Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան իր ընտանիքը կը համախմբէ

Եհովան իր ընտանիքը կը համախմբէ

Եհովան իր ընտանիքը կը համախմբէ

‘Կ’աղաչեմ ձեզի որ Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը պահէք’ (ԵՓ. 4։1, 3

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԲԱՑԱՏՐԵՍ

Աստուծոյ տնտեսութեան նպատակը ի՞նչ է։

Ինչպէ՞ս ‘Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը կը պահենք’։

Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ‘իրարու հետ քաղցր ըլլանք’։

1, 2. Եհովան երկրագունդին եւ մարդկութեան նկատմամբ ի՞նչ նպատակադրած է։

ԸՆՏԱՆԻՔ։ Այս բառը քեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ Ջերմութի՞ւն. ուրախութի՞ւն. որոշ նպատակակէտի մը հասնելու համար համագործակցութի՞ւն. ապահով ապաստանարա՞ն մը,– ուր կրնաս աճիլ, սորվիլ եւ գաղափարներ փոխանակել։ Հաւանաբար այո՛, եթէ հոգատար ընտանիքի մը մէկ անդամն ես։ Եհովան ի՛նք ընտանիքին Հիմնադիրն է (Եփ. 3։14, 15)։ Ան նպատակադրեց որ իր բոլոր արարածները, թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ, ապահովութեան զգացում ունենան եւ փոխադարձ վստահութիւն ու հարազատ միութիւն վայելեն։

2 Մեղանչելէ ետք, մարդիկ այլեւս Աստուծոյ տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը չկազմեցին, բայց Եհովային նպատակը չխափանուեցաւ։ Ան վստահ պիտի ըլլայ, որ երկրային Դրախտը ամբողջովին բնակուի Ադամ ու Եւայի զարմով (Ծն. 1։28. Եսա. 45։18)։ Ան հարկ եղած պատրաստութիւնները ըրած է այս նպատակը իրագործելու համար։ Կարգ մը կարգադրութիւններ մեր ուշադրութեան կը յանձնուին Աստուածաշունչի Եփեսացիս նամակին մէջ, որուն բնաբանն է՝ միութիւն։ Այս նամակէն նկատի առնենք կարգ մը համարներ եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս իր ստեղծագործութիւնը միացնելու Եհովային նպատակին հետ կրնանք համագործակցիլ։

ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

3. Եփեսացիս 1։10–ի մէջ նշուած Աստուծոյ տնտեսութիւնը ի՞նչ է, եւ ատոր գործունէութեան առաջին հանգրուանը ե՞րբ սկսաւ։

3 Եհովային արարքները եւ նպատակը միշտ ներդաշնակ են։ Անոր համար, նշանակուած «ժամանակներուն լրանալուն» պէս, ան ի զօրու դարձուց ‘տնտեսութիւն մը’,– այսինքն՝ իր բոլոր մտացի արարածները միացնելու կարգադրութիւն մը (կարդա՛ Եփեսացիս 1։8-10Այս տնտեսութիւնը իր նպատակակէտը երկու հանգրուաններով պիտի իրագործէ։ Առաջին հանգրուանը օծեալներու ժողովքը կը պատրաստէ երկնային կեանքի համար, Յիսուս Քրիստոսը իրենց հոգեւոր Գլուխը ունենալով։ Այս հանգրուանը սկսաւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Եհովան սկսաւ համախմբել զանոնք՝ որոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխէին (Գործք 2։1-4)։ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ օծեալները կեանք ունենալու համար արդարացած ըլլալով, կը գիտակցին թէ որդեգրուած են որպէս «Աստուծոյ որդիներ» (Հռով. 3։23, 24. 5։1. 8։15-17

