Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մօտեցիր աղօթք Լսողին

Մօտեցիր աղօթք Լսողին

Մօտեցիր աղօթք Լսողին

ՇԱՏԵՐ, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ հաւատալ, չեն կրնար իրենց հաւատքին համար վաւերական պատճառ տալ։ Ոչ ալ կրնան բացատրել, թէ ինչո՛ւ կրօնքը յաճախ վատ է կամ ինչո՛ւ Աստուած կը թոյլատրէ տառապանքը։ Լաւագոյն պարագային, անոնք կ’աղօթեն Աստուծոյ մը՝ որ չեն ըմբռներ։

Դուն, սակայն, կրնաս ասկէ աւելի՛ Աստուծոյ մօտենալ։ Կրնաս Աստուծոյ մասին հասկացողութիւն ունենալով հաւատքդ կերտել, ինչ որ քեզ կը մղէ զինք սիրելու եւ արժեւորելու։ Հարազատ հաւատքը հիմնուած է ապացոյցի վրայ (Եբրայեցիս 11։1)։ Եթէ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիս, կրնաս զինք ճանչնալ եւ իրեն խօսիլ իբրեւ բարեկամ։ Նկատի առ կարգ մը անհատներու փորձառութիւնները, որոնք կ’աղօթէին թէեւ Աստուծոյ գոյութեան շուրջ կասկածներ ունէին։

Փաթրիշա, որ բացման յօդուածին մէջ նշուած է։ «Օր մը, շուրջ տասը բարեկամներու հետ էի, երբ սկսան կրօնքի նիւթը քննարկել։ Ես անոնց ըսած էի, թէ առիթով մը տունէն դուրս ելայ, որպէսզի փախուստ տամ այն քննարկութենէն, որ անաստուած հօրս եւ մեր տունը այցելող Եհովայի վկայի մը միջեւ կը դառնար։ ‘Թերեւս Եհովայի վկաները ճի՛շդ են’, ըսաւ բարեկամներէս մէկը։

«‘Ստուգելու համար, եկէ՛ք անոնց ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուինք’, ըսաւ ուրիշ մը։ Եւ այդպէս ալ ըրինք։ Թէեւ սկեպտիկ էինք, բայց մեզմէ ոմանք շարունակեցին ներկայ գտնուիլ, պարզապէս քանի որ Վկաները շա՜տ բարեկամական էին։

«Կիրակի օր մը սակայն, բան մը լսեցի որ կեցուածքս փոխեց։ Դասախօսը բացատրեց թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տառապին։ Ատկէ առաջ, բնաւ չէի լսած թէ մարդը սկիզբը կատարեալ էր, եւ թէ մեղքն ու մահը մէկ մարդով աշխարհ մտան եւ ամբողջ մարդկութեան վրայ տարածուեցան։ Դասախօսը նաեւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Յիսուսի մահը անհրաժեշտ էր, մարդկութիւնը վերահաստատելու այն վիճակին մէջ, որ առաջին մարդը կորսնցուցած էր (Հռովմայեցիս 5։12, 18, 19 * Յանկարծ, ամէն բան հասկցա՛յ։ Մտածեցի. ‘Ի՛րապէս կայ Աստուած մը, որ մեզմով հետաքրքրուած է’։ Շարունակեցի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ շուտով,– կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով,– նկատեցի թէ կրնա՛մ աղօթել մէկու մը, որ իսկապէս գոյութիւն ունի»։

Էլէն, նաեւ նշուած է բացման յօդուածին մէջ։ «Օր մը, Եհովայի վկաները մեր դուռը զարկին, եւ կինս զանոնք ներս առաւ, քանի որ հետաքրքրուեցաւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու նիւթով, որուն մասին Վկաները կը խօսէին։ Ես նեղացայ։ Ուստի, այցելուները առանձին ձգելով՝ կինս խոհանոց քաշեցի ու ըսի. ‘Անմիտ մի՛ ըլլար։ Դուն չե՛ս կրնար ասանկ բաներու հաւատալ’։

«Կնոջս պատասխանը եղաւ. ‘Շա՛տ լաւ. ուրեմն, ներս մտիր եւ անոնց սխալ ըլլալը փաստէ’։

«Անշուշտ, բան մը չկրցայ փաստել։ Բայց անոնք շատ ազնիւ էին եւ ինծի գիրք մը տուին, որ կը խօսէր թէ արդեօք կեանքը սկիզբ առաւ ստեղծագործութեա՛մբ կամ բարեշրջութեամբ։ Գրքին տրամաբանութիւնը ա՛յնքան յստակ ու հիմնաւորուած էր որ որոշեցի Աստուծոյ մասին աւելի՛ն գիտնալ։ Սկսայ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ շուտով անդրադարձայ թէ անոր ըսածը բոլորովին տարբեր էր այն բանէն որ կրօնքի մասին կը խորհէի։ Եհովային մասին աւելին սորվելով՝ աղօթքներս սկսան աւելի մասնայատուկ դառնալ։ Որոշ գէշ վարքագծեր ունէի, ուստի օգնութեան համար աղօթեցի։ Վստահ եմ թէ Եհովան աղօթքներուս պատասխանեց»։

Էնտրու, որ Անգլիոյ մէջ կ’ապրի։ «Թէեւ գիտութեան մասին զօրաւոր կարծիքներ եւ խոր հետաքրքրութիւն ունէի, սակայն բարեշրջութեան տեսութեան կը հաւատայի պարզապէս քանի որ ուրիշներ ըսած էին թէ փաստուած է։ Պատահած բոլոր գէշ բաներուն պատճառաւ, մերժեցի Աստուծոյ հաւատալ։

