Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ես ձեզի հետ եմ»

«Ես ձեզի հետ եմ»

«Ես ձեզի հետ եմ»

«Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ» (ԴԱՆ. 12։4

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Արդի ժամանակներուն, «ճշմարիտ գիտելիքները» ինչպէ՞ս ճանչցուած են։

Ճշմարտութիւնը ընդունողները ինչպէ՞ս ‘շատ’ եղած են։

Ի՞նչ կերպերով ճշգրիտ գիտելիքները ‘շատցած’ են։

1, 2. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ ներկայիս Յիսուս իր հպատակներուն հետ է եւ թէ անոնց հետ պիտի ըլլայ ապագային։ բ) Ըստ Դանիէլ 12։4–ի, Սուրբ Գրութիւնները բծախնդրաբար ուսումնասիրելուն արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։

ՊԱՀ մը դուն քեզ Դրախտին մէջ պատկերացուր։ Իւրաքանչիւր առաւօտ հանգիստ կ’արթննաս եւ անհամբեր ես որ օրդ սկսիս։ Ցաւեր կամ վիշտեր չունիս։ Ատենօք ունեցած հիւանդութիւններդ ա՛լ գոյութիւն չունին։ Բոլո՛ր զգայարանքներդ,– տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, շօշափելիք եւ ճաշակելիք,– կատարելապէս կը գործեն։ Շատ կորով ունիս, աշխատանքդ հաճոյալի է, բարեկամներդ բազմաթիւ են եւ ա՛լ մտահոգութիւններ չունիս։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ այսպիսի՛ օրհնութիւններ պիտի կարենաս վայելել։ Քրիստոս Յիսուս, նշանակուած Թագաւորը, իր հպատակները պիտի օրհնէ եւ անոնց հաղորդէ Եհովայի գիտութիւնը։

2 Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ պիտի ըլլայ, մինչ անոնք այդ ապագայ համաշխարհային կրթական աշխատանքին կը մասնակցին։ Աստուած եւ իր Որդին դարեր շարունակ հաւատարիմներուն հետ եղած են։ Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտները հաւաստիացուց, թէ իրենց հետ պիտի ըլլար (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20Այս երաշխիքին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնելու համար, քննարկենք Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած մարգարէութեան մը միայն մէկ նախադասութիւնը, որ աւելի քան 2500 տարի առաջ գրի առնուեցաւ վաղեմի Բաբելոնի մէջ։ «Վերջին ժամանակ»ին առնչութեամբ,– որուն մէջ այժմ կ’ապրինք,– Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ [«ճշմարիտ գիտելիքները պիտի շատնան», ՆԱ]» (Դան. 12։4)։ Ուշադրութեամբ կարդալը ի՜նչ սքանչելի օրհնութիւններ պիտի բերէր։ Սուրբ Գրութիւնները բծախնդրաբար ուսումնասիրողները Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ գիտելիքներով պիտի օրհնուէին։ Այդ մարգարէութիւնը նաեւ կը նշէ թէ շատեր «ճշմարիտ գիտելիքները» պիտի ընդունէին։ Ասկէ զատ, այդ գիտելիքները շատ պիտի ըլլային։ Ատոնք ընդարձակ կերպով պիտի բաշխուէին ու դիւրաւ մատչելի ըլլային։ Մինչ կը քննարկենք ինչպէ՛ս այս մարգարէութիւնը կատարուած է, պիտի տեսնենք թէ ներկայիս Յիսուս իր աշակերտներուն հետ է եւ թէ Եհովան կրնա՛յ կատարել ամէն ինչ որ խոստացած է։

