Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնե՞ս

Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնե՞ս

Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնե՞ս

«Տիրոջ փառքը կ’արտացոլացնենք հայելիի մը պէս» (Բ. ԿՈՐ. 3։18, Անթիլիաս

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան փառաւորել։

Մեր աղօթքները եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ Աստուծոյ փառքը արտացոլացնենք։

Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ շարունակենք Եհովան փառաւորել։

1, 2. Ինչո՞ւ տրամաբանական է ակնկալել, թէ կրնանք Եհովայի յատկութիւնները ընդօրինակել։

ՁԵՒՈՎ մը, բոլորս մեր ծնողներուն կը նմանինք։ Ուստի, զարմանալի չէ լսել անհատ մը որ տղեկի մը կ’ըսէ. ‘Դուն ճի՛շդ հօրդ նման ես’. իսկ աղջնակի մըն ալ ըսուի՝ ‘Ինծի մայրդ կը յիշեցնես’։ Եւ երեխաները յաճախ կ’ընդօրինակեն ա՛յն ինչ որ իրենց ծնողքին մէջ կը տեսնեն։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Կրնա՞նք մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան՝ ընդօրինակել։ Թէեւ զինք չենք տեսած, սակայն կրնանք իր թանկարժէք յատկութիւններուն մասին սորվիլ՝ իր Խօսքը ուսումնասիրելով, իր ստեղծագործութիւնը զննելով, եւ խոկալով Սուրբ Գրութիւններուն վրայ,– յատկապէս իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն եւ արարքներուն վրայ (Յովհ. 1։18. Հռով. 1։20)։ Ուրեմն, կարելի՛ է որ մենք Եհովայի փառքը արտացոլացնենք։

2 Ադամն ու Եւան ստեղծուելէ առաջ, Աստուած վստահ էր որ մարդիկ պիտի կարողանային իր կամքը կատարել, իր յատկութիւնները արտացոլացնել եւ իրեն փառք բերել (կարդա՛ Ծննդոց 1։26, 27Աստուածպաշտութիւն ի գործ դնելով, պէտք է մեր Ստեղծիչին յատկութիւնները դրսեւորենք։ Եթէ այդպէս ընենք, Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու օրհնեալ առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր մշակոյթը, ուսումը կամ էթնիքական ենթահողը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

3. Մինչ Եհովային կը ծառայեն, քրիստոնեաները ո՞ր զգացումը կրնան վայելել։

3 Օծեալ քրիստոնեաները Եհովայի փառքը կ’արտացոլացնեն։ Ուստի, հոգիէն–ծնած Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ’արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը» (Բ. Կոր. 3։18, Անթիլիաս)։ Երբ Մովսէս մարգարէն Տասը պատուիրանները կրող երկու տախտակներով Սինա լեռնէն վար իջաւ, անոր երեսը լուսափայլ էր, քանի որ Եհովային հետ խօսած էր (Ել. 34։29, 30)։ Թէեւ քրիստոնեաները համանման փորձառութիւն մը չեն ունեցած եւ անոնց երեսը լուսափայլ չէ, սակայն անոնց երեսը ուրախութեամբ կը շողայ, մինչ ուրիշներուն կը խօսին Եհովային, իր յատկութիւններուն եւ մարդկութեան վերաբերեալ իր հոյակապ նպատակին մասին։ Վաղեմի փայլուն մետաղեայ հայելիներուն նման, օծեալներն ու իրենց երկրային ընկերակիցները այսպէս Եհովային փառքը կ’արտացոլացնեն իրենց կեանքին եւ ծառայութեան մէջ (Բ. Կոր. 4։1)։ Եհովային փառքը կ’արտացոլացնե՞ս բարեպաշտ վարքով եւ գործունէութեամբ որպէս Թագաւորութեան կանոնաւոր ծանուցանող։

ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՓԱՌՔԸ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՆԵԼ

