Աստուծոյ հնազանդելով՝ իր երդուեալ խոստումներէն օգտուէ
Աստուծոյ հնազանդելով՝ իր երդուեալ խոստումներէն օգտուէ
«Որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, [Աստուած] իր անձին վրայ երդում ըրաւ» (ԵԲ. 6։13, 14ա)։
ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.
Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործուի։
Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն ետք, Աստուած ի՞նչ խոստացաւ ընել։
Աբրահամի ըրած Աստուծոյ մասնայատուկ խոստումէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
1. Եհովայի խոստումները ինչպէ՞ս կը տարբերին մարդոց խոստումներէն։
ԵՀՈՎԱՆ ‘ճշմարտութեան Աստուած է’ (Սաղ. 31։5)։ Անկատարութեան պատճառով, չենք կրնար մարդոց միշտ վստահիլ, սակայն կրնա՛նք Աստուծոյ վստահիլ, որովհետեւ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբ. 6։18. կարդա՛ Թուոց 23։19)։ Ան միշտ կը կատարէ մարդկութեան համար իր տուած բոլոր խոստումները։ Օրինակի համար, Աստուած երկրային բոլոր բաները ստեղծեց վեց ժամանակաշրջաններու մէջ, որոնք կը կոչուին՝ ստեղծագործական օրեր։ Իւրաքանչիւր ստեղծագործական օրուան սկիզբը, ան ըսաւ թէ ի՛նչ պիտի ընէր եւ ապա ճշգրտօրէն կատարեց իր խոստացածը։ Իսկ ստեղծագործական 6–րդ օրուան աւարտին, «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծն. 1։6, 7, 30, 31)։
2. Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստի օրը։ Ինչո՞ւ ան «սրբեց զանիկա»։
2 Իր ամբողջ ստեղծագործութեան մասին «շատ բարի էր» ըսելէ ետք, Եհովա Աստուած եօթներորդ օրուան սկիզբը յայտարարեց, որ է իր հանգիստի օրը։ Ասիկա 24 ժամ տեւողութիւն ունեցող օր մը չէ, հապա երկա՜ր ժամանակամիջոց մը, որուն ընթացքին ան դադրած է որեւէ բան ստեղծելէ երկրի վրայ (Ծն. 2։2)։ Աստուծոյ հանգիստի օրը դեռ չէ վերջացած (Եբ. 4։9, 10)։ Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր թէ ճիշդ ե՛րբ սկսաւ. բայց գիտենք թէ սկսաւ Ադամի կնոջ՝ Եւայի ստեղծագործութենէն որոշ ժամանակ մը ետք, գրեթէ 6000 տարի առաջ։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը շուտով պիտի սկսի, եւ այդ ժամանակամիջոցին, Աստուած երկրի նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Ան կ’ուզէ որ երկիրը դրախտ մը ըլլայ, ուր կատարեալ մարդիկ պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ (Ծն. 1։27, 28. Յայտ. 20։6)։ Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, թէ պիտի տեսնես այդ երջանիկ ապագան, քանի որ «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա»։ Ասիկա խոստում մըն էր, որ ի՛նչ ալ պատահէր, Աստուած հոգ պիտի տանէր որ իր նպատակը կատարուի իր հանգիստի օրուան վերջաւորութեան (Ծն. 2։3)։
3. ա) Աստուծոյ հանգիստը սկսելէ ետք, ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Եհովան այս հարցը ինչպէ՞ս պիտի լուծէր։
