Ա. Կոր. 2։11, 12)։ Երբ ջանացիր սորվածներդ գործադրել, ան իր կամքը ընելու ջանքերդ օրհնեց։ Երբ կեանքդ իրեն նուիրեցիր, իր սիրտը ուրախացաւ։ Իրապէս, կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալելու սկսելէդ ի վեր, Եհովան իւրաքանչիւր քայլափոխին քեզի հետ եղած է։

7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնանք։

7 Եհովան մեզի օգնած է որ սկսինք իրեն ծառայել, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ ան պիտի շարունակէ մեզի օգնել որ հաւատարիմ մնանք։ Ան գիտէ թէ ճիշդ ինչպէս որ մենք մեզմէ ճշմարտութեան չեկանք, մեր անձնական ուժով ճշմարտութեան մէջ պիտի չմնանք։ Օծեալ քրիստոնեաներուն գրելով՝ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու» (Ա. Պետ. 1։5)։ Սկզբունքով, այս խօսքերը կը կիրարկուին բոլոր քրիստոնեաներուն եւ պէտք է իւրաքանչիւրս հետաքրքրեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորս Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունինք, իրեն հաւատարիմ մնալու համար։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶ ԵՏ ՊԱՀԵԼ ՍԽԱԼ ՔԱՅԼ ԱՌՆԵԼԷ

8. Ինչո՞ւ պէտք է սխալ քայլ առնելէ զգուշանանք։

8 Կեանքի ճնշումները եւ մեր անձնական անկատարութիւնները կրնան պատճառ դառնալ որ մեր հոգեւոր կեդրոնացումը կորսնցնենք, եւ անզգուշութեամբ սխալ քայլ առնելու վտանգին տակ դնել մեզ (կարդա՛ Գաղատացիս 6։1Դաւիթի կեանքին մէջ պատահած միջադէպ մը ասիկա կը լուսաբանէ։

9, 10. Եհովան ինչպէ՞ս Դաւիթը ետ պահեց սխալ քայլ առնելէ, եւ Ան ներկայիս մեզի համար ի՞նչ կ’ընէ։

9 Մինչ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորին կողմէ կը հալածուէր, Դաւիթ հիանալի ինքնազսպում դրսեւորեց՝ վրէժ չառնելով (Ա. Թագ. 24։3-8)։ Սակայն շատ չանցած, Դաւիթ իր ժուժկալութիւնը կորսնցուց։ Ան իր մարդոց համար ուտելիք–խմելիքի պէտք ունէր, ուստի յարգալից կերպով Նաբաղ անունով իսրայէլացիի մը օգնութիւնը հայցեց։ Սակայն Նաբաղ նախատեց Դաւիթը եւ մերժեց իրեն օգնել։ Դաւիթ զայրացաւ եւ որոշեց Նաբաղի ընտանիքէն ամէն այր մարդ ողջ չձգել, առանց զատորոշելու որ անմեղ մարդիկ մեռցնելը, զինք Աստուծոյ առջեւ արիւնապարտ պիտի դարձնէր։ Միայն Աբիգիայի՝ Նաբաղի կնոջ՝ ժամանակայարմար միջամտութիւնը, Դաւիթը աղէտալի սխալ մը գործելէ փրկեց։ Գիտակցելով թէ այս հարցին մէջ Եհովայի մատը կար, Դաւիթ Աբիգիայի ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ» (Ա. Թագ. 25։9-13, 21, 22, 32, 33

10 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Եհովա Աբիգիան գործածեց որ Դաւիթը ետ պահէ սխալ քայլ առնելէ։ Ներկայիս, ան նոյնը մեզի ալ կ’ընէ։ Անշուշտ, պէտք չէ ակնկալենք որ Աստուած անհատ մը պիտի ղրկէ որ միջամտէ ամէն անգամ որ սխալ գործելու վրայ ըլլանք. ոչ ալ կրնանք ենթադրել թէ ճշգրտօրէն գիտենք, թէ որեւէ պարագայի մէջ Աստուած ինչպէ՛ս պիտի գործէ կամ իր նպատակը իրագործելու համար՝ ի՛նչ բանի թոյլ պիտի տայ (Ժող. 11։5)։ Այսուհանդերձ, կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան միշտ մեր պարագաներուն քաջատեղեակ է, եւ մեզի պիտի օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 32։8)։ Եհովա մեզ ինչպէ՞ս կը խրատէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ատկէ օգտուիլ։ Եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա այսօր իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ։ Նշմարէ թէ այս հարցումները Յայտնութիւն գրքին մէջ ինչպէ՛ս կը պատասխանուին։

ԽՐԱՏԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ

11. Եհովան ո՞ր տարողութեամբ գիտակից է իր ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ եղած անցուդարձերուն։

