Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազատութեան Աստուծոյն ծառայէ՛

Ազատութեան Աստուծոյն ծառայէ՛

Ազատութեան Աստուծոյն ծառայէ՛

«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. ՅՈՎՀ. 5։3

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

Սատանան ինչպէ՞ս կը ջանայ ցոյց տալ, թէ Աստուծոյ օրէնքները ծանր են։

Մեր ընկերակիցները ընտրելու մէջ, ինչո՞ւ չափազանց ուշադիր պէտք է ըլլանք։

Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն որ ազատութեան Աստուծոյն հաւատարիմ մնանք։

1. Ազատութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս ատիկա ցոյց տուաւ Ադամ ու Եւայի հետ իր գործառնութեանց մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ միակ Անձն է որ բացարձակ ազատութիւն ունի։ Բայց եւ այնպէս, ան բնաւ զայն չարաչար չի գործածեր, ոչ ալ իր հակակշռին տակ կ’առնէ ամէն չնչին բան որ իր ծառաները կ’ընեն։ Փոխարէն, ան իրենց ազատ կամք տուած է, որ իրենց անձնական որոշումները կայացնեն եւ իրենց բոլոր պատշաճ փափաքները գոհացնեն։ Օրինակ, Աստուած Ադամին ու Եւային միայն մէկ բան պատուիրեց որ չընեն,– «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» չուտել (Ծն. 2։17)։ Ուրեմն, անոնք կարելիութիւն ունէին Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ միեւնոյն ժամանակ հիանալի ազատութիւն վայելելու։

2. Մեր առաջին ծնողքը ինչո՞ւ իր աստուածատուր ազատութիւնը կորսնցուց։

2 Աստուած ինչո՞ւ մեր առաջին ծնողքին այսքան ազատութիւն շնորհեց։ Ան զանոնք իր պատկերով ստեղծեց եւ անոնց խղճմտանք տուաւ, իրաւացիօրէն ակնկալելով որ իրենց Ստեղծիչին հանդէպ իրենց սէրը զիրենք շիտակ ճամբուն մէջ պիտի առաջնորդէր (Ծն. 1։27. Հռով. 2։15)։ Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան չգնահատեցին իրենց հոյակապ Կենսատուն եւ այն ազատութիւնը որ իրենց տուած էր։ Փոխարէն, անոնք ընտրեցին Սատանայի հրամցուցած անօրէն ազատութիւնը,– բարոյական անկախութիւն։ Բայց աւելի ազատութիւն գտնելու տեղ, մեր առաջին ծնողքը ինքզինք եւ իր ապագայ զարմը մեղքին գերութեան ծախեց՝ աղէտալի հետեւանքներով (Հռով. 5։12

3, 4. Եհովայի չափանիշներուն առնչութեամբ, Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ խաբել։

3 Եթէ Սատանան կրցաւ մղել երկու կատարեալ անհատներ,– չնշելու համար բազմաթիւ հոգեղէն արարածներ,– որ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը մերժեն, ուրեմն ան կրնայ նաեւ մեզ խաբել։ Անոր ռազմավարութիւնը տակաւին նոյնն է։ Ան կը ջանայ մեզ մոլորեցնել՝ մտածել տալով թէ Աստուծոյ չափանիշները ծանր են եւ մեզմէ զուարճութիւնը կը խլեն (Ա. Յովհ. 5։3)։ Այսպիսի մտածելակերպ մը կրնայ շատ զօրութիւն բանեցնել, եթէ շարունակ ատոր ենթարկուինք։ «Չար ընկերակցութիւնը մեծապէս ինծի ազդեց, մանաւանդ քանի որ կը վախնայի իմ հասակակիցներէս տարբեր կարծիք ունենալ», ըսաւ 24 տարեկան քոյր մը, որ սեռային անբարոյութիւն գործած էր։ Թերեւս համանման հասակակիցներու ճնշում դիմագրաւած ես։

