Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ է աղօթք Լսողը

Ո՞վ է աղօթք Լսողը

Ո՞վ է աղօթք Լսողը

ԵԹԷ աղօթք Լսող մը գոյութիւն ունի, տրամաբանօրէն անիկա պէտք է Ստեղծիչը ըլլայ։ Միայն ա՛ն՝ որ մարդկային ուղեղը ստեղծեց, կրնայ խորհուրդներդ կարդալ։ Միայն ա՛ն կրնայ աղօթքներու պատասխանել եւ մարդկութեան հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթել։ Սակայն, թերեւս մտածես. ‘Տրամաբանակա՞ն է Ստեղծիչի մը հաւատալ’։

Շատեր կը խորհին, թէ Ստեղծիչի մը հաւատալու համար, պէտք է արդի գիտութեան ապացոյցը ուրանալ։ Սակայն, ենթադրելը թէ Աստուծոյ հաւատալը գիտութեան հետ ներդաշնակ չէ, պարզապէս ճիշդ չէ՛։ Նկատի առ հետեւեալը։

▪ Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներուն մէջ 21 համբաւաւոր համալսարաններու գիտութեան 1646 փրոֆէսորներ, ցոյց տուաւ թէ միայն մէկ երրորդը իրենց տեսակէտը նկարագրեցին՝ ըսելով. «Ես Աստուծոյ չեմ հաւատար»։

Իրողութիւնը այն է, որ կարգ մը գիտնականներ կը հաւատան որ Աստուած գոյութիւն ունի։

Ստեղծիչի մը գոյութեան ապացոյցը

Առանց ապացոյցի պէ՞տք է ընդունինք որ աղօթք Լսողը գոյութիւն ունի։ Բնաւ երբեք։ Այն գաղափարը թէ հաւատքը կը նշանակէ առանց ապացոյցի հաւատալ, սխա՛լ է։ Աստուածաշունչը հաւատքը կը սահմանէ որպէս «չերեւցած բաներուն ապացոյցը» (Եբրայեցիս 11։1)։ Օրինակ, չես կրնար ռատիոյի ալիքները տեսնել, սակայն հեռախօսիկդ յստակ կերպով կը յայտնէ ձայն փոխանցող այս անտեսանելի ալիքներուն գոյութիւնը։ Նմանապէս, թէեւ աղօթք Լսողը չենք կրնար տեսնել, սակայն կրնանք նկատի առնել մատչելի ապացոյցներ, որոնք մեզ կրնան համոզել թէ ան գոյութիւն ունի՛։

Ո՞ւր կրնանք ապացոյցներ գտնել թէ Աստուած գոյութիւն ունի։ Կը բաւէ որ միայն մեր շուրջը նայինք։ Աստուածաշունչը հետեւեալ կերպով կը պատճառաբանէ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբրայեցիս 3։4)։ Այս արտայայտութեան տրամաբանութեան հետ համաձայն կը գտնուի՞ս։ Թերեւս եթէ նկատի առնես տիեզերքին կարգուկանոնը, կեանքի ծագումը կամ երկրագունդի ամէնէն բարդ կառուցուածքը՝ մարդկային ուղեղը, եզրակացնես թէ մարդէն գերիվեր բան մը պէտք է գոյութիւն ունենայ։ *

Բայց բնութիւնը Աստուծոյ մասին ամէն բան չի կրնար մեզի սորվեցնել։ Ստեղծագործութեան մէջ Աստուծոյ ապացոյցը զննելը կը նմանի փակ դրան ետեւէն մօտեցող անհատի մը ոտքին ձայնը լսելուն։ Կ’անդրադառնաս թէ դրան ետեւը մէկը կայ, սակայն գիտնալու համար թէ ո՛վ է ան, պէտք է դուռը բանաս։ Նման բան մը պէտք է ընենք, որպէսզի բնորոշենք ստեղծագործութեան ետին գտնուող Անձը։

Աստուածաշունչը դուռ մըն է, որ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ գիտութեան։ Երբ այդ դուռը բանաս եւ նկատի առնես անոր կարգ մը մանրամասն մարգարէութիւններն ու անոնց կատարումը, պիտի գտնես ապացոյցներ թէ Աստուած գոյութիւն ունի։ * Սակայն ատկէ աւելի, մարդոց հետ Աստուծոյ գործառնութեանց արձանագրութիւնը կը յայտնէ աղօթք Լսողին անձնաւորութիւնը։