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ» ԿԸ ՃԱՆՉՑՈՒԻՆ

3. Առաքեալներուն մահէն ետք, «ճշմարիտ գիտելիքներ»ուն ի՞նչ պատահեցաւ։

3 Առաքեալներուն մահէն ետք, հարազատ քրիստոնէութենէն նախագուշակուած հաւատուրացութիւնը զարգացաւ եւ կրակի պէս տարածուեցաւ (Գործք 20։28-30. Բ. Թես. 2։1-3)։ Դարեր շարունակ, «ճշմարիտ գիտելիքները» շատ չէին ոչ միայն անոնց մէջ՝ որոնք Աստուածաշունչի մասին ոչինչ գիտէին, այլ նաեւ անուանական քրիստոնեաներուն մէջ։ Թէեւ քրիստոնէական աշխարհի առաջնորդները դաւանեցան թէ Սուրբ Գրութիւններուն կը հաւատան, բայց կրօնական սուտեր սորվեցուցին,– Աստուած անպատուող «դեւերու ուսմունքներ» (Ա. Տիմ. 4։1)։ Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ հոգեւոր տգիտութեան մէջ պահուեցան։ Հաւատուրաց վարդապետութիւնները պարփակեցին այն սուտ ուսուցումները թէ Աստուած Երրորդութիւն է, հոգին չի մեռնիր եւ կարգ մը հոգիներ դժոխքի կրակի մէջ առյաւէտ կը տանջուին։

4. 1870–ական թուականներուն, քրիստոնեաներու խումբ մը ինչպէ՞ս սկսաւ «ճշմարիտ գիտելիքները» փնտռել։

4 Սակայն, 1870–ական թուականներուն,– «վերջին օրեր»ը սկսելէն շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ,– անկեղծ քրիստոնեաներու պզտիկ խումբ մը ԱՄՆ–ի Փէնսիլվանիոյ մէջ մէկտեղ հաւաքուեցան, Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելու եւ «ճշմարիտ գիտելիքները» փնտռելու համար (Բ. Տիմ. 3։1)։ Անոնք իրենք զիրենք Աստուածաշունչի Աշակերտներ կոչեցին։ Ասոնք չէին այն «իմաստուններն ու գիտունները», որոնցմէ գիտութիւնը պիտի պահուէր,– ինչպէս Յիսուս ըսաւ (Մատ. 11։25)։ Անոնք խոնարհ մարդիկ էին, որոնք անկեղծօրէն փափաքեցան Աստուծոյ կամքը կատարել։ Բծախնդրաբար ինչպէս նաեւ ջերմեռանդօրէն աղօթելով, անոնք Սուրբ Գրութիւնները կարդացին, քննարկեցին եւ անոնց վրայ խոկացին։ Նաեւ, անոնք աստուածաշնչական հատուածներ իրարու հետ համեմատեցին եւ համանման փնտռտուք ընողներուն գրութիւնները քննեցին։ Աստիճանաբար, այս Աստուածաշունչի Աշակերտները սկսան զատորոշել ճշմարտութիւններ, որոնք դարե՜ր շուքի մէջ ձգուած էին։

5. Վաղեմի աստուածաբանութիւնը խորագրով թերթիկներուն նպատակը ի՞նչ էր։

5 Թէեւ Աստուածաշունչի Աշակերտները իրենց սորված բաներուն առնչութեամբ ոգեւորուած էին, սակայն թոյլ չտուին որ այս նորագիւտ գիտելիքները զիրենք հպարտացնեն. ոչ ալ նոր բան մը ծանուցանելու վարկը իրենց վերագրեցին (Ա. Կոր. 8։1)։ Փոխարէն, անոնք հրատարակեցին թերթիկներու շարք մը՝ Վաղեմի աստուածաբանութիւնը, որուն նպատակն էր՝ ընթերցողները Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն ծանօթացնել։ Այս թերթիկներուն առաջինը ներկայացուց «յաւելեալ կարդացուելիք նիւթեր, որոնք կ’օգնեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, այն նպատակով որ մարդիկը բոլոր սուտ աւանդութիւններէն ձերբազատեն եւ մեր Տէրոջ ու առաքեալներուն վաղեմի աստուածաբանութիւնը լիովին վերահաստատեն» (Վաղեմի աստուածաբանութիւնը, թիւ 1, ապրիլ 1889, էջ 32)։