4, 5. ա) Պօղոսի նման, ի՞նչ մաքառում ունինք։ բ) Մեղքը ինչպէ՞ս մեզի ազդած է։

4 Եհովային ծառաները ըլլալով, վստահաբար կ’ուզենք մեր Ստեղծիչին պատիւ ու փառք բերել՝ մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ։ Սակայն շատ յաճախ, ա՛յն ինչ որ կ’ուզենք ընել՝ չենք ըներ։ Պօղոս անձամբ այս խնդիրը դիմագրաւած էր (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-25Բացատրելով թէ ինչո՛ւ այսպիսի մաքառում մը ունինք, ան գրեց. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռով. 3։23)։ Արդարեւ, քանի որ Ադամ մեղանչեց, մարդկութիւնը «մեղք»ին դառն տիրապետութեան ենթարկուեցաւ (Հռով. 5։12. 6։12

5 Ի՞նչ է մեղքը։ Ա՛յն՝ ինչ որ Եհովայի անձնաւորութեան, ճամբաներուն, չափանիշներուն եւ կամքին հակառակ է։ Ատիկա անհատին եւ Աստուծոյ միջեւ եղած փոխյարաբերութեան վնաս կը հասցնէ։ Մեղքը պատճառ կը դառնայ, որ նշանակէտէն վրիպինք, ճիշդ ինչպէս որ աղեղնաւորը կրնայ նետը արձակել, բայց թիրախին կեդրոնը չհարուածել։ Մենք կրնանք դիտմամբ կամ սխալմամբ մեղանչել (Թուոց 15։27-31)։ Մեղքը խորապէս արմատացած է մարդոց մէջ, եւ իրենց ու իրենց Արարիչին միջեւ խոչընդոտ մը կը ստեղծէ (Սաղ. 51։5. Եսա. 59։2. Կող. 1։21)։ Մարդոց մեծամասնութիւնը այնպիսի կենցաղակերպ մը ունի, որ զիրենք բոլորովին Աստուծմէ կը բաժնէ. ուստի, անոնք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու անգին պատեհութիւնը կը կորսնցնեն։ Ո՛չ մէկ բան ա՛յսքան վատ ազդեցութիւն ունի մարդկութեան վրայ, որքան՝ մեղքը։

6. Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած փառաւորել։

6 Հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին, Եհովան «յուսոյ Աստուած» է (Հռով. 15։13)։ Ան մեղքը ջնջելու միջոցը հայթայթած է,– Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը։ Այդ զոհին հաւատք ընծայելով, այլեւս ‘մեղքին ծառայ’ չենք, այլ՝ ի վիճակի ենք Եհովայի փառքը արտացոլացնելու (Հռով. 5։19. 6։6. Յովհ. 3։16)։ Աստուծոյ հետ այս ընդունելի փոխյարաբերութիւնը պահպանելը, այժմ մեզի կ’երաշխաւորէ Անոր օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կատարելութեան ապագայ օգուտները եւ յաւիտենական կեանքը։ Թէեւ տակաւին մեղաւորներ ենք, սակայն ի՜նչ օրհնութիւն է՝ Աստուծոյ կողմէ նկատուիլ անհատներ, որոնք կրնան իր փառքը արտացոլացնել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՆԵԼ

7. Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու համար, ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք մեր մասին։

7 Որպէսզի կարենանք պատշաճ կերպով Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել, պէտք է անկեղծաբար գիտակցինք մեր մեղաւոր բնոյթին (Բ. Մն. 6։36)։ Պէտք է մեր մեղաւոր հակումները ընդունինք եւ անոնց դէմ պայքարինք, որպէսզի կարենանք իսկապէս Աստուած փառաւորել։ Օրինակ, եթէ կը մեղանչենք պոռնկագրութիւն դիտելով, պէտք է ընդունինք որ երէցներուն օգնութեան կարիքը ունինք եւ ապա անոնց օգնութիւնը խնդրենք (Յակ. 5։14, 15)։ Ասիկա առաջին բանն է որ պէտք է ընենք, եթէ իրապէս կ’ուզենք Աստուած փառաւորել։ Եհովայի երկրպագուներն ըլլալով, պէտք է շարունակ ինքնաքննութիւն ընենք, վստահ ըլլալու համար թէ արդեօք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրի՛նք (Առ. 28։18. Ա. Կոր. 10։12)։ Մեր մեղաւոր հակումներուն բնոյթը ի՛նչ ալ ըլլայ, պէտք է յարատեւաբար ջանանք զանոնք զսպել, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։

