Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւենք

Այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւենք

Այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւենք

«Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (ՍԱՂ. 46։1

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ որ նեղացուցիչ դէպքերով ջախջախուինք։

Քաջութիւն ցուցաբերելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

Եհովան ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է՝ մեզի օգնելու որ նեղութիւնները դիմագրաւենք։

1, 2. Շատեր ի՞նչ նեղութիւններ դիմագրաւած են, իսկ Աստուծոյ ծառաներուն փափաքը ի՞նչ է։

ԴԺՈՒԱՐ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Երկրագունդը աղէտներով զեղուն է։ Երկրաշարժներ, ցունամիներ, անտառներու հրդեհներ, ջրհեղեղներ, հրաբխային ժայթքումներ, փոթորկահովեր եւ ոլորամրրիկներ մարդկութեան նեղութիւն պատճառած են։ Ասկէ զատ, ընտանեկան եւ անձնական խնդիրները մարդոց մէջ վախ ու վիշտ յառաջացուցած են։ Յստակ է որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժող. 9։11

2 Այս դժուար պարագաներուն մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը շարունակած է ուրախութեամբ իրեն ծառայել։ Ասով հանդերձ, կը փափաքինք պատրաստ ըլլալ գլուխ ելլելու որեւէ դժուարութեան հետ որ ապագային կրնանք դիմագրաւել, մինչ այս աշխարհին վախճանը կը մօտենայ։ Արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլել եւ ջախջախուած չզգալ։ Եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւենք։

ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵՆՔ ԱՆՈՆՑՄԷ՝ ՈՐՈՆՔ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԻՆ

3. Ինչպէս որ Հռովմայեցիս 15։4–ը ցոյց կու տայ, ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ երբ նեղացուցիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք։

3 Թէեւ որեւէ ժամանակէ աւելի բազմաթի՜ւ մարդիկ դժուար պարագաներ կը դիմագրաւեն, սակայն նեղացուցիչ խնդիրները մարդկութեան համար նորութիւն մը չեն։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ անցեալի կարգ մը ծառաներէն, որոնք դժուար պարագաներու ընթացքին քաջութիւն ցուցաբերեցին (Հռով. 15։4

4. Դաւիթ ի՞նչ նեղութիւններու տոկաց եւ ի՞նչ բան իրեն օգնեց։

4 Նկատի առ Դաւիթի պարագան։ Այլ բաներու կողքին, ան ստիպուած էր տանիլ Սաւուղ թագաւորին բարկութիւնը, թշնամիներուն յարձակումները, իր կիներուն առեւանգումը, իր մտերիմ անհատներուն դաւաճանութիւնը եւ զգացական նեղութիւն (Ա. Թագ. 18։8, 9. 30։1-5. Բ. Թագ. 17։1-3. 24։15, 17. Սաղ. 38։4-8)։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ այս նեղութիւններուն պատճառաւ Դաւիթ որքա՜ն տառապեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, ատոնք զինք հոգեւորապէս չկործանեցին։ Հաւատքով լեցուած՝ ան ըսաւ. «Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ» (Սաղ. 27։1. կարդա՛ Սաղմոս 27։5, 10

5. Ի՞նչը օգնեց Աբրահամին ու Սառային որ դժուար կենցաղակերպի հետ գլուխ ելլեն։

5 Աբրահամ եւ Սառա իրենց կեանքին մեծ մասը վրաններու տակ անցուցին եւ անծանօթ շրջաններու մէջ որպէս պանդուխտներ ապրեցան։ Կեանքը այդքան ալ դիւրին չէր իրենց համար։ Բայց եւ այնպէս, անոնք տոկացին բազմաթիւ բաներու, ինչպէս՝ սով եւ շրջակայ ազգերուն կողմէ վտանգներ (Ծն. 12։10. 14։14-16)։ Լաւ, ի՞նչ բան իրենց օգնեց որ տոկան։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, թէ Աբրահամ «կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։8-10)։ Աբրահամն ու Սառան Աստուծոյ խոստումներուն վրայ կեդրոնացան, փոխանակ թոյլ տալու իրենց դժուար կենցաղակերպին որ զիրենք ընկճէ։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Յոբը ընդօրինակել։