4, 5. Տնտեսութեան երկրորդ հանգրուանը ի՞նչ է։

4 Երկրորդ հանգրուանը կը պատրաստէ զանոնք՝ որոնք Քրիստոսի Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ պիտի բնակին Դրախտին մէջ երկրի վրայ։ «Մեծ բազմութիւն»ը այս խումբին սկզբնական մասը կը կազմէ (Յայտ. 7։9, 13-17. 21։1-5)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անոնց պիտի միանան միլիառաւոր յարուցեալներ (Յայտ. 20։12, 13)։ Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս յարութիւնը յաւելեալ կերպով մեր միութիւնը պիտի յայտնէ։ Հազար տարուան վերջաւորութեան, «ինչ որ երկրի վրայ կայ» վերջին փորձի պիտի ենթարկուի, եւ հաւատարիմները պիտի որդեգրուին որպէս երկրային՝ «Աստուծոյ որդիներ» (Հռով. 8։21. Յայտ. 20։7

5 Ներկայիս, Աստուծոյ տնտեսութեան երկու հանգրուաններն ալ կը շարունակուին,– օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն առնչութեամբ։ Բայց, անհատապէս Աստուծոյ տնտեսութեան հետ ինչպէ՞ս կը համագործակցինք։

‘ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԷ’

6. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան որ քրիստոնեաները պէտք է իրարու հետ ընկերակցին։

6 Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ քրիստոնեաները պէտք է բառացիօրէն համախմբուին (Ա. Կոր. 14։23. Եբ. 10։24, 25)։ Սակայն, միութեան մէջ ըլլալու համար, պէտք է աւելի՛ն ընենք քան պարզապէս մէկտեղ հաւաքուիլ, ինչպէս որ մարդիկ կը ժողվուին շուկայի մը կամ մարզադաշտի մը մէջ։ Հարազատ միութեան կը հասնինք, երբ Եհովայի ցուցմունքները ի գործ կը դնենք եւ թոյլ կու տանք Աստուծոյ սուրբ հոգիին որ մեզ կաղապարէ։

7. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը պահել’։

7 Թէեւ Եհովան Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ իր օծեալները արդարացուցած է որպէս որդիներ, իսկ ուրիշ ոչխարները՝ որպէս բարեկամներ, սակայն անհատական տարակարծութիւններ պիտի ծագին, այնքան ատեն որ այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ կ’ապրինք (Հռով. 5։9. Յակ. 2։23)։ Այլապէս, հարկ պիտի չըլլար այն ներշնչուած խրատին, որ շարունակենք «իրարու ներողամիտ ըլլալ»։ Հաւատակիցներուն հետ ինչպէ՞ս կրնանք միաբան ըլլալ։ ‘Լման խոնարհութիւն եւ հեզութիւն’ պէտք է զարգացնենք։ Ասկէ զատ, Պօղոս կը յորդորէ որ լրջօրէն ջանանք «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։1-3Այս խրատը կիրարկելը կը պարփակէ՝ Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան ենթարկուիլ եւ թոյլ տալ որ մեր մէջ իր պտուղը արտադրէ։ Այդ պտուղը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներու հետ մեր ունեցած խնդիրները լուծենք, միաբանութիւն յառաջացնելով, առ ի հակապատկեր մարմնի գործերուն, որոնք միշտ պառակտիչ են։

8. Մարմնի գործերը ինչպէ՞ս մարդիկ իրարմէ կը բաժնեն։

8 Նշմարէ թէ ինչպէ՛ս «մարմնին գործերը» մարդիկ իրարմէ կը բաժնեն (կարդա՛ Գաղատացիս 5։19-21Շնութիւնը կրնայ անգթօրէն զաւակները իրենց ծնողներէն բաժնել եւ անմեղ կողակիցը՝ իր ամուսինէն կամ կնոջմէն։ Պոռնկութիւնը իրեն անձնատուր եղող անհատը կը բաժնէ Եհովայէն եւ ժողովքէն։ Պղծութիւնը կամ անմաքրութիւնը կը դժուարացնէ անհատին միութիւնը Աստուծոյ եւ զինք սիրողներուն հետ։ Լուսաբանենք. եթէ երկու բան սոսինձով պիտի փակցնես, հարկ է որ երկու մակերեսներն ալ մաքուր ըլլան, որպէսզի պատշաճօրէն փակչին։ Անառակութեան * (ՆԱ) միջամուխ ըլլալը ցոյց կու տայ, որ անհատը Աստուծոյ արդար օրէնքները ամբողջովին կ’արհամարհէ։ Մարմնին մնացեալ գործերէն իւրաքանչիւրը մարդիկ իրարմէ եւ Աստուծմէ կը բաժնէ։ Այսպիսի վարք մը Եհովային անձնաւորութեան հետ բոլորովին ներդաշնակ չէ։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ քննել, տեսնելու թէ արդեօք կը ջանա՛նք «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել»։