4 Ցաւօք սրտի, ատեններ հասակակիցներու բացասական ազդեցութիւնը կրնայ նաեւ գալ քրիստոնէական ժողովքին մէջէն։ Պատանի Վկայ մը ըսաւ. «Կ’ընկերակցէի կարգ մը պատանիներու հետ, որոնք անհաւատներու հետ կը ժամադրուէին, բայց վերջ ի վերջոյ, անդրադարձայ թէ որքա՛ն աւելի անոնց հետ ժամանակ անցընէի, ա՛յնքան աւելի իրենց պէս կը դառնայի։ Հոգեւորութի՛ւնս սկսաւ տուժել։ Այլեւս ժողովներուն ընթացքին ներկայացուած հոգեւոր սնունդէն հաճոյք չէի առներ, եւ հազիւ ծառայութեան կ’ելլէի։ Ասոնք նշան տուին ինծի որ դադրիմ անոնց հետ ընկերակցելէ, եւ այդպէս ալ ըրի՛»։ Կը գիտակցի՞ս ընկերակիցներուդ բանեցուցած ազդեցութեան։ Նկատի առ ժամանակայարմար աստուածաշնչական օրինակ մը (Հռով. 15։4

ԱՆ ԱՆՈՆՑ ՍՐՏԵՐԸ ԳՈՂՑԱՒ

5, 6. Աբիսողոմ ինչպէ՞ս ուրիշները մոլորեցուց, եւ իր ծրագիրը յաջողութիւն գտա՞ւ։

5 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ անհատներու օրինակներ, որոնք ուրիշներու վրայ գէշ ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնցմէ մէկն է Աբիսողոմ՝ Դաւիթ թագաւորի որդին։ Աբիսողոմ բացառիկ կերպով գեղահայեաց տղամարդ մըն էր։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, Սատանային նման, ան թոյլ տուաւ որ փառասիրութիւնը իր սրտին մէջ աճի, ցանկալով իր հօր գահին, որուն իրաւասութիւն չունէր։ * Գահը խլելու խորամանկ ջանքով մը, Աբիսողոմ ձեւացուց թէ իր հայրենակիցներուն հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ունէր, եւ անուղղակի կերպով ակնարկեց թէ արքունիքը անոնց հանդէպ անտարբեր էր։ Արդարեւ, ճիշդ ինչպէս որ Բանսարկուն Եդեմի պարտէզին մէջ ըրաւ, Աբիսողոմ ինքզինք ներկայացուց որպէս բարերար, միեւնոյն ժամանակ անգթօրէն իր հայրը զրպարտելով (Բ. Թագ. 15։1-5

6 Աբիսողոմի խորամանկ ծրագիրը յաջողեցա՞ւ։ Որոշ տարողութեամբ՝ այո՛, քանի որ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ, թէ Աբիսողոմ «Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց» կամ գողցաւ (Բ. Թագ. 15։6)։ Վերջաւորութեան սակայն, Աբիսողոմի յոխորտանքը իր անկման առաջնորդեց։ Եւ ողբերգականօրէն, ատիկա նաեւ իր մահուան եւ իր խաբած հազարաւորներու մահուան առաջնորդեց (Բ. Թագ. 18։7, 14-17

7. Աբիսողոմի պատմութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ (տե՛ս էջ 19–ի պատկերը)։

