Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարատեւե՛նք որպէս Թագաւորութեան քաղաքացիներ

Յարատեւե՛նք որպէս Թագաւորութեան քաղաքացիներ

Յարատեւե՛նք որպէս Թագաւորութեան քաղաքացիներ

«Աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք» (ՓԼՊ. 1։27

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Որո՞նք կրնան Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալ։

Թագաւորութեան լեզուին, պատմութեան եւ օրէնքներուն առնչութեամբ ի՞նչ պէտք է ընենք։

Թագաւորութեան քաղաքացիները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ չափանիշները կը սիրեն։

1, 2. Փիլիպպէի ժողովքին ուղղուած Պօղոսի յորդորը ինչո՞ւ մասնաւոր նշանակութիւն ունէր։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ Փիլիպպէի ժողովքը քաջալերեց, որ ‘աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուին’ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։27«Վարուիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «յարատեւել որպէս քաղաքացիներ»։ Այդ արտայայտութիւնը մասնաւոր նշանակութիւն ունէր Փիլիպպէի ժողովքին համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնպէս կը թուի թէ Փիլիպպէ այն քաղաքներէն մէկն էր, որոնց բնակիչներուն շնորհուած էր հռոմէական քաղաքացիութիւնը։ Փիլիպպէի եւ ամբողջ հռոմէական կայսրութեան մէջ, հռոմայեցի քաղաքացիները իրենց դիրքով կը պարծենային եւ հռոմէական օրէնքին ներքեւ մասնաւոր պաշտպանութիւն կը վայելէին։

2 Փիլիպպէի ժողովքին անդամները պարծենալու աւելի մեծ պատճառ ունէին։ Պօղոս անոնց յիշեցուց, թէ որպէս օծեալ քրիստոնեաներ, իրենց քաղաքացիութիւնը «երկինքն է[ր]» (Փլպ. 3։20, ԱԾ)։ Անոնք քաղաքացիներ էին ոչ թէ մարդկային կայսրութեան մը, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Այս հանգամանքով, անոնք անզուգական պաշտպանութիւն եւ օգուտներ կը վայելէին (Եփ. 2։19-22

3. ա) Որո՞նք Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալու պատեհութիւնը ունին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 «Յարատեւեցէ՛ք որպէս քաղաքացիներ» Պօղոսի յորդորը գլխաւորաբար կը կիրարկուի անոնց՝ որոնք երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն (Փլպ. 3։20)։ Բայց ընդարձակ կիրարկումով, ատիկա կրնայ կիրարկուիլ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային հպատակները պիտի ըլլան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլոր նուիրուած քրիստոնեաները նոյն Թագաւորին՝ Եհովային՝ կը ծառայեն, եւ նոյն չափանիշներուն համաձայն պէտք է ապրին (Եփ. 4։4-6)։ Ներկայիս, մարդիկ ծանր կ’աշխատին որպէսզի որակեալ ըլլան բարգաւաճ երկրի մը քաղաքացիները դառնալու։ Ուրեմն, որքա՜ն աւելի Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալու պատեհութիւնը պէտք է արժեւորենք։ Այս առանձնաշնորհումին հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնելու համար, նկատի առնենք կարգ մը նմանութիւններ մարդկային կառավարութեան մը քաղաքացին դառնալու պահանջներուն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացին դառնալու պահանջներուն միջեւ։ Ապա պիտի քննարկենք երեք բաներ, որոնք պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալու պատիւը պահպանել։

ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

4. Մաքուր լեզուն ի՞նչ է եւ զայն ինչպէ՞ս «կը խօսինք»։

4 Լեզուն սորվիլ։ Կարգ մը մարդակերտ կառավարութիւններ քաղաքացիութեան դիմումնագիր ներկայացնողներէն կը պահանջեն, որ երկրին գլխաւոր լեզուն խօսին։ Նոյնիսկ եթէ անոնք քաղաքացիութիւն ստանան, թերեւս տարինե՜ր ջանք թափեն որ նոր լեզուին տիրապետեն։ Անոնք կրնան արագօրէն քերականական օրէնքները սորվիլ, բայց ժամանակ կ’առնէ որ կարենան բառերը ճշգրիտ կերպով արտասանել։ Համանման կերպով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը պահանջէ որ իր քաղաքացիները սորվին այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ «մաքուր շրթունք» կամ «մաքուր լեզու» (ՆԱ) (կարդա՛ Սոփոնիա 3։9Ի՞նչ է այդ լեզուն։ Անիկա Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին Աստուածաշունչի բովանդակած ճշմարտութիւնն է։ Մաքուր լեզուն «կը խօսինք», երբ մեր վարքը Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացիները կրնան արագօրէն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները ըմբռնել եւ մկրտուիլ։ Սակայն, նոյնիսկ մկրտութենէ ետք, պէտք է ջանան մաքուր լեզուն հետզհետէ աւելի լաւ կերպով «խօսիլ»։ Ինչպէ՞ս։ Իւրաքանչիւրս պէտք է շարունակենք ջանք թափել Աստուածաշունչէն մեր սորված կէտերը կիրարկելու։

