Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաստատո՛ւն կայնէ եւ Սատանային թակարդներէն խուսափէ՛

Հաստատո՛ւն կայնէ եւ Սատանային թակարդներէն խուսափէ՛

Հաստատո՛ւն կայնէ եւ Սատանային թակարդներէն խուսափէ՛

‘Սատանային հնարքներուն դէմ դրէք’ (ԵՓ. 6։11

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Եհովայի ծառան ինչպէ՞ս կրնայ խուսափիլ նիւթապաշտութեան թակարդին մէջ իյնալէ։

Ի՞նչ բաներ կրնան օգնել ամուսնացած քրիստոնեայի մը, որ շնութեան որսափոսին մէջ չիյնայ։

Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ օգտակար է հաստատուն կայնիլ նիւթապաշտութեան եւ սեռային անբարոյութեան դէմ։

1, 2. ա) Սատանան ինչո՞ւ օծեալներուն եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հանդէպ կարեկցութիւն չունի։ բ) Սատանայի ո՞ր թակարդները նկատի պիտի առնուին այս յօդուածին մէջ։

ԲԱՆՍԱՐԿՈՒ ՍԱՏԱՆԱՆ մարդոց հանդէպ կարեկցութիւն չունի, մանաւանդ անոնց հանդէպ՝ որոնք Եհովային կը ծառայեն։ Իրականութեան մէջ, Սատանան օծեալ մնացորդին դէմ պատերազմ կը մղէ (Յայտ. 12։17)։ Այդ քաջարի քրիստոնեաները արդի քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առած են եւ Սատանան քօղազերծած են՝ որպէս այս աշխարհի իշխանը։ Բանսարկուն «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ չի սիրեր, որոնք օծեալներուն կ’աջակցին եւ յաւիտենական կեանք ստանալու պատեհութիւնը ունին,– հեռանկար մը՝ որ ա՛լ Սատանան չունի (Յովհ. 10։16)։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ ան բարկացած է։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, Սատանան վստահաբար մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած չէ։ Անոր նպատակակէտն է՝ մեզ իր զոհը դարձնել (Ա. Պետ. 5։8

2 Իր նպատակակէտին հասնելու համար, Սատանան զանազան թակարդներ կամ որոգայթներ դրած է։ Քանի որ անհաւատներու ‘մտքերը կուրցուցած է’, անոնք բարի լուրը չեն ընդունիր եւ այս թակարդները չեն տեսներ։ Սակայն, Բանսարկուն նաեւ Թագաւորութեան պատգամը ընդունողներէն ոմանք որոգայթի մէջ կը ձգէ (Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք խուսափիլ Սատանայի սա երեք թակարդներէն. 1) անզուսպ խօսակցութիւն, 2) վախ ու ճնշում, եւ 3) չափազանց յանցաւոր զգալ։ Այժմ նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք հաստատուն կայնիլ սատանայական երկու այլ թակարդներու դէմ. նիւթապաշտութիւն եւ շնութիւն գործելու փորձութիւն։

ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ. ԽԵՂԴԻՉ ԹԱԿԱՐԴ

3, 4. Այս աշխարհի հոգերը ինչպէ՞ս նիւթապաշտութեան կրնան առաջնորդել։

3 Իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս նշեց փուշերու մէջ ցանուած սերմը։ Ան ցոյց տուաւ, թէ անհատ մը կրնայ խօսքը լսել, բայց «աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ» (Մատ. 13։22)։ Արդ, նիւթապաշտութիւնը մեր թշնամիին՝ Սատանային՝ գործածած մէկ որոգայթն է։

4 Երկու բաներ միասնաբար «խօսքը կը խեղդեն»։ Առաջին ազդակը՝ «աշխարհիս զբաղմունքը» կամ հոգերն է։ Այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ շատ բաներ կրնան քեզ մտահոգել (Բ. Տիմ. 3։1)։ Սղութիւնը եւ անգործութեան յաւելումը կրնան ապրուստ ճարելդ դժուարացնել։ Նաեւ, կրնայ ըլլալ որ ապագայի նկատմամբ մտահոգուիս ու մտածես. ‘Հանգստեան կոչուելէ ետք, բաւարար եկամուտ պիտի ունենա՞մ’։ Այսպիսի մտահոգութեան պատճառաւ, ոմանք մղուած են հարստութեան հետամուտ ըլլալու, խորհելով որ դրամը ապահովութիւն պիտի երաշխաւորէ։