6, 7. ա) 1870–ական թուականներէն ի վեր, Եհովայի վկաները ի՞նչ ճշմարտութիւններ սորված են։ բ) Ո՞ր ճշմարտութիւնները սորվիլը մասնաւորաբար գնահատած ես։

6 1870–ական թուականներէն ի վեր, Եհովայի վկաները բազմաթիւ սքանչելի ճշմարտութիւններ սորված են։ * Այս ճշմարտութիւնները ձանձրացուցիչ, ակադեմական հարցեր չեն, որոնց շուրջ աստուածաբաններ կը վիճին։ Անոնք հետաքրքրական, ազատութիւն բերող ճշմարտութիւններ են, որոնք մեր կեանքին իմաստ կու տան եւ մեզ ուրախութեամբ ու յոյսով կը լեցնեն։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ Եհովան ճանչնանք,– իր սիրալիր անձնաւորութիւնը եւ իր նպատակները։ Անոնք նաեւ կը յստակացնեն Յիսուսի դերը, կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ մահը համտեսեց, եւ ցոյց կու տան թէ այժմ ի՛նչ կ’ընէ։ Այս թանկարժէք ճշմարտութիւնները կը յայտնեն, թէ Աստուած ինչո՛ւ կ’արտօնէ չարիքը, ինչո՛ւ կը մեռնինք, ինչպէ՛ս պէտք է աղօթենք եւ ինչպէ՛ս կրնանք իրապէս երջանիկ ըլլալ։

7 Այժմ կրնանք ըմբռնել մարգարէութիւններու նշանակութիւնը, որոնք դարեր շարունակ «գոցուած» կամ գաղտնի մնացին, սակայն այս վերջին ժամանակին մէջ կը կատարուին (Դան. 12։9)։ Այս մարգարէութիւններէն շատերը կը գտնուին Աւետարաններուն եւ Յայտնութիւն գրքին մէջ։ Եհովան նոյնիսկ մեզի օգնած է որ հասկնանք դէպքեր, որոնք մեր աչքերով չենք կրնար տեսնել,– Յիսուսի գահակալութիւնը, երկնքի մէջ պատերազմը, Սատանային երկիր ձգուիլը (Յայտ. 12։7-12)։ Աստուած նաեւ մեզի տուած է հասկացողութիւն, հասկնալու համար այն ինչ որ կրնանք տեսնել,– պատերազմներ, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ, սովեր, ինչպէս նաեւ՝ անաստուած մարդիկ, որոնք մեր օրերը «չար ժամանակներ» կը դարձնեն (Բ. Տիմ. 3։1-5. Ղուկ. 21։10, 11

8. Ո՞վ մեզ կարող դարձուցած է որ ճշմարտութիւնը ըմբռնենք։

8 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն. քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին» (Ղուկ. 10։23, 24)։ Ներկայիս, մենք այդպէս կը զգանք։ Եհովա Աստուա՛ծ մեզ կարող դարձուցած է որ այսպիսի բաներ տեսնենք եւ լսենք։ Եւ որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Աստուծոյ սուրբ հոգին Յիսուսի հետեւորդները «ամէն ճշմարտութեան» կ’առաջնորդէ (կարդա՛ Յովհաննէս 16։7, 13Թող որ միշտ արժեւորենք «ճշմարիտ գիտելիքները» եւ անձնուրացօրէն զանոնք ուրիշներուն հետ բաժնենք։

«ՇԱՏԵՐԸ» Կ’ԸՆԴՈՒՆԻՆ «ՃՇՄԱՐԻՏ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ»