5. Ինչո՞ւ Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութեան մասին մեր կրցածին չափ պէտք է սորվինք։

5 Պատմութիւնը սորվիլ։ Երկրի մը քաղաքացին դառնալ ուզող անհատին համար, թերեւս հարկ է որ անոր կառավարութեան պատմութեան մասին բան մը գիտնայ։ Նմանապէս, անոնք որոնք կը փափաքին Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալ, իրենց կրցածին չափ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պէտք է սորվին։ Նկատի առ Կորխի որդիներուն հանդիսացած օրինակը, որոնք վաղեմի Իսրայէլի մէջ ծառայեցին։ Անոնք Երուսաղէմն ու անոր պաշտամունքի վայրը կը սիրէին եւ քաղաքին պատմութեան մասին հաճոյքով կը խօսէին, ոչ թէ անոր գեղեցկութեան համար, այլ՝ քանի որ Եհովային՝ «Մեծ Թագաւորին քաղաքն» էր։ Անիկա մաքուր պաշտամունքի կեդրոնն էր, ուր մարդիկ Եհովային Օրէնքը կը սորվէին եւ իրեն կ’երկրպագէին։ Եհովան իր սիրառատ բարութիւնը դրսեւորեց անոնց հանդէպ՝ որոնց վրայ կ’իշխէր որպէս Երուսաղէմի Թագաւորը (կարդա՛ Սաղմոս 48։1, 2, 9, 12, 13Մեր օրերուն ալ Աստուած երկրի վրայ կազմակերպուած ժողովուրդ ունի։ Կորխի որդիներուն նման, պէտք է ուսումնասիրենք եւ ուրիշներուն պատմենք Աստուծոյ ժողովուրդին արդի պատմութիւնը։ Որքա՛ն աւելի սորվիս Եհովա Աստուծոյ կազմակերպութեան մասին եւ իր ժողովուրդին ինչպէ՛ս աջակցելու մասին, ա՛յնքան աւելի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քեզի համար իրական պիտի ըլլայ։ Եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու փափաքդ բնականաբար պիտի զօրանայ (Եր. 9։24. Ղուկ. 4։44

6. Ինչո՞ւ տրամաբանական է որ Եհովան մեզմէ պահանջէ որ Թագաւորութեան օրէնքներն ու սկզբունքները սորվինք եւ անոնց հնազանդինք։

6 Օրէնքները գիտնալ։ Մարդակերտ կառավարութիւնները կը պահանջեն որ իրենց հպատակները երկրին օրէնքները սորվին եւ անոնց հնազանդին։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ Եհովան մեզմէ ակնկալէ որ սորվինք ու հնազանդինք այն օրէնքներուն ու սկզբունքներուն, որոնք Թագաւորութեան բոլոր քաղաքացիներուն կը կիրարկուին (Եսա. 2։3. Յովհ. 15։10. Ա. Յովհ. 5։3)։ Մարդկային օրէնքները յաճախ թերի են եւ կրնան անարդար ըլլալ։ Առ ի հակապատկեր, «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է» (Սաղ. 19։7)։ Հաճոյք կ’առնե՞նք Աստուծոյ օրէնքէն եւ ամէն օր անոր Խօսքը կը կարդա՞նք (Սաղ. 1։1, 2)։ Աստուծոյ օրէնքը սորվելու միակ կերպն է՝ անձնապէս զայն ուսումնասիրել։ Ուրիշ ո՛չ ոք կրնայ մեզի համար ասիկա ընել։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆ

7. Թագաւորութեան քաղաքացիները ո՞ր վեհ չափանիշին համաձայն կ’ապրին։

7 Թագաւորութեան քաղաքացիներ մնալու համար, պէտք է ոչ միայն Աստուծոյ չափանիշները ճանչնանք, այլեւ՝ զանոնք սիրենք։ Մարդակերտ պետութիւններու բազմաթիւ քաղաքացիներ կ’ըսեն թէ իրենց ապրած երկրին օրէնքներուն եւ չափանիշներուն կը համաձայնին։ Սակայն, երբ պահանջ մը անյարմար գտնեն եւ խորհին թէ ո՛չ ոք զիրենք կը դիտէ, օրէնքը կը բեկանեն։ Յաճախ, այսպիսի անհատներ «մարդահաճոներ» են (Կող. 3։22)։ Թագաւորութեան քաղաքացիները աւելի վեհ չափանիշի համաձայն կ’ապրին։ Մենք ուրախութեամբ Աստուծոյ օրէնքներուն կը հնազանդինք, նոյնիսկ երբ ո՛չ մէկ մարդ մեզ կը դիտէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Օրէնսդիրը կը սիրենք (Եսա. 33։22. կարդա՛ Ղուկաս 10։27

