Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լարուած ամուսնութեան նկատմամբ դրական տեսակէտ ունեցիր

Լարուած ամուսնութեան նկատմամբ դրական տեսակէտ ունեցիր

Լարուած ամուսնութեան նկատմամբ դրական տեսակէտ ունեցիր

«Ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը» (Ա. ԿՈՐ. 7։10

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

Ի՞նչ առումով Աստուած կողակիցները կը միացնէ։

Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել այն քրիստոնեաներուն, որոնք ամուսնական խնդիրներ ունին։

Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք ամուսնութիւնը։

1. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը նկատեն ամուսնութիւնը, եւ ինչո՞ւ։

ԵՐԲ քրիստոնեաներ կ’ամուսնանան, Աստուծոյ առջեւ ուխտ մը կ’ընեն,– պատասխանատուութիւն մը որ թեթեւի պէտք չէ առնուի (Ժող. 5։4-6)։ Եհովան ‘միաւորած է’ ամուսնացողները այն առումով, որ ինքն է ամուսնական կարգադրութեան Հիմնադիրը (Մար. 10։9)։ Այս լուծը առկայ է Աստուծոյ աչքին, ի՛նչ որ ալ ըլլան ամուսնութիւնը վաւերացնող օրէնքները։ Եհովայի ծառաները ամուսնութիւնը պէտք է նկատեն պարտաւորիչ կարգադրութիւն, նոյնիսկ եթէ իրենց հարսանիքին ատեն տակաւին իր երկրպագուները չէին։

2. Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկուին այս յօդուածին մէջ։

2 Յաջող ամուսնութիւնը կրնայ մեծ ուրախութիւն պատճառել։ Բայց ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ ամուսնական կապը լարուած է։ Կրնա՞յ տկարացած ամուսնութիւն մը զօրանալ։ Ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է անոնց, որոնց ամուսնական խաղաղութիւնը վտանգուած է։

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԹԷ՝ ՍՐՏԱՑԱՒ

3, 4. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ կողակից մը ընտրելու առնչութեամբ անհատ մը անխոհեմ որոշում կայացնէ։

3 Երբ քրիստոնեայի մը ամուսնութիւնը յաջողի, ասիկա ուրախութիւն է եւ Եհովային պատիւ կը բերէ։ Իսկ եթէ ձախողի, ասիկա մեծ սրտացաւ է։ Ամուսնութեան մասին մտածող ամուրի քրիստոնեան կարելիութիւնը ունի իր ապագայ ամուսնութեան լաւ սկիզբ մը տալու՝ հետեւելով Աստուծոյ առաջնորդութեան։ Իսկ միւս կողմէ, ամուսին մը կամ կին մը ընտրելու վերաբերեալ անխոհեմ որոշում կայացնող անհատը կրնայ դժգոհ ու վշտահար ըլլալ։ Օրինակի համար, պատանիներէն ոմանք կը սկսին ժամադրուիլ այն տարիքին, երբ տակաւին պատրաստ չեն ամուսնական կեանքին պատասխանատուութիւնները շալկելու։ Կարգ մը անհատներ համացանցին միջոցով ապագայ կողակից կը գտնեն եւ աճապարանօք որոշելով՝ շատ տխուր ամուսնութիւն մէջտեղ կը բերեն։ Ուրիշներ սիրատածութեան ընթացքին լուրջ մեղք կը գործեն եւ ամէն պարագայի կ’ամուսնանան. բայց թերեւս իրենց ամուսնական կեանքը սկսին չնչին յարգանք ունենալով իրարու հանդէպ։

4 Կարգ մը քրիստոնեաներ «միայն թէ Տէրոջմով» չեն ամուսնանար, եւ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի ցաւալի հետեւանքները կը կրեն (Ա. Կոր. 7։39)։ Եթէ պարագադ այս է, աղօթքով Աստուծմէ ներում եւ օգնութիւն խնդրէ։ Ան անհատի մը նախկին սխալներու ձգած ազդեցութիւնները չի վերցներ, սակայն զղջացողներուն կ’օգնէ որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլեն (Սաղ. 130։1-4)։ Ամէն ջանք թափէ զինք հաճեցնելու հի՛մա ու յաւիտեան, եւ ‘Տէրոջը ուրախութիւնը զօրութիւնդ պիտի ըլլայ’ (Նէ. 8։10