9. Այս պարբերաթերթին ապրիլ 1881 թիւը ի՞նչ կոչ ուղղեց։

9 Ապրիլ 1881 թիւին մէջ, Դիտարան–ի առաջին թիւը հրատարակուելէն երկու տարի չանցած, կոչ ուղղուեցաւ թէ 1000 քարոզիչներու հարկ կար։ Յօդուածը նշեց. «Անոնք՝ որոնք կրնան իրենց ժամանակին կէսը կամ աւելի բացարձակապէս տրամադրել Տէրոջ գործին, իրենց առաջարկելիք ծրագիր մը ունինք. . . այսինքն, երթաք մեծ կամ փոքր քաղաքներ,– ըստ ձեր կարողութեան,– որպէս աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներ կամ որպէս շրջիկ քարոզիչներ, ջանալով ամէն տեղ անկեղծ քրիստոնեաներ փնտռել, որոնցմէ շատերը պիտի գտնէք թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդրութիւն ունին, բայց ոչ ճշգրիտ գիտելիքներուն համաձայն. ասոնց ջանացէք ճանչցնել մեր Հօր շնորհքին ճոխութիւնը եւ անոր խօսքին գեղեցկութիւնը»։

10. Լիաժամ քարոզիչներու կոչին մարդիկ ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։

10 Այդ կոչը ցոյց տուաւ, թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտակցեցան, որ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հիմնական գործն է՝ բարի լուրը քարոզել։ Այդ ատեն, միայն քանի մը հարիւր հոգի Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ժողովներուն ներկայ կը գտնուէին, ուստի սկիզբը այդ կոչին ընդառաջողները ակնկալուածին չափ չէին։ Բայց եւ այնպէս, թերթիկ մը կամ պարբերաթերթ մը կարդալէ ետք, շատեր գիտակցեցան թէ ճշմարտութիւնը գտան եւ պատրաստակամօրէն կոչին ընդառաջեցին։ Օրինակ, 1882–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կողմէ հրատարակուած Դիտարան–ի թիւ մը եւ գրքոյկ մը կարդալէ ետք, Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքէն ընթերցող մը գրեց. «Հաճեցէք ինծի ցոյց տալ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ քարոզել, որպէսզի կատարեմ այն օրհնեալ գործը, որ Աստուած կը փափաքի որ ամբողջանայ»։

11, 12. ա) Աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներն ու մենք ի՞նչ հասարակաց նպատակակէտ ունինք։ բ) Աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողները ինչպէ՞ս «դասարաններ» կամ ժողովքներ հաստատեցին։

11 1885–ին, շուրջ 300 Աստուածաշունչի Աշակերտներ կը մասնակցէին աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխելու գործունէութեան։ Այդ լիաժամ ծառաները մեր ունեցած նոյն նպատակակէտը ունէին,– Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ հաւաքել։ Սակայն, անոնց մեթոտը մերինէն կը տարբերէր։ Ներկայիս, սովորաբար մէկ առ մէկ անհատներու հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, անհատական ցուցմունքներ տալով։ Ապա, Աստուածաշունչի աշակերտը կը հրաւիրենք որ ընկերակցի արդէն հաստատուած ժողովքին հետ։ Բայց այդ օրերուն, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողները կը յանձնէին գրքեր եւ ապա հետաքրքրուած անհատները կը հաւաքէին, խմբովին Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Անհատներու հետ սերտելու տեղ, անոնք «դասարաններ» կամ ժողովքներ հաստատեցին։