5. «Հարստութիւնը» ի՞նչ կերպով կրնայ խաբէական ըլլալ։

5 Յիսուս նշեց միւս ազդակը,– «հարստութեան խաբէութիւնը»։ Ասիկա, մտահոգութեան հետ մէկտեղ, կրնայ խօսքը խեղդել։ Աստուածաշունչը կ’ընդունի թէ «արծաթն ալ հովանի է» (Ժող. 7։12, ԱԾ)։ Սակայն, հարստութեան հետամուտ ըլլալը իմաստութիւն չէ։ Շատեր նկատած են, թէ որքա՛ն աւելի մաքառին որ հարստութիւն ձեռք ձգեն, ա՛յնքան աւելի նիւթապաշտութիւնը զիրենք թակարդի մէջ կը ձգէ։ Ոմանք նոյնիսկ հարստութեան ստրուկ դարձած են (Մատ. 6։24

6, 7. ա) Անհատի մը աշխատավայրին մէջ նիւթապաշտութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ վտանգ մը հանդիսանալ։ բ) Ի՞նչ ազդակներ քրիստոնեան պէտք է նկատի առնէ, երբ իրեն առաջարկուի յաւելեալ ժամեր աշխատիլ։

6 Հարստանալու փափաքը կրնայ անմեղօրէն սկսիլ։ Օրինակ՝ նկատի առ հետեւեալ պարագան. գործատէրդ քեզի կը մօտենայ ու կ’ըսէ. «Ուրա՛խ լուր ունիմ. ընկերութիւնը մե՜ծ համաձայնագիր մը շահած է։ Ասիկա պիտի նշանակէ թէ գալիք քանի մը ամիսներուն յաճախ յաւելեալ ժամանակ պիտի աշխատիս։ Բայց քեզ կը վստահեցնեմ որ քեզի մեծ գումար պիտի վճարուի»։ Այսպիսի առաջարկի մը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր։ Անշուշտ, ընտանիքիդ նիւթապէս հոգ տանիլը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է, սակայն ատիկա միակ պատասխանատուութիւնը չէ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ուրիշ քանի մը ազդակներ ալ ի մտի պէտք է ունենաս։ Որքա՞ն յաւելեալ ժամեր պիտի աշխատիս։ Աշխարհիկ գործդ պիտի խանգարէ՞ հոգեւոր գործունէութիւններդ, ներառեալ՝ ժողովները եւ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն։

7 Պահ մը խորհէ թէ ի՛նչ բան ամենակարեւորն է քեզի համար. յաւելեալ դրա՞մը կամ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ։ Աւելի դրամ շահելու եռանդը պատճառ պիտի դառնա՞յ որ Թագաւորութեան շահերը ա՛լ առաջին տեղը չդնես։ Արդեօք կրնա՞ս տեսնել թէ նիւթապաշտութիւնը ինչպէ՛ս քեզի պիտի ազդէ, եթէ քու եւ ընտանիքիդ հոգեւոր առողջութիւնը անտեսես։ Եթէ այժմ այս է պարագադ, ինչպէ՞ս կրնաս հաստատուն կայնիլ եւ խուսափիլ նիւթապաշտութեամբ խեղդուելէ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

8. Աստուածաշնչական ի՞նչ օրինակներ նկատի առնելը կրնայ մեզի օգնել որ մեր կենցաղակերպը վերաքննենք։

8 Նիւթապաշտութեամբ խեղդամահ ըլլալէ խուսափելու համար, պարբերաբար կենցաղակերպդ վերաքննէ։ Բնա՛ւ պիտի չուզէիր Եսաւի նման ըլլալ, որ իր արարքներով ցոյց տուաւ թէ հոգեւոր բաները կ’անարգէր (Ծն. 25։34. Եբ. 12։16)։ Եւ վստահաբար, պէտք չէ որ այն հարուստ մարդուն նման ըլլաս, որուն ըսուեցաւ որ իր ստացուածքները ծախէ, աղքատներուն տայ եւ Յիսուսի հետեւի։ Այսպէս ընելու տեղ, ան «տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր» (Մատ. 19։21, 22)։ Հարստութեան որոգայթին մէջ ըլլալով, այդ տղամարդը մեծ առանձնաշնորհում մը կորսնցուց,– ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն հետեւորդը ըլլալ։ Ուշադիր եղիր որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը ըլլալու առանձնաշնորհումը չկորսնցնես։

