Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»

«Եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»

«Եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»

«Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։34, 35

Ի՛նչ կը նշանակէ։ Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ զիրար սիրեն, ինչպէս ինք զիրենք սիրեց։ Յիսուս զանոնք ինչպէ՞ս սիրեց։ Ան բոլոր մարդիկը սիրեց, հակառակ ուրիշ ազգերու եւ կիներու դէմ եղած կեցուածքներուն (Յովհաննէս 4։7-10)։ Սէրը մղեց Յիսուսը, որ իր ժամանակը, կորովը եւ անձնական հանգստութիւնը զոհէ, ուրիշներուն օգնելու համար (Մարկոս 6։30-34)։ Ի վերջոյ, Քրիստոս իր սէրը գերագոյն կերպով ցոյց տուաւ։ Ան ըսաւ «Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ» (Յովհաննէս 10։11

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները զիրար «եղբայր» կամ «քոյր» կը կոչէին (Փիլիմոն 1, 2)։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կ’ընդունուէին, քանի որ կը հաւատային թէ «խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է» (Հռովմայեցիս 10։11, 12)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Երուսաղէմի մէջ եղող աշակերտները «ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար»։ Ի՞նչ նպատակով։ Որպէսզի նոր մկրտուածները կարենային Երուսաղէմ մնալ եւ շարունակել ‘առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն ըլլալ’ (Գործք 2։41-45)։ Ի՞նչ բան այսպիսի արարքներու մղեց։ Առաքեալներուն մահէն 200 տարի չանցած, Տերտուղիանոս մէջբերեց ինչ որ ուրիշներ քրիստոնեաներուն մասին ըսին. «Ինչպէ՜ս զիրար կը սիրեն. . . եւ ինչպէ՜ս իրարու համար նոյնիսկ մեռնելու պատրաստ են»։

Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ 1837–ին լոյս տեսած գիրք մը դիտել տուաւ, թէ դարերու ընթացքին, դաւանեալ քրիստոնեաները «շա՜տ աւելի բրտութիւն պատճառեցին իրարու, քան՝ այն ինչ որ նախանձախնդիր անհաւատներ իրենց պատճառեցին» (The History of the Decline and Fall of the Roman Empire)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը նկատեց, թէ կրօնասէր անհատներէն շատեր,– որոնց մեծամասնութիւնը դաւանեցաւ քրիստոնեայ ըլլալ,– նաեւ ցեղային նախապաշարում ունին։ Երկրի մը մէջ, եկեղեցասէրներ յաճախ ուրիշ երկրի մը նոյն յարանուանութեան պատկանող անհատներուն հետ կապ չունին, եւ այսպէս անկարող են կամ չեն մղուիր իրենց հաւատակիցներուն օգնելու երբ կարիք ըլլայ։

2004–ին, երկու ամսուան մէջ իրարայաջորդ չորս ոլորամրրիկներ Ֆլորիտան հարուածելէ ետք, Ֆլորիտայի Ստիպողական պարագայի գործողութիւններու յանձնախումբին ատենապետը ստուգեց, որպէսզի վստահ ըլլայ թէ իրենց մթերքը պատշաճօրէն կը գործածուէր։ Ան ըսաւ, թէ որեւէ խումբ Եհովայի վկաներուն նման կազմակերպուած չէր, եւ առաջարկեց Վկաներուն տալ որեւէ մթերք՝ որուն պէտք ունէին։ Իսկ նախապէս, 1997–ին, Եհովայի վկաներու օգնութեան խումբ մը, դեղերով, ուտելիքով եւ հագուստներով, ճամբորդեց դէպի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն, իրենց եղբայրներուն եւ կարիքաւորներուն օգնելու համար։ Եւրոպայի մէջ հաւատակիցներ շուրջ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար արժող մթերք նուիրած էին։