ԵՐԲ ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ԿԸ ՎՏԱՆԳՈՒԻՆ

5. Ապերջանիկ ամուսնութեան առնչութեամբ, ինչպիսի՞ մտածելակերպէ պէտք է խուսափիլ։

5 Ամուսնութեան մէջ սրտի ցաւ ունեցողները թերեւս հարց տան. ‘Իսկապէս կ’արժէ՞ իմ ապերջանիկ ամուսնութիւնս փրկել։ Ա՜խ, եթէ կարենայի ժամանակը ետեւ տանիլ եւ ուրիշ մէկ կողակիցով սկսիլ’։ Անոնք թերեւս կապը կտրելուն մասին երազեն. ‘Օ՜, դարձեալ ազատ ըլլալ։ Ինչո՞ւ չամուսնալուծուիմ։ Նոյնիսկ եթէ չեմ կրնար աստուածաշնչական ամուսնալուծում ընել, ինչո՞ւ չբաժնուիմ եւ կրկին կեանքը վայելեմ’։ Փոխանակ այս մտքերով տարուելու կամ պատկերացնելու թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ, քրիստոնեաները իրենց ներկայ հանգամանքին մէջ իրենց լաւագոյնը պէտք է ընեն՝ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը փնտռելով եւ անոր հետեւելով։

6. Մատթէոս 19։9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը բացատրէ՛։

6 Եթէ քրիստոնեայ մը պիտի ամուսնալուծուի, աստուածաշնչական գետնի վրայ կրնայ վերամուսնանալու համար ազատ ըլլալ կամ չըլլալ։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատ. 19։9)։ Հոս, «պոռնկութիւն» բառը կը պարփակէ շնութիւն եւ սեռային ուրիշ լուրջ մեղքեր։ Ամուսնալուծման որեւէ գաղափար աղօթքով կշռելը կենսական է, երբ երկու կողակիցներն ալ սեռային անբարոյութեամբ յանցաւոր չեն եղած։

7. Ականատեսները թերեւս ի՞նչ խորհին, եթէ քրիստոնէական ամուսնութիւն մը չյաջողի։

7 Անյաջող ամուսնութիւնը կրնայ անհատի մը հոգեւոր վիճակին մասին կասկածներ յարուցանել։ Պօղոս առաքեալ սա լուրջ հարցը յարուց. «Եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 3։5)։ Իրականութեան մէջ, երբ երկու կողակիցներն ալ քրիստոնեայ ըլլալ դաւանելով իրենց ամուսնութիւնը չեն յաջողցներ, ականատեսները թերեւս խորհին թէ անոնք իրապէս չեն գործադրեր ինչ որ կը քարոզեն (Հռով. 2։21-24

8. Ի՞նչ բան սխալ ըլլալու է, եթէ քրիստոնեայ ամոլներ որոշեն բաժնուիլ։

8 Եթէ մկրտուած կողակիցներ կը ծրագրեն՝ առանց աստուածաշնչական հիմի իրարմէ բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ, վստահաբար հոգեւորապէս սխալ բան մը կայ իրենց կեանքին մէջ։ Աստուածաշունչի սկզբունքները ակներեւաբար չեն կիրարկուիր կողակիցներէն մէկուն կամ թերեւս երկուքին ալ կողմանէ։ Եթէ անոնք իսկապէս ‘բոլոր սրտով Տէրոջը կ’ապաւինին’, պէտք է կարող ըլլան իրենց ամուսնութիւնը յաջողցնել (կարդա՛ Առակաց. 3։5, 6)։

9. Կարգ մը քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս վարձատրուած են՝ ամուսնութեան առնչութեամբ իրենց համբերատար ջանքերուն համար։