6 Յոբ խիստ ճնշումներ դիմագրաւեց։ Պահ մը երեւակայէ թէ ան ինչպէ՛ս զգաց, երբ այնպէս կը թուէր թէ ամէն բան իր կեանքին մէջ ծուռ կ’ընթանար (Յոբ 3։3, 11)։ Առաւել, ան լիովին չհասկցաւ թէ ինչո՛ւ այդ բոլոր բաները իրեն պատահեցան։ Ասով հանդերձ ան բնաւ չյանձնուեցաւ. ան իր ուղղամտութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը պահպանեց (կարդա՛ Յոբ 27։5Ընդօրինակուելիք ի՜նչ հոյակապ օրինակ մըն է ան մեզի համար։

7. ա) Աստուծոյ ծառայելով Պօղոս ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցաւ։ բ) Ի՞նչ բան Պօղոսը զօրացուց որ շարունակէ իր ծառայութիւնը։

7 Նկատի առ նաեւ Պօղոս առաքեալի օրինակը։ Ան դիմագրաւեց «քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ»։ Ան կը խօսի «անօթութեան ու ծարաւի» մասին, ինչպէս նաեւ «ցուրտի ու մերկութեան» մասին։ Ան նաեւ կը նշէ, թէ «գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը» մնաց, հաւանաբար նաւաբեկութիւններէն մէկուն պատճառաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Հակառակ այս բոլորին, ան լաւ կեցուածք ունէր։ Օրինակ, Աստուծոյ ծառայելուն համար մահուան հետ դէմ յանդիման գալէ ետք, ան ըսաւ. «Որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ» (Բ. Կոր. 1։8-10)։ Քիչեր Պօղոսին չափ վտանգաւոր փորձառութիւններ ունեցած են։ Ասով հանդերձ, մեզմէ շատեր կրնան իր զգացումները հասկնալ եւ իր քաջարի օրինակով մխիթարուիլ։

ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԴԷՊՔԵՐԸ ԹՈՂ ՔԵԶ ՉՋԱԽՋԱԽԵՆ

8. Այժմու խնդիրները մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդեն. լուսաբանէ՛։

8 Ներկայ աշխարհը ա՛յնքան զեղուն է աղէտներով, մարտահրաւէրներով եւ ճնշումներով որ շատեր ջախջախուած կը զգան։ Նոյնիսկ կարգ մը քրիստոնեաներ այդպէս զգացած են։ Լանի *, որ իր ամուսինին հետ Աւստրալիոյ մէջ լիաժամ ծառայութեան մէջ էր, կ’ըսէ թէ երբ իմացաւ որ կուրծքի քաղցկեղ ունէր, խորապէս ցնցուեցաւ։ Ան կ’ըսէ, թէ դարմանումները զինք շատ կը հիւանդացնէին եւ թէ անարժէք կը զգար։ Ասոնց հետ մէկտեղ, ան պէտք է հոգ տանէր իր ամուսինին, որ ողնայարի վիրաբուժութեան ենթարկուած էր։ Եթէ մենք մեզ այսպիսի պարագայի մէջ գտնենք, ի՞նչ կրնանք ընել։

9, 10. ա) Սատանային թոյլ պէտք չէ տանք որ ի՞նչ ընէ։ բ) Ո՞ր կեցուածքը կրնայ մեզի օգնել որ Գործք 14։21–ի մէջ արձանագրուած «շատ տառապանք»ին տոկանք։

9 Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ Սատանան կ’ուզէ մեր դիմագրաւած նեղութիւնները օգտագործելով մեր հաւատքը տկարացնել։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ թոյլ տանք իրեն որ այս կերպով մեր ուրախութիւնը խլէ։ Առակաց 24։10–ը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ Աստուածաշնչական օրինակներու վրայ խոկալը,– զոր օրինակ, վերոնշեալ օրինակները,– մեզի պիտի օգնէ որ նեղութիւններուն դիմաց քաջութեամբ լեցուինք։

