Գիտէի՞ր
Գիտէի՞ր
Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ երկու մղոն երթալու մասին խօսեցաւ։
▪ Իր հռչակաւոր Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս յանձնարարեց. «Ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու» (Մատթէոս 5։41)։ Յիսուսի ունկնդիրները հաւանաբար հասկցան, թէ ան կ’ակնարկէր պարտաւորիչ ծառայութեան մը, որ կրնար քաղաքացիներէն պահանջուիլ հեղինակութեան մը կողմէ։
Մ.թ. առաջին դարուն, հռոմայեցիները գրաւած էին Իսրայէլը։ Անոնք առանց վարանելու կը ստիպէին մարդիկը կամ անասունները որ իրենց համար բանէին, եւ ազատօրէն կը ղեկավարէին որեւէ բան, որ անհրաժեշտ կը սեպէին պետական գործընթացը արագացնելու համար։ Օրինակ, հռոմայեցի զինուորները ստիպեցին կիւրենացի Սիմոնը, որ Յիսուսի տանջանքի ցիցը կրէր մինչեւ անոր մահապատիժի վայրը (Մատթէոս 27։32)։ Այսպիսի հարկադրութիւններ ճնշիչ, բոլորովին անժողովրդական եւ դառնօրէն ընդվզեցուցիչ էին հրեաներուն համար։
Թէ քաղաքացիները ճիշդ որչա՛փ հեռաւորութեամբ կը ստիպուէին բեռ մը շալկել, գիտցուած չէ։ Սակայն, դժուար է պատկերացնել թէ անոնք յօժար պիտի ըլլային իրենցմէ պահանջուածէն աւելի հեռուն երթալու։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց երկու մղոն երթալ, այսինքն աւելին գործել, ան անոնց կ’ըսէր որ առանց դժգոհելու կատարէին այդ ծառայութիւնները, որոնք օրինապէս կը պահանջուէին հեղինակութիւններու կողմէ (Մարկոս 12։17)։
Աւետարաններուն մէջ նշուած Աննան ո՞վ էր։
▪ Յիսուսի դատի ժամանակ, Աննան (Անանոսը) նկարագրուած էր որպէս «քահանայապետ» (Ղուկաս 3։2. Յովհաննէս 18։13. Գործք 4։6)։ Իրականութեան մէջ, ան իսրայէլի քահանայապետ՝ Կայիափային աներն էր, եւ ի՛նք ալ ծառայած էր որպէս քահանայապետ՝ մօտ մ.թ. 6–էն կամ 7–էն մինչեւ մօտ մ.թ. 15, երբ հռոմայեցի կառավարիչ Վալերիոս Կրադոսը զինք պաշտօնանկ ըրաւ։ Ասով հանդերձ, նախկին քահանայապետ մը ըլլալով, Աննան շարունակեց մեծ իշխանութիւն բանեցնել Իսրայէլի մէջ։ Իր որդիներէն հինգը եւ իր փեսան քահանայապետութեան պաշտօնը ստանձնեցին։
Այնքան ատեն որ իսրայէլ ազգը անկախ էր, քահանայապետը ցկեանս կը պահէր իր պաշտօնը (Թուոց 35։25)։ Սակայն, երբ հռոմայեցիները գրաւած էին Իսրայէլը, քահանայապետը կը ծառայէր հռոմայեցի կառավարիչներու եւ Հռոմի նշանակած թագաւորներու քմահաճոյքին համաձայն, որոնք կրնային զինք պաշտօնանկ ընել։ Պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս կը տեղեկագրէ, թէ մօտ մ.թ. 6–ին կամ 7–ին, Սուրիոյ հռոմայեցի կառավարիչ Կիւրենոսը պաշտօնանկ ըրաւ Յովազար քահանայապետը եւ նշանակեց անոր փոխարէն Աննան։ Սակայն, այնպէս կը թուի թէ այս հեթանոս կառավարիչները ուզեցին նոր պաշտօնակալները քահանաներէն ընտրել։
Աննայի ընտանիքը ակներեւօրէն կծծի եւ մեծահարուստ էր։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնք հարստացան քանի որ կը ղեկավարէին այն ապրանքներուն վաճառքը, որոնք անհրաժեշտ էին տաճարի շրջանը կատարուող զոհերուն համար, ինչպէս՝ աղաւնիներ, ոչխարներ, ձէթ ու գինի։ Յովսեպոս կը նշէ թէ Աննայի որդին՝ Անանոսը (Անանիա) ունէր «ծառաներ, որոնք բոլորովին սրիկաներ էին, եւ որոնք բռնի ուժով քահանաներու տասանորդները կ’առնէին եւ չէին քաշուեր զարնելու անոնց, որոնք կը մերժէին տալ»։