9, 10. Ըստ Աստուածաշունչին, նիւթական բաները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

9 Նիւթական բաներով չխաբուելու համար, ականջ տուր Յիսուսի սա յորդորին. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են» (Մատ. 6։31, 32. Ղուկ. 21։34, 35

10 Փոխանակ հարստութեան խաբէութեան զոհը երթալու, ջանա՛ Աստուածաշունչի գրողներէն մէկուն՝ Ագուրի՝ տեսակէտը որդեգրել, որ ըսաւ. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ» (Առ. 30։8)։ Յստակ է որ Ագուր ըմբռնեց թէ ապրելու համար դրամը կարեւոր բան է, բայց ան նաեւ հասկցաւ հարստութեան խաբէական ըլլալը։ Գիտակցէ՛ թէ այս աշխարհին մտահոգութիւնները եւ հարստութեան խաբէութիւնը կրնան հոգեւոր կործանման առաջնորդել։ Նիւթական բաներու նկատմամբ անտեղի մտահոգութիւնը կրնայ ժամանակդ սպառել, կորովդ խլել եւ Թագաւորութեան շահերը հետապնդելու խանդավառութիւնդ տկարացնել։ Ուստի, վճռէ Սատանայի այս թակարդին՝ նիւթապաշտութեան՝ մէջ չիյնալ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5

ՇՆՈՒԹԻՒՆ. ԽՈՐԱՄԱՆԿՕՐԷՆ ԹԱՔՑՈՒԱԾ ՈՐՍԱՓՈՍ

11, 12. Իր աշխատավայրին մէջ, քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ շնութեան զոհը դառնալ։

11 Զօրաւոր անասուն որսալ ուզող որսորդը կրնայ փոս փորել հոն՝ ուրկէ իր զոհը յաճախ կ’անցնի։ Որսափոսը սովորաբար ճիւղերով եւ հողով կը ծածկուի։ Սատանայի ամէնէն յաջող փորձութիւններէն մէկը այդ թակարդին կը նմանի։ Անիկա անբարոյութեան մեղքն է (Առ. 22։14. 23։27)։ Քրիստոնեաներէն ոմանք այդ որսափոսին մէջ ինկած են, իրենց անձին թոյլ տալով որ գտնուին այնպիսի պարագաներու մէջ, ուր համակերպիլը շատ դիւրին է։ Ամուսնացած քրիստոնեաներէն ոմանք շնութեան տեղի տուած են, անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն զարգացնելէ ետք։

12 Անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը կրնայ աշխատավայրիդ մէջ զարգանալ։ Իրականութեան մէջ, աշխարհիկ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ շնացող կիներուն աւելի քան կէսը եւ ամէն չորս շնացող տղամարդոցմէ երեքը անօրէն յարաբերութիւն ունեցած են իրենց աշխատակիցին հետ։ Աշխարհիկ աշխատանքդ քեզմէ կը պահանջէ՞ որ հակառակ սեռի անդամներու հետ ընկերակցիս։ Եթէ այո՛, քու փոխյարաբերութիւնդ անոնց հետ ի՞նչ բնոյթ ունի։ Սահմաններ գծա՞ծ ես, այնպէս որ այդ փոխյարաբերութիւնը մնայ գործին վերաբերեալ եւ ուրիշ բանի չզարգանայ։ Օրինակ, գործակից տղամարդու մը հետ կրկնակի սովորական խօսակցութիւններ ունենալէ ետք, քրիստոնեայ քոյր մը կրնայ զինք իր գաղտնեկիցը դարձնել, նոյնիսկ անոր պատմելով իր ամուսնական հարցերը։ Ուրիշ պարագայ մը. իր գործընկերուհիին հետ բարեկամական ըլլալէ ետք, քրիստոնեայ տղամարդ մը թերեւս պատճառաբանէ. «Ան իմ տեսակէտս կ’արժեւորէ եւ իրապէս ինծի մտիկ կ’ընէ երբ իրեն հետ կը խօսիմ։ Ան զիս կը գնահատէ։ Երանի՜ կինս այսպէս վարուի ինծի հետ»։ Կրնա՞ս տեսնել թէ այսպիսի պարագաներու ներքեւ քրիստոնեաներ ինչպէ՛ս կրնան շնութիւն գործելու հակամէտ ըլլալ։

13. Անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ ժողովքէն ներս զարգանալ։

13 Անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը կրնայ նաեւ ժողովքէն ներս զարգանալ։ Նկատի առ իրական կեանքէ առնուած սա օրինակը. Տէնյըլ եւ իր կինը Սարա * կանոնաւոր ռահվիրաներ էին։ Տէնյըլ կ’ըսէ թէ նաեւ երէց մըն էր, որ յօժարութեամբ կ’ընդունէր ամէն նշանակութիւն որ ժողովքէն ներս իրեն կը տրուէր։ Ան Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց հինգ երիտասարդներու հետ, որոնցմէ երեքը մկրտուեցան։ Այս նոր մկրտուած եղբայրները բաւական օգնութեան պէտք ունէին։ Երբ Տէնյըլ աստուածպետական զանազան նշանակումներով զբաղած կը մնար, Սարան յաճախ այդ օգնութիւնը կը հայթայթէր։ Շուտով հետեւեալ ընթացքը զարգացաւ. Տէնյըլի նախկին աշակերտները զգացական օգնութեան պէտք կ’ունենային եւ զայն Սարայէն կը ստանային։ Իսկ Սարան ուշադրութեան կը կարօտէր, եւ Տէնյըլի աշակերտները զայն կ’ընծայէին։ Մահացու թակարդ մը լարուեցաւ։ Տէնյըլ կ’ըսէ. «Ամիսնե՜ր իր անձէն տալէ ետք, կինս հոգեւոր եւ զգացական աջակցութեան պէտք ունէր։ Առաւել, այն իրողութիւնը որ զինք կ’անտեսէի, աղէտի առաջնորդեց։ Կինս նախկին աշակերտներէս մէկուն հետ շնութիւն գործեց։ Իմ առանձնաշնորհումներովս ա՛յնքան զբաղած էի որ նոյնիսկ չնշմարեցի թէ ան հոգեւորապէս տկարացած էր»։ Ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի ողբերգութենէ մը խուսափիլ։

14, 15. Ո՞ր ազդակները կրնան ամուսնացած քրիստոնեաներուն օգնել որ շնութեան որսափոսէն խուսափին։

14 Շնութեան որսափոսէն խուսափելու համար, ամուսնական յանձնառութեան նշանակութեան վրայ խոկա՛։ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։6)։ Բնաւ մի՛ խորհիր թէ աստուածպետական առանձնաշնորհումներդ կողակիցէդ աւելի կարեւոր են։ Ասկէ զատ, ի մտի ունեցիր թէ անկարեւոր գործունէութիւններու համար յաճախ կողակիցէդ հեռու ժամանակ անցընելը կրնայ ամուսնութեանդ մէջ տկարութիւն ցոյց տալ եւ կրնայ փորձութեան ու հաւանաբար լուրջ մեղքի առաջնորդել։

15 Սակայն եթէ երէց մըն ես, ի՞նչ կարելի է ըսել հօտին մասին։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ» (Ա. Պետ. 5։2)։ Հոգատարութեանդ յանձնուած ժողովքի անդամները վստահաբար պէտք չէ անտեսուին։ Սակայն, մինչ կը ջանաս ժողովքէն ներս լաւ հովիւ ըլլալ, լաւ ամուսին ըլլալու մէջ պէտք չէ թերանաս։ Անիմաստ,– նոյնիսկ վտանգաւոր,– պիտի ըլլար ամբողջ ուշադրութիւնդ ժողովքը սնուցանելու վրայ կեդրոնացնել, մինչ կողակիցդ տունը «սովամահ» է։ Տէնյըլ կ’ըսէ. ‘Առանձնաշնորհումներուդ պէտք չէ ա՛յնքան հոգ տանիս որ ընտանիքդ անտեսես’։

16, 17. ա) Ամուսնացած քրիստոնեաները գործնական ի՞նչ քայլեր կրնան առնել աշխատավայրին մէջ, յստակ նշան մը տալով թէ ռոմանթիկ գետնի վրայ մատչելի չեն։ բ) Հրատարակուած նիւթի մը օրինակը տուր, որ կրնայ քրիստոնեաներուն օգնել որ շնութիւն գործելէ խուսափին։

