Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս կը գնահատե՞ս Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը

Իրապէս կը գնահատե՞ս Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը

Իրապէս կը գնահատե՞ս Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը

«Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ» (ՀՌՈՒԹ 1։9

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՓՆՏՌԷ՛

Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները գնահատեցին ամուսնութեան իր պարգեւը։

Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան հետաքրքրուած է մեր կողակից ընտրելով։

Ամուսնութեան վերաբերեալ աստուածաշնչական ի՞նչ խրատ կը ծրագրես կիրարկել քու կեանքիդ մէջ։

1. Նկարագրէ՛ Ադամին հակազդեցութիւնը, երբ կին մը ստացաւ։

«ԱՍԻԿԱ ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ» (Ծն. 2։23)։ Որքա՜ն ուրախացաւ առաջին մարդը՝ Ադամ, երբ կին մը ստացաւ. ան նո՛յնիսկ բանաստեղծական խօսքեր սկսաւ ըսել։ Ադամին վրայ խորունկ քուն մը բերելէ ետք, Եհովան այս գեղեցիկ կինը ստեղծեց՝ անոր կողոսկրներէն մէկը գործածելով։ Ետքը, Ադամ զայն Եւա անուանեց։ Աստուած զանոնք միացուց երջանիկ ամուսնութեամբ։ Քանի որ Աստուած Ադամի կողոսկրը գործածեց որպէս հիմ կնոջ ստեղծագործութեան, Ադամն ու Եւան շատ աւելի մօտիկ էին իրարու քան ոեւէ այժմու այր ու կին։

2. Այրերն ու կիները ինչո՞ւ իրարմով կը հրապուրուին։

2 Իր աննման իմաստութեամբ, Եհովան մարդոց մէջ զետեղեց կարողութիւնը ռոմանթիկ սէր արտայայտելու,– յատկութիւն մը որ այրերն ու կիները իրարու կը քաշէ։ Բազմաթիւ մարդիկ կը յուսան, որ երբ ամուսնանան, իրենց սէրը յաւիտեան մնայ։

ԱՆՈՆՔ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԷԻՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԻՆ ՀԱՄԱՐ

3. Իսահակ ինչպէ՞ս կին մը ստացաւ։

3 Հաւատարիմ Աբրահամ մեծապէս կը յարգէր ամուսնութիւնը։ Ուստի, ան իր աւագ ծառան Միջագետք ղրկեց որ Իսահակին համար կին գտնէ։ Այդ ծառային աղօթքը լաւ արդիւնքներ բերաւ։ Աստուածավախ Ռեբեկան Իսահակին սիրելի կինը եղաւ եւ դեր մը խաղցաւ Եհովայի կարգադրութեան մէջ՝ Աբրահամին սերունդը պահպանելու (Ծն. 22։18. 24։12-14, 67)։ Բայց այս դէպքէն պէտք չէ եզրակացնենք, թէ անհատ մը առանց խնդրանքի պէտք է ջանայ ամուսնութիւն մը կարգադրել,– որքա՛ն ալ որ բարի նպատակով ըլլայ ան։ Արդի ընկերութեան մէջ, շատեր իրե՛նք կ’ընտրեն իրենց կողակիցը։ Ճիշդ է որ ամուսնութիւնները երկինքը չեն ըլլար, բայց Աստուած այս եւ կեանքի այլ մարզերու մէջ առաջնորդութիւն պիտի տայ քրիստոնեաներուն, եթէ ուղղութեան համար աղօթեն եւ առաջնորդուին իր հոգիով (Գաղ. 5։18, 25

4, 5. Ի՞նչը քեզ կը համոզէ, որ սողոմացին ու հովիւը մասնաւոր զգացումներ ունէին իրարու հանդէպ։

4 Վաղեմի իսրայէլի գեղեցիկ սողոմացի աղջիկը չուզեց որ իր բարեկամուհիները զինք ճնշեն՝ Սողոմոն թագաւորին բազմաթիւ կիներէն մէկը դառնալու։ Ան ըսաւ. «Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, որ իմ սիրուհիս [«իմ մէջս սէր», ՆԱ] չարթնցնէք ու չվերցնէք, մինչեւ որ ինք ուզէ» (Երգ 8։4)։ Սողոմացին եւ որոշ հովիւ մը իրարու հանդէպ մասնաւոր զգացումներ ունէին։ Սողոմացին խոնարհութեամբ ըսաւ. «Ես Սարօնին ծաղիկն եմ ու հովիտներուն շուշանը»։ Բայց հովիւը պատասխանեց. «Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ, այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ» (Երգ 2։1, 2)։ Անոնք ճշմարտապէս իրար կը սիրէին։

