Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշգրիտ գիտութիւն

Ճշգրիտ գիտութիւն

Ճշգրիտ գիտութիւն

«Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ ու գիտութիւն չգրեցի՞, որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս» (ԱՌԱԿԱՑ 22։20, 21

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՐԲԵՐ Է։ Վաղեմի գրքերը յաճախ կը պարփակեն անվստահելի եւ վտանգաւոր գաղափարներ, որոնք բոլո՛րովին սխալ փաստուած են արդի գիտութեան կողմէ։ Նոյնիսկ ներկայիս, հեղինակները պէտք է իրենց գրքերը այժմէականացնեն, որպէսզի նոր յայտնաբերումներուն հետ ներդաշնակ ըլլան։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը դաւանի, թէ իր հեղինակը Ստեղծիչն է, եւ թէ անոր Խօսքը «յաւիտեան կը մնայ» (Ա. Պետրոս 1։25

ՕՐԻՆԱԿ։ Մովսիսական օրէնքը իսրայէլացիներուն պատուիրեց. «Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես. . . փորես ու դուրս տրուածը ծածկես» (Բ. Օրինաց 23։12, 13)։ Եթէ անասունի կամ մարդու դիակի մը դպչէին, անոնք պէտք է լուացուէին (Ղեւտացւոց 11։27, 28. Թուոց 19։14-16)։ Իսկ բորոտները կը մեկուսացուէին, մինչեւ որ ֆիզիքական քննութիւն մը հաստատէր թէ այլեւս իրենց հիւանդութիւնը ուրիշին չէին կրնար փոխանցել (Ղեւտացւոց 13։1-8

ԻՆՉ ՈՐ ԱՐԴԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ։ Կղկղանքէ պատշաճ կերպով ձերբազատուիլը, ձեռք լուալը եւ մեկուսանալը, հիւանդութեան դէմ պայքարելու ազդու կերպերը կը մնան։ Եթէ արտաքնոց կամ առողջապահական այլ դրութիւններ չկան, ԱՄՆ–ի «Ախտերու հսկողութեան կեդրոններ»ը (ԱՀԿ) կը յանձնարարէ. «Որեւէ ջուրի աղբիւրէ առնուազն 30 մեթր հեռու աղիքներդ պարպէ եւ ապա կղկղանքը ծածկէ»։ Ըստ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան, երբ համայնքները ապահովաբար աղբերէ ձերբազատուին, անոնք փորհարութիւն պատճառող հիւանդութիւնները 36 տոկոսով կը նուազեցնեն։ Շուրջ 200 տարի առաջ, բժիշկները անդրադարձան թէ բազմաթիւ հիւանդներ վարակեցին, դիակներու դպչելէ ետք իրենց ձեռքերը չլուալով։ ԱՀԿ–ը տակաւին կ’ըսէ, թէ ձեռք լուալը «հիւանդութիւններու փոխանցման արգելք հանդիսանալու ամէնէն ազդու կերպն է»։ Իսկ բորոտութեան կամ ուրիշ հիւանդութիւններու պարագային մեկուսանալու մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Վերջերս, պարբերաթերթ մը գրեց. «Համաճարակի մը սկզբնական շրջանին մեկուսանալը, դիմելիք միակ եւ վերջին լուծումն է վարակիչ հիւանդութիւնները ազդուօրէն հակակշռի տակ առնելու համար» (Saudi Medical Journal

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Պիտի ակնկալէի՞ր թէ վաղեմի որեւէ այլ սրբազան գիրք արդի գիտութեան հետ ներդաշնակ ըլլար, թէ ոչ՝ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

«Ո՛չ ոք կրնայ Մովսիսական ժամանակաշրջանի տրուած բծախնդիր առողջապահական նախազգուշացումներով չտպաւորուիլ» (ԱՐԵՒԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՔ [ԱՆԳԼԵՐԷՆ], ՏՈՔԹ. ԱԼՏՕ ՔԱՍԹԵԼԼԱՆԻԻ ԵՒ ՏՈՔԹ. ԱԼՊԵՐԹ Ճ. ՉԱԼՄԸՐԶԻ ԿՈՂՄԷ)։