Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք»

«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք»

«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք»

«Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։31, 32

Ի՛նչ կը նշանակէ։ Յիսուսի «խօսք»ը կը նշանակէ իր ուսուցումները, որոնք աւելի բարձր աղբիւրէ մը եկան։ «Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ», ըսաւ Յիսուս (Յովհաննէս 12։49)։ Իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ ուղղած աղօթքին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ Ան իր ուսուցումներուն թիկունք կանգնելու համար, յաճախ Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերեց (Յովհաննէս 17։17. Մատթէոս 4։4, 7, 10)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեաները ‘իր խօսքին մէջ կը կենան’, այսինքն, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս «ճշմարտութիւն» եւ իրենց հաւատալիքներուն ու սովորութիւններուն վերջնական աղբիւր։

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Աստուածաշունչի ամէնէն բազմավաստակ գրագէտ՝ Պօղոս առաքեալ, Յիսուսի նման Աստուծոյ Խօսքը յարգեց։ Ան գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Իրենց հաւատակիցներուն սորվեցնելու նշանակուած տղամարդիկը, ‘իրենց սորված վստահելի վարդապետութիւնը ամրօրէն պէտք էր պահէին’ (Տիտոս 1։7, 9, Անթիլիաս)։ Նախկին քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած էր, որ մերժէին ‘փիլիսոփայութիւնը ու փուճ խաբէութիւնը, որ մարդոց աւանդութեան պէս էր ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս’ (Կողոսացիս 2։8

Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ 1965–ին, Վատիկանը Աստուածային յայտնութեան վերաբերեալ վարդապետական սահմանադրութիւն–ը որդեգրեց։ Կաթողիկէ եկեղեցիին կրօնագիտութիւնը զայն մէջբերելով՝ կ’ըսէ. «Միայն Սուրբ Գրութիւններէն չէ որ [կաթողիկէ] եկեղեցին բոլոր յայտնուած բաներուն մասին իր վստահութիւնը կը կերտէ։ Հետեւաբար, թէ՛ սրբազան աւանդութիւնը եւ թէ Սուրբ Գրութիւնները, նոյն հաւատարմութեամբ եւ ակնածանքով պէտք է ընդունուին եւ մեծարուին»։ Մէքլինզ պարբերաթերթին մէկ յօդուածը, Քանատայի Թորոնթոյէն քարոզչուհիի մը խօսքերը կը մէջբերէ, որ հարց տուաւ. «Մենք մեզ առաջնորդելու համար, երկու հազար տարի առաջ եղած ‘յեղափոխական’ ձայնի մը պէտք ունի՞նք։ Մենք մեր անձնական հոյակապ գաղափարները ունինք, որոնք շարունակ տկար կ’իյնան երբ կը ստիպուինք զանոնք Յիսուսին եւ Սուրբ Գրութիւններուն հետ կապել»։

Եհովայի վկաներու առնչութեամբ Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը նշէ. «Անոնք Աստուածաշունչը կը նկատեն որպէս իրենց հաւատալիքներուն միակ աղբիւրը եւ վարքի կանոնը»։ Վերջերս, Քանատայի մէջ տղամարդ մը Եհովայի վկայի մը խօսքը ընդհատեց, մինչ ան ինքզինք կը ծանօթացնէր։ «Գիտեմ ո՛վ կ’ըլլաս», ըսաւ տղամարդը,– անոր Աստուածաշունչը մատնանշելով,– «ստորագրութենէդ»։