Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի»

«Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի»

«Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի»

«Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14, ԱԾ

Ի՛նչ կը նշանակէ։ Աւետարանագիր Ղուկաս տեղեկագրեց, թէ Յիսուս «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (Ղուկաս 8։1)։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկաս 4։44)։ Ան իր աշակերտները ուղարկեց, որպէսզի աւետարանը կամ բարի լուրը քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ քարոզեն, եւ յետագային անոնց պատուիրեց. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. Ղուկաս 10։1

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Յիսուսի աշակերտները իր պատուիրածը ընելու մէջ ժամանակ չկորսնցուցին։ «Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ» (Գործք 5։42)։ Ժողովքին բոլո՛ր անդամները կը մասնակցէին քարոզչութեան, եւ ոչ թէ պարզապէս պզտիկ մասնայատուկ խումբ մը։ Պատմաբան Նէանտըր դիտել տուաւ, թէ «քրիստոնէութեան դէմ ելլող առաջին գրագէտ՝ Սեղիոս, ծաղր կ’ընէր ա՛յն իրողութիւնը, որ բրդագործներ, հնակարկատներ, կաշեգործներ, ամէնէն անուս եւ ռամիկ մարդիկը, աւետարանին նախանձախնդիր քարոզիչներ էին»։ Ժան Պէրնարտի իր գրքին մէջ գրեց. «[Քրիստոնեաները] պէտք էր ամէն տեղ երթային եւ բոլորին խօսէին։ Ճամբաները եւ քաղաքներուն մէջ, հրապարակներուն եւ տուներուն մէջ։ Իրենց բարի գալուստ մաղթուէր կամ ոչ։ . . .Մինչեւ երկրին ծայրերը» (The Early Centuries of the Church

Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Անգլիքան քահանայ՝ Տէյվիտ Ուաթսոն կը գրէ. «Եկեղեցիին լուրջի չառնելը քարոզչութիւնն ու աշակերտելու գործը, այսօրուան ընդհանուր հոգեւոր անհանգստութեան մէկ պատճառը դարձած է»։ Հոսէ Լուիս Փերէզ Կուատըլուբէ, իր գրքին մէջ աւետարանչականներուն, գալստականներուն եւ ուրիշներու մասին գրեց եւ դիտել տուաւ, թէ «անոնք տունէ տուն չեն երթար» (Why Are the Catholics Leaving?)։ Իսկ Եհովայի վկաներուն առնչութեամբ, ան գրեց. «Անոնք հետեւողական կերպով տունէ տուն կ’երթան»։

Տարեկան հրատարակութիւն մը կը բովանդակէ Ճոնաթան Թըրլիի կողմէ եղած հետաքրքրական եւ իրապաշտ սա դիտողութիւնը. «‘Եհովայի վկաներ’ ըսէ եւ անմիջապէս մեծամասնութեան միտքը կու գան այն քարոզիչները, որոնք անյարմար ժամանակներու մէջ մեր տուները կ’այցելեն։ Եհովայի վկաներուն համար, դռնէ դուռ հաւատափոխ ընելը պարզապէս իրենց հաւատքը յառաջացնելու համար չէ, այլ՝ իրենց անձնական հաւատքին համար կենսական է» (Cato Supreme Court Review 2001-2002

[Շրջանակ՝ էջ 9]

Նշանը կը զատորոշե՞ս

Այս յօդուածաշարքին մէջ քննարկուած աստուածաշնչական դատանիշներուն հիման վրայ, որո՞նք կը խորհիս ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնէութեան նշանը ունին։ Թէեւ տասնեակ հազարաւոր խումբեր եւ յարանուանութիւններ կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, սակայն յիշէ թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՛նչ ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21)։ Բնորոշելը թէ որոնք Հօր կամքը կը կատարեն,– եւ այսպէս ճշմարիտ քրիստոնէութեան նշանը կը կրեն,– եւ անոնց հետ ընկերակցիլը, կրնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական օրհնութիւններու առաջնորդել։ Կը հրաւիրենք քեզ որ այս պարբերաթերթը քեզի բերող Եհովայի վկաներէն յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրես Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր բերելիք օրհնութիւններուն մասին (Ղուկաս 4։44