Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» է

Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» է

Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» է

«Իրաւցնէ ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը» (ԴԱՆ. 2։47

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Եհովան ապագային մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ յայտնած է մեզի։

Գազանին առաջին վեց գլուխները զորո՞նք կը ներկայացնեն։

Գազանին եւ Նաբուգոդոնոսորի տեսած արձանին միջեւ ի՞նչ կապ կը գտնենք։

1, 2. Եհովան մեզի ի՞նչ յայտնած է եւ ինչո՞ւ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները կործանելէն քիչ առաջ, ո՞ր կառավարութիւնները աշխարհակալ ուժը պիտի ըլլան։ Պատասխանը գիտենք. ատիկա մեզի յայտնուած է «գաղտնիքները յայտնող» Եհովա Աստուծոյ կողմէ։ Ան մեզ կարող կը դարձնէ, որ այդ կառավարութիւններուն ինքնութիւնը զատորոշենք, Դանիէլ մարգարէին եւ Յովհաննէս առաքեալին գրութիւններուն միջոցաւ։

2 Եհովան այդ տղամարդոց կարգ մը տեսիլքներ տուաւ գազաններու մասին։ Ան նաեւ Դանիէլի ըսաւ մետաղեայ մեծ արձան մը նկարագրող տեսլական երազի մը նշանակութիւնը։ Եհովան ասոնք արձանագրել եւ պահպանել տուաւ Աստուածաշունչին մէջ, յօգուտ մեզի (Հռով. 15։4)։ Ան այսպէս ըրաւ որպէսզի զօրացնէ մեր յոյսը, թէ շուտով իր Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի փշրէ (Դան. 2։44

3. Մարգարէութիւն մը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, ի՞նչ բան պէտք է նախ ըմբռնենք եւ ինչո՞ւ։

3 Միասնաբար առնուած, Դանիէլի եւ Յովհաննէսի արձանագրութիւնները ոչ միայն կը բնորոշեն ութ թագաւորներ կամ մարդկային կառավարութիւններ, այլ նաեւ՝ ցոյց կու տան թէ այդ ուժերը ի՛նչ յաջորդականութեամբ պիտի յայտնուէին։ Սակայն, այդ մարգարէութիւնները կրնանք ճշգրիտ կերպով հասկնալ՝ միա՛յն երբ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած առաջին մարգարէութիւնը ըմբռնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամբողջ Աստուածաշունչն ու բոլոր մարգարէութիւնները այդ մարգարէութեան հետ կապուած են։

ՕՁԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԵՒ ԳԱԶԱՆԸ

4. Որո՞նք կը կազմեն կնոջ սերունդը, եւ այդ սերունդը ի՞նչ պիտի ընէ։

4 Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովան խոստացաւ թէ ‘կին’ մը «սերունդ» մէջտեղ պիտի բերէր (կարդա՛ Ծննդոց 3։15 * Ի վերջոյ այդ սերունդը օձին՝ Սատանային՝ գլուխը պիտի ջախջախէր։ Եհովան յետագային յայտնեց, թէ սերունդը Աբրահամէն պիտի գար, իսրայէլ ազգին պիտի պատկանէր, Յուդայի տոհմէն եւ Դաւիթ թագաւորի շառաւիղէն պիտի ըլլար (Ծն. 22։15-18. 49։10. Սաղ. 89։3, 4. Ղուկ. 1։30-33)։ Այդ սերունդին գլխաւոր մասը Յիսուս Քրիստոսն էր (Գաղ. 3։16)։ Իսկ քրիստոնեայ ժողովքին սուրբ հոգիով օծուած անդամները կը կազմեն սերունդին երկրորդական մասը (Գաղ. 3։26-29)։ Յիսուս եւ այս օծեալները միասնաբար կը կազմեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ այն գործիքը, որով Աստուած Սատանան պիտի խորտակէ (Ղուկ. 12։32. Հռով. 16։20