7 Այդ իսրայէլացիները ինչո՞ւ այսքան դիւրութեամբ խաբուեցան։ Թերեւս Աբիսողոմի խոստացած բաներուն ցանկացին։ Կամ, թերեւս իր արտաքին տեսքով տարուեցան։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, կրնա՛նք հետեւեալ կէտէն վստահ ըլլալ. անոնք Եհովայի եւ անոր նշանակած թագաւորին հանդէպ հաւատարմութիւն չցուցաբերեցին։ Ներկայիս, Սատանան կը շարունակէ «Աբիսողոմներ» գործածել, ջանալով Եհովայի ծառաներուն սիրտը գողնալ։ Այս «Աբիսողոմներ»ը թերեւս ըսեն. ‘Եհովայի չափանիշները չափազա՛նց կաշկանդիչ են։ Նայեցէ՛ք բոլոր անոնց՝ որոնք Եհովային չեն ծառայեր. ամէն տեսակ զուարճութիւն կը վայելեն’։ Երբ այսպիսի արտայայտութիւններ լսես, արդեօք պիտի անդրադառնա՞ս թէ ատոնք սուտեր են ու շարունակես Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։ Պիտի գիտակցի՞ս թէ միայն Եհովայի «կատարեալ օրէնք»ը՝ Քրիստոսի օրէնքը՝ կրնայ քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդել (Յակ. 1։25)։ Եթէ այո՛, արժեւորէ այդ օրէնքը եւ բնաւ քրիստոնէական ազատութիւնդ չարաչար մի՛ գործածեր (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։16

8. Իրական կեանքէ առնուած ո՞ր օրինակները կը լուսաբանեն, թէ Եհովայի չափանիշները անտեսելը ուրախութիւն չի բերեր։

8 Պատանիները յատկապէս Սատանային թիրախն են։ Եղբայր մը, որ այժմ իր երեսունական տարիքին մէջ է, իր պատանեկան տարիներուն մասին ըսաւ. «Տեսակէտս այն էր, թէ Եհովայի բարոյական չափանիշները զիս կը կաշկանդէին եւ ոչ թէ կը պաշտպանէին»։ Առ ի արդիւնք, ան սեռային անբարոյութիւն գործեց։ Բայց ասիկա իրեն ուրախութիւն չբերաւ։ «Յանցապարտութեան խոր զգացումը եւ խղճի խայթը տարինե՜ր զիս տանջեցին», ըսաւ ան։ Քոյր մը իր պատանեկութեան տարիները մտաբերելով՝ գրեց. «Անբարոյութիւն գործելէ ետք, տխուր ու անարժէք կը զգաս։ Նոյնիսկ հիմա՝ 19 տարի ետք՝ գէշ յիշատակներ տակաւին միտքս կու գան»։ Ուրիշ քոյր մը նշեց. «Մտածելը, թէ վարքս իմ սիրելիներս վիրաւորեց, մտային, հոգեւոր եւ զգացական քանդիչ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս։ Առանց Եհովային հաճութեան ապրիլը ահռելի է»։ Սատանան չ’ուզեր որ մեղքին այսպիսի հետեւանքներու մասին մտածես։

9. ա) Ի՞նչ հարցումներ կրնան մեզի օգնել վերլուծելու Եհովայի եւ անոր օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուած լաւ ճանչնալ։

9 Որքա՜ն ցաւալի է որ ճշմարտութեան մէջ եղող բազմաթիւ պատանիներ,– եւ նոյնիսկ կարգ մը չափահասներ,– դառն կերպով իրենց քսակէն սորվեցան՝ թէ մեղաւոր հաճոյքները յաճախ սուղի կը նստին (Գաղ. 6։7, 8)։ Ուստի, դուն քեզի հարց տուր. ‘Իրապէս կը զատորոշե՞մ Սատանայի հնարքները որպէս անգութ խաբէութիւններ։ Եհովան իմ ամենամտերիմ Բարեկամս կը նկատե՞մ,– ան՝ որ միշտ ճշմարտութիւն կը խօսի ու իմ բարօրութիւնս կ’ուզէ։ Լիովին համոզուա՞ծ եմ թէ ան բնաւ զիս պիտի չզրկէր բանէ մը, որ իրապէս լաւ է եւ մեծ ուրախութիւն կը բերէ’ (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18Սրտանց «այո՛» պատասխանելու համար, պէտք է Եհովայի մասին խոր գիտութիւն ունենաս։ Պէտք է զինք մօտէն ճանչնաս եւ գիտակցիս թէ Աստուածաշունչի օրէնքներն ու սկզբունքները կ’արտացոլեն քեզի հանդէպ իր սէրը, եւ ոչ թէ քեզ կաշկանդելու հակում մը (Սաղ. 25։14