9 Երեւութապէս ձախողելու վրայ եղող բազմաթիւ ամուսնութիւններ՝ ժամանակի ընթացքին մեծապէս յաջողած են։ Այն քրիստոնեաները, որոնք դժուար ամուսնութենէ մը անմիջապէս վազ չեն անցնիր, յաճախ ընտիր վարձատրութիւն կը ստանան։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ կրօնապէս բաժնուած տան մէջ։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Արդարեւ, իր կողակիցին ընտիր վարքին շնորհիւ, անհաւատ մը թերեւս ընդունի ճշմարիտ հաւատքը։ Այդպիսի փրկուած ամուսնութիւն Աստուած կը պատուէ եւ կրնայ ճոխ օրհնութիւն ըլլալ ամուսինին, կնոջ եւ իրենց զաւակներուն համար, եթէ զաւակ ունին։

10, 11. Ամուսնութեան մէջ ի՞նչ անսպասելի խնդիրներ կրնան ծագիլ, բայց քրիստոնեան ի՞նչ բանէ կրնայ վստահ ըլլալ։

10 Եհովան հաճեցնելու փափաքը ունենալով, ամուրի քրիստոնեաներու մեծ մասը նուիրուած հաւատակիցներ կ’ընտրէ որպէս կողակից։ Սակայն ասով հանդերձ, պարագաները կրնան անսպասելիօրէն փոխուիլ։ Հազուագիւտ առիթներով, զոր օրինակ, կողակից մը կրնայ զգացական լուրջ խնդիրներ ունենալ։ Կամ, ամուսնանալէն ատեն մը ետք, լծակից մը թերեւս անգործունեայ հրատարակիչ դառնայ։ Լուսաբանենք։ Լինտան *, որ նախանձախնդիր քրիստոնեայ մը եւ նուիրուած մայր մըն է, առանց ձեռքէն բան մը գալու՝ դիտեց, մինչ իր մկրտուած ամուսինը անզեղջօրէն սկսաւ անաստուածաշնչական ուղի բռնել եւ վտարուեցաւ։ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ թուի թէ իր ամուսնական կապը անյոյս կը մաշի այսպիսի պատճառով։

11 Թերեւս հարցնես. ‘Պէ՞տք է շարունակ փորձեմ ամուսնութիւնս փրկել՝ ինչ որ ալ պատահելու ըլլայ’։ Ո՛չ ոք այսպիսի որոշում կրնայ կայացնել կամ պէտք է կայացնէ քեզի համար։ Բայց տկարացող ամուսնական կապէն վազ չանցնելու ողջամիտ պատճառներ կան։ Այն բարեպաշտ այրը կամ կինը որ խղճմտանքի սիրոյն կը դիմանայ դժուար ամուսնութեան բերած փորձութիւններուն, թանկագին է Աստուծոյ աչքին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։19, 20Իր Խօսքին եւ հոգւոյն միջոցով, Եհովան պիտի օգնէ այն քրիստոնեային, որ անկեղծօրէն կը ջանայ իր լարուած ամուսնութիւնը ամրացնել։

ԱՆՈՆՔ ՊԱՏՐԱ՛ՍՏ ԵՆ ՕԳՆԵԼՈՒ

12. Երէցները մեզ ինչպէ՞ս պիտի նկատեն, եթէ իրենց օգնութիւնը փնտռենք։

12 Եթէ ամուսնական խնդիրներ կը դիմագրաւես, մի՛ վարանիր հասուն քրիստոնեաներու հոգեւոր աջակցութիւնը փնտռելու։ Երէցները որպէս հօտին հովիւներ կը ծառայեն եւ ուրախութեա՛մբ ցոյց պիտի տան Սուրբ Գրութիւններու մէջ նշուած ներշնչեալ խրատները (Գործք 20։28. Յակ. 5։14, 15)։ Մի՛ եզրակացներ թէ դուն ու կողակիցդ երէցներու յարգանքը պիտի կորսնցնէք, եթէ հոգեւոր աջակցութիւն փնտռէք եւ իրենց հետ ամուսնական լուրջ խնդիր մը քննարկէք։ Ձեզի հանդէպ իրենց սիրալիր յարգանքը պիտի աւելնայ, մինչ կը տեսնեն թէ անկեղծօրէն կը փափաքիք Աստուած հաճեցնել։

