Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սատանային որոգայթներէն զգուշացի՛ր

Սատանային որոգայթներէն զգուշացի՛ր

Սատանային որոգայթներէն զգուշացի՛ր

«Դուրս [եկէք] Սատանային որոգայթներէն» (Բ. ՏԻՄ. 2։26, Անթիլիաս

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Եթէ ուրիշներու հանդէպ անտեղիօրէն քննադատական ըլլալու հակում ունիս, ի՞նչ ինքնաքննութիւն պէտք է ընես։

Պիղատոսի եւ Պետրոսի օրինակներէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ վախի ու ճնշումի տեղի չտալու մասին։

Ինչպէ՞ս կրնաս չափազանց յանցաւոր զգալէ խուսափիլ։

1, 2. Այս յօդուածին մէջ Բանսարկուին ո՞ր որոգայթները նկատի պիտի առնենք։

ԲԱՆՍԱՐԿՈՒՆ կը փորձէ Եհովայի ծառաները որսալ։ Անոր նպատակը չէ անպայմանօրէն զանոնք կործանել, ինչպէս որ վարպետ որսորդ մը իր որսը կը սպաննէ։ Փոխարէն, Բանսարկուին գլխաւոր նպատակն է՝ իր զոհը ողջ–ողջ բռնել ու զայն իր կամքին համաձայն գործածել (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։24-26

2 Զոհը ողջ–ողջ բռնելու համար, որսորդը կրնայ զանազան մեթոտներ գործածել։ Ան կրնայ անասունը մղել որ իր թաքստոցէն դուրս գայ, ուր կրնայ զայն խեղդակապով բռնել։ Կամ, ան կը գործածէ թաքուն թակարդ մը, որ անասունը անակնկալի կը բերէ։ Բանսարկուն ալ համանման որոգայթներ կը գործածէ, Աստուծոյ ծառաները ողջ–ողջ բռնելու համար։ Եթէ կ’ուզենք չբռնուիլ, պէտք է արթուն ըլլանք եւ ուշադրութիւն ընծայենք նախազգուշացնող նշաններուն, որոնք ցոյց կու տան թէ Սատանային որոգայթներէն մէկը մօտակայ է։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զգուշանալ երեք որոգայթներէ, որոնք Բանսարկուն որոշ յաջողութեամբ գործածած է։ Անոնք են՝ 1) անզուսպ խօսակցութիւն, 2) վախ ու ճնշում, եւ 3) չափազանց յանցաւոր զգալ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ երկու այլ թակարդներ։

ԱՆԶՈՒՍՊ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՐԱԿԸ ՄԱՐԷ՛

3, 4. Մեր լեզուն չսանձելուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ. օրինակ մը տուր։

3 Անասունները իրենց թաքստոցէն դուրս բերելու համար, որսորդը թերեւս վայրին մէկ մասը կրակի մատնէ եւ ապա զանոնք բռնէ մինչ կը փորձեն փախչիլ։ Այլաբանական առումով, Բանսարկուն կը փափաքի՛ քրիստոնէական ժողովքը հրոյ ճարակ դարձնել։ Եթէ յաջողի, ան կրնայ ժողովքի անդամները այդ ապահով ապաստանէն դուրս հանել դէպի իր ճիրանները։ Ինչպէ՞ս կրնանք անգիտակցաբար անոր հետ համագործակցիլ եւ առ ի արդիւնք՝ իր ծուղակին մէջ իյնալ։

4 Յակոբոս աշակերտ լեզուն կրակի նմանցուց (կարդա՛ Յակոբոս 3։6-8Եթէ մեր լեզուն չսանձենք, կրնանք ժողովքին մէջ այլաբանօրէն դիւրաբորբոք կրակ վառել։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։ Նկատի առ հետեւեալ պարագան. ժողովի մը մէջ կը ծանուցանուի թէ որոշ քոյր մը կանոնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ։ Ժողովէն ետք, երկու հրատարակիչներ ծանուցումին մասին կը խօսակցին։ Մէկ քոյրը նոր ռահվիրային նշանակումին համար իր ուրախութիւնը եւ մաղթանքները կ’արտայայտէ. իսկ միւսը, ռահվիրային շարժառիթները հարցականի տակ կը դնէ եւ կը հասկցնէ թէ ան պարզապէս ժողովքին մէջ երեւելիութիւն կը փնտռէ։ Այս երկուքէն ո՞վ որպէս բարեկամ պիտի ընտրէիր։ Դժուար չէ նկատել թէ անոնցմէ ո՛վ իր խօսակցութեամբ կրնայ ժողովքը կրակի մատնել։