ԱՂՕԹՔՈՎ ԽՆԴՐԷ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՀՆԱԶԱՆԴ ՍԻՐՏ

10. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք երիտասարդ Սողոմոն թագաւորը ընդօրինակել։

10 Երբ տակաւին երիտասարդ էր, Սողոմոն խոնարհաբար աղօթքի մէջ ըսաւ. «Ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր»։ Ապա, ան աղօթեց որ Աստուած իրեն իմաստուն եւ հնազանդ սիրտ շնորհէ (Գ. Թագ. 3։7-9, 12)։ Եհովան այդ անկեղծ խնդրանքին պատասխանեց, եւ նոյնը պիտի ընէ քեզի, ըլլա՛ս երիտասարդ կամ տարեց։ Անշուշտ, Եհովան քեզի հրաշալի հասկացողութիւն եւ իմաստութիւն պիտի չտայ։ Սակայն, քեզ իմաստուն պիտի ընէ, եթէ ժրաջանօրէն իր Խօսքը ուսումնասիրես, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրես, եւ լիովին օգտուիս հոգեւոր կարգադրութիւններէն, որոնք քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ մատչելի են (Յակ. 1։5)։ Արդարեւ, այս միջոցներով, Եհովան նոյնիսկ իր պատանի ծառաները աւելի իմաստուն կը դարձնէ անոնցմէ՝ որոնք իր խրատը կ’անտեսեն, նոյնիսկ այդպէս կոչուած աշխարհի «իմաստուններէն եւ գիտուններէն» (Ղուկ. 10։21. կարդա՛ Սաղմոս 119։98-100

11-13. ա) Ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ հետեւեալ համարներէն. Սաղմոս 26։4, Առակաց 13։20 եւ Ա. Կորնթացիս 15։33։ բ) Այս աստուածաշնչական սկզբունքները ինչպէ՞ս պիտի կիրարկես։

11 Այժմ քննարկենք կարգ մը համարներ, որոնք բարեկամներ ընտրելու մարզին մէջ կարեւոր դասեր մեզի կը սորվեցնեն։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հասկնանք թէ որքա՜ն կարեւոր է Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ անոր վրայ խոկալ, որպէսզի կարենանք Եհովան մօտէն ճանչնալ։ «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ» (Սաղ. 26։4)։ «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ» (Առ. 13։20)։ «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33

12 Այս համարներէն ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք։ 1) Եհովան կ’ուզէ որ մեր ընկերակիցներուն առնչութեամբ ընտրողական ըլլանք։ Ան կ’ուզէ մեզ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս պաշտպանել։ 2) Մեր ընկերակիցները մեզի կ’ազդեն կա՛մ դրականօրէն եւ կամ բացասականօրէն. ասիկա պարզապէս կեանքի մէկ իրողութիւնն է։ Մէջբերուած համարներուն շարադրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կը ջանայ մեր սրտին դպչիլ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ թէ համարներէն ո՛չ մէկը որպէս կանոն դրուած է, ինչպէս՝ «ասիկա պէտք է ընես» կամ «ատիկա պէտք չէ ընես»։ Փոխարէն, անոնք որպէս ճշմարտութեան պարզ արտայայտութիւններ գրուած են։ Կարծես թէ Եհովան մեզի կ’ըսէ. ‘Ահա՛ւասիկ իրողութիւնները։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդես։ Սրտիդ մէջ ի՞նչ կայ’։

