Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վստահէ՛ Եհովային՝ ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն

Վստահէ՛ Եհովային՝ ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն

Վստահէ՛ Եհովային՝ ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն

«Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է» (ԴԱՆ. 2։21

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ստեղծագործութիւնը եւ կատարուած մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ Եհովան իր նպատակը իր որոշած ժամանակին կը կատարէ։

Գնահատելը՝ թէ Եհովան ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուածն է, մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

Եհովային ժամանակացոյցը ինչո՞ւ աշխարհի իրադարձութիւններով եւ մարդկային ծրագիրներով չէ ղեկավարուած։

1, 2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովան ժամանակը լիովին կը հասկնայ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ժամանակը չափելու միջոցը հայթայթեց, մարդը ստեղծելէն շա՜տ առաջ։ Ստեղծագործական չորրորդ օրը, ան ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան» (Ծն. 1։14, 19, 26)։ Անշուշտ, Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակ, ատիկա տեղի ունեցաւ։

2 Սակայն մինչեւ օրս, գիտնականները ժամանակին բնոյթին շուրջ վիճաբանած են։ «Ժամանակը աշխարհի ամէնէն խոր գաղտնիքներէն մէկն է», կ’ըսէ համայնագիտարան մը։ «Մէ՛կը չի կրնար ճշգրիտ կերպով ըսել թէ ատիկա ի՛նչ է»։ Բայց Եհովան ժամանակը լիովին կը հասկնայ։ Վերջ ի վերջոյ, ա՛ն է ‘երկինքը ստեղծող Տէրը, երկիրը կազմողն ու զանիկա շինողը’, ինչպէս նաեւ՝ ‘վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմողը’ (Եսա. 45։18. 46։10)։ Իրեն հանդէպ եւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնելու նպատակակէտով, նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս ստեղծագործութիւնը եւ կատարուած մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եհովան միշտ իր նպատակը կ’իրագործէ իր որոշած ժամանակին։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ

3. Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնք ժամանակը պահելու մէջ շատ ճշգրիտ են։

3 Եհովային ստեղծած շատ մը բաները, ըլլա՛ն մեծ թէ պզտիկ, ճշգրիտ ժամանակաւորում ունին։ Օրինակ, հիւլէները հաստատ չափով կը թրթռան։ Մասնաւոր ժամացոյցներ, որոնք հիւլէներու միջոցաւ ժամանակը կը չափեն, երկվայրկեան մը իսկ պիտի չփախցնեն, նո՛յնիսկ 80 միլիոն տարի ետք։ Մոլորակներուն եւ աստղերուն թաւալումն ալ ճշգրիտ ժամանակաւորում ունի. երկնքին մէջ անոնց նախատեսելի դիրքերը գործածուած են եղանակները գիտնալու համար եւ ճամբորդութեան ընթացքին որպէս ուղեցոյց ծառայելու համար։ Եհովան,– այս վստահելի «ժամանակաչափեր»ը Շինողը,– ի՛րապէս «սաստիկ զօրութիւն» ունի եւ մեր փառաբանութեան արժանի է (կարդա՛ Եսայի 40։26

4. Կենսաբանական ծիրին մէջ ժամանակաւորումը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ Աստուծոյ իմաստութիւնը։

4 Ճշգրիտ ժամանակաւորումը կրնանք տեսնել կենսաբանական աշխարհին մէջ։ Շատ մը բոյսեր եւ կենդանիներ կարծես թէ տեսակ մը ներքին ժամացոյցի կը հետեւին։ Բազմաթիւ թռչուններ բնազդաբար գիտեն ե՛րբ սկսիլ գաղթել (Եր. 8։7)։ Մարդիկը եւս ժամանակով ղեկավարուած են։ Օրինակ, մեր մարմինը մեզի կ’ըսէ թէ ե՛րբ ցերեկ է եւ ե՛րբ՝ գիշեր։ Եթէ օդանաւով ճամբորդենք երկրագունդին մէկ այլ մասը, ուր ժամանակը բոլորովին տարբեր է, մեր մարմինը թերեւս քանի մը օր առնէ, որպէսզի նոր ժամանակին վարժուի։ Իրապէս, ստեղծագործութեան մէջ ցցուն եղած ժամանակաւորումի բազմաթիւ օրինակներ, ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ցոյց կու տան (կարդա՛ Սաղմոս 104։24Արդարեւ, Եհովան ամէնիմաստուն եւ ամենազօր է։ Կրնա՛նք հաւատալ թէ ան կարող է իրագործել ա՛յն ինչ որ կը կամի։

ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏՔ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵՆ

5. ա) Միայն ո՞ր կերպով է որ կրնանք մարդկութեան ապագային մասին գիտնալ։ բ) Եհովան ինչո՞ւ կրնայ նախագուշակել դէպքերն ու անոնց ժամանակաւորումը։

5 Արարչութեան գիրքը Եհովայի «աներեւոյթ յատկանիշներ»ուն մասին շատ բան կը սորվեցնէ մեզի. սակայն, ատիկա չի պատասխաներ հետեւեալին նման կարեւոր հարցումներու. ապագան ի՞նչ կը վերապահէ մարդկութեան համար (Հռով. 1։20, Անթիլիաս)։ Պատասխանը գիտնալու համար, պէտք է դիմենք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, տեսնելու համար թէ Աստուած ի՛նչ յայտնած է։ Երբ զայն կը քննենք, կը գտնենք մարգարէութիւններ՝ որոնք միշտ ճի՛շդ ժամանակին կատարուած են։ Եհովան կրնա՛յ յայտնել թէ տակաւին ի՛նչ պիտի պատահի, քանի որ կրնայ ապագան ճշգրիտ կերպով կանխատեսել։ Ասկէ զատ, այն ինչ որ Սուրբ Գրութիւնները կը նախագուշակեն, ճիշդ ժամանակին կը կատարուի, քանի որ Եհովա Աստուած կրնայ պատճառ դառնալ որ դէպքերը իր նպատակին եւ ժամանակացոյցին համեմատ պատահին։

6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովան կ’ուզէ՛ որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը հասկնանք։

6 Եհովան կ’ուզէ որ իր երկրպագուները աստուածաշնչական մարգարէութիւնները հասկնան ե՛ւ ատոնցմէ օգտուին։ Թէեւ ժամանակի նկատմամբ Աստուծոյ ըմբռնումը մերինէն տարբեր է, սակայն երբ ան ըսէ թէ բան մը որոշ ժամանակին պիտի պատահի, կը գործածէ լեզու մը որ մենք կը հասկնանք (կարդա՛ Սաղմոս 90։4Օրինակ, Յայտնութիւն գիրքը կ’ակնարկէ «չորս հրեշտակներ»ու, որոնք «պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար»,– ժամանակի միաւորներ, որոնք կրնանք հասկնալ (Յայտ. 9։14, 15)։ Որոշուած ժամանակին կատարուած մարգարէութիւնները պէտք է հաւատք ներշնչեն ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն եւ անոր Խօսքին հանդէպ։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

7. Երուսաղէմի եւ Յուդայի նկատմամբ Երեմիայի մարգարէութեան կատարումը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան իր նպատակը միշտ իր որոշած ժամանակին կը կատարէ։

7 Նախ, յետադարձ ակնարկ մը նետենք մ.թ.ա. եօթներորդ դարուն վրայ։ «Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին», Եհովան «բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային» խօսեցաւ (Եր. 25։1)։ Ան կանխագուշակեց Երուսաղէմի կործանումը եւ հրեաներուն տարագրուիլը Յուդայէն դէպի Բաբելոն։ Հոն, ‘եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայէին’։ Բաբելոնական բանակները Երուսաղէմը կործանեցին մ.թ.ա. 607–ին, եւ հրեաները ի՛րապէս Յուդայէն դէպի Բաբելոն տարագրուեցան։ Սակայն, ի՞նչ պիտի պատահէր 70 տարի ետք։ Երեմիան մարգարէացաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ’» (Եր. 25։11, 12. 29։10)։ Այս մարգարէութիւնը ճի՛շդ ժամանակին կատարուեցաւ,– մ.թ.ա. 537–ին, երբ մարերն ու պարսիկները Բաբելոնէն ազատ արձակեցին հրեաները։