13. Ի՞նչ խրատ կը գտնուի Ա. Կորնթացիս 7։10-16–ի մէջ։

13 Երբ կրօնապէս բաժնուած տան մէջ ապրող քրիստոնեաներ երէցներէն օգնութիւն խնդրեն, երէցները կրնան գործածել Պօղոսի խրատը. «Ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ (Իսկ եթէ զատուի ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։ . . .Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես» (Ա. Կոր. 7։10-16)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է, երբ անհաւատ կողակից մը ճշմարիտ պաշտամունքին կը միանայ։

14, 15. Քրիստոնեայ կողակից մը ե՞րբ կրնայ բաժնուելու հարցը նկատի առնել, բայց ինչո՞ւ կարեւոր է որ ասիկա անկեղծութեամբ եւ աղօթքով ընէ։

14 Ո՞ր պարագաներու ներքեւ կրնայ քրիստոնեայ կին մը ‘զատուիլ’։ Ոմանք ընտրած են բաժնուիլ, քանի որ իրենց կողակիցը կամովին ընտանիքին ապրուստը չի ճարեր։ Ուրիշներ այս քայլին դիմած են, ծայրայեղ ֆիզիքական չարչարանքին կամ քրիստոնեային հոգեւորութեան սպառնացող բացարձակ վտանգին պատճառաւ։

15 Բաժանումը անձնական որոշում է։ Սակայն, մկրտուած կողակիցը այս հարցը անկեղծութեամբ եւ աղօթքով նկատի պէտք է առնէ։ Օրինակ, անհաւատը լիովի՞ն պատասխանատու եղած է հոգեւորութեան վտանգին համար, թէ ոչ քրիստոնեան Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու նկատմամբ անհոգ գտնուած է, ժողովներուն յաճախ բացակայ եղած է, իսկ ծառայութեան մէջ՝ անկանոն։

16. Ի՞նչ բան ետ պէտք է պահէ քրիստոնեաները ամուսնալուծման վերաբերող որոշումներ աճապարանօք կայացնելէ։

16 Այն իրողութիւնը, թէ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը գանձ կը նկատենք եւ երախտապարտ ենք ամուսնութեան իր պարգեւին համար, պէտք է մեզ ետ պահէ ամուսնալուծման վերաբերող որոշումներ աճապարանօք կայացնելէ։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մենք իր սուրբ անուան սրբացումով հետաքրքրուած ենք։ Ուստի վստա՛հաբար բնաւ պիտի չծրագրենք ամուսնալուծուիլ, որպէսզի ուրիշ ամուսնութիւն մը կնքենք (Եր. 17։9. Մաղ. 2։13-16

17. Ինչպիսի՞ պարագաներու ներքեւ կարելի է ըսել, թէ Աստուած ամուսնացած քրիստոնեաները խաղաղութեան կանչած է։

17 Անհաւատի հետ ամուսնացած քրիստոնեան պէտք է անկեղծօրէն ջանայ իր ամուսնական կապը տոկուն պահել։ Բայց ան պէտք չէ յանցաւոր զգայ, եթէ հակառակ իր անկեղծ ջանքերուն միութիւնը պահելու, անհաւատ կողակիցը չուզէ իրեն հետ մնալ։ Պօղոս գրեց. «Եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ» (Ա. Կոր. 7։15 *

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՅՈՒՍԱ՛

18. Նոյնիսկ եթէ կարելի չէ ամուսնութիւնը փրկել, թափուած ջանքերէն ի՞նչ օգուտներ կրնան յառաջ գալ։

18 Ամուսնական որեւէ խնդիր ձեռք առնելու ատեն, Եհովային դիմէ քաջութեան համար եւ միշտ իրեն յուսա՛ (կարդա՛ Սաղմոս 27։14Նկատի առ նախապէս յիշուած Լինտան։ Անոր ամուսնութիւնը ամուսնալուծումով վերջ գտաւ, բայց ան երկար տարիներ ջանք թափած էր զայն փրկելու համար։ Լինտան կը զգա՞յ թէ իր ժամանակը պարապի վատնած էր։ «Բնա՛ւ երբեք», կ’ըսէ ան. ապա կ’աւելցնէ. «Ջանքերս լաւ վկայութիւն տուին դիտորդներուն։ Ես մաքուր խիղճ ունիմ։ Լաւագոյնը այն է, թէ այդ տարիները մեր աղջկան օգնեցին որ ճշմարտութեան մէջ հաստատուն մնայ։ Աղջիկս Եհովային նուիրուած նախանձախնդիր վկայ մը եղաւ»։

19. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ ամուսնութիւնը փրկելու ջանքեր թափուին։

19 Մարիլին անունով քրիստոնեայ կին մը ուրախ է, որ Աստուծոյ վստահեցաւ եւ յաւելեալ ջանքեր թափեց իր ամուսնութիւնը փրկելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Ես փորձուեցայ ամուսինէս բաժնուիլ, որովհետեւ ֆինանսական գետնի վրայ չէր օգներ ինծի եւ հոգեւորութեանս կը սպառնար։ Ան որպէս երէց ծառայեց, նախքան որոշ անխոհեմ առեւտրական կարգադրութիւններու մէջ մտնելը։ Ան սկսաւ ժողովներէն բացակայիլ եւ մենք պարզապէս դադրեցանք հաղորդակցելէ։ Երբ մեր քաղաքին մէջ ահաբեկչական յարձակում տեղի ունեցաւ, ես վախցայ ու սկսայ մեկուսանալ։ Այդ ատեն անդրադարձայ, թէ ե՛ս ալ սխալ եմ։ Ուստի դարձեալ սկսանք հաղորդակցիլ, ընտանեօք ուսումնասիրել եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Երէցները ազնիւ էին եւ մեզի մեծ օգնութիւն եղան։ Մեր ամուսնութիւնը նորէն բարգաւաճեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, ամուսինս դարձեալ որակեալ եղաւ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ստանալու։ Դժուար դաս մըն էր, բայց արդիւնքը բերկրալի էր»։

20, 21. Ամուսնութեան առնչութեամբ պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։

20 Ըլլա՛նք ամուրի թէ ամուսնացած, թող միշտ քաջաբար գործենք եւ Եհովային յուսանք։ Եթէ ամուսնական խնդիրներ կը դիմագրաւենք, հարկ է որ անկեղծօրէն ջանանք զանոնք լուծել՝ յիշելով որ ամուսնութեամբ միացածները «ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին» (Մատ. 19։6)։ Եւ թող ի մտի ունենանք, որ եթէ հակառակ դժուարութիւններուն՝ շարունակենք մնալ բաժնուած ընտանիքի մէջ, թերեւս մեր կողակիցը ճշմարիտ պաշտամունքին բերելու ուրախութիւնը վայելենք։

21 Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, վճռենք շրջահայեաց կերպով ընթանալ, որպէսզի ժողովքէն դուրս եղող դիտորդներէն ընտիր վկայութիւն ստանանք։ Եթէ մեր ամուսնութիւնը վտանգուած է, ջերմեռանդօրէն աղօթենք, մեր շարժառիթները անկեղծօրէն զննենք, Սուրբ Գրութիւնները բծախնդրաբար նկատի առնենք եւ երէցներուն հոգեւոր աջակցութիւնը փնտռենք։ Ամէն բանէ աւելի, վճռենք ամէն բանի մէջ Եհովա Աստուածը հաճեցնել եւ ցոյց տալ թէ ի՛րապէս կը գնահատենք ամուսնութեան իր հիանալի պարգեւը։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 10 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 17 Տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը, էջ 219-221. Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1988 թիւը, էջ 26-27, եւ 15 սեպտեմբեր 1975 թիւը, էջ 575 (անգլերէն)։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 20]

Այն քրիստոնեաները, որոնք լարուած ամուսնութենէ մը անմիջապէս վազ չեն անցնիր, յաճախ ընտիր վարձատրութիւն կը ստանան

[Մէջբերում՝ էջ 22]

Միշտ Եհովային յուսա՛ եւ քաջութեան համար իրեն դիմէ

[Նկար՝ էջ 19]

Եհովան կ’օրհնէ այն քրիստոնեայ կողակիցները, որոնք ջանքեր կը թափեն իրենց լարուած ամուսնութիւնը զօրացնելու

[Նկար՝ էջ 21]

Քրիստոնէական ժողովքը կրնայ մխիթարութեան եւ հոգեւոր աջակցութեան աղբիւր ըլլալ