Եհովային եւ Յիսուսին համբերութենէն սորվինք
Եհովային եւ Յիսուսին համբերութենէն սորվինք
«Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք» (Բ. ՊԵՏ. 3։15)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է թէ համբերատար է։
Յիսուս ինչո՞ւ ստիպուեցաւ երկար ժամանակ համբերատար ըլլալ։
Աստուծոյ համբերութիւնը ընդօրինակելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։
1. Հաւատարիմ անհատներէն ոմանք ի՞նչ հարց կու տան։
ԵՐԿԱ՜Ր տարիներ Եհովային ծառայող եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւող հաւատարիմ քոյր մը, խոնարհաբար հարց տուաւ. «Արդեօք մեռնելէս առաջ վախճանը պիտի տեսնե՞մ»։ Ոմանք՝ որոնք տարինե՜ր Եհովային ծառայած են, նոյն բանը կը մտածեն։ Մենք կը տենչանք տեսնել այն օրը, երբ Աստուած ամէն բան նոր պիտի ընէ եւ մեր դիմագրաւած խնդիրները վերացնէ (Յայտ. 21։5)։ Թէեւ բաւարար պատճառ ունինք հաւատալու թէ Սատանայի աշխարհին վախճանը շատ մօտ է, բայց դժուար կրնայ ըլլալ համբերութեամբ սպասել այդ օրուան։
2. Աստուածային համբերութեան շուրջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
2 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է համբերութիւն ունենանք։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն նման, Անոր խոստացածը պիտի ստանանք, եթէ զօրաւոր հաւատք ունենանք եւ համբերութեամբ այդ խոստումներուն կատարման սպասենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։11, 12)։ Եհովան ալ համբերատար եղած է։ Ան կրնար որեւէ ժամանակ չարութեան վերջ դնել, բայց յարմար ժամանակին կը սպասէ (Հռով. 9։20-24)։ Եհովան ինչո՞ւ այսքան կը համբերէ։ Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօր համբերութիւնը ընդօրինակած է ու մեզի լաւ օրինակ հանդիսացած է։ Մենք ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղենք եթէ աստուածային համբերութիւն մշակենք։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնան մեզի օգնել որ համբերութիւն եւ զօրաւոր հաւատք կերտենք, նոյնիսկ երբ այնպէս թուի թէ Եհովան գործի անցնելու կ’ուշանայ։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ
3, 4. ա) Երկրագունդի նկատմամբ իր նպատակը իրագործելուն մէջ Եհովան ինչո՞ւ համբերութիւն ցուցաբերած է։ բ) Եհովան Եդեմի ըմբոստութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։
3 Եհովան բացարձակ հեղինակութիւն ունի տիեզերքին վրայ, եւ հարկ չունի սպասելու որ բոլոր խնդիրները վերացնէ։ Այսուհանդերձ, ան համբերութիւն ցուցաբերելու վաւերական պատճառ ունի։ Եդեմի պարտէզին մէջ եղած ըմբոստութիւնը տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող հարցեր յարուցանեց։ Եհովան համբերատար եղած է, գիտնալով որ այդ հարցումներուն կատարեալ կերպով պատասխանելը ժամանակ պիտի առնէր։ Երկնքի ու երկրի արարածներուն արարքներն ու կեցուածքները Եբ. 4։13)։
շատ լաւ գիտնալով, ան վստահաբար մեր լաւագոյն շահերուն համար կը գործէ (4 Եհովային նպատակն էր որ Ադամի ու Եւայի զարմը երկիրը լեցնէր։ Երբ Սատանան Եւան խաբեց ու ետքը Ադամ անհնազանդ գտնուեցաւ, Աստուած ո՛չ խուճապի մատնուեցաւ, ո՛չ արագ որոշումներ կայացուց, ո՛չ գերհակազդեց եւ ոչ ալ մարդոց նկատմամբ իր յոյսը կտրեց։ Փոխարէն, ան որոշեց այն կերպը, որով մարդոց եւ երկրագունդին նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ (Եսա. 55։11)։ Իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ իր նպատակը իրագործելու համար, Եհովան մեծ ժուժկալութիւն ու համբերութիւն ցուցաբերած է, նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ սպասելով՝ որպէսզի իր նպատակին կարգ մը երեսակները լաւագոյն կերպով կատարէ։