3 Բայց Աստուծոյ հանգիստը սկսելէ ետք, իր արարածներէն ոմանք իրեն դէմ ըմբոստացան։ Սատանան, որ երկնքի մէջ հրեշտակ էր, փորձեց մղել ուրիշները, որ Աստուծոյ փոխարէն զինք պաշտեն։ Ան առաջին սուտը խօսեցաւ եւ Եւան խաբեց, այնպէս մը որ ան Եհովային չհնազանդեցաւ (Ա. Տիմ. 2։14)։ Ատկէ ետք, Եւան իր ամուսինը մղեց Եհովային չհնազանդելու (Ծն. 3։1-6)։ Այս ըմբոստութիւնը տիեզերքի մէջ տեղի ունեցած ամէնէն վատ բանն էր։ Թէեւ Սատանան Աստուած կ’ամբաստանէր, ըսելով որ ճշմարտախօս չէ, բայց Աստուած հարկ չտեսաւ երդում մը ընելու, փաստելու համար որ երկրի նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործուի։ Փոխարէն, ան խոստացաւ բան մը, որ յետագային պիտի հասկցուէր։ Ան պարզապէս նշեց հարցը լուծելու կերպը՝ ըսելով որ «թշնամութիւն» կամ ատելութիւն պիտի դնէր Սատանային ու կնոջ միջեւ, ինչպէս նաեւ անոնց սերունդներուն միջեւ։ Խոստացեալ Սերունդը Սատանային ‘գլուխը’ պիտի ջախջախէր, իսկ Սատանան ‘անոր գարշապարը պիտի խայթէր’ (Ծն. 3։15. Յայտ. 12։9)։
ԵՐԴՈՒՄԸ՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱՒՈՐ ԿԵՐՊ
4, 5. Աբրահամ խոստում ընելու ի՞նչ օրինաւոր կերպ գործածեց։
4 Մինչեւ այդ ատեն, հաւանաբար բնաւ հարկ չէր եղած երդում ընել, որ բան մը ճիշդ է։ Կատարեալ արարածներ, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ զինք կ’ընդօրինակեն, երդում ընելու հարկ չունին։ Անոնք միշտ ճշմարտախօս են եւ լիովին իրարու կը վստահին։ Սակայն, առաջին զոյգը մեղանչելէ եւ անկատար դառնալէ ետք, ստելը ի վերջոյ սովորական բան եղաւ մարդոց մէջ։ Ուստի, անհրաժեշտ դարձաւ որ մարդիկ երդումներ ընեն, կարեւոր բանի մը ճշդութիւնը օրինապէս հաստատելու համար։
5 Աբրահամ առնուազն երեք առիթներով երդում ըրաւ (Ծն. 21։22-24. 24։2-4, 9)։ Օրինակ, Եղամի թագաւորը եւ անոր դաշնակիցները պարտութեան մատնելէ ետք, ան երդում ըրաւ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Սաղէմի եւ Սոդոմի թագաւորները եկան զինք դիմաւորելու, Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ, որ նաեւ «Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր», Աբրահամը օրհնեց եւ Աստուած փառաւորեց, որովհետեւ անոր օգնած էր իր թշնամիները պարտութեան մատնելու համար (Ծն. 14։17-20)։ Ապա, երբ Սոդոմի թագաւորը ուզեց Աբրահամը վարձատրել, քանի որ իր ժողովուրդը ազատած էր յարձակող ուժերէն, Աբրահամ երդում ըրաւ. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս, որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ Աբրամը ես հարստացուցի ըսես» (Ծն. 14։21-23)։
ԵՀՈՎԱՅԻ ԵՐԴՈՒԵԱԼ ԽՈՍՏՈՒՄԸ՝ ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ
6. ա) Աբրահամ մեզի ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ բ) Աբրահամի ըրածէն ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։
6 Եհովա Աստուած եւս երդումներ ըրած է, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը կարենայ իր խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։ Եհովա երդումներ կ’ընէ հետեւեալին նման արտայայտութիւններ գործածելով՝ «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան» (Եզեկ. 17։16)։ Աստուածաշունչը կը նշէ աւելի քան 40 անգամ թէ Եհովան երդումներ ըրած է։ Աբրահամին ըրած իր երդումը հանրածանօթ օրինակ մըն է։ Եհովան Աբրահամի կեանքի տեւողութեան բազմաթիւ խոստումներ ըրաւ, որոնցմէ Աբրահամ գիտցաւ որ խոստացեալ Սերունդը իր զաւակէն՝ Իսահակէն՝ պիտի գայ (Ծն. 12։1-3, 7. 13։14-17. 15։5, 18. 21։12)։ Ապա Եհովան Աբրահամը դժուար փորձութեան մը առջեւ դրաւ։ Ան պատուիրեց անոր որ իր սիրելի որդին զոհէ։ Աբրահամ անմիջապէս գործի անցաւ։ Բայց Իսահակը զոհելէ առաջ, հրեշտակ մը զինք կեցուց, եւ Աստուած այս երդումը ըրաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծն. 22։1-3, 9-12, 15-18)։