5. Անզուսպ խօսակցութեան կրակը մարելու համար, ի՞նչ ինքնաքննութիւն պէտք է ընենք։

5 Անզուսպ խօսակցութեան կրակը ինչպէ՞ս կրնանք մարել։ Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Ուստի, առաջին քայլն է՝ մեր սիրտը քննել։ Արդեօք կը մերժե՞նք գէշ զգացումները, որոնք կործանարար խօսակցութիւն կը բոցավառեն։ Օրինակ, երբ լսենք թէ եղբայր մը ծառայութեան որոշ առանձնաշնորհումի մը կը ձգտի, արդեօք իսկոյն կը խորհի՞նք թէ անոր շարժառիթը մաքուր է, թէ ոչ կը կասկածինք թէ անձնասէր պատճառներ ունի։ Եթէ կասկածի ակնոցով դիտելու հակում ունինք, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ Բանսարկուն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառային՝ Յոբին՝ շարժառիթները հարցականի տակ դրաւ (Յոբ 1։9-11)։ Մեր եղբօր հանդէպ կասկածներ ունենալու փոխարէն, տեղին է քննել թէ ինչո՛ւ իրեն հանդէպ քննադատական ենք։ Այսպէս ըլլալու վաւերական պատճառ ունի՞նք, թէ ոչ մեր սիրտը այս վերջին օրերու ընթացքին համատարած եղող անսիրալիր հոգիով թունաւորուած է (Բ. Տիմ. 3։1-4

6, 7. ա) Ուրիշներուն հանդէպ քննադատական ըլլալու կարգ մը պատճառները ի՞նչ են։ բ) Եթէ նախատուինք, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

6 Նկատի առ կարգ մը այլ պատճառներ թէ ինչո՛ւ ուրիշներու նկատմամբ կրնանք քննադատական ըլլալ։ Մէկը այն է՝ թէ կը փափաքինք մեր իրագործումները աւելի աչքառու դարձնել, կարծես թէ փորձելով աւելի հսկայ թուիլ, ուրիշները վար հրելով։ Կամ, թերեւս կը փորձենք չքմեղանքներ ներկայացնել թէ ինչո՛ւ որոշ բան մը մե՛նք չկրցանք ընել։ Մեր մղումը ըլլա՛յ հպարտութիւն, նախանձ կամ ինքնավստահութեան պակաս, արդիւնքը կործանարար է։

7 Կրնայ ըլլալ որ կը խորհինք թէ արդարացի ենք անհատի մը մասին քննադատական կերպով խօսելու։ Թերեւս անոր անզուսպ խօսակցութեան զոհը գացած ենք։ Եթէ այս է պարագան, համանման կերպով փոխադարձելը լուծում չէ։ Անիկա միայն կրակին վրայ պենզին կը թափէ եւ ներդաշնակ է Բանսարկուին կամքին հետ ու ոչ թէ՝ Աստուծոյ կամքին հետ (Բ. Տիմ. 2։26)։ Լաւ կ’ըլլայ որ այս առնչութեամբ Յիսուսը ընդօրինակենք։ Երբ ան կը նախատուէր, «փոխարէնը չէր նախատեր»։ Ընդհակառակը, ան «ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր» (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Յիսուս վստահ էր, թէ Եհովան հարցերը ձեռք պիտի առնէր Իր որոշած ժամանակին եւ կերպով։ Աստուծոյ հանդէպ նոյն վստահութիւնը պէտք է ունենանք։ Երբ մեր խօսակցութիւնը շինիչ է, կ’օգնենք որ մեր ժողովքին «միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը [պահուի]» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։1-3

ՎԱԽԻ ՈՒ ՃՆՇՈՒՄԻ ԽԵՂԴԱԿԱՊԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԷ՛

8, 9. Պիղատոս ինչո՞ւ Յիսուսը մահուան դատապարտեց։

8 Որոգայթին մէջ բռնուած անասուն մը չի կրնար ազատօրէն շարժիլ։ Համանման կերպով, անհատ մը որ վախին եւ յարակից ճնշումին տեղի կու տայ, իր կեանքին ղեկը որոշ տարողութեամբ իր ձեռքը չ’ըլլար (կարդա՛ Առակաց 29։25Նկատի առնենք երկու բոլորովին տարբեր տղամարդոց օրինակները, որոնք ճնշումի եւ վախի տեղի տուին, եւ տեսնենք թէ անոնց փորձառութենէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