8. Կատարեալ չըլլալով հանդերձ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Յիսուս ցարդ ապրած միակ մարդն է որ միշտ Աստուծոյ աչքին հաճելի բաներն ըրաւ եւ կատարելապէս Անոր փառքը արտացոլացուց։ Թէեւ Յիսուսին նման կատարեալ չենք, այսուհանդերձ կրնանք եւ պէտք է ջանանք անոր օրինակին հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21)։ Եհովան ոչ միայն մեր յառաջդիմութիւնը կը նշմարէ, այլ նաեւ՝ զինք փառաւորելու մեր թափած ջանքերը. եւ ան կ’օրհնէ այս ջանքերը։

9. Աստուծոյ պահանջներուն համաձայն ապրիլ փափաքող քրիստոնեաներուն կեանքէն ներս ի՞նչ դեր կը խաղայ Աստուածաշունչը։

9 Եհովայի գրաւոր Խօսքը կրնայ մեզի օգնել որ հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ կերպով Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։ Սուրբ Գրութիւններու խորազնին ուսումնասիրութիւնը եւ խոկալով զանոնք կարդալը կենսական են (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը, մեզի պիտի օգնէ բարեփոխումներ ընելու (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25Աստուածաշունչի գիտութիւնը մեր հաւատքին հիմն է եւ լուրջ մեղքէ խուսափելու ու Եհովան հաճեցնելու մեր վճռականութիւնը ամրացնելու միջոցն է (Սաղ. 119։11, 47, 48

10. Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզի կրնայ օգնել որ Եհովային աւելի լիակատար կերպով ծառայենք։

10 Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու համար, պէտք է նաեւ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ (Հռով. 12։12)։ Կրնա՛նք եւ պէտք է աղօթենք, որ Եհովան մեզի օգնէ որպէսզի ընդունելի կերպով իրեն ծառայենք։ Ասիկա իրագործելու համար, կրնանք պատշաճօրէն իրմէ խնդրել որ մեզի սուրբ հոգին տայ, մեր հաւատքը աւելցնէ, փորձութեան դիմադրելու ոյժ տայ եւ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’ կարողութիւն շնորհէ (Բ. Տիմ. 2։15. Մատ. 6։13. Ղուկ. 11։13. 17։5)։ Պէտք է մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային՝ օգնութեան վստահինք, ճիշդ ինչպէս որ զաւակ մը իր հօր կը վստահի։ Եթէ իրմէ խնդրենք որ մեզի օգնէ, որպէսզի իրեն աւելի լիակատար կերպով ծառայենք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ ան այդպէս պիտի ընէ։ Թող որ բնա՛ւ չզգանք թէ զինք կը նեղացնենք։ Փոխարէն, աղօթքով զինք փառաբանենք, շնորհակալութիւն յայտնենք, իր առաջնորդութիւնը հայցենք,– մանաւանդ փորձութեան ներքեւ,– եւ խնդրենք որ մեզի օգնէ որ իրեն ծառայենք այնպիսի կերպերով, որոնք իր սուրբ անունը կը փառաւորեն (Սաղ. 86։12. Յակ. 1։5-7

11. Ժողովները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն որ Աստուծոյ փառքը արտացոլացնենք։

11 Աստուած իր թանկագին ոչխարներուն հոգատարութիւնը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վստահած է (Մատ. 24։45-47. Սաղ. 100։3)։ Ծառայ դասակարգը շատ հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՛ս իր հաւատակիցները Եհովային փառքը կ’արտացոլացնեն։ Մեր ժողովները մեզի կ’օգնեն որ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընենք եւ մեր քրիստոնէական յատկութիւնները բարելաւենք, ճիշդ ինչպէս որ դերձակ մը մեր հագուստը պիտի շտկէր եւ մեր արտաքին երեւոյթը պիտի բարելաւէր (Եբ. 10։24, 25)։ Անոր համար պէտք է ջանանք ճիշդ ժամուն ժողովներուն հասնիլ։ Եթէ ժողովներուն ուշ հասնելու սովորութիւնը ունինք, պիտի չօգտուինք անոնց հայթայթած բոլոր օգնութիւններէն։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

12. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած ընդօրինակել։

12 Եթէ Եհովային փառքը պիտի արտացոլացնենք, պէտք է «Աստուծոյ նմանող ըլլանք» (Եփ. 5։1)։ Եհովան ընդօրինակելու կերպ մըն է՝ հարցերու շուրջ իր տեսակէտը որդեգրել։ Եթէ ջանանք ուրիշ կենցաղակերպ վարել, զինք կ’անպատուենք եւ մենք մեզ կը քանդենք։ Քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ չարին՝ Բանսարկու Սատանային՝ ազդեցութեան տակ է, պէտք է ծանր աշխատինք, որպէսզի ատենք ա՛յն ինչ որ Եհովան կ’ատէ եւ իր սիրած բաներուն հանդէպ խոր սէր ունենանք (Սաղ. 97։10. Ա. Յովհ. 5։19)։ Պէտք է սրտանց համոզուինք թէ Աստուծոյ ծառայելու միակ պատշաճ կերպն է՝ բոլոր բաները իր փառքին համար ընել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31

13. Ինչո՞ւ պէտք է մեղքը ատենք, եւ ասիկա մեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

13 Եհովան կ’ատէ մեղքը, եւ մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Եթէ մեղքը կ’ատենք, կարելի եղածին չափ հեռու պիտի մնանք որեւէ բանէ որ կրնայ պատճառ դառնալ որ մեղանչենք։ Օրինակ, պէտք է զգուշանանք հաւատուրացութեան տեղի տալէ. մեղք մը՝ որ կրնայ մեզ Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելու անատակ դարձնել (Բ. Օր. 13։6-9)։ Ուստի, կապ չունենանք հաւատուրացներու հետ կամ ոեւէ մէկու հետ որ կը դաւանի եղբայր ըլլալ, բայց Աստուած կ’անպատուէ։ Ասիկա պէտք է ըլլայ պարագան նո՛յնիսկ երբ ան ընտանիքի անդամ է (Ա. Կոր. 5։11)։ Հաւատուրացներուն կամ Եհովայի կազմակերպութիւնը քննադատող անհատներուն առարկութիւնները ջանալ հերքելը մեզի չ’օգտեր։ Իրականութեան մէջ, հոգեւորապէս վտանգաւոր եւ անպատշաճ է՝ ատոնց գրաւոր կամ համացանցի վրայ եղող տեղեկութիւնները կարդալ (կարդա՛ Եսայի 5։20. Մատթէոս 7։6

14. Երբ կը ջանանք Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել, ո՞ր յատկութիւնը մեր մէջ աչքառու պէտք է ըլլայ եւ ինչո՞ւ։

14 Մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելու հոյակապ կերպ մըն է՝ սէր դրսեւորել։ Այո, իրեն պէս պէտք է սիրառատ ըլլանք (Ա. Յովհ. 4։16-19)։ Իրականութեան մէջ, մեր միջեւ եղող սէրը մեզ կը բնորոշէ որպէս Յիսուսի աշակերտներ եւ Եհովայի ծառաներ (Յովհ. 13։34, 35)։ Որովհետեւ անկատար ենք, ատեններ դժուար կրնայ ըլլալ սէր դրսեւորել։ Բայց պէտք է ջանանք՝ ամէն ատեն սիրառատ ըլլալ։ Սէր եւ աստուածային այլ յատկութիւններ մշակելը մեզ ետ պիտի պահէ անազնիւ եւ մեղաւոր բաներ ընելէ (Բ. Պետ. 1։5-7

15. Սէրը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութեան։

15 Սէրը մեզ կը մղէ որ ուզենք բարի բաներ ընել մարդոց (Հռով. 13։8-10)։ Զոր օրինակ, կողակիցին հանդէպ սէրը ամուսնական անկողինը անարատ պիտի պահէ։ Երէցներուն հանդէպ սէրը ե՛ւ ատոնց աշխատանքը յարգելը մեզի պիտի օգնէ որ անոնց ուղղութեան հնազանդինք ու ենթարկուինք։ Այն զաւակները՝ որոնք կը սիրեն իրենց ծնողները, կը հնազանդին ու կը պատուեն զանոնք, եւ անոնց մասին բացասականօրէն չեն խօսիր։ Եթէ մարդիկը կը սիրենք, զանոնք ստորադաս պիտի չնկատենք կամ անոնց հետ անարգանքով պիտի չխօսինք (Յակ. 3։9)։ Եւ երէցները որոնք Աստուծոյ ոչխարները կը սիրեն, անոնց հետ քնքշութեամբ պիտի վարուին (Գործք 20։28, 29