8, 9. Մեսիային գալուն եւ երկնային Թագաւորութեան հաստատուելուն նկատմամբ Դանիէլի մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ Եհովան ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուածն է։

8 Նկատի առ ուրիշ մարգարէութիւն մը, որ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը կը պարփակէ։ Հրեաները Բաբելոնը ձգելէն շուրջ երկու տարի առաջ, Աստուած Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ կանխագուշակեց, թէ Երուսաղէմը վերաշինելու հրամանը տրուելէն 483 տարի ետք Մեսիան պիտի յայտնուէր։ Մարա–Պարսկական թագաւորը այդ հրամանը մ.թ.ա. 455–ին տուաւ։ Ճիշդ 483 տարի ետք,– մ.թ. 29–ին,– Նազովրեցի Յիսուս իր մկրտութեան ժամանակ սուրբ հոգիով օծուեցաւ եւ այսպէս Մեսիան եղաւ (Նէ. 2։1, 5-8. Դան. 9։24, 25. Ղուկ. 3։1, 2, 21, 22 *

9 Հիմա նկատի առ թէ Սուրբ Գրութիւնները Թագաւորութեան մասին ի՛նչ կանխագուշակեցին։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց տուաւ, թէ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ 1914–ին պիտի հաստատուէր։ Մասամբ, Աստուածաշունչը Յիսուսի ներկայութեան «նշանը» տուաւ, մատնանշելով ա՛յն ժամանակը՝ երբ Սատանան երկնքէն պիտի վռնտուէր, ինչ որ երկրի համար մե՜ծ վայ պիտի նշանակէր (Մատ. 24։3-14. Յայտ. 12։9, 12)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը մատնանշեց ճիշդ ա՛յն ժամանակը,– 1914,– երբ ‘ազգերուն սահմանուած ժամանակները պիտի լմննային’ եւ երկնքի մէջ Թագաւորութեան իշխանութիւնը պիտի սկսէր (Ղուկ. 21։24, ՆԱ. Դան. 4։10-17 *

10. Ո՞ր ապագայ դէպքերը վստահաբար ճիշդ ժամանակին պիտի պատահին։

10 «Մեծ նեղութիւն»ը, որ Յիսուս կանխագուշակեց, մօտալուտ է։ Ատոր պիտի յաջորդէ իր Հազարամեայ իշխանութիւնը։ Կասկած չկայ որ այս բաները ճիշդ ժամանակին պիտի կատարուին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Եհովան արդէն որոշած էր այս դէպքերուն կատարման ‘օրն ու ժամը’ (Մատ. 24։21, 36. Յայտ. 20։6

«ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԾԱԽՈՒ ԱՌԷՔ»

11. Ինչպէ՞ս մեզի պէտք է ազդէ գիտակցիլը, թէ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։

11 Ինչպէ՞ս մեզի պէտք է ազդէ գիտակցիլը, թէ Թագաւորութեան իշխանութիւնը սկսած է եւ թէ մենք «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք (Դան. 12։4)։ Շատեր կը տեսնե՛ն աշխարհի վատթարացող վիճակները, սակայն չե՛ն ընդունիր թէ այս զարգացումները վերջին օրերու նկատմամբ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը կատարեն։ Թերեւս կ’ակնկալեն թէ այս դրութիւնը օր մը փուլ պիտի գայ կամ թերեւս կը հաւատան թէ ձեւով մը մարդկային ջանքերը «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի իրագործեն (Ա. Թես. 5։3)։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Եթէ կը գիտակցինք թէ Սատանայի աշխարհին վերջին օրերու վերջին ժամանակին կ’ապրինք, պէտք չէ՞ ջանանք մնացած ժամանակը գործածել, ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն ծառայելու համար եւ ուրիշներուն օգնելու որ զինք ճանչնան (Բ. Տիմ. 3։1)։ Հարկ է որ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս գործածելուն նկատմամբ իմաստո՛ւն որոշումներ կայացնենք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15-17