16 Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը բազմաթիւ խրատներ տուած են, ամուսնացած քրիստոնեաներուն օգնելու, որ շնութեան թակարդին դէմ դնեն։ Զոր օրինակ, Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2006 թիւը սա յորդորը տուաւ. «Գործատեղիին մէջ եւ այլուր, մտերմութիւն զարգացնող պարագաներէն զգուշացիր։ Օրինակ, հակառակ սեռի պատկանող աշխատակիցի մը հետ յաւելեալ ժամեր աշխատիլը կրնայ ճամբան հարթել փորձութեան։ Ամուսնացած տղամարդ մը կամ կին մը ըլլալով, խօսելակերպովդ ու վերաբերմունքովդ բացայայտ պէտք է դարձնես թէ մատչելի չես։ Աստուածապաշտ մէկը ըլլալով, վստահաբար պիտի չուզես քու վրադ անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրել՝ անլուրջ սիրախօսութեամբ կամ անհամեստ հագուելակերպով ու յարդարանքով. . . Գործատեղիիդ մէջ կողակիցիդ ու զաւակներուդ լուսանկարները դնելը, քեզի եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնէ թէ նախապատուութիւններ ունիս։ Վճռէ ռոմանթիկ նախաձեռնութիւնները ո՛չ քաջալերել, ոչ ալ հանդուրժել»։

17 Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2009 թիւին մէջ (անգլերէն), «Իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ ամուսնական հաւատարմութիւն» խորագրով յօդուածը զգուշացուց կողակիցէն զատ ուրիշ անհատի հանդէպ սեռային մտահաճոյք ունենալէ։ Յօդուածը նշեց թէ սեռային մտահաճոյքի միջամուխ ըլլալը, շնութիւն գործելու հաւանականութիւնը պիտի աւելցնէ (Յակ. 1։14, 15)։ Եթէ ամուսնացած ես, իմաստութիւն է որ ատեն–ատեն դուն եւ կողակիցդ այսպիսի տեղեկութիւններ վերաքաղ ընէք։ Ամուսնութիւնը Եհովային կողմէ հաստատուած կարգադրութիւն մըն է եւ սուրբ է։ Ժամանակ յատկացնելը որ կողակիցիդ հետ ձեր ամուսնութեան մասին խօսիք, լաւ կերպ մըն է ցոյց տալու թէ սուրբ բաները կ’արժեւորէք (Ծն. 2։21-24

18, 19. ա) Ի՞նչ են շնութեան հետեւանքները։ բ) Ի՞նչ են ամուսնական հաւատարմութեան օգուտները։

18 Եթէ փորձուիս անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն զարգացնելու, պոռնկութեան եւ շնութեան կործանարար հետեւանքներուն վրայ խոկա՛ (Առ. 7։22, 23. Գաղ. 6։7, 8)։ Անոնք՝ որոնք անբարոյութիւն կը գործեն, Եհովան կը տհաճեցնեն եւ իրենց կողակիցին ու իրենք իրենց կը վնասեն (կարդա՛ Մաղաքիա 2։13, 14Առ ի հակապատկեր, մտածէ անարատ վարք պահպանող անհատներուն քաղած օգուտներուն մասին։ Անոնք ոչ միայն յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, այլ նաեւ այժմ լաւագոյն կեանքը կը վայելեն, ներառեալ՝ մաքուր խղճմտանք մը (կարդա՛ Առակաց 3։1, 2

19 Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ» (Սաղ. 119։165)։ Ուստի, ճշմարտութիւնը սիրէ եւ այս չար ժամանակներուն մէջ՝ ‘նայէ որ զգուշութեամբ քալես, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս’ (Եփ. 5։15, 16)։ Մեր քալած ճամբան զեղուն է Սատանային կողմէ լարուած թակարդներով, որոնց նպատակն է՝ ճշմարիտ երկրպագուները ողջ–ողջ բռնել։ Սակայն, լաւ կերպով սպառազինուած ենք՝ մենք մեզ պաշտպանելու համար։ Եհովան մեզի հարկ եղածը տուած է, որպէսզի ‘հաստատուն կայնինք’ եւ «չարին բոլոր կրակոտ նետերը [մարենք]» (Եփ. 6։11, 16

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Անունները փոխուած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Նիւթապաշտութիւնը կրնայ անհատ մը հոգեւորապէս խեղդել։ Թոյլ մի՛ տար որ ասիկա քեզի պատահի

[Նկար՝ էջ 32]

Անլուրջ սիրախօսութիւնը,– կամ անոր համակերպիլը,– կրնայ անհատը շնութեան զոհ դարձնել