8, 9. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ արդեօք Աստուծոյ օրէնքները իսկապէս կը սիրե՛ս։

8 Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ արդեօք Աստուծոյ օրէնքները իսկապէս կը սիրե՛ս։ Քննէ այն կերպը, որով կը հակազդես երբ խրատ ստանաս բանի մը շուրջ, որ կը խորհիս անձնական նախընտրութիւն է,– օրինակ, հագուելակերպն ու յարդարանքը։ Թագաւորութեան քաղաքացի դառնալէ առաջ, թերեւս կը նախընտրէիր թափթփած կամ գրգռիչ հագուստներ հագուիլ։ Մինչ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ խորացաւ, սորվեցար զինք պատուող կերպով հագուիլ (Ա. Տիմ. 2։9, 10. Ա. Պետ. 3։3, 4)։ Թերեւս կը խորհիս թէ այժմ համեստօրէն կը հագուիս։ Սակայն, եթէ երէց մը քեզի ըսէր թէ ժողովքէն ներս շատեր կը խորհին թէ հագուստի նախընտրութիւնդ պատշաճ չէ, ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր։ Ինքզինքդ պիտի պաշտպանէի՞ր, պիտի զայրանայի՞ր կամ յամառութեամբ պիտի վարուէի՞ր։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հիմնական մէկ օրէնքն է, թէ բոլոր քաղաքացիները Քրիստոսը ընդօրինակեն (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուսի օրինակին առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ Քանզի Քրիստոս ալ. . . իր անձին հաճոյ [չեղաւ]» (Հռով. 15։2, 3)։ Ժողովքին խաղաղութիւնը պահելու համար, հասուն քրիստոնեան միշտ պէտք է ուզէ խուսափիլ ընելէ բաներ, որոնք ուրիշներուն խղճմտանքը կը վիրաւորեն (Հռով. 14։19-21

9 Նկատի առ երկու այլ կարեւոր նիւթեր. սեռի եւ ամուսնութեան նկատմամբ մեր կեցուածքը։ Անոնք՝ որոնք տակաւին Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացիներ չեն, թերեւս միասեռականութիւնը հանդուրժեն, պոռնկագրութիւնը անվնաս զուարճութիւն սեպեն եւ խորհին թէ շնութիւնն ու ամուսնալուծումը բոլորովին անձնական հարցեր են։ Թագաւորութեան քաղաքացիները այսպիսի կարճատես ու անձնակեդրոն կեցուածքներ լքած են։ Թէեւ բազմաթիւ քրիստոնեաներ նախապէս անբարոյ կենցաղակերպ մը վարած էին, սակայն այժմ անոնք սեռն ու ամուսնութիւնը Աստուծոյ պարգեւները կը նկատեն։ Անոնք Եհովայի բարձր չափանիշները կ’արժեւորեն եւ ամբողջ սրտով կը համաձայնին, թէ անոնք որոնք կը շարունակեն սեռային սխալ վարքի միջամուխ ըլլալ, արժանի չե՛ն Թագաւորութեան քաղաքացիներ ըլլալու (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Սակայն, անոնք նաեւ կը գիտակցին թէ սիրտը խաբեբայ է (Եր. 17։9)։ Ուստի, անոնք կը գնահատեն ստանալ մասնայատուկ ազդարարութիւններ, որոնք իրենց կ’օգնեն որ բարոյական բարձր չափանիշներ պահպանեն։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ

10, 11. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ ժամանակայարմար ազդարարութիւններ կ’արձակէ, եւ այս ազդարարութիւնները ինչպէ՞ս կը նկատես։