5 Որովհետեւ սողոմացին ու հովիւը գլխաւորաբար Աստուած կը սիրէին, անոնց ամուսնական կապը արդարեւ զօրաւոր պիտի ըլլար։ Սողոմացին իր սիրելի հովիւին մինչեւ իսկ ըսաւ. «Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս, քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր. վասն զի սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է. անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։ Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել. եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ, զանիկա բոլորովին կ’անարգեն» (Երգ 8։6, 7)։ Պէտք չէ՞ որ Եհովայի ծառաները միեւնոյն չափանիշն ու յանձնառութիւնը ակնկալեն իրենց կողակիցներէն։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔՈՎ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԷ

6, 7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած հետաքրքրուած է այն բանով, թէ զո՛վ կ’ընտրենք որպէս կողակից։

6 Եհովան հետաքրքրուած է կողակիցի ընտրութեամբդ։ Քանանի բնակիչներուն առնչութեամբ, Աստուած իսրայէլացիներուն պատուիրեց. «Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ. վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ» (Բ. Օր. 7։3, 4)։ Դարեր ետք, Եզրաս քահանան յայտարարեց. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք» (Եզր. 10։10)։ Իսկ Պօղոս առաքեալն իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով» (Ա. Կոր. 7։39

7 Եթէ Եհովայի նուիրուած ծառայ մը ամուսնանայ անհաւատի մը հետ, ասիկա Աստուծոյ չհնազանդելու արարք մը պիտի ըլլայ։ Եզրասի օրերուն, իսրայէլացիները անհաւատարիմ եղան՝ «օտար կիներ առնելով», եւ սխա՛լ պիտի ըլլայ որ մէկը փորձէ Սուրբ Գրութիւններու յստակ խօսքերը մեղմացնել (Եզր. 10։10. Բ. Կոր. 6։14, 15)։ Այն քրիստոնեան որ անհաւատի մը հետ կ’ամուսնանայ՝ օրինակելի չէ եւ Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւին նկատմամբ իսկական գնահատութիւն չի դրսեւորեր։ Մկրտուելէ ետք այդպիսի միութեան մէջ մտնելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը Աստուծոյ ծառաներու վայելած առանձնաշնորհումներէն ոմանք կորսնցնէ։ Եւ անտրամաբանական պիտի ըլլար օրհնութիւններ ակնկալելը, մինչ աղօթքով կը խոստովանի. ‘Եհո՛վա, ես գիտնալո՛վ չհնազանդեցայ քեզի. բայց ամէն պարագայի զիս օրհնէ՛’։

ՄԵՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ԳԻՏԷ

8. Բացատրէ թէ ամուսնութեան առնչութեամբ ինչո՛ւ պէտք է հետեւինք Աստուծոյ առաջնորդութեան։

8 Մեքենայ շինողը ճշգրտութեամբ գիտէ անոր աշխատելու կերպը։ Եթէ սարքը կազմելու կարիք կայ, ան կրնայ անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները հայթայթել։ Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ ուղղութիւնները անտեսենք եւ մեր ուզածին պէս կազմենք սարքը։ Եթէ մեքենան աշխատելու ըլլա՛յ ալ, արդիւնքը հաւանաբար ցաւալի պիտի ըլլայ։ Լաւ, եթէ կ’ուզենք երջանիկ ամուսնութեան մեր փափաքը իրականացնել, հարկ է որ հետեւինք այն ուղղութիւններուն, որոնք Եհովան հայթայթած է, ամուսնութեան Ստեղծիչը։

9. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովան կը հասկնայ մինակութեան զգացումները եւ ուրախութեան կարելիութիւնը ամուսնութեան մէջ։

9 Եհովան մարդկութեան եւ ամուսնութեան մասին ամէ՛ն բան գիտէ։ Ան մարդոց մէջ սեռային կարիք մը զետեղեց, որպէսզի ‘աճին ու շատնան’ (Ծն. 1։28)։ Աստուած մինակութեան զգացումները կը հասկնայ, որովհետեւ նախքան առաջին կինը ստեղծելը, ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» (Ծն. 2։18)։ Եհովան նաեւ լիովին գիտակից է, թէ ամուսնութեան մէջ ուրախութեան կարելիութիւնը առկայ է (կարդա՛ Առակաց 5։15-18

10. Ի՞նչ ազդակներ պէտք է կառավարեն ամուսնացած քրիստոնեայ զոյգին մտերմիկ յարաբերութիւնները։