10 Նաեւ լաւ է յիշել, որ չենք կրնար բոլոր խնդիրները վերացնել։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛նք ակնկալել որ ատոնք պիտի պատահին (Բ. Տիմ. 3։12Գործք 14։21–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Փոխանակ թոյլ տալու որ խնդիրները քեզ վհատեցնեն, կրնաս ատոնք պատեհութիւններ նկատել, որոնցմով ցոյց կու տաս թէ քեզի օգնելու Աստուծոյ կարողութեան կը հաւատաս։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք կեանքի նեղութիւններով չջախջախուիլ։

11 Հարկ է որ դրական բաներու վրայ կեդրոնանանք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի» (Առ. 15։13)։ Բժիշկներ վաղուց նկատած են թէ դրական մտածելակերպը բուժիչ արժէք ունի։ Շատ ատեններ, երբ անհատ մը առանց գիտնալու կեղծ դեղեր առնէ, բայց հաւատայ որ իրեն պիտի օգնեն, իսկապէս կ’օգտուի։ Միւս կողմէ, կարգ մը հիւանդներու վիճակը կը վատթարանայ, երբ անոնց ըսուի թէ իրենց դեղերը վնասակար կողմեր ունին։ Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ եթէ միշտ մտածենք բաներու շուրջ, որոնք չենք կրնար շտկել, պիտի վհատինք։ Մենք երախտապարտ ենք որ Եհովան իսկական օգնութիւն կը հայթայթէ։ Նոյնիսկ աղէտներու ժամանակ ան մեզ պիտի քաջալերէ իր Խօսքով եւ եղբայրներու ու քոյրերու աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մեզ պիտի զօրացնէ իր սուրբ հոգիով։ Մենք ասոնց մասին շարունակ պէտք է մտածենք, քանի որ ասո՛նք մեզ պիտի ուրախացնեն։ Փոխանակ բացասական դէպքերու շուրջ մտածելու, իւրաքանչիւր խնդրի տոկալու համար ձեռքէդ եկածը ըրէ եւ կեանքիդ դրական երեսակներուն վրայ կեդրոնացիր (Առ. 17։22

12, 13. ա) Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառաներուն օգնած է, որ աղէտներու ազդեցութեանց տոկան. լուսաբանէ՛։ բ) Աղէտներու ընթացքին, ինչպէ՞ս բացայայտ կը դառնայ, թէ մարդուս կեանքին նախապատուութիւնները ինչ են։

12 Վերջերս, կարգ մը երկիրներ զօրաւոր աղէտներէ տառապած են։ Ուշադրութեան արժանի է, որ այս երկիրներուն մէջ բազմաթիւ եղբայրներ այսպիսի պարագաներու տոկացած են, թէեւ այս մէկը ընելը դիւրին չէր։ 2010–ի սկիզբը, Չիլիի մէջ զօրեղ երկրաշարժ մը, որուն յաջորդեց ցունամի մը, կործանեց բազմաթիւ եղբայրներու տուներն ու ստացուածքները եւ ոմանց ապրուստը։ Ասով հանդերձ, եղբայրները հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։ Սամուէլ, որուն տունը ամբողջովին կործանուեցաւ, ըսաւ. «Նոյնիսկ այդ դժուար պարագաներուն ներքեւ, կինս եւ ես շարունակեցի՛նք ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ քարոզել։ Կը հաւատամ որ այս սովորամոլութիւնը մեզի օգնեց որ չընկճուինք»։ Անոնք եւ բազմաթիւ ուրիշներ աղէտը իրենց կռնակին ետեւ նետելով շարունակեցին նախանձախնդրաբար Եհովային ծառայել։