5, 6. ա) Դանիէլ եւ Յովհաննէս քանի՞ մեծ ուժեր կը նշեն։ բ) Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին գլուխները ի՞նչ կը ներկայացնեն։

5 Եդեմի մէջ տրուած այդ առաջին մարգարէութիւնը, նաեւ նշեց թէ Սատանան «սերունդ» մէջտեղ պիտի բերէր։ Իր սերունդը կնոջ սերունդին հանդէպ թշնամութիւն կամ ատելութիւն պիտի ցուցաբերէր։ Որո՞նք օձին սերունդը կը կազմեն։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ հանդէպ Սատանայի ատելավառ կեցուածքը կ’ընդօրինակեն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին կը հակառակին։ Պատմութեան ընթացքին, Սատանան իր սերունդը կազմակերպած է որպէս զանազան քաղաքական շարժումներ կամ թագաւորութիւններ (Ղուկ. 4։5, 6)։ Սակայն, յարաբերաբար քիչ մարդկային թագաւորութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ մե՜ծ ազդեցութիւն բանեցուցած են, ըլլայ անիկա իսրայէլ ազգը կամ օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը։ Այս իրողութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից է։ Քանի որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Դանիէլի եւ Յովհաննէսի տեսիլքները կը նկարագրեն ընդամէնը միայն ութ մեծ ուժեր։

6 Մ.թ. առաջին դարուն վերջաւորութեան, յարուցեալ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուաւ շարք մը ապշեցուցիչ տեսիլքներ (Յայտ. 1։1)։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ, Յովհաննէս տեսաւ որ Բանսարկուն,– ներկայացուած որպէս վիշապ,– ծովուն աւազին վրայ կայնած էր (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։18–13։2Յովհաննէս նաեւ տեսաւ անսովոր գազան մը որ ծովէն կ’ելլէ եւ Բանսարկուն անոր մեծ հեղինակութիւն կու տայ։ Ետքը, Յովհաննէս տեսաւ եօթգլխանի կարմիր գազան մը, որ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին պատկերն է։ Հրեշտակ մը Յովհաննէսի ըսաւ որ կարմիր գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն «եօթը թագաւորներ» կամ կառավարութիւններ (Յայտ. 13։14, 15. 17։3, 9, 10)։ Երբ Յովհաննէս Յայտնութիւնը կը գրէր, ատոնցմէ հինգը ինկած էին, մէկը կը տիրէր եւ ուրիշ մը «դեռ եկած չէ[ր]»։ Այդ թագաւորութիւնները կամ աշխարհակալ ուժերը որո՞նք են։ Նկատի առնենք Յայտնութիւն 13։1–ի մէջ նկարագրուած գազանին իւրաքանչիւր գլուխը։ Նաեւ այս թագաւորութիւններուն մասին յաւելեալ բաներ պիտի սորվինք Դանիէլի գրքէն։ Դանիէլի մարգարէութիւնները մանրամասնութիւններ տուին այս կառավարութիւններէն ոմանց մասին, իրենց գոյանալէն տարինե՜ր առաջ։

ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ. ԵԳԻՊՏՈՍ ԵՒ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ

7. Առաջին գլուխը զո՞վ կը ներկայացնէ եւ ինչո՞ւ։

7 Գազանին առաջին գլուխը կը ներկայացնէ Եգիպտոսը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եգիպտոսը առաջին հսկայական ուժն էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն ցուցաբերեց։ Աստուած Աբրահամի խոստացած էր, թէ կնոջ սերունդը իրմէ պիտի գար։ Երբ իսրայէլացիները՝ Աբրահամի զարմը՝ Եգիպտոսի մէջ բազմացան, Եգիպտոս սկսաւ զանոնք հարստահարել։ Սատանան ջանաց Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջել, սերունդին գալէն առաջ։ Ինչպէ՞ս։ Ան մղեց փարաւոնը իսրայէլի բոլոր արու մանուկները սպաննելու։ Եհովան այդ փորձը ի դերեւ հանեց եւ իր ժողովուրդը Եգիպտոսի ստրկութենէն ազատագրեց (Ել. 1։15-20. 14։13)։ Յետագային, ան իսրայէլացիները Աւետեաց երկրին մէջ հաստատեց։