10 Որովհետեւ մեղաւոր Ադամ մարդկային ցեղին վրայ մեղքն ու անկատարութիւնը բերաւ, ներկայիս ամուսնութիւն մը չկայ որ կատարեալ է։ Սակայն Եհովայի ծառաներուն մէջ, ամուսնութիւնը կրնայ իսկական ուրախութիւն պատճառել, եթէ Աստուծոյ Խօսքը կիրարկուի։ Օրինակ, նկատի առ Պօղոսի տուած յստակ խրատը՝ ամուսնութեան մէջ մտերմիկ յարաբերութիւններու վերաբերեալ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։1-5Աստուածաշնչականօրէն պահանջուած չէ, որ կողակիցներն իրենց սեռային յարաբերութիւնները սահմանափակեն լոկ զաւակներ բերելու ջանքերուն։ Այդպիսի մտերմութիւն կրնայ իրաւացիօրէն լեցնել զգացական եւ ֆիզիքական պէտքեր։ Սակայն այլասերած սովորութիւնները վստա՛հաբար Աստուած չեն հաճեցներ։ Քրիստոնեայ ամուսիններն ու կիները անկասկած պիտի ուզեն իրենց կեանքին այս կարեւոր երեսակը քնքշութեամբ նկատի առնել, իրարու հանդէպ իսկակա՛ն գուրգուրանք դրսեւորելով։ Եւ անշուշտ, անոնք պէտք է խուսափին որեւէ արարքէ, որ Եհովան կը տհաճեցնէ։

11. Եհովայի ուզածին պէս վարուելով, Հռութ ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ։

11 Ամուսնութիւնը ուրախալի պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ տրտմալից կամ անախորժ։ Յատկապէս քրիստոնէական տունը պէտք է հանգիստի եւ խաղաղութեան վայր ըլլայ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ շուրջ 3000 տարի առաջ, երբ տարիքը առած այրի Նոեմին եւ իր այրիացած հարսերը՝ Որփան ու Հռութը՝ Մովաբէն Յուդա կը վերադառնային։ Նոեմին իր հարսերը յորդորեց որ իրենց ժողովուրդին վերադառնան։ Մովաբացի Հռութ կառչած մնաց Նոեմիին, հաւատարիմ էր ճշմարիտ Աստուծոյ եւ երաշխիք ստացաւ թէ պիտի առնէր ‘վարձք մը Տէր Աստուծոյ կողմանէ, որուն թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնելու եկած էր’ (Հռութ 1։9. 2։12)։ Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը մեծապէս գնահատելով, Հռութ տարեց Բոոսին՝ Եհովայի ճշմարիտ մէկ երկրպագուին՝ կինը եղաւ։ Երբ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յարուցանուի, Հռութ պիտի հրճուի գիտնալով որ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը եղաւ (Մատ. 1։1, 5, 6. Ղուկ. 3։23, 32)։ Ան ի՜նչ օրհնութիւններ ստացաւ՝ Եհովայի ուզածին պէս վարուելով։

ՈՂՋԱՄԻՏ ԽՐԱՏ՝ ՅԱՋՈՂ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

12. Անհատ մը ո՞ւր կրնայ ամուսնութեան վերաբերեալ ողջամիտ խրատ գտնել։

12 Ամուսնութեան Ստեղծիչը մեզի կ’ըսէ ինչ որ պէտք ունինք գիտնալու յաջող ամուսնութեան մասին։ Մարդ արարած մը չկայ որ իրեն չափ գիտէ։ Աստուածաշունչը ամուսնութեան մասին ողջամիտ խրատի միակ աղբիւրն է եւ միշտ ճիշդ է։ Ուստի, ոեւէ խրատող անհատ պէտք է իր խրատները Աստուածաշունչի չափանիշներու վրայ հիմնէ։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի» (Եփ. 5։33)։ Այս աստուածաշնչական խրատին մէջ չկայ բան մը որ հասուն քրիստոնեաները չեն կրնար հասկնալ։ Սակայն հարցումը հետեւեալն է՝ Պիտի կիրարկե՞ն Եհովայի Խօսքը։ Այո՛, եթէ իրապէս կը գնահատեն ամուսնութեան իր պարգեւը։ *

13. Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը, եթէ ամուսինը չկիրարկէ Ա. Պետրոս 3։7–ի մէջ նշուած խրատը։

13 Քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ հետ սիրալիրօրէն պէտք է վարուի։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ» (Ա. Պետ. 3։7)։ Եթէ ամուսինը Եհովայի խրատը չկիրարկէ, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ իր աղօթքներուն։ Երկու կողակիցներուն ալ հոգեւոր վիճակը հաւանաբար գէշ կերպով պիտի ազդուի, թերեւս մեծ ճնշում, վէճեր եւ դաժան արարքներ պատճառելով։

14. Սիրալիր կինը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ընտանեկան կեանքին վրայ։