10 Մարդակերտ կառավարութիւնները ուտելիքի եւ դեղերու առնչութեամբ թերեւս առողջապահական զգուշացումներ տան։ Բացայայտօրէն, բոլոր ուտելիքները եւ դեղերը վնասակար չեն։ Սակայն, եթէ մասնայատուկ արտադրութիւն մը վտանգ ներկայացնէ, կառավարութիւնը հաւասարակշռուած ազդարարութիւններ կ’արձակէ՝ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար։ Եթէ կառավարութիւնը այդպէս չընէ, անհոգութեան յանցանքը կը կրէ։ Նմանապէս, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բարոյական եւ հոգեւոր մասնաւոր վտանգներու մասին ժամանակայարմար ազդարարութիւններ կ’արձակէ։ Օրինակ, համացանցը հաղորդակցութիւն, ուսում եւ ժամանց հայթայթելու գործնական կերպ մը դարձած է։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը համացանցը կ’օգտագործէ եւ անոր միջոցաւ բազմաթիւ լաւ բաներ կ’իրագործէ։ Սակայն, համացանցի վրայ բազմաթիւ կայքեր բարոյապէս եւ հոգեւորապէս վտանգաւոր են։ Պոռնկագրութիւնը յառաջ մղող ցանցակայքերը բացայայտ վտանգ կը հանդիսանան Թագաւորութեան քաղաքացիներու հոգեւոր առողջութեան։ Տասնամեակներէ ի վեր, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը մեզ այսպիսի կայքերէ զգուշացուցած է, եւ մենք այս ազդարարութիւններուն համար շա՜տ երախտապարտ ենք։

11 Վերջերս, ցանցակայքի այլ տեսակ մը շատ ժողովրդական դարձած է,– այն՝ որ կրնայ օգտակար ըլլալ եթէ մեծ զգուշութեամբ գործածուի։ Սակայն, այս ցանցակայքերը, որոնք ճանչցուած են որպէս ընկերային հաղորդակցութեան ցանցակայքեր,– կարելիութիւն ունին նաեւ կործանիչ ըլլալու։ Անոնք կրնան անհատը չար ընկերակցութիւններու առաջնորդել (Ա. Կոր. 15։33)։ Ուստի, զարմանալի չէ որ այսպիսի ցանցակայքերու գործածութեան առնչութեամբ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը հաւասարակշռուած ազդարարութիւններ արձակած է։ Ընկերային հաղորդակցութեան ցանցակայքերու գործածութեան մասին հաւատարիմ ծառային վերջերս հրատարակած բոլոր նիւթերը կարդացա՞ծ ես։ Ի՜նչ անիմաստութիւն պիտի ըլլայ այսպիսի ցանցակայքեր գործածել առանց այդ նիւթերը կարդալու։ * Ասիկա կը նմանի զօրաւոր դեղ մը խմելուն առանց շիշին վրայ գրուած ազդարարութիւնները կարդալու։

12. Ազդարարութիւնները անտեսելը ինչո՞ւ յիմարութիւն է։

12 Անոնք՝ որոնք հաւատարիմ ծառային արձակած ազդարարութիւնները կ’անտեսեն, անխուսափելիօրէն իրենք իրենց եւ իրենց սիրելիներուն կը վնասեն։ Ոմանք պոռնկագրութիւն դիտելու մոլի դարձած են կամ անբարոյութիւն գործած են, եւ կը խորհին թէ Եհովան իրենց ըրածը չի կրնար տեսնել։ Որքա՜ն յիմարութիւն է հաւատալ, թէ կրնանք մեր վարքը Եհովայէն պահել (Առ. 15։3. կարդա՛ Եբրայեցիս 4։13)։ Աստուած կ’ուզէ այսպիսիներուն օգնել եւ իր երկրային ներկայացուցիչները կը մղէ որ ջանան անոնց օգտակար դառնալ (Գաղ. 6։1)։ Սակայն, ճիշդ ինչպէս որ մարդակերտ կառավարութիւնները կրնան անհատի մը քաղաքացիութիւնը ջնջել եթէ որոշ արարքներ գործէ, Եհովան ալ պիտի ջնջէ անոնց քաղաքացիութիւնը, որոնք անզեղջօրէն իր չափանիշները կ’ոտնակոխեն (Ա. Կոր. 5։11-13 * Բայց եւ այնպէս, ան ողորմած է։ Անոնք՝ որոնք կը զղջան եւ իրենց վարքը կը փոխեն, կրնան վերստին ձեռք ձգել ընդունելի կեցուածք Եհովային առջեւ եւ Թագաւորութեան քաղաքացիներ մնալ (Բ. Կոր. 2։5-8)։ Ի՜նչ պատիւ է որ այսպիսի սիրառատ Թագաւորի մը կը ծառայենք։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄԸ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԵՆ

13. Թագաւորութեան քաղաքացիները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ ուսումը կ’արժեւորեն։