8. Երկրորդ գլուխը ո՞վ է, եւ ի՞նչ ջանաց ընել։

8 Գազանին երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Ասորեստանը։ Այս հզօր թագաւորութիւնը եւս ջանաց Աստուծոյ ժողովուրդը բնաջնջել։ Ճիշդ է որ Եհովան կռապաշտ եւ ըմբոստ տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը պատժելու համար Ասորեստանը որպէս գործիք գործածեց, սակայն Ասորեստանը յետագային Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։ Սատանան թերեւս նպատակակէտ դրած էր ոչնչացնել արքայական զարմը, քանի որ Յիսուս այդ շառաւիղէն պիտի գար։ Այդ յարձակումը Եհովայի նպատակին մէկ մասը չէր. եւ ան իր հաւատարիմ ժողովուրդը հրաշալիօրէն ազատեց՝ ներխուժողները կործանելով (Դ. Թագ. 19։32-35. Եսա. 10։5, 6, 12-15

ԵՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ԲԱԲԵԼՈՆ

9, 10. ա) Եհովան բաբելոնացիներուն թոյլ տուաւ որ ի՞նչ ընեն։ բ) Մարգարէութիւնը կատարուելու համար, ի՞նչ պէտք է պատահէր։

9 Գազանին երրորդ գլուխը կը ներկայացնէ թագաւորութիւն մը, որուն մայրաքաղաքը Բաբելոնն էր։ Եհովան թոյլ տուաւ բաբելոնացիներուն, որ Երուսաղէմը տապալեն եւ իր ժողովուրդը գերեվարեն։ Այս նուաստացումին թոյլ տալէ առաջ սակայն, Ան ըմբոստ իսրայէլացիները զգուշացուց, թէ այսպիսի ողբերգութիւն մը զիրենք պիտի հարուածէր (Դ. Թագ. 20։16-18)։ Եհովան կանխագուշակեց, թէ այլեւս թոյլ պիտի չտար իսրայէլի թագաւորներուն որ Երուսաղէմի մէջ իր «աթոռին» վրայ նստին (Ա. Մն. 29։23)։ Բայց նաեւ խոստացաւ, թէ Դաւիթ թագաւորին մէկ զարմը, ա՛յն որուն «իրաւունքն» էր, պիտի գար եւ որպէս թագաւոր իշխէր (Եզեկ. 21։25-27

10 Այլ մարգարէութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ հրեաները տակաւին Երուսաղէմի տաճարին մէջ Աստուծոյ պիտի երկրպագէին, երբ խոստացեալ Մեսիան կամ Օծեալը գար (Դան. 9։24-27)։ Իսկ իսրայէլը Բաբելոն գերի տարուելէ առաջ գրուած մարգարէութիւն մը նշեց, թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր (Միք. 5։2)։ Այս մարգարէութիւնները կատարուելու համար, հրեաները պէտք է Բաբելոնի գերութենէն ազատագրուէին, իրենց հայրենիքը վերադառնային եւ տաճարը վերաշինէին։ Սակայն գերիները արձակելը Բաբելոնի քաղաքականութիւնը չէր։ Ուստի Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս հայրենիք պիտի վերադառնար։ Եհովան պատասխանը յայտնե՛ց իր մարգարէներուն (Ամովս 3։7

11. Բաբելոնական կայսրութիւնը ի՞նչ տարբեր կերպերով պատկերացուած է (տե՛ս ստորանիշը)։