13 Որովհետեւ երեք համարները գրուած են որպէս հիմնական ճշմարտութիւններ, անոնք անվախճան են եւ ընդարձակ կիրարկում ունին։ Լուսաբանելու համար, հետեւեալին նման հարցումներ դուն քեզի ուղղէ. Ինչպէ՞ս կրնամ խուսափիլ «կեղծաւորներ»ու հետ ընկերանալէ։ Ինչպիսի՞ պարագաներու ներքեւ կրնամ այսպիսի անհատներու հետ շփման մէջ գալ (Առ. 3։32. 6։12)։ Որո՞նք են այն «իմաստուններ»ը, որոնց հետ Եհովան կ’ուզէ որ ընկերակցիմ։ Որո՞նք են «անմիտներ»ը, որոնցմէ ան կ’ուզէ որ խուսափիմ (Սաղ. 111։10. 112։1. Առ. 1։7)։ Վատ ընկերակիցներ ընտրելով, ի՞նչ «աղէկ բարք» պիտի ապականեմ։ Արդեօք միա՞յն ժողովքէն դուրս վատ ընկերակիցներու հետ դէմ յանդիման պիտի գամ (Բ. Պետ. 2։1-3)։ Այս հարցումներուն ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիր։

14. Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ինչպէ՞ս կրնաս ճոխացնել։

14 Ճիշդ ինչպէս որ այս երեք համարներուն շուրջ պատճառաբանեցիր, ինչո՞ւ չքննես այլ համարներ, որոնք Աստուծոյ տեսակէտը կը յայտնեն հարցերու նկատմամբ, որոնք քեզ կամ ընտանիքդ կը հետաքրքրեն։ * Ո՛վ ծնողներ, ծրագրեցէք այսպիսի նիւթեր քննարկել ձեր Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին։ Մինչ այդպէս կ’ընէք, ի մտի ունեցէք թէ ձեր նպատակակէտն է՝ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի օգնել, որպէսզի լիակատար կերպով գնահատէ մեզի հանդէպ Աստուծոյ խոր սէրը, ինչպէս որ Իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ յայտնուած է (Սաղ. 119։72)։ Ի՛րապէս, այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը պէտք է ընտանիքի բոլոր անդամները Եհովային եւ իրարու աւելի մօտեցնէ։

15. Ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել թէ արդեօք իմաստուն եւ հնազանդ սիրտ կը զարգացնե՛ս։

15 Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ իմաստուն եւ հնազանդ սիրտ կը զարգացնես։ Կերպերէն մէկն է՝ մտածելակերպդ վաղեմի հաւատարիմներուն մտածելակերպին հետ բաղդատել, ինչպէս՝ Դաւիթ թագաւոր, որ գրեց. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։ Նմանապէս, Սաղմոս 119–ի յօրինողը ըսաւ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս» (Սաղ. 119։97)։ Այսպիսի սէր մը ծանծաղ հողի մէջ չ’աճիր։ Փոխարէն, ատիկա խոր ուսումնասիրութեան, աղօթքի եւ խոկալու արդիւնքն է. նաեւ ատիկա կ’աճի, երբ անձնական կեանքիդ մէջ նշմարես, թէ Աստուծոյ չափանիշներուն յարիլը առատ օրհնութիւններ կը բերէ (Սաղ. 34։8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆԴ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐԷ՛

16. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, եթէ կ’ուզենք իսկական ազատութեան համար մեր մղած պայքարը շահիլ։

16 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազգերը վայրագ պատերազմներ մղած են յանուն ազատութեան։ Ուրեմն, որքա՜ն աւելի դուն պէտք է հոգեւորապէս պայքարիս քրիստոնէական ազատութեանդ համար։ Ի մտի ունեցիր թէ թշնամիներդ միայն Սատանան, աշխարհը եւ աշխարհի թունաւոր հոգին չե՛ն։ Դուն նաեւ պէտք է մաքառիս անձնական անկատարութիւններուդ դէմ, ներառեալ՝ խաբեբայ սրտին դէմ (Եր. 17։9. Եփ. 2։3)։ Բայց եւ այնպէս, Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս յաղթական դուրս գալ։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր յաղթանակ,– մեծ կամ փոքր,– առնուազն երկու դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Առաջին, Եհովային սիրտը պիտի ուրախացնես (Առ. 27։11)։ Երկրորդ, մինչ Աստուծոյ «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ին ազատիչ ուժը կը շօշափես, աւելի պիտի վճռես յաւիտենական կեանքի տանող ‘նեղ ճամբուն’ մէջ մնալ։ Իսկ ժամանակի ընթացքին, պիտի վայելես այն ընդարձակ ազատութիւնը, որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն կը սպասէ (Յակ. 1։25. Մատ. 7։13, 14