11 Յայտնութիւն գրքին 2–րդ եւ 3–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած տեսիլքին մէջ, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքները կը քննէ։ Տեսիլքը կը յայտնէ թէ Քրիստոս ժողովքներուն ընդհանուր պարագան տեսնելէ աւելին կ’ընէ։ Ան մասնայատուկ իրադարձութիւններ կը նշէ եւ նոյնիսկ՝ որոշ անհատներ, եւ իւրաքանչիւր պարագային յարմար գովասանքի խօսքեր կամ խրատներ կու տայ։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Տեսիլքին կատարման մէջ, եօթը ժողովքները կը ներկայացնեն օծեալ քրիստոնեաները 1914–էն ետք, եւ եօթը ժողովքներուն տրուած խրատը, սկզբունքով կը կիրարկուի ներկայիս աշխարհի չորս կողմը գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր ժողովքներուն։ Ուստի, կրնանք եզրակացնել թէ Եհովա իր Որդիին միջոցաւ գործօն կերպով իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ առաջնորդութենէն օգտուիլ։

12. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ Եհովային որ մեր քայլերը ուղղէ։

12 Անձնական ուսումնասիրութիւնը կերպ մըն է, որով կրնանք Եհովայի սիրալիր առաջնորդութենէն օգտուիլ։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հրատարակութիւններուն միջոցաւ, Եհովան աստուածաշնչական խրատի ճոխ հաւաքածոյ մը կը հայթայթէ (Մատ. 24։45)։ Ատկէ օգտուելու համար սակայն, պէտք է ժամանակ տրամադրենք զայն ուսումնասիրելու եւ մեր սորվածը գործադրենք։ Անձնական ուսումնասիրութիւնը կերպ մըն է, որով Եհովան կրնայ «զերծ պահել [մեզ] անկումէ» (Յուդա 24, ԱԾ)։ Մեր հրատարակութիւններէն ուսումնասիրա՞ծ ես բան մը, եւ ապա ըսած ես. «Ասիկա ճիշդ ինծի համար գրուած է»։ Սրբագրութիւնը ընդունէ որպէս թէ Եհովայէն եկած։ Ճիշդ ինչպէս որ բարեկամ մը ուսիդ թեթեւօրէն կը զարնէ, որպէսզի բան մը ուշադրութեանդ յանձնէ, նոյնպէս Եհովան կրնայ իր հոգին գործածել, որպէսզի ուշադրութեանդ յանձնէ վարքիդ կամ անձնաւորութեանդ մէկ երեսակը որ դուն,– եւ անկասկած քեզի պէս շատեր,– պէտք է բարելաւես։ Սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ընդառաջելով, թոյլ կու տանք Եհովային որ մեր քայլերը ուղղէ (կարդա՛ Սաղմոս 139։23, 24Այս առնչութեամբ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր ուսումնասիրելու սովորութիւնը քննենք։

13. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է մեր ուսումնասիրութեան սովորութիւնը քննել։

13 Ժամանցին չափազանց ժամանակ տրամադրելը կրնայ անձնական ուսումնասիրութեան հարկ եղած ժամանակը խլել։ Եղբայր մը կ’ըսէ թէ շատ դիւրին է թոյլ տալ որ ասիկա պատահի։ Ան կը բացատրէ. «Ներկայիս, ժամանցը աննախընթաց կերպով աւելի մատչելի է եւ աւելի աժան է։ Ատիկա հեռատեսիլին, համակարգիչին եւ հեռախօսիկին միջոցաւ մատչելի է։ Մենք ատով շրջապատուած ենք»։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, խորազնին անձնական ուսումնասիրութեան հարկ եղած ժամանակը կրնայ աստիճանաբար նուազիլ, մինչեւ որ անհետանայ (Եփ. 5։15-17)։ Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Որքա՞ն յաճախ ժամանակ կը տրամադրեմ որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին խորը թափանցեմ։ Արդեօք միա՞յն երբ պատրաստելիք դասախօսութիւն կամ բաժին ունիմ’։ Եթէ այո՛, թերեւս կրնանք աւելի լաւ կերպով գործածել ընտանեկան պաշտամունքի կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար տրամադրուած երեկոն, որպէսզի գանձի նման փնտռենք այն հոգեւոր իմաստութիւնը, որ Եհովան կը հայթայթէ՝ մեզ պահպանելու փրկութեան համար (Առ. 2։1-5

ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՏՈԿԱԼՈՒ

14. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ Եհովան մեր զգացումներուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ։

14 Դաւիթ իր կեանքին մէջ բազմաթիւ նեղացուցիչ պարագաներ դիմագրաւեց (Ա. Թագ. 30։3-6)։ Իր ներշնչեալ խօսքերը կը յայտնեն թէ Եհովան իր զգացումները գիտէր (կարդա՛ Սաղմոս 34։18. 56։8Աստուած մեր զգացումներն ալ գիտէ։ Երբ մեր «սիրտը կոտրած է» կամ «հոգիով խոնարհած» ենք, ան մեզի կը մօտենայ։ Ասիկա ինքնին որոշ չափով մխիթարութիւն կու տայ, ինչպէս որ Դաւիթին տուաւ, որ տաղերգեց. «Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար» (Սաղ. 31։7)։ Բայց Եհովան մեր նեղութիւնները նշմարելէն աւելի՛ն կ’ընէ։ Մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն տալով՝ ան մեզ կը կազդուրէ։ Ասիկա ընելու իր գործածած մէկ կերպն է՝ քրիստոնէական ժողովները։