9 Ասոր համար, պէտք է իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Որքանո՞վ կը ջանամ «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել»։ Երբ խնդիրներ ծագին, ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեմ։ Աջուձախ կը բողոքե՞մ, յուսալով որ բազմաթիւ բարեկամներ իմ կողմս դիրք բռնեն։ Կ’ակնկալե՞մ որ երէցները ինծի ի նպաստ միջամտեն, փոխանակ ե՛ս իսկական ջանք թափեմ որ խաղաղ փոխյարաբերութիւն մը վերահաստատեմ։ Արդեօք կը խուսափի՞մ շփման մէջ գալէ այն անհատներուն հետ, որոնք ինծի հետ խնդիր ունին, թերեւս ջանալով մեր միջեւ բաւարար հեռաւորութիւն պահել’։ Այսպիսի արարքներ ցոյց պիտի տայի՞ն որ մենք ներդաշնակ կը գործենք ամէն բան դարձեալ Քրիստոսով համախմբելու Եհովային նպատակին հետ։

10, 11. ա) Որքա՞ն կարեւոր է մեր եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենալ։ բ) Ի՞նչ արարքներ յառաջ պիտի մղեն խաղաղութիւնն ու հոգեւոր բարգաւաճութիւնը։

10 Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։ Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ» (Մատ. 5։23-25)։ Իսկ Յակոբոս գրեց թէ «արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն» (Յակ. 3։17, 18)։ Ուրեմն, խաղաղութեան բացակայութեան չենք կրնար արդար վարք պահպանել։

11 Լուսաբանենք. կ’ենթադրուի թէ պատերազմով պառակտուած երկիրներու մէջ, 35 տոկոս աւելի հողեր կրնային մշակուիլ, եթէ բնակիչները ցամաքի ականներու գոյութեան նկատմամբ չմտահոգուէին։ Երբ ական մը պայթի, հողագործները դաշտը կը լքեն, գիւղերը իրենց ապրուստը կը կորսնցնեն եւ քաղաքները ուտելիքի պակասէ կը տուժեն։ Համանման կերպով, հոգեւոր հարցերու մէջ մեր աճումը կը խոչընդոտուի, եթէ ունինք նկարագրի գիծեր, որոնք կրնան մեր եղբայրներուն հետ մեր խաղաղութիւնը խանգարել։ Սակայն ներելու մէջ արագ ըլլալով եւ ուրիշներուն բարօրութեան համար աշխատելով, կրնանք յառաջ բերել պարագաներ, որոնք իսկական բարգաւաճութեան կ’առաջնորդեն։

12. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել որ միաբան ըլլանք։

12 Ասկէ զատ, ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ կրնան միութեան իսկական ոյժ մը ըլլալ։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ «հասնինք հաւատքին. . . միաբանութեանը» (Եփ. 4։8, 13)։ Երբ երէցները սուրբ ծառայութեան մէջ մեզի հետ կ’աշխատին եւ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած դիտողութիւններ կու տան, անոնք մեզի կ’օգնեն որ նոր անձնաւորութիւնը հագուելու մէջ յառաջդիմենք (Եփ. 4։22-24)։ Երբ երէցները քեզ խրատեն, յիշէ թէ Եհովան զիրենք կը գործածէ, որպէսզի քեզ պատրաստէ նոր աշխարհին մէջ ապրելու։ Եւ ո՛վ երէցներ, ուրիշները սրբագրեցէք այնպիսի կերպով մը, որ ցոյց կու տայ թէ իրապէս կ’ուզէք անոնց օգնել (Գաղ. 6։1

«ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ՔԱՂՑՐ ԵՂԷՔ»

13. Եթէ Եփեսացիս 4։25-32–ի խրատին չանսանք, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

13 Եփեսացիս 4։25-29–ն կը բնորոշէ վարք մը, որմէ մասնաւորաբար պէտք է խուսափինք։ Անիկա կը պարփակէ ստութիւն, բարկութիւն կամ ծուլութիւն, եւ ապականեալ խօսքեր արտասանել, փոխանակ աղէկ եւ շինիչ խօսքեր ըսելու։ Եթէ անհատ մը այս խրատին չանսայ, Աստուծոյ հոգին կը տրտմեցնէ, քանի որ սուրբ հոգին միութիւն յառաջացնող ոյժ մըն է (Եփ. 4։30)։ Խաղաղութեան եւ միութեան համար նաեւ կենսական է կիրարկել Պօղոսի յաջորդ խօսքը. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (Եփ. 4։31, 32

14. ա) «Քաղցր եղէք» արտայայտութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ քաղցր ըլլալու։

14 «Քաղցր եղէք» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ առնուազն որոշ տարողութեամբ քաղցր չենք եղած եւ պէտք է բարելաւուինք։ Որքա՜ն պատշաճ է որ մենք մեզ մարզենք մտածելու, թէ ուրիշներուն զգացումները մեր զգացումներէն աւելի կարեւոր են (Փլպ. 2։4)։ Թերեւս այն բանը որ պիտի ըսենք, մեր շուրջինները պիտի խնդացնէ կամ մեզ ուշիմ պիտի ցուցնէ, բայց արդեօք քաղցր պիտի ըլլա՞յ։ Սկիզբէն ասոր մասին մտածելը մեզի պիտի օգնէ որ ‘քաղցր ըլլանք’։

ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՍՈՐՎԻԼ ՍԷՐ ՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

15. Եփեսացիս 5։28–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ամուսիններուն որ հասկնան Քրիստոսը ընդօրինակելու կերպը։

15 Աստուածաշունչը Քրիստոսի փոխյարաբերութիւնը ժողովքին հետ կը համեմատէ ամուսինի եւ կնոջ փոխյարաբերութեան հետ։ Ասիկա ամուսինին կ’օգնէ որ հասկնայ, թէ պէտք է առաջնորդէ, սիրէ եւ հոգայ իր կինը։ Ինչպէս նաեւ անիկա կ’օգնէ կնոջ որ հասկնայ, թէ պէտք է իր ամուսինին ենթարկուի (Եփ. 5։22-33)։ Երբ Պօղոս գրեց. «Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս», «նոյնպէս» բառով ինչի՞ կ’ակնարկէր (Եփ. 5։28)։ Իր նախորդ խօսքերը ուշադրութեան յանձնեցին այն կերպը, որով «Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով»։ Արդարեւ, ամէն բան դարձեալ Քրիստոսով համախմբելու Եհովային նպատակին հետ ներդաշնակ գործելու համար, ամուսին մը պէտք է ուշադիր ըլլայ որ իր ընտանիքը հոգեւորապէս սնուցանէ։

16. Երբ ծնողները տունէն ներս իրենց աստուածաշնչական պատասխանատուութիւնները կը կատարեն, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