13 Սեպտեմբեր 2009–ին, Ֆիլիփիններու Մանիլա քաղաքին աւելի քան 80 տոկոսը տեղատարափ անձրեւներու ջուրերով լեցուեցաւ։ Հարուստ մարդ մը, որ շատ բաներ կորսնցուց, ըսաւ որ այդ ջրհեղեղը ամէնո՛ւն ազդեց եւ «դժուարութիւն ու տառապանք պատճառեց թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին». ինչ որ մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի սա իմաստալից խրատը. «Ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան» (Մատ. 6։20)։ Դրամն ու ստացուածքները շուտով կրնան անհետանալ, անոր համար անոնք՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ այսպիսի՛ բաներու նախապատուութիւն կու տան, յաճախ կը յուսալքուին։ Ուրեմն, որքա՜ն իմաստութիւն է որ Եհովայի հետ մեր ունեցած փոխյարաբերութիւնը մեր կեանքին առանցքը ընենք, քանի որ ատիկա կրնայ տոկուն մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահի մեր շուրջը (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5, 6

ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

14. Քաջութիւն ցուցաբերելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

14 Յիսուս կը գիտակցէր որ իր ներկայութեան ժամանակ խնդիրներ պիտի ըլլային. ասով հանդերձ ան ըսաւ. «Մի՛ վախնաք» (Ղուկ. 21։9)։ Ուրեմն, կրնա՛նք քաջութիւն ցուցաբերել, քանի որ ան՝ մեր Թագաւորը, առաւել տիեզերքի Ստեղծիչը մեզի կռնակ կը կենան։ Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց, ըսելով. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմ. 1։7

15. Աստուծոյ ծառաներուն համոզումին առնչութեամբ օրինակներ տուր, եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք համանման քաջութիւն ցուցաբերել։

15 Նկատի առ թէ Աստուծոյ կարգ մը ծառաները իրեն հանդէպ իրենց վստահութեան մասին ի՛նչ ըսին։ Դաւիթ նշեց. «Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ» (Սաղ. 28։7)։ Պօղոս իր անխախտ վստահութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց» (Հռով. 8։37)։ Իսկ երբ Յիսուս գիտցաւ որ շուտով պիտի ձերբակալուէր ու սպաննուէր, Աստուծոյ հետ իր զօրաւոր փոխյարաբերութիւնը յայտնող սա արտայայտութիւնը ըրաւ իր առաքեալներուն. «Ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է» (Յովհ. 16։32)։ Այս արտայայտութիւններէն իւրաքանչիւրը Եհովայի հանդէպ անխախտ վստահութիւն կը յայտնէ։ Համանման վստահութիւն մշակելը կրնայ մեզի քաջութիւն տալ այժմու նեղութիւնները դիմագրաւելու (կարդա՛ Սաղմոս 46։1-3

ՔԱՋ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԷ

16. Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։

16 Քաջութիւնը ոչ թէ մեզմէ, այլ՝ Աստուած ճանչնալէն եւ անոր վստահելէն կու գայ։ Աստուած կը ճանչնանք՝ իր գրաւոր Խօսքը ուսումնասիրելով։ Քոյր մը, որ ընկճուածութենէ կը տառապի, կը բացատրէ թէ ինչ բան իրեն կ’օգնէ. «Մասնաւորաբար մխիթարիչ համարներ շարունակ կը կարդամ»։ Ընտանեկան պաշտամունքի համար կանոնաւոր ժամանակ տրամադրելու մեզի տրուած ուղղութեան անսացի՞նք։ Ասոնք ընելը մեզի պիտի օգնէ սաղմոսերգուին կեցուածքը ունենալու, որ ըսաւ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս» (Սաղ. 119։97

17. ա) Ի՞նչ է այլ կերպ մը, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ որ քաջութիւն ունենանք։ բ) Նշէ կենսագրութիւն մը, որ քեզի օգնած է։

17 Նաեւ, ունինք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները, որոնք Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնեն։ Բազմաթիւ եղբայրներ մեր պարբերաթերթերուն մէջ ներկայացուած կենսագրութիւնները մասնաւորաբար օգտակար գտած են։ Ասիոյ մէջ քոյր մը, որ տրամադրութեան հակադիր խանգարումէ կը տառապի, ուրախացաւ երբ կարդաց նախկին միսիոնարի մը կենսագրութիւնը, որ նոյն հիւանդութեան հետ գլուխ ելած էր։ Ան գրեց. «Միսիոնարին կենսագրութիւնը կարդալը ինծի օգնեց որ իմ խնդիրս հասկնամ, ինչպէս նաեւ ինծի յոյս տուաւ»։