«Բայց եւ այնպէս, ատեններ կը խորհէի. ‘Եթէ Աստուած գոյութիւն ունի, կ’ուզեմ կեանքի իմաստը հասկնալ։ Ինչո՞ւ այսքան ոճիր եւ պատերազմ կայ’։ Երբ դժուարութիւններէ անցնէի, օգնութեան համար երբեմն կ’աղօթէի, բայց առանց գիտնալու թէ որո՛ւն հետ կը խօսէի։

«Ապա մէկը կնոջս տուաւ Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած թերթիկ մը, որուն խորագիրն է՝ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Ասիկա ճիշդ այն հարցումն էր, որուն մասին յաճախ կը խորհրդածէի։ Թերթիկը պատճառ դարձաւ որ Աստուածաշունչին մասին հարց տամ. ‘Արդեօք կ’արժէ՞ ատոր պատասխանները նկատի առնել’։ Ետքը, երբ արձակուրդ առած էի, մէկը ինծի տուաւ՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց գիրքը։ Երբ անդրադարձայ որ Աստուածաշունչը ճշմարիտ գիտութեան հետ ներդաշնակ է, զգացի որ պէտք ունիմ Աստուածաշունչին մասին աւելի՛ սորվիլ։ Ուստի, երբ Եհովայի վկայ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկեց, ընդունեցի։ Եհովայի նպատակը հասկնալով, զգացի թէ զինք կը ճանչնամ որպէս իսկական անձ մը, մէկը՝ որուն հետ աղօթքի միջոցաւ ազատօրէն կրնամ խօսիլ»։

Ճեն անունով կին մը, որ Լոնտոնի մէջ որպէս բողոքական մեծցած է։ «Կրօնքին կեղծաւորութիւնը եւ տառապանքին համատարած ըլլալը զիս մղեցին որ կրօնքը զանց ընեմ։ Համալսարանն ալ թողուցի եւ սկսայ երգել ու կիթառ նուագել՝ դրամ շահելու համար։ Այդ օրերուն Փաթին ծանօթացայ, որ կաթողիկէ էր եւ ինծի նման անհաւատ դարձած էր։

«Լքուած տան մը մէջ միասնաբար ապրեցանք իրենց ուսումը չշարունակող այլ անհատներու հետ, որոնք Արեւելեան կրօնքներով հետաքրքրուած էին։ Գիշերները, երկար ժամեր կեանքի իմաստին մասին տաք քննարկութիւններ կ’ընէինք։ Թէեւ Փաթն ու ես Աստուծոյ չէինք հաւատար, սակայն կը զգայինք թէ ‘կեանքի ոյժ’ մը գոյութիւն ունենալու էր։

«Երբ հիւսիսային Անգլիա փոխադրուեցանք, որպէս երաժիշտներ գործ փնտռելու համար, մեր տղան ծնաւ։ Գիշեր մը ան հիւանդացաւ, եւ իսկոյն աղօթեցի Աստուծոյ, որուն չէի հաւատար։ Անկէ քիչ ետք, Փաթի հետ փոխյարաբերութիւնս վատթարացաւ, եւ մանկիկը առնելով տունէն հեռացայ։ Դարձեալ, օգնութեան համար աղօթեցի, յուսալով որ լսող մը կար։ Չէի գիտեր թէ Փաթ եւս նոյն բանը կ’ընէր։

«Յետոյ, նոյն օրը, երկու Վկաներ Փաթին դուռը զարկին եւ անոր ցոյց տուին Աստուածաշունչի կարգ մը գործնական խրատները։ Փաթ ինծի հեռաձայնեց եւ հարցուց, թէ արդեօք կը համաձայնի՛մ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել իրեն եւ Վկաներուն հետ։ Շատ չանցած, սորվեցանք թէ Աստուած հաճեցնելու համար, օրինապէս պէտք է ամուսնանանք։ Ասիկա շատ դժուար բան մըն էր՝ մեր անկայուն փոխյարաբերութեան ի տես։

«Ուզեցինք աւելի՛ն գիտնալ Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարման մասին, տառապանքին պատճառին մասին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան նշանակութեան մասին։ Կամաց–կամաց գիտակցեցանք թէ Աստուած իսկապէս կը հոգայ, եւ ուզեցինք իր ըսածները ի գործ դնել։ Ուստի, ամուսնացանք։ Աստուծոյ Խօսքին իմաստութիւնը մեզի օգնած է մեր երեք զաւակները կրթելու։ Վստահ ենք որ Եհովան մեր աղօթքները լսեց»։

Ապացոյցը անձամբ քննէ

Միլիոնաւոր ուրիշներու նման, անոնք՝ որոնք այս յօդուածին մէջ մէջբերուած են, սուտ կրօնքով չխաբուեցան եւ կրցան գիտնալ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Նկատեցի՞ր թէ իւրաքանչիւր պարագային Աստուածաշունչի ճշգրիտ հասկացողութիւնն էր որ այս անհատները համոզեց թէ Եհովան իրապէս աղօթքները կը լսէ։

Կը փափաքի՞ս քննել Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցները։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու որ սորվիս Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս «աղօթքի լսող»ին մօտենալ (Սաղմոս 65։2

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Յիսուսի մահուան քաւիչ արժէքին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 10]

«Եհովայի նպատակը հասկնալով, զգացի թէ զինք կը ճանչնամ որպէս իսկական անձ մը, մէկը՝ որուն հետ աղօթքի միջոցաւ ազատօրէն կրնամ խօսիլ»

[Նկար՝ էջ 9]

Հարազատ հաւատքը հիմնուած է ապացոյցներու վրայ եւ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու փափաքին վրայ