Աղօթք Լսողին բնոյթը ի՞նչ է

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ աղօթք Լսողը անձ է,– մէկը որ կրնաս ճանչնալ։ Վստահաբար, միայն անձ մը կրնայ հասկացողութեամբ լսել։ Հաւաստիացուցիչ է կարդալ. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին» (Սաղմոս 65։2)։ Ան իրեն հաւատքով աղօթք ընողները կը լսէ։ Ան անուն ալ ունի՝ Եհովա։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Եհովան «ամբարիշտներէն հեռու է, բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ» (Առակաց 15։29

Եհովան զգացումներ ունի։ Ան «սիրոյ. . . Աստուած» է եւ կը կոչուի «երանելի Աստուած» (Բ. Կորնթացիս 13։11. Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Ատեն մը երբ չարիքը մասնաւորաբար լայնատարած էր, Աստուածաշունչը անոր հակազդեցութիւնը նշեց, ըսելով. «Իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» (Ծննդոց 6։5, 6)։ Այն դաւանութիւնը թէ Աստուած տառապանք կը պատճառէ մարդիկը փորձելու համար, ճիշդ չէ՛։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով չարութիւն. . . ըլլայ» (Յոբ 34։10)։ Այսուհանդերձ, թերեւս խորհիս. ‘Եթէ Աստուած Ամենակալ Ստեղծիչն է, ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապանքը շարունակուի’։

Եհովան մարդկութեան ազատ կամք շնորհած է, եւ այս կերպով մարդիկը պատուած է։ Արդեօք չե՞նք արժեւորեր ինչպէ՛ս ապրիլ ընտրելու մեր ազատութիւնը։ Բայց ցաւօք սրտի, բազմաթիւ մարդիկ իրենց ազատութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն ու իրենք իրենց եւ ուրիշներուն տառապանք կը պատճառեն։ Ահաւասիկ հարցում մը, որուն մասին կ’արժէ երկա՜ր մտածել. Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ տառապանքը չքացնել առանց մարդուն ազատութիւնը խլելու։ Այս հարցումը յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցին մանրամասն քննարկութեան համար, տե՛ս Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, զորս կ’արժէ քննել գրքոյկը (անգլերէն) եւ Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը (անգլերէն), հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 10 Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար գրքոյկը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց գիրքը հրատարակուած են Եհովայի վկաներուն կողմէ, քեզի օգնելու որ նկատի առնես այն ապացոյցները, թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։

[Շրջանակ՝ էջ 5]

Կասկածներուդ պատճառը կրօ՞նքն է

Ցաւօք սրտի, կրօնքը կը պատճառէ որ շատեր կասկած ունենան, թէ աղօթքի կարեկից Լսող մը կայ։ Պատերազմին ու ահաբեկչութեան միջամուխ ըլլալով եւ երեխաներու լլկումը հանդուրժելով, կրօնքը մղած է նոյնիսկ աղօթասէր մարդիկ որ ըսեն՝ «Աստուծոյ չեմ հաւատար»։

Կրօնքը յաճախ ինչո՞ւ վատ ազդեցութիւն ունի։ Պարզ խօսքով. չար մարդիկ կրօնքին անունով գէշ բաներ ըրած են։ Աստուածաշունչը կանխագուշակեց թէ այլ ուժեր քրիստոնէութիւնը հակակշռի տակ պիտի առնէին եւ զայն Աստուծոյ կամքին հակառակ պիտի գործածէին։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ տեսուչներուն ըսաւ. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30

Աստուած սուտ կրօնքէն գանած է։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ սուտ կրօնքը պատասխանատու կը սեպէ ‘երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արեան’ համար (Յայտնութիւն 18։24)։ Սուտ կրօնքը Աստուծոյ աչքին արիւնապարտ է, քանի որ մարդոց չէ սորվեցուցած ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, որ սէր է (Ա. Յովհաննէս 4։8

Աղօթք Լսողը կը կարեկցի անոնց, որոնք կեղեքիչ կրօնքի զոհը դարձած են։ Շուտով, մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը զինք պիտի մղէ բոլո՛ր կրօնական կեղծաւորները Յիսուսի միջոցաւ դատելու։ Յիսուս ըսաւ. «Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք’. . . Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մատթէոս 7։22, 23