18. Ինչո՞ւ շատ յաճախ պէտք է աղօթենք։

18 Աղօթքը կրնայ ամէն տեսակ պարագաներու ներքեւ օգնել։ Պօղոս առաքեալ շեշտեց աղօթքին կարեւորութիւնը երբ ըսաւ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Արդեօք օգնութեան համար շատ յաճախ կ’աղօթե՞նք, որպէսզի դժուար պարագաներու տոկանք։ Բրիտանիոյ մէջ եղբայր մը՝ Ալեքս, որ երկա՜ր ատեն ընկճուածութենէ կը տառապի, կ’ըսէ թէ «աղօթքով Եհովային խօսիլը եւ Սուրբ Գիրքը կարդալով Անոր մտիկ ընելը» իրեն շատ կ’օգնէ։

19. Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը որքա՞ն կարեւոր է։

19 Ուրիշ կարեւոր կարգադրութիւն մը, որ մեզի կ’օգնէ, ժողովներու ընթացքին ընկերակցութիւնն է։ Սաղմոսերգու մը գրեց. «Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար» (Սաղ. 84։2)։ Նմանապէս կը զգա՞նք։ Նախապէս նշուած Լանին, քրիստոնեաներու հետ ընկերակցելու նկատմամբ իր տեսակէտը կը բացատրէ, ըսելով. «Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը կամքի թողուած չէր։ Գիտէի որ պէտք է ներկայ ըլլայի, եթէ Եհովայէն օգնութիւն կ’ակնկալէի»։

20. Ծառայութեան մասնակցիլը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ։

20 Քաջութիւն կը ստանանք նաեւ երբ Թագաւորութեան մասին կը շարունակենք քարոզել (Ա. Տիմ. 4։16)։ Աւստրալիոյ մէջ քոյր մը, որ բազմաթիւ խնդիրներ դիմագրաւած է, կ’ըսէ. «Քարոզելը վերջին բանն էր որ կ’ուզէի ընել. բայց երբ երէց մը ուզեց որ իրեն հետ ծառայեմ, համաձայն գտնուեցայ։ Յայտնի էր որ Եհովան ինծի կ’օգնէր, քանի որ ամէն անգամ որ ծառայութեան կը մասնակցէի, կ’ուրախանայի» (Առ. 16։20)։ Շատեր նկատած են որ երբ ուրիշներուն կ’օգնեն Եհովայի հանդէպ հաւատք կերտելու, իրե՛նց հաւատքը կը զօրանայ։ Այսպէս ընելով, անոնք իրենց խնդիրներուն մասին չեն մտածեր, այլ՝ աւելի կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացած կ’ըլլան (Փլպ. 1։10, 11

21. Մեր դժուարութիւններուն առնչութեամբ ի՞նչ հաւաստիք ունինք։

21 Այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւելու համար, Եհովան շա՜տ օգնութիւն հայթայթած է։ Եթէ իրեն թոյլ տանք որ մեզի օգնէ, խնդիրներ ունենալով հանդերձ, կրնանք ուրախ ըլլալ։ Նաեւ, կը սորվինք քաջ ըլլալ՝ Աստուծոյ ընտիր ծառաներուն մասին խոկալով եւ զիրենք ընդօրինակելով։ Հաւանաբար յաւելեալ խնդիրներ ունենանք, մինչ այս աշխարհը իր վախճանին կը մօտենայ, բայց կրնա՛նք Պօղոսի նման զգալ, որ ըսաւ. «Վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք. . . Չենք վհատիր» (Բ. Կոր. 4։9, 16)։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛նք մեր նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։17, 18

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14, 15]

Երբ նեղութեան մատնուիս, Եհովայի հայթայթած օգնութենէն օգտուէ՛