Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւիտենական կեանք բերող պատգամ մը

Յաւիտենական կեանք բերող պատգամ մը

Յաւիտենական կեանք բերող պատգամ մը

«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 17։3

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ կրնայ կեանք փրկել։ Երբ տասը ամսու Նուհու հիւանդացաւ, իր մայրը,– Նիկէրի մէջ, առողջապահական խնամքի մէկ կեդրոնի աշխատաւոր մը,– գիտէր ի՛նչ ընել։ Ան մաքուր ջուրէ, աղէ եւ շաքարէ բաղկացած խմելիք մը պատրաստեց, որպէսզի իր մանուկին մարմնի ջուրի պաշարը վերականգնէ։ Ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ–ին, «այս կնոջ արագ քայլեր առնելը եւ առողջապահական խնամքի կեդրոնին մատչելի ըլլալը, օգնեցին որ իր զաւակը շուտով ապաքինի»։

Աստուածաշունչի գիտութիւնը եւս կրնայ կեանք փրկել։ Աստուածաշունչի առաջին գրողը՝ Մովսէս՝ նշեց. «Ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք» (Բ. Օրինաց 32։47)։ Աստուածաշունչը իրապէս կրնա՞յ մեր կեանքի օրերը երկարել։ Ատոր պատգամը ինչպէ՞ս յաւիտենական կեանք կը բերէ։

Այս յօդուածաշարքին նախորդ հինգ յօդուածները ցոյց տուին, թէ Աստուածաշունչը անբաղդատելի գիրք մըն է, իր վստահելի մարգարէութեամբ, պատմական ու գիտական ճշգրտութեամբ, ներքին ներդաշնակութեամբ եւ գործնական առաջնորդութեամբ։ Ասոնք կը հաստատեն, թէ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։ Ուստի, երբ ան կը դաւանի թէ կը մատնանշէ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան, չ’ա՞րժեր որ ուշադրութեամբ զայն նկատի առնես։

Քեզ կը յորդորենք որ սորվիս, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը կրնայ մտքի խաղաղութիւն տալ հիմա, եւ երջանկութիւն՝ ապագային։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի ցոյց տալու այս գիտութիւնը ձեռք ձգելու կերպը։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 9]

Աստուածաշունչը նաեւ իւրայատուկ է, քանի որ միայն ինք գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ մեր հիմնական հարցումներուն.

• Ինչո՞ւ հոս ենք։

• Ինչո՞ւ այսքան տառապանք կայ։

• Իմ ննջեցեալ սիրելիներուս համար որեւէ յոյս կա՞յ։

Կրնաս այս հարցումներուն Աստուածաշունչի պատասխանները գտնել՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին մէջ։