Պատմութիւն, ոչ առասպել
Պատմութիւն, ոչ առասպել
«Սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի» (ՂՈՒԿԱՍ 1։3)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՐԲԵՐ Է։ Աւանադավէպերն ու առասպելները կը պատմեն արտասովոր պատմութիւններ, առանց նշելու մասնայատուկ վայրեր, թուականներ եւ պատմական դէմքերու անուններ։ Ի հակապատկեր, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ անհամար պատմական մանրամասնութիւններ, որոնք ընթերցողները կը հաւաստիացնեն թէ իր ‘խօսքը ճշմարտութիւն է’ (Սաղմոս 119։160)։
ՕՐԻՆԱԿ։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, թէ «Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը. . . [հրեայ թագաւոր] Յովաքինը. . . Բաբելոն գերի տարաւ»։ Յետագային, «Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը, իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց»։ Աւելին, ‘Յովաքինի կեանքին բոլոր օրերուն մէջ թագաւորին կողմէն ամէն օր անոր ռոճիկ կը տրուէր’ (Դ. Թագաւորաց 24։11, 15. 25։27-30)։
ԻՆՉ ՈՐ ՀՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ԵՆ։ Վաղեմի Բաբելոնի աւերակներուն մէջ, հնագէտները երեւան հանեցին վարչական փաստաթուղթեր, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Բ.–ի իշխանութեան օրերէն մնացած են։ Ատոնք կը թուեն բանտարկեալներու եւ թագաւորական ընտանիքէն կախեալ եղող անհատներու տրուած ռոճիկները։ Ցանկերը կը պարփակեն «Եաօքին [Յովաքին]»ը, որ «Եահուտ (Յուդա) երկրի թագաւոր»ն էր, եւ իր ընտանիքը։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Նաբուգոդոնոսորի յաջորդին՝ Եղմարովդաքի մասին։ Շուշան քաղաքին մօտերը գտնուած ծաղկամանի մը վրայի փորագրութիւնը կը նշէ. «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի որդիին՝ Ամել–Մարդոկ [Եղմարովդաք] թագաւորին պալատը»։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Արդեօք վաղեմի կրօնական այլ գրութիւններ երբ պատմութեան մասին խօսին, նոյնպէս մասնայատուկ ու ճշգրի՞տ են, թէ ոչ՝ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
«Ժամանակագրական եւ աշխարհագրական տեղեկութիւնները վաղեմի այլ փաստաթուղթերու նշածներէն աւելի՛ ճշգրիտ ու վստահելի են» (ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ [ԱՆԳԼԵՐԷՆ], ՌԱՊԸՐԹ Տ. ՈՒԻԼՍԸՆԻ ԿՈՂՄԷ)։
[Նկար՝ էջ 5]
Բաբելոնական փաստաթուղթ՝ որ կը նշէ Յուդայի Յովաքին թագաւորը
[Նկարին աղբիւրը]
© bpk Berlin/Vorderasiatisches Museum SMB/Olaf M. Tessmer/Art Resource NY