9 Հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոս գիտէր թէ Յիսուս անմեղ էր եւ ակներեւօրէն չուզեց անոր վնաս հասցնել։ Իրականութեան մէջ, Պիղատոս ըսաւ թէ Յիսուս «մահու արժանի գործ մը ըրած չէ»։ Բայց եւ այնպէս, Պիղատոս զայն մահուան դատապարտեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ամբոխի ճնշումին տեղի տուաւ (Ղուկ. 23։15, 21-25)։ «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես», աղաղակեցին հակառակորդները, այսպէս ճնշում բանեցնելով որ իրենց ուզածը ըլլայ (Յովհ. 19։12)։ Պիղատոս թերեւս վախցաւ, որ կորսնցնէ իր դիրքը,– կամ հաւանաբար իր կեանքը,– եթէ Քրիստոսի կողմը դիրք բռնէ։ Ուստի, ան թոյլ տուաւ որ առաջնորդուի Բանսարկուին կամքը ընելու։

10. Ի՞նչ բան Պետրոսը մղեց Քրիստոսը ուրանալու։

10 Պետրոս առաքեալ Յիսուսի մօտիկ ընկերակիցներէն մէկն էր։ Ան հրապարակաւ յայտարարեց թէ Յիսուս Մեսիան էր (Մատ. 16։16)։ Պետրոս հաւատարիմ մնաց, երբ ուրիշ աշակերտներ Յիսուսի ըսածին իմաստը չըմբռնելով զինք լքեցին (Յովհ. 6։67-70)։ Եւ երբ թշնամիները եկան Յիսուսը ձերբակալելու, ան սուր գործածեց՝ իր Տէրը պաշտպանելու համար (Յովհ. 18։10, 11)։ Սակայն յետագային, ան վախի տեղի տուաւ եւ նոյնիսկ ուրացաւ թէ Յիսուս Քրիստոսը կը ճանչնար։ Կարճ ժամանակ մը, առաքեալը մարդոց հանդէպ վախ ունենալու որոգայթին մէջ ինկաւ եւ չկրցաւ քաջարի ընթացք մը բռնել (Մատ. 26։74, 75

11. Բացասական ի՞նչ ազդեցութիւններու դէմ պէտք է պայքարինք։

11 Որպէս քրիստոնեաներ, Աստուած տհաճեցնող բաներ ընելու ճնշումին պէտք է դիմադրենք։ Գործատէրեր կամ ուրիշներ թերեւս ջանան ստիպել մեզ անպարկեշտ ըլլալ կամ սեռային անբարոյութեան միջամուխ ըլլալ։ Աշակերտներ թերեւս ունենան դասընկերներ, որոնք կը փորձեն իրենց վրայ ճնշում բանեցնել քննութիւններու ատեն խարդախելու, պոռնկագրութիւն դիտելու, ծխելու, թմրեցուցիչներ գործածելու, խմիչքը չափազանց գործածելու կամ սեռային սխալ վարքի միջամուխ ըլլալու։ Ուստի, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մարդոց հանդէպ վախի որոգայթէն ու Եհովան տհաճեցնող բաներ ընելու ճնշումի որոգայթէն խուսափինք։

12. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Պիղատոս եւ Պետրոս վախի ու ճնշումի տեղի տան։

12 Տեսնենք թէ ի՛նչ բան պատճառ դարձաւ որ Պիղատոս եւ Պետրոս վախի ու ճնշումի տեղի տան։ Պիղատոս Քրիստոսի մասին չնչին գիտութիւն ունէր։ Ան գիտէ՛ր թէ Յիսուս անմեղ էր եւ սովորական մարդ մը չէր։ Բայց ան խոնարհ չէր եւ ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ սէր չունէր։ Ուստի, Բանսարկուն զինք դիւրաւ ողջ–ողջ բռնեց։ Իսկ Պետրոս թէ՛ ճշգրիտ գիտելիքներ եւ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէր ունէր։ Սակայն ատեններ ան համեստ չգտնուեցաւ, վախկոտ դարձաւ եւ ճնշումի տեղի տուաւ։ Յիսուսի ձերբակալութենէն առաջ, Պետրոս յոխորտաց. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես» (Մար. 14։29)։ Առաքեալը աւելի լաւ պատրաստուած պիտի ըլլար գալիք փորձութիւններուն, եթէ սաղմոսերգուին նման դիրք բռնէր, որ Աստուծոյ վստահեցաւ եւ տաղերգեց. «Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սաղ. 118։6)։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս Պետրոսին ու երկու այլ առաքեալներու հետ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ հեռու տեղ մը գնաց։ Սակայն արթուն մնալու փոխարէն, Պետրոս եւ իր ընկերակիցները քնացան։ Յիսուս զանոնք արթնցուց ու ըսաւ. «Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (Մար. 14։38)։ Բայց Պետրոս դարձեալ քունի անցաւ եւ յետագային վախի ու ճնշումի տեղի տուաւ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք սխալ բան գործելու ճնշումին դէմ դնել։