13 Բազմաթիւ մարդակերտ կառավարութիւններ ծանր կ’աշխատին իրենց քաղաքացիներուն ուսում հայթայթելու համար։ Անոնք կը կառուցանեն դպրոցներ, ուր մարդիկ կրնան հիմնական ուսում ստանալ։ Թագաւորութեան քաղաքացիները այս աշխարհիկ դպրոցները կը գնահատեն եւ ժրաջանօրէն կը սորվին կարդալ, գրել եւ որոշ հմտութիւններ, որոնց պէտք պիտի ունենան գործի մէջ։ Սակայն, անոնք աւելի՛ կ’արժեւորեն այն կրթութիւնը, որ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացիներ կը ստանան։ Քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ, Եհովան յառաջ կը մղէ գրագիտութիւնը։ Ծնողներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ իրենց զաւակներուն կարդան հրատարակութիւններ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը։ Ամէն ամիս, հաւատարիմ ծառան աստուածաշնչական նիւթեր կը հրատարակէ Դիտարան–ին եւ Զարթի՛ր–ին մէջ։ Եթէ ամէն օր քանի մը էջ կարդաս, Թագաւորութեան ուսման այս կարեւոր խողովակին հետ քայլ կը պահես։

14. ա) Ի՞նչ մարզում կը ստանանք։ բ) Ընտանեկան պաշտամունքին առնչութեամբ ո՞ր առաջարկները կիրարկած ես։

14 Ամէն շաբաթ, Թագաւորութեան քաղաքացիները իրենց ժողովներուն մէջ մարզում կը ստանան։ Օրինակ, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր աշակերտներուն օգնած է որ Աստուծոյ Խօսքին ազդու ուսուցիչներ ըլլան։ Այս դպրոցին մէջ արձանագրուա՞ծ ես։ Վերջերս, հաւատարիմ ծառան մասնաւորաբար յառաջ մղած է շաբաթական Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն։ Այս կարգադրութիւնը ընտանիքը կը զօրացնէ։ Մեր հրատարակութիւններուն ներկայացուցած առաջարկները կրցա՞ծ ես կիրարկել։ *

15. Մեր ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկը ի՞նչ է։

15 Մարդակերտ կառավարութիւններու քաղաքացիները հանրապէս կը ջանան կուսակցութեան մը համար համակիրներ շահիլ, նոյնիսկ այս նպատակաւ դռնէ դուռ երթալով։ Աւելի մեծ տարողութեամբ, Թագաւորութեան քաղաքացիները Աստուծոյ Թագաւորութեան ժրաջանօրէն կ’աջակցին թէ՛ փողոցները եւ թէ դռնէ դուռ։ Իրականութեան մէջ, ինչպէս նշուած է նախորդ յօդուածին մէջ, Դիտարան–ը որ Եհովայի Թագաւորութիւնը կը ծանուցանէ, այժմ երկրի վրայ ամենաշատ բաշխուած պարբերաթերթն է։ Մեր ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն պատմել։ Քարոզչութեան նախանձախնդրօրէն կը մասնակցի՞ս (Մատ. 28։19, 20

16. Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ լաւ քաղաքացին ես։

16 Շուտով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրին վրայ իշխող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։ Անիկա առօրեայ կեանքին բոլոր երեսակներուն վրայ պիտի վերահսկէ, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ քաղաքացիական։ Այդ ժամանակ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ լաւ քաղաքացին պիտի ըլլա՞ս։ Հիմա ատիկա փաստելու ժամանակն է։ Իւրաքանչիւր օր կայացուցած բոլո՛ր որոշումներուդ մէջ, ամէն ինչ ի փառք Եհովային ըրէ եւ այսպէս փաստէ թէ կը յարատեւես որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան լաւ քաղաքացի (Ա. Կոր. 10։31

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 11 Օրինակ, տե՛ս Զարթի՛ր–ի յուլիս 2011 թիւը, էջ 24-27. օգոստոս 2011 թիւը, էջ 10-13. եւ փետրուար 2012 թիւը, էջ 3-9 (անգլերէն)։

^ պարբ. 12 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 մարտ 2012 թիւը, էջ 30-31 (անգլերէն)։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2011 թիւը, էջ 6-7 (անգլերէն). եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, յունուար 2011, էջ 3-6։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 21]

Համացանցի նկատմամբ տրուած աստուածաշնչական ազդարարութիւններուն կ’անսա՞ս

[Նկար՝ էջ 19]

Կորխի որդիներուն նման, մաքուր պաշտամունքով եւ անոր պատմութեամբ կ’ուրախանա՞ս

[Նկար՝ էջ 22]

Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն կրնայ շատ բան ընել, որպէսզի դուն եւ քու սիրելիներդ Թագաւորութեան լաւ քաղաքացիներ ըլլաք