14 Եհովայի Խօսքով եւ սուրբ հոգիով առաջնորդուող կինը շատ բան կրնայ ընել՝ իր տունը հանդարտ եւ ուրախ վայր մը դարձնելու համար։ Բնական է որ աստուածավախ ամուսինը սիրէ իր կինը եւ պաշտպանէ զինք՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս։ Եւ կինը կը տենչայ անոր սիրոյն, ուստի հարկ է որ սիրելի ըլլայ անոր աչքին։ Առակաց 14։1–ը կ’ըսէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ»։ Իմաստուն եւ սիրալիր կինը մեծապէս կը նպաստէ իր ընտանիքին յաջողութեան եւ երջանկութեան։ Ան նաեւ ցոյց կու տայ թէ իրապէս կը գնահատէ Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը։

15. Եփեսացիս 5։22-25–ի մէջ ի՞նչ խրատ կը գտնենք։

15 Այն ամուսինն ու կինը, որոնք իրարու հետ նոյնպէս կը վարուին, ինչպէս որ Յիսուս վարուեցաւ իր ժողովքին հետ, երախտապարտութիւն կը դրսեւորեն Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւին համար (կարդա՛ Եփեսացիս 5։22-25Ի՜նչ օրհնութիւններ կը վայելեն կողակիցները, երբ իսկապէս իրար կը սիրեն ու բնաւ թոյլ չեն տար որ հպարտութիւնը, լուռ մնալու երեխայական վերաբերմունքը կամ այլ անքրիստոնէավայել վարքագծեր քայքայեն իրենց ամուսնութիւնը։

ՄԷԿԸ ԹՈՂ ՉԶԱՏԷ ԶԱՆՈՆՔ

16. Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՞ւ ամուրի կը մնան։

16 Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կը ծրագրէ կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին ամուսնանալ, սակայն Եհովայի ծառաներէն ոմանք ամուրի կը մնան, քանի որ չեն կրնար գտնել կողակից մը, որ թէ՛ զիրենք կը հաճեցնէ եւ թէ՝ Եհովան։ Ուրիշներ ունին ամուրիութեան աստուածատուր պարգեւը, որ իրենց թոյլ կու տայ որ չազդուին ամուսնութեան պատճառած խանգարումներէն եւ անձերնին Եհովայի ծառայութեան նուիրեն։ Բայց անշուշտ, ամուրիութիւնը պէտք է վայելել այն սահմաններուն մէջ, որոնք Եհովան դրած է (Մատ. 19։10-12. Ա. Կոր. 7։1, 6, 7, 17

17. ա) Ամուսնութեան վերաբերեալ Յիսուսի ո՞ր խօսքերը ի մտի պէտք է ունենանք։ բ) Եթէ ոեւէ քրիստոնեայ նոյնիսկ սկսի՛ ուրիշ անհատի մը կողակիցին ցանկալ, ի՞նչ պէտք է ընէ առանց ուշանալու։

17 Ըլլա՛նք ամուրի թէ ամուսնացած, բոլորս ալ ի մտի պէտք է ունենանք Յիսուսի այս խօսքերը. ‘Չէ՞ք կարդացեր թէ ան [Աստուած] որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ’ (Մատ. 19։4-6)։ Ուրիշ անհատի մը կողակիցին ցանկալը մեղք է (Բ. Օր. 5։21)։ Եթէ ոեւէ քրիստոնեայ սկսի այդպիսի անյագ ցանկութիւն զարգացնել, հարկ է որ արագօրէն արմատախիլ ընէ այդ անմաքուր տենչը, նոյնիսկ եթէ ասիկա ընելը զգացական մեծ ցաւ պիտի պատճառէ, որովհետեւ թոյլ տուաւ որ անձնասէր փափաքներ արթննան (Մատ. 5։27-30)։ Կենսական է որ այդպիսի մտքեր սրբագրուին եւ խաբեբայ սրտի մը մեղաւոր ցանկութիւնները զսպուին (Եր. 17։9

18. Կարծիքովդ, ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը։

18 Նոյնիսկ շատեր, որոնք չնչին կամ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին Եհովա Աստուծոյ եւ իր տուած ամուսնութեան պարգեւին մասին, գոնէ որոշ չափով երախտագիտութիւն ցուցաբերած են ամուսնական կապին համար։ Որքա՛ն աւելի մենք, որ նուիրուած ենք «երանելի Աստուծոյ»ն՝ Եհովային, պէտք է ուրախանանք իր տուած բոլոր կարգադրութիւններուն համար եւ փաստենք թէ ի՛րապէս կը գնահատենք Աստուծոյ տուած ամուսնութեան պարգեւը (Ա. Տիմ. 1։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Ամուսնութեան մասին մանրամասն քննարկութեանց համար, տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքին 10–րդ եւ 11–րդ գլուխները։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Ցոյց կու տա՞ս թէ իրապէս կը գնահատես Եհովայի տուած ամուսնութեան պարգեւը