12 1907–ին, զոր օրինակ, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներու խումբ մը, քաղաքի մը մէջ փնտռեցին զանոնք՝ որոնք արդէն ունէին Հազարամեայի արշալոյսը (նաեւ կոչուած է՝ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններԴիտարան–ը տեղեկագրեց. «Հետաքրքրուած անհատները իրենցմէ մէկուն տան մէջ հաւաքուեցան պզտիկ ժողովի մը համար։ Աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողը ամբողջ կիրակի մը անոնց խօսեցաւ ‘Դարերու աստուածային ծրագրին’ մասին եւ յաջորդ կիրակի զանոնք յորդորեց որ կանոնաւոր ժողովներ ունենան»։ 1911–ին, եղբայրները աշակերտելու այլ կերպ փորձեցին։ 58 մասնաւոր ճամբորդող ծառաներ հանրային դասախօսութիւններ տուին Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ։ Այս եղբայրները դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող հետաքրքրուած անհատներուն անուններն ու հասցէները ձեռք ձգեցին, եւ զանոնք կազմակերպեցին այնպէս որ անձնական տուներու մէջ հաւաքուին՝ նոր «դասարաններ» կազմելով։ 1914–ին, աշխարհի տարածքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները 1200 ժողովք ունէին։

13. Քարոզչութեան գործին առնչութեամբ ի՞նչ բան ապշեցուցիչ կը գտնես։

13 Ներկայիս, աշխարհի տարածքին շուրջ 109,400 ժողովքներ կան եւ շուրջ 895,800 եղբայրներ եւ քոյրեր կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ։ Մօտ ութ միլիոն մարդիկ այժմ կ’ընդունին «ճշմարիտ գիտելիքները», զանոնք ի գործ դնելով իրենց կեանքէն ներս (կարդա՛ Եսայի 60։22 * Ասիկա մասնաւորաբար տպաւորիչ է, քանի որ Յիսուս կանխագուշակեց թէ իր աշակերտները իր անուանը համար «ամենուն ատելի պիտի ըլլա[յին]»։ Ան աւելցուց, թէ իր հետեւորդները պիտի հալածուէին, բանտարկուէին եւ նոյնիսկ սպաննուէին (Ղուկ. 21։12-17)։ Թէեւ Սատանան, իր դեւերը եւ բազմաթիւ մարդիկ ջանացած են քարոզչութեան վերջ դնել, սակայն Եհովայի ժողովուրդը արտակարգ յաջողութիւն վայելած է՝ աշակերտելու իր յանձնարարութիւնը կատարելուն մէջ։ Ներկայիս, անոնք «բովանդակ աշխարհի մէջ» կը քարոզեն, արեւադարձային անտառներէն սառուցեալ տունդրա, լեռնային շրջաններու, անապատներու, քաղաքներու եւ ամէնէն հեռաւոր գաւառներու մէջ (Մատ. 24։14)։ Ասիկա անկարելի է որ կատարուէր առանց աստուածային աջակցութեան։

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ» ԿԸ «ՇԱՏՆԱՆ»

14. Տպուած խօսքի միջոցաւ, «ճշմարիտ գիտելիքները» ինչպէ՞ս լայնօրէն տարածուած են։

14 «Ճշմարիտ գիտելիքները» շատցած են այն բազմաթիւ անհատներու միջոցաւ, որոնք բարի լուրը կը ծանուցանեն, ինչպէս նաեւ՝ տպուած խօսքին միջոցաւ։ Յուլիս 1879–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները հրատարակեցին այս պարբերաթերթին առաջին թիւը, Սիօնի դիտարանը եւ Քրիստոսի ներկայութեան մունետիկը խորագրով։ Այդ թիւը առեւտրական հաստատութիւն մը տպեց. 6000 օրինակ եւ միայն անգլերէն լեզուով։ 27 տարեկան Չարլզ Թէյզ Ռասըլ ընտրուեցաւ որպէս խմբագիր, եւ հինգ հասուն Աստուածաշունչի Աշակերտներ կանոնաւորաբար պարբերաթերթին մէջ յօդուածներ կը գրէին։ Դիտարան–ը այժմ կը հրատարակուի 195 լեզուներով։ Համայն աշխարհի մէջ, ատիկա ամէնէն շատ շրջաբերութիւն ունեցող պարբերաթերթն է, իւրաքանչիւր թիւի տպաքանակը ըլլալով՝ 42,182,000 օրինակ։ Երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի այս պարբերաթերթին ընկերակիցը՝ Զարթի՛ր–ը, որուն տպաքանակն է՝ 41,042,000 օրինակ, 84 լեզուներով։ Առաւել, ամէն տարի շուրջ 100 միլիոն գիրք եւ Աստուածաշունչ կը տպուին։

