Ինչպէ՞ս կը նկատես Յիսուսը
Ինչպէ՞ս կը նկատես Յիսուսը
Աւելի հակամէտ ես Յիսուսին մասին խորհելու որպէս՝ նորածին մանո՞ւկ, մահամերձ մա՞րդ կամ փառաւորեալ Թագաւոր։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Յիսուս զօրաւոր Թագաւոր է։ Բայց ասիկա քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։
Շատեր կը հաւատան թէ Յիսուս իրենց համար մեռաւ։ Սակայն, մէկ մարդու մահը՝ գրեթէ 2000 տարի առաջ, ինչպէ՞ս կրնայ ներկայիս ուրիշներուն համար կեանք նշանակել։
Սիրով հրաւիրուած ես այս հարցումներուն աստուածաշնչական պատասխանները առնելու։ Այդ տեղեկութիւնները պիտի ներկայացուին, երբ Եհովայի վկաները հաւաքուին, Յիսուսի մահը յիշատակելու համար։ Այս տարի Յիշատակատօնին թուականն է՝ հինգշաբթի, 5 ապրիլ, արեւամուտէն ետք։
Ճիշդ ժամուն ու վայրին համար, հաճիս Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահէ։
Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին յաջորդող շաբաթավերջին, Եհովայի վկաները նաեւ պիտի ներկայացնեն աստուածաշնչական հետաքրքրաշարժ դասախօսութիւն մը, որուն վերնագիրն է՝ «Վախճանը քու խորհածէդ աւելի՞ ուշ է»։ Այս դասախօսութիւնը Յիսուսը սիրող բոլոր մարդոց հասնելու աշխարհածաւալ ջանքին աչքառու մէկ մասը պիտի ըլլայ։ Հրաւիրուած ես ներկայ գտնուելու։