11 Դանիէլ մարգարէն Բաբելոն տարուած գերիներէն մէկն էր (Դան. 1։1-6)։ Եհովան զինք գործածեց, յայտնելու համար այն թագաւորութիւններու յաջորդականութիւնը՝ որոնք այդ աշխարհակալ ուժէն ետք պիտի գային։ Եհովան այս գաղտնիքները հաղորդեց, գործածելով տարբեր խորհրդանիշներ։ Օրինակ, ան Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին՝ տուաւ տարբեր մետաղներէ կազմուած մեծ արձանի մը երազը (կարդա՛ Դանիէլ 2։1, 19, 31-38Դանիէլի միջոցաւ, Եհովան յայտնեց թէ արձանին ոսկիէ գլուխը խորհրդանշեց բաբելոնական կայսրութիւնը։ * Ատոր յաջորդող աշխարհակալ ուժը պատկերացուած է արծաթէ կուրծքով ու թեւերով։ Ո՞վ պիտի ըլլար այդ թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։

ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ

12, 13. ա) Եհովան Բաբելոնի նուաճման մասին ի՞նչ յայտնեց։ բ) Ինչո՞ւ Մարա–Պարսկաստանը տեղին ըլլալով կը պատկերացուի որպէս գազանին չորրորդ գլուխը։

12 Դանիէլի օրերէն աւելի քան մէկ դար առաջ, Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցաւ մանրամասնութիւններ յայտնեց այն աշխարհակալ ուժին մասին, որ Բաբելոնը պիտի նուաճէր։ Եհովան ոչ միայն նշեց այն կերպը՝ որով Բաբելոն քաղաքը պիտի տապալէր, այլ նաեւ զայն նուաճողին անունը։ Անիկա պարսիկ Կիւրոսն էր (Եսա. 44։28–45։2)։ Մարա–պարսկական աշխարհակալ ուժին առնչութեամբ Դանիէլ երկու այլ տեսիլքներ տեսաւ։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ, թագաւորութիւնը պատկերացուեցաւ որպէս մէկ կողմի վրայ կայնած արջ, որուն ըսուեցաւ. «Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր» (Դան. 7։5)։ Իսկ միւս տեսիլքին մէջ, Դանիէլ այս երկեակ աշխարհակալ ուժը տեսաւ որպէս երկու եղջիւր ունեցող խոյ (Դան. 8։3, 20

13 Եհովան մարա–պարսկական կայսրութիւնը գործածեց, որպէսզի մարգարէութիւն մը կատարէ, Բաբելոնը տապալելով եւ իսրայէլացիները իրենց հայրենիքը վերադարձնելով (Բ. Մն. 36։22, 23)։ Սակայն, այս նոյն կայսրութիւնը յետագային Աստուծոյ ժողովուրդը արմատախիլ ընելու սեմին հասաւ։ Աստուածաշունչի Եսթեր գիրքը կ’արձանագրէ պարսկական կայսրութեան վարչապետին՝ Համանին՝ ծրագրած դաւադրութիւնը։ Ան կարգադրեց որ բոլոր հրեաները, որոնք պարսկական հսկայ կայսրութեան մէջ կ’ապրէին, բնաջնջուին իր որոշած մասնայատուկ թուականին։ Միայն Եհովային միջամտութեամբ է որ Իր ժողովուրդը անգամ մը եւս պաշտպանուեցաւ Սատանայի սերունդին ատելութենէն (Եսթ. 1։1-3. 3։8, 9. 8։3, 9-14)։ Հետեւաբար, Մարա–Պարսկաստանը տեղին ըլլալով պատկերացուած է որպէս Յայտնութիւն գրքի գազանին չորրորդ գլուխը։

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

14, 15. Եհովան ի՞նչ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ վաղեմի յունական կայսրութեան մասին։