13 Պիղատոսէն եւ Պետրոսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ճնշումին յաջողապէս դիմադրելու համար, պէտք է ունենանք ճշգրիտ գիտելիքներ, խոնարհութիւն, համեստութիւն, Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ Անո՛ր հանդէպ վախ ու ոչ թէ՝ մարդոց հանդէպ։ Եթէ մեր հաւատքը ճշմարիտ գիտելիքներու վրայ հիմնուած է, քաջութեամբ եւ համոզումով մեր հաւատալիքներուն մասին պիտի խօսինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ ճնշումին դէմ դնենք եւ մարդոց հանդէպ վախ ունենալը յաղթահարենք։ Անշուշտ, մեր անձնական ուժը բնաւ պէտք չէ գերագնահատենք։ Փոխարէն, պէտք է խոնարհաբար ընդունինք թէ ճնշումին դէմ դնելու համար Աստուծոյ զօրութեան պէտք ունինք։ Պէտք է աղօթքով Եհովայի հոգին խնդրենք եւ սէրէ մղուած իր անունն ու չափանիշները վեր բռնենք։ Ասկէ զատ, փորձութիւն դիմագրաւելէ առա՛ջ, պէտք է ճնշումին պատրաստուինք։ Օրինակ, նախապատրաստութիւնը աղօթքին հետ մէկտեղ կրնայ օգնել մեր երեխաներուն որ ազդուօրէն հակազդեն, երբ իրենց հասակակիցները ջանան զիրենք մղել սխալ բան գործելու (Բ. Կոր. 13։7 *

ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԶԳԱԼՈՒ ՋԱԽՋԱԽԻՉ ԹԱԿԱՐԴԷՆ ԽՈՒՍԱՓԷ՛

14. Մեր անցեալի սխալներուն առնչութեամբ, Բանսարկուն ի՞նչ կ’ուզէ որ եզրակացնենք։

14 Ատեններ թակարդը կ’ըլլայ հսկայ ծառի կոճղ մը կամ ժայռ մը, որ կը կախուի տեղ մը, որուն տակէն անասունները յաճախ կ’անցնին։ Որսորդը ճամբուն վրայ թել կ’երկարէ, եւ երբ անզգոյշ անասունը այդ թելին դպչի, կոճղը կամ ժայռը իր վրայ իյնալով՝ զինք կը ջախջախէ։ Չափազանց յանցաւոր զգալը կրնայ նմանցուիլ այդ ջախջախիչ կոճղին կամ ժայռին։ Անցեալի սխալի մը շուրջ մտածելով, կրնանք ‘խիստ ճնշուած’ զգալ (կարդա՛ Սաղմոս 38։3-5, 8Սատանան կ’ուզէ որ եզրակացնենք թէ ա՛յնքան մեղաւոր ենք որ Եհովային ողորմութեան չենք կրնար արժանանալ եւ թէ Իր պահանջներուն գոհացում տալու անկարող ենք։

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնաս չափազանց յանցաւոր զգալու թակարդին տեղի տալէ խուսափիլ։

15 Ինչպէ՞ս կրնաս այս ջախջախիչ թակարդէն խուսափիլ։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, անմիջապէս գործի անցիր՝ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերահաստատելու համար։ Երէցներէն օգնութիւն խնդրէ (Յակ. 5։14-16)։ Ամէ՛ն կարելիդ ըրէ սխալը սրբագրելու համար (Բ. Կոր. 7։11)։ Եթէ խստօրէն խրատուիս, մի՛ վհատիր։ Տրուած խրատը ստոյգ նշան է թէ Եհովան քեզ կը սիրէ (Եբ. 12։6)։ Վճռէ՛ չկրկնել այն քայլերը, որոնք քեզ դէպի մեղք առաջնորդեցին, եւ որոշումիդ համաձայն գործէ։ Զղջալէ եւ դարձի գալէ ետք, հաւատա՛ թէ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը ի՛րապէս կրնայ մեղքերդ ջնջել (Ա. Յովհ. 4։9, 14