16. Սէր դրսեւորելը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ծառայութեան մէջ։

16 Սիրոյ յատկութիւնը նաեւ աչքառու պէտք է ըլլայ մեր ծառայութեան մէջ։ Քանի որ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունինք, թոյլ պիտի չտանք որ կարգ մը տանտէրներու անտարբերութիւնը կամ բացասական հակազդեցութիւնը մեզի ազդէ։ Փոխարէն, պիտի շարունակենք բարի լուրը քարոզել։ Սէրը մեզ պիտի մղէ որ լաւ պատրաստուինք եւ ջանանք ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալ։ Եթէ իրապէս Աստուած եւ մեր ընկերը կը սիրենք, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը բեռ մը կամ պարտականութիւն մը պիտի չնկատենք։ Փոխարէն, զայն մե՜ծ առանձնաշնորհում մը պիտի նկատենք եւ ուրախութեա՛մբ պիտի քարոզենք (Մատ. 10։7

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԵՀՈՎԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼ

17. Ինչո՞ւ կ’օգտուինք երբ ընդունինք որ Աստուծոյ փառքէն կը պակսինք։

17 Ընդհանուր առմամբ աշխարհը մեղքին լրջութեան գիտակից չէ, սակայն մենք գիտակից ենք։ Անոր համար, գիտենք թէ մեղաւոր հակումներու դէմ պայքարելու կարիքը ունինք։ Մեր մեղաւոր բնոյթը ընդունիլը մեզի թոյլ կու տայ որ մեր խղճմտանքը մարզենք, որպէսզի մեզ մղէ պատշաճօրէն վարուելու, երբ մեղք գործելու հակումը սկսի զարգանալ մեր մտքին ու սրտին մէջ (Հռով. 7։22, 23)։ Ճիշդ է որ կրնանք տկար ըլլալ, սակայն Աստուած կրնայ մեզ զօրացնել, որպէսզի որեւէ պարագայի ներքեւ շիտակը ընենք (Բ. Կոր. 12։10

18, 19. ա) Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ չար ոգիներու դէմ յաջողապէս պայքարինք։ բ) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

18 Եթէ Եհովան պիտի փառաւորենք, պէտք է նաեւ չար ոգիներու դէմ պայքարինք։ Մեր աստուածատուր հոգեւոր սպառազինութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ յաջողութեամբ պայքարինք (Եփ. 6։11-13)։ Սատանան անդադար կը ջանայ որ Եհովան զրկէ այն փառքէն՝ որուն միայն Ինք արժանի է։ Բանսարկուն նաեւ կը շարունակէ ամէն ջանք թափել, որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կործանէ։ Սակայն ի՜նչ ապտակ մը կը ստանայ ան, երբ մենք եւ միլիոնաւոր անկատար տղամարդիկ, կիներ ու երեխաներ ուղղամտութիւն կը պահպանենք եւ Աստուած կը փառաւորենք։ Հետեւաբար, շարունակե՛նք Եհովան գովաբանել, ինչպէս որ երկնային արարածները զինք կը փառաբանեն՝ բացագանչելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։10բ

19 Թող վճռե՛նք շարունակել Եհովան փառաւորել, ի՛նչ որ ալ պատահի։ Ան վստահաբար կ’ուրախանայ տեսնելով բազմաթիւ հաւատարիմ անհատներ, որոնք իրենց ամէն կարելին կ’ընեն զինք ընդօրինակելու եւ իր փառքը արտացոլացնելու համար (Առ. 27։11)։ Թող Դաւիթի զգացումները բաժնենք, որ տաղերգեց. «Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ» (Սաղ. 86։12)։ Որքա՜ն կը տենչանք ա՛յն օրուան՝ երբ Եհովային փառքը կատարելապէս պիտի արտացոլացնենք եւ կարենանք յաւիտեա՛ն զինք փառաբանել։ Ասիկա հնազանդ մարդկութեան վայելելիք ուրախութիւնը պիտի ըլլայ։ Այժմ Եհովա Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնե՞ս, ասիկա յաւիտեա՛ն ընելու հեռանկարը ունենալով։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովային փառքը այս կերպերով կ’արտացոլացնե՞ս