14 Յայտնութիւն գրքի գազանին հինգերորդ գլուխը կը ներկայացնէ Յունաստանը։ Ինչպէս որ Դանիէլ նախապէս յայտնած էր,– երբ Նաբուգոդոնոսորի երազը կը մեկնէր,– այս աշխարհակալ ուժը կը խորհրդանշուի արձանին պղնձէ մէջքով ու ազդրերով։ Դանիէլ նաեւ երկու տեսիլքներ ստացաւ, որոնք աչքառու մանրամասնութիւններ տուին թէ՛ այդ կայսրութեան բնոյթին եւ թէ ատոր ամէնէն կարկառուն թագաւորին մասին։

15 Տեսիլքներէն մէկուն մէջ, Դանիէլ տեսաւ Յունաստանը որպէս չորս թեւեր ունեցող ինձ մը, ցոյց տալով թէ այս կայսրութիւնը արագօրէն պիտի նուաճէր ուրիշ ազգեր (Դան. 7։6)։ Իսկ միւս տեսիլքին մէջ, Դանիէլ նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս ուշագրաւ մէկ եղջիւր ունեցող քօշ մը շուտով սպաննեց երկու եղջիւր ունեցող խոյը՝ Մարա–Պարսկաստանը։ Եհովան Դանիէլի ըսաւ, թէ քօշը կը խորհրդանշէ Յունաստանը, իսկ անոր մեծ եղջիւրը կը պատկերացնէ անոր թագաւորներէն մէկը։ Դանիէլ նաեւ արձանագրեց, թէ այդ մեծ եղջիւրը պիտի կոտրէր եւ անոր տեղ չորս պզտիկ եղջիւրներ պիտի ելլէին։ Թէեւ այս մարգարէութիւնը Յունաստանը տիրական ոյժ ըլլալէն աւելի քան երկու դար առաջ գրուեցաւ, սակայն իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կատարուեցաւ։ Մեծն Աղեքսանդր, վաղեմի Յունաստանին ամէնէն աչքառու թագաւորը, յունական բանակը Մարա–Պարսկաստանի դէմ առաջնորդեց։ Սակայն, այս եղջիւրը շուտով կոտրեցաւ, երբ 32 տարեկան թագաւորը իր զօրութեան զենիթին մահացաւ։ Ապա, իր թագաւորութիւնը ի վերջոյ իր չորս զօրավարներուն միջեւ բաժնուեցաւ (կարդա՛ Դանիէլ 8։20-22

16. Անտիոքոս Դ. ի՞նչ ըրաւ։

16 Պարսկաստանը նուաճելէ ետք, Յունաստանը Աստուծոյ ժողովուրդին հողամասին վրայ իշխեց։ Մինչ այդ, հրեաները Աւետեաց երկրին մէջն էին եւ Երուսաղէմի տաճարը վերաշինած էին։ Անոնք տակաւին Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն էին եւ վերաշինուած տաճարը տակաւին ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնն էր։ Սակայն մ.թ.ա. երկրորդ դարուն, Յունաստանը՝ գազանին հինգերորդ գլուխը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակեցաւ։ Անտիոքոս Դ., Աղեքսանդրի բաժնուած կայսրութեան մէկ ժառանգորդը, Երուսաղէմի տաճարի գաւիթին մէջ բագին մը կանգնեցուց եւ հրէական կրօնքին հետեւիլը մահուան արժանի ոճիր սեպեց։ Ի՜նչ ատելավառ կեցուածք Սատանայի սերունդին կողմէ։ Շուտով սակայն, Յունաստանը որպէս աշխարհակալ ոյժ իր դիրքը կորսնցուց։ Գազանին վեցերորդ գլուխը ո՞վ պիտի ըլլար։

«ԱՀԵՂ, ՍՈՍԿԱԼԻ» ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԸ՝ ՀՌՈՄ

17. Գազանին վեցերորդ գլուխը Ծննդոց 3։15–ի կատարման մէջ ի՞նչ բանալի դեր խաղցաւ։

17 Հռոմ տիրական ուժն էր, երբ Յովհաննէս գազանին տեսիլքը ստացաւ (Յայտ. 17։10)։ Այս վեցերորդ գլուխը բանալի դեր ունեցաւ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան կատարման մէջ։ Սատանան հռոմայեցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ գործածեց, որպէսզի սերունդին «գարշապարը» խայթէ։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք Յիսուսը դատեցին խռովութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ եւ զինք մահապատիժի ենթարկեցին (Մատ. 27։26)։ Սակայն այդ վէրքը շուտով բուժուեցաւ, քանի որ Եհովան Յիսուսը յարուցանեց։

