Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր»

«Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր»

«Անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր»

«Աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհին չեն պատկանիր» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։14, Անթիլիաս

Ի՛նչ կը նշանակէ։ Աշխարհին չպատկանելով, Յիսուս ընկերային եւ քաղաքական բախումներուն մէջ չէզոք էր։ Ան բացատրեց. «Եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Ան նաեւ իր հետեւորդները յորդորեց, որ մերժեն այն կեցուածքները, խօսելակերպն ու վարքը, որոնք Աստուծոյ Խօսքին մէջ դատապարտուած են (Մատթէոս 20։25-27

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Ըստ կրօնական նիւթեր գրող՝ Ճոնաթան Տայմընտի, նախկին քրիստոնեաները «մերժեցին [պատերազմի] մասնակցիլ, ի՛նչ ալ ըլլային հետեւանքները,– նախատինք, բանտարկութիւն կամ մահ»։ Անոնք ընտրեցին տառապիլ, քան թէ իրենց չէզոք կեցուածքին մէջ զիջումներ ընել։ Իրենց բարոյական չափանիշները եւս զիրենք աշխարհէն զատեցին։ Քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ. «Կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն» (Ա. Պետրոս 4։4)։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ գրեց, թէ քրիստոնեաները «իրենց բարեպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ, հաճոյամոլ հեթանոս աշխարհին նեղութիւն կը պատճառէին»։

Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Քրիստոնէական չէզոքութեան առնչութեամբ, Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը հաստատէ. «Բարոյական գետնի վրայ կարելի չէ արդարացնել խղճմտանքի առարկութիւնը», ըսել ուզելով որ բարոյապէս սխալ է մերժել զէնք կրելը։ Լրագրի մը (Reformierte Presse) մէկ յօդուածը կը նշէ, թէ «Ափրիկեցիներու իրաւունքներ» կազմակերպութիւնը տեղեկագրեց, որ 1994–ի Ռուանտայի ջարդին մասնակցած էին բոլոր եկեղեցիները, «բացի՝ Եհովայի վկաներէն»։

Երբ երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ մը նացիներուն կատարած Հրէական ողջակիզումը կը քննարկէր, ան գանգատեցաւ թէ «քաղաքացիներու ոչ մէկ խումբ կամ կազմակերպութիւն անհամար սուտերուն, անգթութեան եւ գազանային արարքներուն դէմ խօսեցաւ»։ Միացեալ Նահանգներու Հրէական ողջակիզման զոհերու յիշատակի թանգարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, ան գրեց. «Հիմա՛ պատասխանս առի»։ Ան իմացաւ թէ Եհովայի վկաները իրենց հաւատալիքներուն մէջ հաստատուն կեցան՝ հակառակ իրենց դիմագրաւած բիրտ վերաբերմունքին։

Ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց բարոյական չափանիշներուն մասին։ «Ներկայիս կաթողիկէ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը եկեղեցական որոշ ուսուցումներու չի համաձայնիր, ինչպէս՝ կենակցութեան [եւ] նախամուսնական սեռի առնչութեամբ», կ’ըսէ պարբերաթերթ մը (U.S. Catholic)։ Ատիկա կը մէջբերէ սարկաւագի մը խօսքը, որ ըսաւ. «Հսկայ տոկոս մը կը տեսնեմ,– կը խորհիմ աւելի քան 50 առ հարիւր,– որոնք արդէն իրարու հետ կ’ապրին, երբ ամուսնանալու կու գան»։ Պրիթանիքա նոր համայնագիտարան–ը դիտել կու տայ, թէ Եհովայի վկաները «անձնական վարքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշի կարեւորութիւն կու տան»։