16 Ծնողները լաւ կ’ըլլայ որ յիշեն թէ Եհովային կողմէ տրուած նշանակում մը կը կատարեն։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս աշխարհին մէջ շատեր «անգութ» են (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Անհամար հայրեր իրենց պատասխանատուութիւններէն կը խուսափին, ինչ որ իրենց զաւակները կը տրտմեցնէ եւ կը քանդէ։ Սակայն, Պօղոս քրիստոնեայ հայրերը յորդորեց. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Ընտանիքին մէջն է որ զաւակներ առաջին անգամ կը սորվին սիրել եւ ինչպէ՛ս հեղինակութիւնը յարգել։ Այն ծնողները, որոնք կրցած են ասիկա յաջողապէս իրենց զաւակներուն սորվեցնել, Եհովայի տնտեսութեան հետ ներդաշնակ աշխատած են։ Մեր տուները սիրալիր միջավայր ընելով, ուր ամէն գժտութիւն, բարկութիւն եւ հայհոյութիւն մէկդի կը ձգենք, ինչպէ՛ս սէր ցուցաբերելու եւ ինչպէ՛ս հեղինակութիւնը յարգելու առնչութեամբ կենսական դասեր կը սորվեցնենք մեր զաւակներուն։ Ասիկա զիրենք պիտի պատրաստէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու։

17. Ի՞նչ բանի հարկ կայ, որպէսզի Բանսարկուին դէմ դնենք։

17 Պէտք է գիտակցինք թէ Բանսարկուն,– ան՝ որ սկիզբը տիեզերական խաղաղութիւնը խախտեց,– ուժգնօրէն պիտի ջանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մեր ջանքերը կասեցնել։ Անկասկած Սատանային նպատակները կ’իրագործուին մինչ ամուսնալուծման տոկոսը վերելք կ’արձանագրէ, ամուսնութիւնը կը փոխարինուի կենակցութեամբ, եւ միասեռականներու ամուսնութիւնը կը հանդուրժուի։ Սակայն, մենք չենք ընդօրինակեր այն վարքը, որ ներկայիս աշխարհին մէջ հետզհետէ ընդունելի կը դառնայ։ Մեր տիպարը Քրիստո՛սն է (Եփ. 4։17-21)։ Հետեւաբար, մեզի յորդոր կը տրուի որ ‘Աստուծոյ սպառազինութիւնը հագուինք’, Բանսարկուին եւ իր դեւերուն յաջողապէս դէմ դնելու համար (կարդա՛ Եփեսացիս 6։10-13

«ՍԻՐՈՎ ՎԱՐՈՒԵՑԷՔ»

18. Մեր քրիստոնէական միութեան բանալին ի՞նչ է։

18 Մեր քրիստոնէական միութեան իսկական բանալին՝ սէրն է։ Մեր սիրտը սիրով լի է մեր ‘մէկ Տիրոջ’՝ Յիսուս Քրիստոսի ու ‘մէկ Աստուծոյն’՝ Եհովայի ե՛ւ իրարու հանդէպ։ Անոր համար վճռած ենք ջանալ «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։3-6)։ Յիսուս այսպիսի սիրոյ մասին աղօթեց՝ ըսելով. «Միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան. . . Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհ. 17։20, 21, 26

19. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

19 Եթէ ներքին պայքար ունինք մեր անկատարութեան պատճառով, թող որ սէրը մեզ մղէ սաղմոսերգուին նման աղօթելու. «Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ» (Սաղ. 86։11)։ Վճռե՛նք Բանսարկուին դէմ դնել, երբ կը ջանայ մեզ բաժնել մեր սիրալիր Հօրմէն եւ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն։ Նաեւ, ժրաջանօրէն աշխատինք որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուինք’ ընտանիքէն ներս, մեր ծառայութեան ընթացքին եւ ժողովքին մէջ (Եփ. 5։1, 2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Անառակութիւն թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ անամօթ վարք։ Այն անհատը որ անամօթ վարքով յանցաւոր է, Եհովայի օրէնքները լրջօրէն բեկանած է եւ ատոնց հանդէպ անյարգալից ու յանդուգն կեցուածք ունի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Իր ընծան զոհասեղանին առջեւ ձգելով, ան կ’երթայ իր եղբօր հետ հաշտուելու

[Նկար՝ էջ 31]

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք յարգանք ցուցաբերել