7, 8. ա) Աստուած ինչո՞ւ Աբրահամի երդում ըրաւ։ բ) Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ը ինչպէ՞ս պիտի օգտուին Աբրահամի ըրած Աստուծոյ երդումէն։
7 Աստուած ինչո՞ւ Աբրահամին երդում ըրաւ, որ Իր խոստումները պիտի կատարուին։ Որովհետեւ ասիկա խոստացեալ «սերունդ»ին երկրորդական մասը կազմողները,– Քրիստոսի հետ իշխողները,– պիտի քաջալերէր եւ անոնց հաւատքը զօրացնէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։13-18. Գաղ. 3։29)։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, Եհովան «երդում ըրաւ»։ Ուստի, երկու «անփոփոխելի բաներ» օծեալներուն ‘հաստատուն մխիթարութիւն տուին, որ ամուր բռնեն իրենց առջեւ դրուած յոյսը’։ Ատոնք Աստուծոյ խոստումը եւ իր երդումն էին, բաներ՝ որոնց մէջ «անկարելի է որ Աստուած սուտ խօսի»։
8 Միայն օծեալները չեն որ Աբրահամի ըրած Աստուծոյ երդումէն կ’օգտուին։ Ան երդում ըրաւ, որ Աբրահամի «սերունդ»ին միջոցաւ, ‘երկրի բոլոր ազգերը պիտի օրհնուէին’ (Ծն. 22։18)։ ‘Բոլոր ազգերուն’ պատկանող մարդոց մէջ կան Քրիստոսի հնազանդ «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին (Յովհ. 10։16)։ Ըլլա՛ս օծեալներէն կամ ուրիշ ոչխարներէն, յոյսդ ‘ամուր բռնէ’։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է ջանք թափես ձեռք ձգելու համար այն ինչ որ կը յուսաս, շարունակելով ամէն բանի մէջ Աստուծոյ հնազանդիլ (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։11, 12)։
ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՏՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԱՅԼ ԵՐԴՈՒՄՆԵՐ
9. Երբ Աբրահամի զարմը Եգիպտոսի մէջ ստրուկ էր, Աստուած ի՞նչ երդում ըրաւ։
9 Աբրահամի օրերէն հարիւրաւոր տարիներ ետք, Եհովան դարձեալ Աբրահամի տուած իր խոստումները կատարելու երդում ըրաւ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ երբ ան Մովսէսը ղրկեց որ խօսի Աբրահամի զարմին հետ, որ Եգիպտոսի մէջ ստրկացած էր (Ել. 6։6-8)։ Աստուած յետագային բացատրեց, թէ այդ ատեն երդում կ’ընէր։ Ան ըսաւ. «Իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ» (Եզեկ. 20։5, 6)։
10. Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանելէ ետք, Աստուած ի՞նչ խոստացաւ անոնց։
10 Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս հանելէ ետք, Եհովան այլ բան մը եւս խոստացաւ անոնց. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք» (Ել. 19։5, 6)։ Ի՜նչ մասնայատուկ առանձնաշնորհում մը իսրայէլ ազգին։ Ասիկա կը նշանակէր, որ եթէ անոնք Եհովայի հնազանդէին, ան իրենցմէ ոմանք քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ընէր, որ մնացեալ մարդկութիւնը պիտի օրհնէր։ Յետագային, Եհովան բացատրեց թէ «երդում ընելով» այդ խոստումը ըրաւ (Եզեկ. 16։8)։
11. Երբ Աստուած իսրայէլ ազգին առանձնաշնորհում տուաւ որ իր մասնայատուկ ազգը ըլլան, անոնք ի՞նչ ըրին։