12. Նոյի օրուան առնչութեամբ Յիսուսի արտայայտութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

12 Զբաղումներով զեղուն աշխարհի մը մէջ դիւրին չէ ‘ժամանակը ծախու առնել’։ Յիսուս զգուշացուց. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ Նոյի օրերը ինչպէ՞ս էին։ Կանխագուշակուած էր թէ այդ օրուան աշխարհը վախճան պիտի ունենար։ Այդ ժամանակ, չար մարդիկը համաշխարհային ջրհեղեղով մը խեղդամահ պիտի ըլլային։ «Արդարութեան քարոզիչ» ըլլալով, Նոյ Աստուծոյ պատգամը ժամանակակից մարդոց հաւատարմօրէն հռչակեց (Մատ. 24։37. Բ. Պետ. 2։5)։ Բայց անոնք «կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային [եւ] չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ Ուստի, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատ. 24։38, 39, 44)։ Պէտք է Նոյին նման ըլլանք եւ ոչ թէ անոր ժամանակակից մարդոց նման։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ պատրաստ կենանք։

13, 14. Եհովային մասին ի՞նչ բան յիշելը մեզի պիտի օգնէ որ իրեն հաւատարմօրէն ծառայենք, մինչ Որդի մարդոյ գալուն կը սպասենք։

13 Թէեւ Որդի մարդոն պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ մենք չենք կարծեր, սակայն պէտք է յիշենք թէ Եհովան իր նպատակը իր որոշած ժամանակին կը կատարէ։ Անոր ժամանակացոյցը աշխարհի իրադարձութիւններով եւ մարդկային ծրագիրներով ղեկավարուած չէ։ Եհովան հարցերուն ժամանակաւորումն ու արդիւնքը կը կարգաւորէ, որպէսզի իր կամքը կատարուի (կարդա՛ Դանիէլ 2։21Իրականութեան մէջ, Առակաց 21։1–ը մեզի կ’ըսէ. «Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ»։

14 Եհովան կրնա՛յ դէպքերը ղեկավարել, որպէսզի իր նպատակը ճիշդ ժամանակին իրագործուի։ Աշխարհի բազմաթիւ նշանակալից փոփոխութիւնները կը կատարեն աստուածաշնչական մարգարէութիւններ, յատկապէս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի աշխարհածաւալ քարոզչութեան կապակցաբար։ Պահ մը խորհէ՛ Խորհրդային Միութեան քայքայուելուն հետեւանքներուն մասին։ Քիչեր պիտի խորհէին թէ այսպիսի կարեւոր քաղաքական փոփոխութիւններ ա՛յսքան արագ կրնային պատահիլ։ Սակայն, այսպիսի փոփոխութիւններու շնորհիւ, այսօր բարի լուրը կը քարոզուի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր նախապէս մեր աշխատանքը արգիլուած էր։ Ուստի ջանանք ժամանակը ծախու առնել, որպէսզի ‘ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն հաւատարմօրէն ծառայենք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՏՔ ԸՆԾԱՅԷ՛

15. Կազմակերպչական ճշդումներու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք հաւատք ցուցաբերել։

15 Այս վերջին օրերուն առանց ձեռնթափ ըլլալու Թագաւորութիւնը քարոզելը, Եհովային ժամանակաւորումին հանդէպ հաւատք կը պահանջէ։ Աշխարհի փոխուող պարագան թերեւս աշակերտելու գործը ինչպէ՛ս կատարուելուն մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ պահանջէ։ Կազմակերպութիւնը թերեւս ատեն–ատեն ճշդումներ ընէ, որպէսզի բարի լուրը ամէնէն ազդու կերպով քարոզենք։ ‘Ատեններուն ու ժամանակներուն’ Աստուծոյն հանդէպ հաւատք կը ցուցաբերենք, այսպիսի ճշդումներու հետ լիովին համագործակցելով, մինչ իր Որդիին՝ «եկեղեցիին գլուխ»ին՝ առաջնորդութեամբ հաւատարմօրէն կը ծառայենք (Եփ. 5։23

16. Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ թէ Եհովան ճիշդ ժամանակին օգնութիւն պիտի հայթայթէ։

16 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ազատօրէն աղօթենք, կատարեալ վստահութեամբ որ հարկ եղածը «պէտք եղած ատեն» պիտի հայթայթէ (Եբ. 4։16)։ Ասիկա իւրաքանչիւրիս հանդէպ իր սիրալիր հոգածութիւնը ցոյց չի՞ տար (Մատ. 6։8. 10։29-31)։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը ցոյց կու տանք, կանոնաւորաբար աղօթելով իր օգնութեան համար եւ ապա մեր աղօթքներուն եւ իր ուղղութեան հետ ներդաշնակ գործելով։ Ասկէ զատ, մեր հաւատակիցներուն համար ալ կ’աղօթենք։

17, 18. ա) Եհովան շուտով իր թշնամիներուն դէմ ի՞նչ քայլ պիտի առնէ։ բ) Ո՞ր ծուղակէն պէտք է խուսափինք։

17 Հիմա ‘անհաւատութիւնով տարակուսելու’ ժամանակը չէ, այլ հաւատքի մէջ զօրաւոր դառնալու ժամանակն է (Հռով. 4։20)։ Աստուծոյ թշնամիները,– Սատանան եւ իր ազդեցութեան տակ եղողները,– կը ջանան կասեցնել այն աշխատանքը որ Յիսուս Իր հետեւորդներուն նշանակեց, ներառեալ՝ մեզի (Մատ. 28։19, 20)։ Հակառակ Բանսարկուին յարձակումներուն, գիտենք թէ Եհովան ‘կենդանի Աստուած է, բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն’։ Ան «գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Ա. Տիմ. 4։10. Բ. Պետ. 2։9

18 Շուտով Եհովան այս չար աշխարհին վախճանը պիտի բերէ։ Մինչ մեզի չեն տրուած բոլոր մանրամասնութիւնները եւ այս դէպքին տեղի ունենալուն ճշգրիտ ժամանակը, գիտենք թէ ճի՛շդ ժամանակին Քրիստոս Եհովային թշնամիները պիտի կործանէ եւ Անոր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։ Ուրեմն, ի՜նչ սխալ պիտի ըլլար չզատորոշել ‘ժամերն ու ժամանակները’, որոնց մէջ այժմ կ’ապրինք։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի բնաւ չսկսինք խորհիլ թէ «դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր» (Ա. Թես. 5։1. Բ. Պետ. 3։3, 4

‘ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍՊԱՍԵՆՔ’

19, 20. Ինչո՞ւ Եհովային պէտք է համբերութեամբ սպասենք։

19 Մարդկութեան նկատմամբ Եհովա Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պարփակեց անվերջ ժամանակ, իր եւ իր գեղեցիկ ստեղծագործութեան մասին սորվելու։ Ժողովող 3։11–ը կը նշէ. «Անիկա [Եհովա] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։

20 Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ, որ Եհովան մարդուն նկատմամբ իր նպատակը բնա՛ւ չէ փոխած (Մաղ. 3։6)։ Աստուծոյ քով «փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ» (Յակ. 1։17)։ Իր ժամանակացոյցը ղեկավարուած չէ ժամանակը չափելու մարդկային միջոցներով, ինչպէս՝ երկրագունդին թաւալումը։ Եհովան «յաւիտենական թագաւոր» է (Ա. Տիմ. 1։17)։ Հետեւաբար, ‘մեր փրկութեան Աստուծոյն համբերութեամբ սպասենք’ (Միք. 7։7, ՆԱ)։ Արդարեւ, «կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք» (Սաղ. 31։24

[Ստորանիշներ]

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Դանիէլ աստուածատուր մարգարէութեան կատարման վրայ հաւատք ունէր

[Նկար՝ էջ 27]

Ժամանակը լաւ կերպով կ’օգտագործե՞ս Եհովային կամքը կատարելու համար