Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթք Լսողը ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը

Աղօթք Լսողը ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը

Աղօթք Լսողը ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը

ՆՈՅՆԻՍԿ երբ աղօթեն, կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ գոյութեան շուրջ կասկածներ ունին։ Ինչո՞ւ։ Հաւանաբար, քանի որ կը տեսնեն թէ այս աշխարհին մէջ տառապանքը համատարած է։ Երբեք հարց տուա՞ծ ես, թէ ինչո՛ւ Աստուած կը թոյլատրէ տառապանքը։

Աստուած իրապէս մարդիկը ստեղծե՞ց ինչպէս որ այժմ են,– անկատար եւ տառապանքի ենթակայ։ Շատ դժուար պիտի ըլլար յարգել աստուած մը, որուն նպատակն է մարդիկը տառապեցնել։ Սակայն, նկատի առ հետեւեալը. եթէ հիացմունքով նոր ինքնաշարժի մը շուրջը դառնայիր եւ նշմարէիր որ ատոր մէկ կողմը վնասուած է, արդեօք պիտի խորհէի՞ր թէ գործարանատէրը այդպէս շինած է զայն։ Անշուշտ ո՛չ։ Պիտի եզրակացնէիր թէ ան ինքնաշարժը «կատարեալ» կերպով շինած էր, եւ թէ մէկը կամ բան մը այդ վնասը պատճառեց։

Նմանապէս, երբ հիացմունքով կը դիտենք բնական աշխարհի հիանալի կարգուկանոնն ու կառուցուածքը եւ ապա կը նշմարենք այն քաոսն ու փտածութիւնը, որոնք մարդկային ընտանիքին կը վնասեն, ի՞նչ եզրակացութեան պէտք է յանգինք։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը կատարեալ ստեղծեց, բայց յետագային անոնք իրենք իրենց վնաս պատճառեցին (Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Ուրախ լուրը այն է, թէ Աստուած խոստացած է այդ վնասը վերացնել, հնազանդ մարդիկը կատարելութեան հասցնելով։ Սակայն, ինչո՞ւ ան ա՛յսքան համբերած է։

Ինչո՞ւ երկար ժամանակ սպասել

Պատճառը կապ ունի այն հարցումին հետ, թէ ո՛վ պէտք է մարդկութեան վրայ իշխէ։ Եհովան բնաւ չմտադրեց որ մարդիկ իրենք իրենց վրայ իշխեն. ի՛նք իրենց Կառավարիչը պիտի ըլլար։ Աստուածաշո՛ւնչը կ’ըսէ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։ Ցաւօք սրտի, առաջին մարդկային զոյգը ընտրեց Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ։ Անոնց անօրէն արարքը զիրենք մեղաւոր դարձուց (Ա. Յովհաննէս 3։4)։ Առ ի արդիւնք, անոնք կատարելութիւնը կորսնցուցին եւ իրենք իրենց ու իրենց զարմին վնաս պատճառեցին։

Հազարաւոր տարիներ, Եհովան թոյլ տուած է մարդոց որ իրենք իրենց վրայ իշխեն, եւ պատմութիւնը ցոյց տուած է թէ մարդը իշխելու կարողութիւնը չունի, եւ թէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները տառապանք կը պատճառեն։ Ատոնցմէ ո՛չ մէկը կրցած է պատերազմը, ոճիրը, անարդարութիւնը կամ հիւանդութիւնը արմատախիլ ընել։

Աստուած ինչպէ՞ս վնասը պիտի յեղաշրջէ

Աստուածաշունչը կը խոստանայ, թէ Աստուած շուտով արդար նոր աշխարհ մը պիտի բերէ (Բ. Պետրոս 3։13)։ Հոն պիտի ապրին միայն անոնք՝ որոնք կամովին կ’ընտրեն իրարու ե՛ւ Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերել (Բ. Օրինաց 30։15, 16, 19, 20

Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, թէ մօտալուտ ‘դատաստանին օրը’, Աստուած տառապանքն ու զայն պատճառողները պիտի բնաջնջէ (Բ. Պետրոս 3։7)։ Անկէ ետք, Աստուծոյ նշանակած Կառավարիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, հնազանդ մարդոց վրայ պիտի իշխէ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Յիսուսի իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11

Որպէս երկնային Թագաւոր, Յիսուս պիտի յեղաշրջէ այն վնասը,– ներառեալ՝ հիւանդութիւնը, ծերութիւնը եւ մահը,– որ յառաջ եկաւ երբ մարդիկ Եհովայի՝ «կեանքի աղբիւր»ին՝ դէմ ըմբոստացան (Սաղմոս 36։9)։ Յիսուս պիտի բժշկէ բոլոր անոնք՝ որոնք իր սիրալիր իշխանութիւնը կ’ընդունին։ Իր իշխանութեան ներքեւ, Աստուածաշունչի հետեւեալ խոստումները պիտի իրականանան.

▪ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի» (Եսայի 33։24

▪ «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4

Մխիթարական չէ՞ գիտնալ, թէ մօտ օրէն Աստուած ամբողջ տառապանքին վերջ դնելու իր խոստումը պիտի կատարէ։ Մինչ այդ, պէտք է վստահ ըլլանք որ թէեւ այժմ ան կը թոյլատրէ տառապանքը, սակայն մեր աղօթքները կը լսէ։

Աստուած գոյութիւն ունի։ Ան կրնայ լսել քեզ, նոյնիսկ ցաւի ու վիշտի արտայայտութիւններդ։ Եւ ան կը տենչայ տեսնել որ ողջ ըլլալով կը վայելես ա՛յն ժամանակը, երբ բոլոր կասկածներդ ու ցաւերդ պիտի անհետանան։