5. Եհովայի համբերութիւնը ի՞նչ օրհնութեան դուռ կը բանայ։
5 Եհովան այլ պատճառի մը համար ե՛ւս համբերութեամբ սպասած է. որպէսզի աւելի՛ մարդիկ կարենան յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել։ Այժմ, ան կարգադրութիւններ կ’ընէ «մեծ բազմութիւն մը» փրկելու համար (Յայտ. 7։9, 14. 14։6)։ Մեր քարոզչութեան միջոցաւ, Եհովան մարդիկը կը հրաւիրէ որ իր Թագաւորութեան եւ արդար չափանիշներուն մասին սորվին։ Թագաւորութեան պատգամը «աւետարան» կամ բարի լուր մըն է մարդոց համար. իրականութեան մէջ, լաւագո՛յն լուրը որ մարդ կրնայ լսել (Մատ. 24։14)։ Իւրաքանչիւր անհատ որ Եհովան կը քաշէ, աշխարհածաւալ ժողովքի մը մէկ մասը կը դառնայ, որուն անդամները իսկական բարեկամներ են եւ կը սիրեն այն ինչ որ արդար է (Յովհ. 6։44-47)։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’օգնէ այսպիսիներու որ իր հաճութիւնը շահին։ Ան նաեւ մարդոց մէջէն կ’ընտրէ երկնային կառավարութեան հաւանական անդամները։ Երբ երկնքի մէջ ըլլան, անոնք հնազանդ մարդոց պիտի օգնեն որ կատարելութեան հասնին եւ յաւիտենական կեանք ունենան։ Յստակ է որ նոյնիսկ մինչ համբերութեամբ կը սպասէ, Եհովան կ’աշխատի իր խոստումները կատարելու, մե՛ր օգտին համար։
6. ա) Ի՞նչ առումով Եհովան Նոյի օրերուն համբերութիւն ցուցաբերեց։ բ) Մեր օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս համբերութիւն կը ցուցաբերէ։
6 Եհովան համբերատար է, նոյնիսկ երբ ուրիշներ սոսկալի բաներ կ’ընեն զինք նախատելու համար։ Օրինակ, նկատի առ թէ Ջրհեղեղէն առաջ՝ ան ինչպէ՛ս չարիքին հետ վարուեցաւ։ Եհովային ‘սիրտը տրտմած էր’, քանի որ մարդիկ աշխարհը սեռային անբարոյութեամբ ու բռնութեամբ լեցուցած էին, եւ կ’ուզէին միայն գէշ բաներ ընել (Ծն. 6։2-8)։ Անշուշտ ան պիտի չհանդուրժէր որ վիճակը այդպէս շարունակուէր. ուստի վճռեց անհնազանդ մարդիկը Ջրհեղեղով բնաջնջել։ Մինչ «Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր», Ան Նոյն ու իր ընտանիքը ազատելու կարգադրութիւններ ըրաւ (Ա. Պետ. 3։20)։ Յարմար ժամանակին, Եհովան իր որոշումը յայտնեց Նոյին եւ պատուիրեց տապան մը շինել (Ծն. 6։14-22)։ Ասկէ զատ, Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» էր ու մօտալուտ կործանումին մասին մարդոց պատմեց (Բ. Պետ. 2։5)։ Յիսուս ըսաւ թէ մեր օրերը Նոյին օրերուն պէս պիտի ըլլային։ Եհովան որոշա՛ծ է երբ այս չար աշխարհին վերջ դնել, բայց ոչ մէկ մարդ գիտէ ‘օրն ու ժամը’ (Մատ. 24։36)։ Ներկայիս, աստուածատուր աշխատանք մը ունինք մարդիկը զգուշացնելու եւ ցոյց տալու թէ ինչպէ՛ս կրնան փրկուիլ։
7. Արդեօք Եհովան կը տնտնա՞յ իր խոստումները կատարելու. բացատրէ՛։
7 Յստակ է որ Եհովայի համբերութիւնը չի նշանակեր թէ պարզապէս կը սպասէ որ ժամանակը անցնի։ Եւ բնաւ պէտք չէ մտածենք թէ ան մեզի ուշադրութիւն չ’ընծայեր կամ թէ մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Իրականութեան մէջ սակայն, երբ տարիքով կը մեծնանք կամ այս չար աշխարհին մէջ կը տառապինք, շատ դիւրին է որ այսպէս մտածենք։ Կրնայ ըլլալ որ յուսահատինք կամ խորհինք թէ Աստուած կը տնտնայ իր խոստումները կատարելու (Եբ. 10։36)։ Բնաւ չմոռնանք թէ ան վաւերական պատճառներ ունի համբերատար ըլլալու եւ թէ ան այս ժամանակը կը գործածէ իր հաւատարիմ ծառաներուն ի նպաստ (Բ. Պետ. 2։3. 3։9)։ Այժմ նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս աստուածային համբերութիւն ի գործ դրաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ
8. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Յիսուս համբերութիւն ցուցաբերեց։
8 Յիսուս Աստուծոյ կամքը կը կատարէ եւ յօժարութեամբ անհամար հազարամեակներ այդպէս ըրած է։ Երբ Սատանան ըմբոստացաւ, Եհովան որոշեց որ իր միածին Որդին երկիր գայ որպէս Մեսիա։ Ասիկա կը նշանակէր, թէ Յիսուս համբերութեամբ Գաղատացիս 4։4)։ Մինչ այդ, ան ձեռքերը ծալած չէր սպասեր. այլ՝ իր Հօր կողմէ նշանակուած գործով զբաղած էր։ Երբ ի վերջոյ երկիր եկաւ, Յիսուս գիտէր թէ Սատանային ձեռքով պիտի սպաննուէր,– ինչպէս որ մարգարէացուած էր (Ծն. 3։15. Մատ. 16։21)։ Ան համբերութեամբ Աստուծոյ կամքին ենթարկուեցաւ, թէեւ ատիկա խիստ ցաւ քաշել նշանակեց։ Կը տեսնենք որ Յիսուս ինքնիր մասին չմտածեց։ Աստուծոյ Որդին ըլլալով հանդերձ, ան խոնարհ էր եւ յօժար էր տառապելու։ Այսպէս ան Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ. եւ մենք պէտք է զինք ընդօրինակենք (Եբ. 5։8, 9)։
հազարաւոր տարիներ պիտի սպասէր, մինչեւ որ երկիր գալու ժամանակը ըլլար (կարդա՛9, 10. ա) Մինչ համբերութեամբ կը սպասէ որ Եհովան գործի անցնի, Յիսուս ի՞նչ ըրած է։ բ) Եհովային ժամանակացոյցը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
9 Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս երկնքի մէջ ու երկրի վրայ հեղինակութիւն ստացաւ (Մատ. 28։18)։ Ան այդ հեղինակութիւնը կը գործածէ Եհովայի նպատակը իրագործելու Իր դրած ժամանակացոյցին համաձայն։ Յիսուս Աստուծոյ աջ կողմը համբերութեամբ սպասեց մինչեւ 1914, որպէսզի իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան ըլլան (Սաղ. 110։1, 2. Եբ. 10։12, 13)։ Ան շուտով գործի պիտի անցնի, Սատանայի աշխարհին վերջ դնելու համար։ Մինչ այդ, Յիսուս համբերութեամբ մարդոց կ’օգնէ որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենան եւ զանոնք «դէպի կենդանի ջուրեր»ը կ’առաջնորդէ (Յայտ. 7։17)։
10 Յիսուսի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի ժամանակացոյցը ինչպէ՛ս պէտք է նկատենք։ Անկասկած, Յիսուս իր Հօր ամէն խնդրածը ընելու տենչ ունէր. բայց եւ այնպէս, ան յօժար էր սպասելու Աստուծոյ յարմար տեսած ժամանակին։ Մինչ կը սպասենք Սատանայի չար աշխարհին վախճանին, բոլորս պէտք է համբերատար ըլլանք, Աստուծոյ առաջնորդութեան սպասենք եւ ձեռնթափ չըլլանք երբ վհատինք։ Այսպիսի աստուածային համբերութիւն կերտելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ
11. ա) Ի՞նչ կերպով հաւատքին եւ համբերութեան միջեւ կապ կայ։ բ) Զօրաւոր հաւատք ունենալու ի՞նչ վաւերական պատճառներ ունինք։
11 Յիսուս երկիր գալէն առաջ, մարգարէները եւ ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ օրինակ հանդիսացան, թէ ինչպէ՛ս անկատար մարդիկ կրնան համբերութեամբ տոկալ։ Իրենց հաւատքին եւ համբերութեան միջեւ ուղղակի կապ մը կար (կարդա՛ Յակոբոս 5։10, 11)։ Եթէ հաւատք չունենային կամ Եհովայի խոստումներուն իրապէս չհաւատային, արդեօք անոնք ատոնց կատարման պիտի սպասէի՞ն։ Կրկին անգամ, անոնք վախազդու եւ դժուար պարագաներու տոկացին, քանի որ կը հաւատային թէ Աստուած իր խոստացածը պիտի կատարէր (Եբ. 11։13, 35-40)։ Հաստատ հաւատք ունենալու ա՛լ աւելի պատճառ ունինք, քանի որ Յիսուս այժմ կը ծառայէ որպէս ‘մեր հաւատքին կատարողը’ (Եբ. 12։2)։ Ան բազմաթիւ մարգարէութիւններ կատարեց եւ մեզի օգնեց որ Աստուծոյ նպատակները աւելի լաւ կերպով հասկնանք։
