Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու անունդ ճանչցուցի»

«Քու անունդ ճանչցուցի»

«Քու անունդ ճանչցուցի»

«Բացայայտեցի քու անունդ այն մարդոց՝ որ տուիր ինծի աշխարհէն. . . Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։6, 26, ԱԾ

Ի՛նչ կը նշանակէ։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց՝ զայն իր ծառայութեան մէջ գործածելով։ Երբ Յիսուս Սուրբ Գրութիւններէն կը կարդար, ինչ որ յաճախ կ’ընէր, Աստուծոյ անձնական անունը արտասանած ըլլալու էր (Ղուկաս 4։16-21)։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր. . . քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Ղուկաս 11։2

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս այս յատկանիշը ունէին։ Պետրոս առաքեալ Երուսաղէմի երէցներուն ըսաւ, թէ Աստուած բոլոր ազգերէն առած էր «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Առաքեալները եւ ուրիշներ քարոզեցին, թէ «ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2։21. Հռովմայեցիս 10։13)։ Անոնք նաեւ աստուածային անունը իրենց անձնական գրութիւններուն մէջ գործածեցին։ Հրէական օրէնքներու հաւաքածոյ մը՝ Թոսեֆթա, որ մօտաւորապէս մ.թ. 300–ին ամբողջացաւ, հակառակորդներու կողմէ քրիստոնէական գրութիւններու հրկիզման առնչութեամբ կ’ըսէ. «Անոնք կրակէ չեն փրկեր աւետարանիչներու գիրքերը եւ մինիմ–ներու [հաւանաբար հրեայ քրիստոնեաներ] գիրքերը։ Անոնց արտօնուած է այրել գրքերը եւ անոնց մէջ եղած Աստուծոյ անուան ակնարկութիւնները»։

Ներկայիս որո՞նք այս չափանիշին գոհացում կու տան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քրիստոսի եկեղեցիներուն ազգային խորհուրդին կողմէ վաւերացուած Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը (Revised Standard Version), իր նախաբանին մէջ կ’ըսէ. «Միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ որեւէ անուան գործածութիւնը,– կարծես թէ ուրիշ աստուածներ կան, որոնցմէ ինքզինք պէտք է զատորոշէ,– դադրած էր հրէականութեան մէջ քրիստոնէական դարաշրջանէն առաջ, եւ անոր գործածութիւնը ամբողջովին անպատշաճ է քրիստոնէական եկեղեցիի տիեզերական հաւատքին համար»։ Այսպէս, ատիկա աստուածային անունը փոխարինեց «ՏԷՐ» տիտղոսով։ Վերջերս, Վատիկանը իր եպիսկոպոսներուն հետեւեալ ցուցմունքը տուաւ. «Երգերուն եւ աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ անունը՝ ԵՀՎՀ * քառագիր, պէտք չէ գործածել, ոչ ալ արտասանել»։

Ներկայիս, որո՞նք Աստուծոյ անձնական անունը կը գործածեն եւ կը ճանչցնեն։ Երբ Սերկէյ Ղրղըզստանի մէջ պատանի էր, ֆիլմ մը դիտեց՝ որ Աստուծոյ անունը որպէս Եհովա բնորոշեց։ Շուրջ տասը տարի ան աստուածային անունը դարձեալ չլսեց։ Յետագային, երբ ան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած էր, երկու Եհովայի վկաներ իր տունը այցելեցին, եւ իրեն ցոյց տուին Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչին մէջ։ Սերկէյ հրճուեցաւ գտնելով խումբ մը, որ Եհովա անունը կը գործածէ։ Հետաքրքրականօրէն, անգլերէն բառարան մը «Եհովա Աստուած» արտայայտութիւնը հետեւեալ կերպով կը սահմանէ. «Եհովայի վկաներու կողմէ ընդունուած գերագոյն էակը եւ պաշտուած միակ աստուածը» (Webster’s Third New International Dictionary

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Հայերէնի մէջ, աստուածային անունը սովորաբար տառադարձուած է որպէս «Եհովա»։