15. Ասափի փորձառութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

15 Սաղմոսերգու Ասափի փորձառութիւնը, ժողովներու ներկայ գտնուելու մէկ օգուտը կը լուսաբանէ։ Անարդարութիւններուն վրայ խոկալը պատճառ դարձաւ որ Ասափ Աստուծոյ ծառայելու արժէքը հարցականի տակ դնէ։ Ասափ վհատեցաւ եւ իր զգացումները այսպէս նկարագրեց. «Իմ սիրտս ցաւեցաւ ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ»։ Առ ի արդիւնք, քիչ մնաց որ ան Եհովային ծառայելէ դադրէր։ Ի՞նչ բան օգնեց որ Ասափ իր մտածելակերպը ճշդէ։ Ան ըսաւ. «Աստուծոյ սրբարանը մտայ»։ Հոն, Եհովայի երկրպագուներուն հետ ընկերակցելով իր կեցուածքը ճշդեց։ Ան տեսաւ թէ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը միայն ժամանակաւոր էր, եւ թէ Եհովան անպայման հարցերը պիտի շտկէր (Սաղ. 73։2, 13-22)։ Մեր պարագան նոյնն է։ Սատանայի աշխարհին անարդարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու ճնշումը կրնայ մեզ ընկճել։ Մեր եղբայրներուն հետ մէկտեղ հաւաքուիլը մեզ կը թարմացնէ եւ մեզի կ’օգնէ որ Եհովային ծառայելու մեր ուրախութիւնը պահպանենք։

16. Աննայի օրինակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

16 Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ ժողովքին մէջ պարագայ մը քեզի համար կը դժուարացնէ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Թերեւս ստիպուեցար ծառայութեան առանձնաշնորհումէ մը հրաժարիլ եւ այժմ նեղ կացութեան մատնուած ես։ Կամ թերեւս եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ տարակարծիք ես։ Եթէ այդպէս է, Աննայի օրինակը կրնաս օգտաշատ գտնել (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 1։4-8Յիշէ թէ ան խիստ վշտացաւ ընտանեկան պարագայէ մը, որ իր նախանձորդը՝ Փենանան կը պարփակէր։ Պարագան մասնաւորաբար կը դժուարանար ամէն տարի, երբ ընտանիքը Սելով կ’երթար Եհովային զոհեր մատուցանելու։ Աննան այնքան կը նեղանար որ «կու լար եւ չէր ուտեր»։ Բայց ան թոյլ չտուաւ որ ասիկա զինք ետ պահէ Եհովան պաշտելու առիթներէն։ Եհովան անոր հաւատարմութիւնը նկատեց եւ զինք օրհնեց (Ա. Թագ. 1։11, 20

17, 18. ա) Ժողովներուն մէջ ի՞նչ կերպերով քաջալերութիւն կը ստանանք։ բ) Եհովայի քնքուշ հոգատարութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգաս։

17 Ներկայիս, քրիստոնեաները Աննայի օրինակին հետեւելու վաւերական պատճառ ունին։ Ժողովներուն ներկայ գտնուելուն մէջ հաւատարիմ պէտք է ըլլանք։ Ինչպէս որ բոլորս կը զգանք, ժողովները կենսական քաջալերութիւն կը հայթայթեն (Եբ. 10։24, 25)։ Քրիստոնէական ընկերակցութեան ջերմութիւնը մեզ կը մխիթարէ։ Դասախօսութեան մը կամ մեկնաբանութեան մը մէջ պարզ արտայայտութիւն մը կրնայ մեր սրտին դպչիլ։ Խօսակցութեան մը մէջ,– ժողովէն առաջ կամ վերջ,– հաւատակից մը կրնայ մտիկ ընող ականջ կամ մխիթարական խօսքեր տալ (Առ. 15։23. 17։17)։ Մինչ Եհովային երգելով մեր ձայները կը բարձրացնենք, կ’ոգեւորուինք։ Մանաւանդ երբ «հոգեր»ը մեզ պատեն, պէտք կ’ունենանք այն քաջալերութեան, որ կը ստանանք ժողովներուն մէջ, ուր Եհովան իր ‘մխիթարութիւններով’ մեզ կը կազդուրէ եւ իրեն հաւատարիմ մնալու մեր վճռականութեան կ’աջակցի (Սաղ. 94։18, 19

18 Մեր Աստուծոյն քնքուշ հոգատարութեան մէջ ապահով ըլլալով, սաղմոսերգու Ասափի նման կը զգանք, որ Եհովայի տաղերգեց. «Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ» (Սաղ. 73։23, 24)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Մենք պահպանուած ենք՝ Աստուծոյ խրատը կիրարկելով