12. Մեր հաւատքը կերտելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։
12 Գործնական ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել մեր հաւատքը զօրացնելու, եւ առ ի արդիւնք՝ համբերատար ըլլալու։ Կարեւոր է՝ Աստուծոյ խրատը կիրարկել։ Օրինակ, խոկա՛ թէ ինչ պատճառներով Թագաւորութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը պէտք է դնես։ Արդեօք կրնա՞ս յաւելեալ ջանք թափել Մատթէոս 6։33–ի խրատը կիրարկելու։ Ասիկա թերեւս նշանակէ ծառայութեան յաւելեալ ժամանակ տրամադրել, կամ կենցաղակերպիդ կարգ մը երեսակները ճշդել։ Մի՛ անտեսեր այն իրողութիւնը որ Եհովան մինչեւ օրս ջանքերդ օրհնած է։ Ան թերեւս քեզ կարող դարձուցած է որ Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը ունենաս, կամ օգնած է որ ստանաս «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։7)։ Մինչ կը կեդրոնանաս այն օգուտներուն վրայ, որոնք անձամբ ստացած ես Եհովայի ցուցմունքներուն հետեւելով, աւելի պիտի գնահատես համբերատար ըլլալը (Սաղ. 34։8)։
13. Ի՞նչ կերպով մեր հաւատքը կրնայ մեզ աւելի համբերատար դարձնել. լուսաբանէ՛։
13 Լուսաբանութիւն մը կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս մեր հաւատքը կրնայ մեզ աւելի համբերատար դարձնել։ Հողագործ մը կը սերմանէ, կը մշակէ եւ կը հնձէ։ Ամէն անգամ որ հողագործը լաւ հունձք ունենայ, աւելի մեծ վստահութեամբ կրկին կը սերմանէ։ Կրնայ ըլլալ որ յաջորդ անգամին յաւելեալ դաշտերու մէջ սերմանէ։ Ան կը սերմանէ թէեւ գիտէ որ համբերութեամբ հունձքին պիտի սպասէ։ Ան վստահ է որ պիտի հնձէ։ Համանման կերպով, երբ Եհովայի ցուցմունքները սորվինք, ատոնց հետեւինք եւ Յակոբոս 5։7, 8)։
լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգենք, Իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը եւ հաւատքը պիտի զօրանան։ Այսպիսով աւելի դիւրին պիտի ըլլայ համբերութիւն ունենալ եւ սպասել այն օրհնութիւններուն, որոնք գիտենք թէ ձեռք պիտի ձգենք (կարդա՛14, 15. Մարդոց տառապանքը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
14 Համբերութիւն զարգացնելու այլ կերպ մըն է՝ ջանալ աշխարհը եւ մեր անձնական պարագաները Եհովային տեսանկիւնէն դիտել։ Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը զգայ երբ մարդոց տառապանքը կը տեսնէ։ Երկա՜ր ժամանակ ան մարդոց տառապանքը տեսած է, ինչ որ իրեն ցաւ պատճառած է. բայց եւ այնպէս, ան թոյլ չէ տուած որ այդ ցաւը զինք ետ պահէ բարի բաներ կատարելէ։ Եհովան իր միածին Որդին երկիր ղրկեց, որ «Սատանային գործերը քանդէ» եւ ջնջէ բոլոր այն վնասները որ Սատանան մարդոց վրայ բերած է (Ա. Յովհ. 3։8)։ Իրականութիւնը այն է՝ թէ Աստուած շուտով ամբողջ տառապանքը յաւիտեան պիտի վերցնէ։ Ուստի, չենք ուզեր թոյլ տալ այս աշխարհի չարիքին որ մեր հաւատքը տկարացնէ, ոչ ալ կ’ուզենք անհամբեր ըլլալ՝ հարց տալով որ Եհովան ե՛րբ գործի պիտի անցնի։ Հաւատա՛նք անտեսանելի բաներուն, որոնք յաւիտեան պիտի տեւեն, քանի որ Եհովան որոշած է ճիշդ ե՛րբ չարիքին վերջ դնել, եւ ա՛յդ ատեն գործի պիտի անցնի (Եսա. 46։13. Նաւ. 1։9)։