11 Եհովան իսրայէլացիներուն վրայ չճնշեց, որ երդում ընեն թէ հնազանդ պիտի ըլլան. ոչ ալ անոնց վրայ ճնշեց որ այդ մասնայատուկ առանձնաշնորհումը ընդունին։ Իրե՛նք ուզեցին երդում ընել որ հնազանդ պիտի ըլլան։ Անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։8)։ Երեք օր ետք, Եհովա Աստուած իսրայէլացիներուն յայտնեց այն ինչ որ իրենցմէ կը պահանջէր որպէս իր ընտրեալ ազգը։ Նախ Տասը պատուիրանները անոնց տուաւ, եւ ապա Մովսէսի միջոցաւ անոնց փոխանցեց այլ պատուիրաններ, որոնք Ելից 20։22–էն մինչեւ Ելից 23։33–ի մէջ արձանագրուած են։ Այս պատուիրանները լսելէ ետք, իսրայէլացիները ի՞նչ ըսին։ «Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. ‘Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք’» (Ել. 24։3)։ Ապա Մովսէս օրէնքները «ուխտին գիրք»ին մէջ գրի առաւ եւ զանոնք բարձրաձայն կարդաց, որպէսզի ամբողջ ազգը դարձեալ լսէ։ Անկէ ետք, երրորդ անգամ ըլլալով, ժողովուրդը խոստացաւ. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք» (Ել. 24։4, 7, 8)։
12. ա) Իսրայէլը իր մասնայատուկ ազգը ընել խոստանալէ ետք, Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ բ) Աստուծոյ խոստում տալէ ետք, իսրայէլացիները ի՞նչ ըրին։
12 Օրէնքի ուխտին մէջ իր խոստացածը կատարելու համար, Եհովան անմիջապէս գործի անցաւ։ Ան ընտրեց քահանաներ, որոնք պաշտամունքի մասնաւոր վրանի մը մէջ պիտի ծառայէին։ Քահանայութիւնը պիտի օգնէր անկատար մարդոց, որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենային։ Բայց թէեւ իսրայէլացիները Աստուծոյ նուիրուած էին, անոնք շուտով անհնազանդ գտնուեցան։ Այսպէս, իրենց խոստացածը չկատարելով՝ «Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին» (Սաղ. 78։41)։ Օրինակ, երբ Մովսէս Սինա լերան վրայ Եհովայէն յաւելեալ ցուցմունքներ կը ստանար, իսրայէլացիները անհամբեր դարձան եւ իրենց հաւատքը պակսեցաւ։ Անոնք խորհեցան որ Մովսէս զիրենք լքած էր։ Ուստի, ոսկիէ հորթ մը շինեցին ու ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին» (Ել. 32։1, 4)։ Ապա, անոնք այդ արձանին առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ զոհեր մատուցանեցին, ըսելով որ Եհովան կը պաշտեն։ Ասիկա տեսնելով՝ Եհովա Մովսէսին ըսաւ. «Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի» (Ել. 32։5, 6, 8)։ Յաջորդ տարիներուն իսրայէլացիները ուխտեցին շա՜տ բաներ ընել, բայց իրենց խոստացածը կրկին անգամ չկատարեցին (Թուոց 30։2)։
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԵՐԿՈՒ ԵՐԴՈՒՄՆԵՐ
13. ա) Եհովան Դաւիթի ի՞նչ երդում ըրաւ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ այդ երդումը խոստացեալ Սերունդին մասին էր։
13 Երբ Դաւիթ Իսրայէլի թագաւորն էր, Աստուած յաւելեալ երկու երդումներ ըրաւ, որոնցմէ պիտի օգտուէին Իրեն հնազանդողները։ Նախ, Դաւիթի երդում Սաղ. 89։35, 36. 132։11, 12)։ Խոստացեալ Սերունդը կամ Քրիստոսը Դաւիթի զարմէն պիտի ըլլար եւ «Որդի Դաւթի» պիտի կոչուէր (Մատ. 1։1. 21։9)։ Դաւիթ խոնարհաբար խոստացեալ Սերունդը «Տէր» կոչեց, քանի որ Քրիստոս իրմէ գերադաս էր (Մատ. 22։42-44)։