15. Մեր տպագրական գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի։

15 Այս հսկայ գործը կը ֆինանսաւորուի կամաւոր նուիրատուութիւններով (կարդա՛ Մատթէոս 10։8Ասով կը տպաւորուին անոնք՝ որոնք տպագրական արուեստով կը զբաղին, քանի որ գիտեն թէ մեքենաներուն, թուղթին, մելանին եւ միւս նիւթերուն գինը շա՜տ սուղ է։ Եղբայր մը, որ Բեթէլի տպարաններուն առարկաներ կը գնէ, կ’ըսէ թէ երբ առեւտրականներ Բեթէլը կ’այցելեն, կ’ապշին թէ ինչպէ՛ս ամէն բան նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Անոնք կը զարմանան թէ ինչպէ՛ս կրնանք ա՛յսքան բազմաթիւ հրատարակութիւններ արտադրելու կարող այս արդի տպագրամեքենաներու ծախսը գոցել։ Անոնք նաեւ մեր երիտասարդ եւ ուրախ բեթէլականները տեսնելով կը տպաւորուին։

ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ ՊԻՏԻ ԼԵՑՈՒԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ

16. «Ճշմարիտ գիտելիքները» ճանչցնելու նպատակը ի՞նչ է։

16 «Ճշմարիտ գիտելիքները» լաւ նպատակի մը համար շատցած են։ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ ճշմարտութիւնը ճանչնան, որպէսզի կարենան պատշաճօրէն զինք պաշտել եւ իր օրհնութիւնը ստանալ։ «Ճշմարիտ գիտելիքները» ճանչցնելով, Եհովան օծեալ քրիստոնեաներու հաւատարիմ մնացորդ մը հաւաքած է։ «Բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» ան նաեւ կը հաւաքէ «մեծ բազմութիւն մը», որ երկրագունդի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունի (Յայտ. 7։9

17. Ճշմարիտ պաշտամունքին ընդարձակումը ի՞նչ կը մատնանշէ։

17 Անցեալ 130 տարիներու ընթացքին ճշմարիտ պաշտամունքին ընդարձակումը կը մատնանշէ այն յստակ եզրակացութիւնը, որ Եհովա Աստուած եւ իր նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, Իր ծառաներուն հետ եղած են,– զանոնք առաջնորդելով, պաշտպանելով, կազմակերպելով եւ ուսուցանելով։ Եհովան պահած է իր խոստումը թէ մեր օրերուն շատերուն պիտի օգնէր որ ճշմարտութիւնը գտնեն, ուստի կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ ան ապագայի նկատմամբ իր խոստումները պիտի կատարէ։ «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսա. 11։9)։ Այդ ատեն մարդկութիւնը ի՜նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Եհովայի վկաներ. կենդանի հաւատք, Մաս 1. Խաւարէն դէպի լոյս եւ Եհովայի վկաներ. կենդանի հաւատք, Մաս 2. Թող լոյսը փայլի թուային տեսասկաւառակները դիտելով պիտի օգտուիս։

^ պարբ. 13 Տե՛ս Եսայիի մարգարէութիւնը. լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար (հատոր 2), էջ 320 (անգլերէն), եւ Դիտարան–ի 1 յուլիս 2002 թիւը, էջ 31, պարբերութիւն 16։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Առաջին Աստուածաշունչի Աշակերտները խոնարհ մարդիկ էին, որոնք անկեղծօրէն փափաքեցան Աստուծոյ կամքը կատարել

[Նկար՝ էջ 15]

Եհովան կ’արժեւորէ իր «ճշմարիտ գիտելիքները» տարածելու ձեր ջանքերը