15 Այս դժուար վերջին օրերուն մէջ, թերեւս մեր հաւատքը փորձող յատուկ մարտահրաւէրներ դիմագրաւենք։ Եթէ բռնութեան զոհը երթանք կամ երբ մեր սիրելիները տառապին, փոխանակ բարկութեամբ հակազդելու, պէտք է վճռենք ամբողջովին Եհովային վստահիլ։ Մենք անկատար ենք, ուստի ասիկա ընելը դիւրին բան չէ։ Յիշէ սակայն Յիսուսի ըրածը, ինչպէս որ արձանագրուած է Մատթէոս 26։39–ի մէջ (կարդա՛)։
16. Մնացեալ ժամանակին մէջ ի՞նչ բան ընելէ պէտք է խուսափինք։
16 Պայմանական ըլլալը ժխտական ազդեցութիւն ունի աստուածային համբերութիւն ցուցաբերելու վրայ։ Անհատ մը, որ վստահ չէ թէ վախճանը մօտ է, թերեւս սկսի տարբեր կարգադրութիւններ ընել, ենթադրելով որ կրնայ ըլլալ որ Եհովան իր խոստումը չկատարէ։ Ան թերեւս սապէս մտածէ. ‘Պիտի սպասեմ ու նայիմ եթէ Եհովան իր ըսածը պիտի ընէ կամ ոչ’։ Այս մտածելակերպը կը դժուարացնէ որ անհատը համբերատար ըլլայ։ Առ ի արդիւնք, ան թերեւս ջանայ այս աշխարհին մէջ կարեւոր անձնաւորութիւն մը դառնալ, սկսի նիւթական ապահովութիւն փնտռել՝ փոխանակ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելու, եւ կամ որոշէ համալսարան յաճախել՝ հիմա հանգստաւէտ կեանք վարելու համար։ Իրականութեան մէջ սակայն, այդպէս վարուելով անհատը հաւատքի պակաս ցոյց կու տայ։ Յիշէ թէ Պօղոս մեզ յորդորեց որ ընդօրինակենք այն հաւատարիմները, որոնք «հաւատքով ու համբերութիւնով» Եհովայէն խոստումներ ստացան (Եբ. 6։12)։ Եհովան արդէն որոշած է այս չար աշխարհը կործանել, եւ ան պիտի չուշանայ (Ամբ. 2։3)։ Մինչ այդ, պէտք չէ Եհովայի ծառայութեան մէջ միայն քիչ բան ընենք։ Փոխարէն պէտք է զգաստ մնանք եւ բարի լուրը ժրաջանօրէն քարոզենք,– ինչ որ անբաղդատելի գոհունակութեան աղբիւր է նոյնիսկ հիմա (Ղուկ. 21։36)։
ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ
17, 18. ա) Մինչ համբերութեամբ կը սպասենք, ի՞նչ պատեհութիւն ունինք։ բ) Այժմ համբերութիւն ցուցաբերելով ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի ստանանք։
17 Եթէ Աստուծոյ կը ծառայենք ամիսներէ կա՛մ տասնամեակներէ ի վեր, կ’ուզենք յաւիտեան իրեն ծառայել։ Համբերատարութիւնը պիտի օգնէ որ տոկանք մինչեւ աշխարհին վախճանը, սպասման ժամանակը որքա՛ն ալ երկար ըլլայ։ Եհովան այժմ մեզի պատեհութիւն կու տայ, որ իր որոշումներուն հանդէպ մեր ամբողջ վստահութիւնը ցոյց տանք եւ, եթէ հարկ ըլլայ, յօժար ըլլանք իր անուան համար տառապելու (Ա. Պետ. 4։13, 14)։ Աստուած նաեւ մեզի մարզում կու տայ, որ փրկութեան համար հարկ եղած համբերատարութիւնը ունենանք (Ա. Պետ. 5։10)։
18 Յիսուս երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն հեղինակութիւն ունի, եւ ոչ մէկ բան կրնայ իր պաշտպանիչ հոգատարութենէն քեզ խլել,– բացի քեզմէ (Յովհ. 10։28, 29)։ Հարկ չկայ ապագայէն կամ նոյնիսկ մահէն վախնալու։ Անոնք՝ որոնք համբերութեամբ մինչեւ վերջ կը տոկան, պիտի փրկուին։ Անոր համար պէտք է վստահ ըլլանք որ աշխարհին թոյլ չենք տար որ մեզ հրապուրէ եւ ետ կեցնէ Եհովային ապաւինելէ։ Փոխարէն, մինչ Աստուած կը համբերէ, պէտք է վճռենք հաւատքի մէջ զօրանալ եւ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածել (Մատ. 24։13. կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։17, 18)։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]