17. Ինչո՞ւ պէտք չէ վհատինք մեր անկատարութիւններուն վրայով, եւ Եհովան ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ։

17 Անշուշտ, բոլորս ալ ատեններ կը մեղանչենք (Ժող. 7։20)։ Երբ այդ մէկը պատահի, անարժէք մի՛ զգար կամ չափազանց մի՛ վհատիր։ Եթէ քայլերդ սայթաքին, այլաբանօրէն խօսելով, ոտքի՛ ել եւ շարունակէ՛ քալել,– նոյնիսկ եթէ ասիկա նշանակէ երէցներուն օգնութիւնը խնդրել։ «Հաւատքով եղած [անոնց] աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր», գրեց Յակոբոս (Յակ. 5։15)։ Արդարեւ, բնաւ մի՛ մոռնար թէ Աստուած իսկապէս ողորմած է, եւ թէ ան քեզ բերաւ ժողովքին մէջ, քանի որ լաւ բան մը տեսաւ մէջդ (կարդա՛ Սաղմոս 103։8, 9Ուրեմն, այնքան ատեն որ Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ կը պահպանես, ան բնաւ քեզի նկատմամբ ձեռնթափ պիտի չըլլայ (Ա. Մն. 28։9

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Յովհաննէս 17։15–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործել։

18 Մինչ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ կ’աղօթէր, անոնց ի նպաստ հետեւեալ անմոռանալի խօսքը ըսաւ. ‘Զանոնք չարէն պահէ’ (Յովհ. 17։15)։ Յիսուսի հետաքրքրութիւնը սահմանափակուած չէր իր առաքեալներուն, հապա կը պարփակէ իր բոլո՛ր հետեւորդները։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան Յիսուսի աղօթքին պիտի պատասխանէ, այս դժուարին ժամանակներուն մեզ պահպանելով։ «[Եհովան] ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է. . . իր սուրբերուն ճամբան [պիտի] պահէ» (Առ. 2։7, 8)։ Այո, ուղղամտութեան ճամբան մարտահրաւէրներով լեցուն է, սակայն անիկա միա՛կ ճամբան է, որ դէպի յաւիտենական կեանք եւ իսկական ազատութիւն կ’առաջնորդէ (Հռով. 8։21)։ Ուրիշներ թերեւս տարբեր կերպով մտածեն, բայց թոյլ մի՛ տար անոնց որ քեզ խաբեն։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Աբիսողոմի ծնունդէն ետքն էր որ Աստուած Դաւիթի խոստացաւ, թէ ապագայ «զաւակ» մը իր գահը պիտի ժառանգէր։ Ուրեմն, Աբիսողոմ գիտցած ըլլալու էր թէ Եհովան զինք չընտրեց որպէս Դաւիթի յաջորդը (Բ. Թագ. 3։3. 7։12

^ պարբ. 14 Լաւ օրինակներ են՝ Ա. Կորնթացիս 13։4-8, ուր Պօղոս սէրը կը նկարագրէ, եւ Սաղմոս 19։7-11, որ կը թուէ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելէն յառաջ եկած բազմաթիւ օրհնութիւնները։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 19]

Ինչպէ՞ս կրնանք արդի Աբիսողոմներ բնորոշել եւ անոնցմէ մենք մեզ պաշտպանել