18. ա) Եհովան ո՞ր նոր ազգը ընտրեց եւ ինչո՞ւ։ բ) Օձին սերունդը ինչպէ՞ս շարունակեց թշնամութիւն ցուցաբերել կնոջ սերունդին հանդէպ։

18 Իսրայէլի կրօնական առաջնորդները Հռոմի հետ դաւակցեցան Յիսուսի դէմ, եւ ազգին մեծամասնութիւնն ալ զինք մերժեց։ Հետեւաբար, Եհովան բառացի իսրայէլ ազգը որպէս իր ժողովուրդը լքեց (Մատ. 23։38. Գործք 2։22, 23)։ Ան ընտրեց նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 3։26-29. 6։16)։ Այդ ազգը հրեաներէ եւ ոչ–հրեաներէ կազմուած օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքն էր (Եփ. 2։11-18)։ Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, օձին սերունդը շարունակեց թշնամութիւն ցուցաբերել կնոջ սերունդին հանդէպ։ Մէկէ աւելի առիթներով, Հռոմը ջանաց բնաջնջել քրիստոնէական ժողովքը՝ սերունդին երկրորդական մասը։ *

19. ա) Դանիէլ ինչպէ՞ս կը նկարագրէ վեցերորդ աշխարհակալ ուժը։ բ) Յաջորդ ուսումնասիրութեան յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

19 Դանիէլի մեկնած Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ, Հռոմ պատկերացուած է երկաթէ սրունքներով (Դան. 2։33)։ Դանիէլ նաեւ տեսաւ տեսիլք մը, որ կը նկարագրէ ոչ միայն հռոմէական կայսրութիւնը, այլ նաեւ այն աշխարհակալ ուժը որ իրմէ պիտի ելլէր (կարդա՛ Դանիէլ 7։7, 8Դարեր շարունակ, Հռոմ իր թշնամիներուն երեւցաւ որպէս «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր»։ Սակայն, մարգարէութիւնը կանխագուշակեց, թէ այս կայսրութենէն «տասը եղջիւր» պիտի ելլէին։ Ապա, անոնց մէջէն «ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը» պիտի ելլէր եւ միւսներէն աւելի զօրաւոր պիտի ըլլար։ Որո՞նք են տասը եղջիւրները, եւ ո՞վ է այդ պզտիկ եղջիւրը։ Եւ այդ պզտիկ եղջիւրը Նաբուգոդոնոսորին տեսած մեծ արձանին ո՞ր մասին կը համապատասխանէ։ Յաջորդ ուսումնասիրութեան յօդուածը պատասխանները նկատի պիտի առնէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Կինը կը ներկայացնէ Եհովայի կնանման կազմակերպութիւնը, որ երկնքի մէջ հոգեղէն արարածներէն կազմուած է (Եսա. 54։1. Գաղ. 4։26. Յայտ. 12։1, 2

^ պարբ. 11 Բաբելոնը պատկերացուած է թէ՛ որպէս Դանիէլի գրքի արձանին գլուխը եւ թէ որպէս Յայտնութիւն գրքի գազանին երրորդ գլուխը։ Տե՛ս էջ 14-15–ի ցուցակը։

^ պարբ. 18 Մ.թ. 70–ին, երբ Հռոմը Երուսաղէմը կործանեց, բառացի իսրայէլը արդէն Աստուծոյ ընտրեալ ազգը չէր։ Ուստի, Երուսաղէմի կործանումը Ծննդոց 3։15–ի մէկ կատարումը չէր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]