16 Ոմանք կը շարունակեն սրտաբեկ զգալ մեղքերու նկատմամբ, որոնք իրապէս ներուած են։ Եթէ այս է պարագադ, յիշէ թէ Եհովան ներեց Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն, որոնք իր սիրալիր Որդին լքեցին՝ երբ իրենց շատ պէտք ունէր։ Եհովան ներեց այն տղամարդուն, որ ահռելի անբարոյութիւն գործելու պատճառով՝ Կորնթոսի ժողովքէն վտարուեցաւ եւ որ յետագային զղջաց (Ա. Կոր. 5։1-5. Բ. Կոր. 2։6-8)։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ ծանր մեղքեր գործողներ, որոնք զղջացին եւ Աստուծոյ կողմէ ներուեցան (Բ. Մն. 33։2, 10-13. Ա. Կոր. 6։9-11

17. Փրկանքը մեզի համար ի՞նչ կրնայ ընել։

17 Եհովան անցեալի սխալներդ պիտի ներէ եւ մոռնայ, եթէ իրապէս զղջաս եւ իր ողորմութիւնը ընդունիս։ Բնաւ մի՛ խորհիր թէ Յիսուսի փրկանքի զոհը մեղքերդ չի կրնար ծածկել. այլապէս, Սատանայի մէկ որոգայթին զոհը կ’երթաս։ Հակառակ այն բանին որ Բանսարկուն կ’ուզէ որ հաւատաս, փրկանքը կրնայ ծածկել բոլոր զղջացող մեղաւորներուն մեղքերը (Առ. 24։16)։ Փրկանքին հաւատալը կրնայ չափազանց յանցաւոր զգալու բեռը ուսէդ իջեցնել եւ զօրութիւն տալ որ Աստուծոյ ծառայես լման սրտով, մտքով եւ անձով (Մատ. 22։37

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ ԳԻՏԵ՛ՆՔ

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Բանսարկուին որոգայթներէն խուսափիլ։

18 Սատանային համար կարեւոր չէ թէ ի՛նչ թակարդի մէջ ինկած ենք, այնքան ատեն որ իր կողմէ բռնուած ենք։ Քանի որ մենք իր հնարքները գիտենք, կրնանք իրմէ զրկանք մը կրելէ կամ խաբուելէ խուսափիլ (Բ. Կոր. 2։10, 11)։ Իր որոգայթներուն մէջ պիտի չիյնանք, եթէ աղօթքով իմաստութիւն խնդրենք, որ մեր փորձութիւններուն տոկանք։ Յակոբոս գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի» (Յակ. 1։5)։ Պէտք է մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործենք, անձնական կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալով եւ Աստուծոյ Խօսքը կիրարկելով։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած աստուածաշնչական հրատարակութիւնները լոյս կը սփռեն Բանսարկուին լարած թակարդներուն վրայ եւ մեզի կ’օգնեն որ ատոնցմէ հեռու կենանք։

19, 20. Ինչո՞ւ չար բաները պէտք է ատենք։

19 Աղօթքը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը մեզի կ’օգնեն որ բարիին հանդէպ աւելի մեծ սէր ունենանք։ Սակայն նոյնքան կարեւոր է որ չար բաներու հանդէպ ատելութիւն զարգացնենք (Սաղ. 97։10)։ Անձնասէր ցանկութիւններ հետապնդելու հետեւանքներուն վրայ խոկալը կրնայ մեզի օգնել ատոնցմէ խուսափելու (Յակ. 1։14, 15)։ Երբ սորվինք չար բաները ատել եւ բարի բաները ի՛րապէս սիրել, իր թակարդներուն համար Սատանայի գործածած խայծը անհրապուրիչ եւ գանելի կը թուի մեզի։

20 Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Աստուած մեզի կ’օգնէ որ Սատանային կողմէ չխաբուինք։ Իր հոգիին, Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան մեզ «չարէն» կ’ազատէ (Մատ. 6։13)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի սորվինք ինչպէ՛ս խուսափիլ երկու այլ թակարդներէ, որոնք Սատանան ազդու գտած է՝ Աստուծոյ ծառաները ողջ–ողջ բռնելու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Ծնողներ լաւ կ’ընեն եթէ իրենց զաւակներուն հետ քննարկեն «Հասակակիցներու ճնշումին առնչութեամբ ծրագիր» յօդուածը, Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գրքին մէջ, հատոր 2, էջ 132-133 (անգլերէն)։ Այս նիւթը Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին կրնայ գործածուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Անզուսպ խօսակցութիւնը կրնայ ժողովքը խնդիրներով բոցավառել

[Նկար՝ էջ 27]

Չափազանց յանցաւոր զգալու բեռը կրնա՛ս մէկդի դնել