ըրաւ որ իր զարմը յաւիտեան իր գահին վրայ պիտի իշխէր (14. ա) Եհովան խոստացեալ Սերունդին մասին ի՞նչ երդում ըրաւ։ բ) Այս երդումէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
14 Երկրորդ, Եհովան Դաւիթի յայտնեց թէ խոստացեալ Սերունդը ոչ միայն Թագաւոր մը պիտի ըլլայ, այլեւ՝ մարդկութեան Քահանայապետը։ Ասիկա յատուկ բան մըն էր, քանի որ իսրայէլի տրուած Օրէնքին համաձայն, քահանաները պէտք է Ղեւիի ցեղէն ըլլային, իսկ թագաւորները՝ Յուդայի ցեղէն։ Ուրեմն, այդ ժամանակ ո՛չ ոք կրնար թէ՛ թագաւոր եւ թէ քահանայ ըլլալ։ Սակայն, Դաւիթ ապագայ Թագաւորին մասին նախագուշակեց. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. ‘Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես’» (Սաղ. 110։1, 4)։ Եւ ճիշդ ինչպէս այս մարգարէութիւնը կը նշէ, Յիսուս Քրիստոս, որ խոստացեալ Սերունդն է, այժմ երկնքի մէջ որպէս Թագաւոր կ’իշխէ։ Ան նաեւ կը ծառայէ որպէս մարդկութեան Քահանայապետը, օգնելով զղջացող մարդոց որ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 7։21, 25, 26)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
15, 16. ա) Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ երկու իսրայէլ նշուած են։ բ) Ո՞ր իսրայէլը ներկայիս Աստուծոյ օրհնութիւնը ունի։ գ) Երդում ընելու մասին Յիսուս ի՞նչ պատուէր տուաւ իր հետեւորդներուն։
15 Քանի որ իսրայէլ ազգը Յիսուս Քրիստոսը մերժեց, Եհովան ի վերջոյ զանոնք մերժեց, եւ այսպէս անոնք «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու պատեհութիւնը կորսնցուցին։ Յիսուս հրեայ առաջնորդներուն ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատ. 21։43)։ Նոր ազգը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին հաստատուեցաւ։ Այդ օրը Աստուած իր հոգին թափեց Յիսուսի շուրջ 120 աշակերտներու վրայ, որոնք Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած էին։ Ասոնք դարձան նոր «ազգ»ը, որ կոչուեցաւ՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը։ Շուտով, ուրիշ ազգերէ հազարաւորներ եւս Աստուծոյ իսրայէլին մէկ մասը կազմեցին (Գաղ. 6։16)։
16 Վաղեմի իսրայէլ ազգին հակառակը, Աստուծոյ նոր իսրայէլը կը շարունակէ Իրեն հնազանդիլ։ Աստուծոյ իսրայէլի ստացած պատուէրներէն մէկը առնչուած էր երդում ընելուն։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, մարդիկ ճիշդ չեղող եւ անկարեւոր բաներու շուրջ երդումներ կ’ընէին (Մատ. 23։16-22)։ Իսկ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց. «Ամենեւին երդում մի՛ ընէք. . . Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ» (Մատ. 5։34, 37)։
17. Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
17 Սա կը նշանակէ՞ թէ միշտ սխալ է երդում ընել։ Իսկ աւելի կարեւորը, ի՞նչ կը նշանակէ մեր այոն այո՛ ըլլայ։ Պատասխանները պիտի գտնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։ Մինչ կը շարունակենք Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալ, թոյլ տանք որ ասիկա մեզ մղէ միշտ Իրեն հնազանդելու։ Այսպէս, ան մեզ յաւիտեան պիտի օրհնէ, ինչպէս որ երդումով խոստացած է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 27]
Եհովայի խոստումները միշտ կը կատարուին
[Նկար՝ էջ 25]
Մօտ օրէն Աբրահամ Եհովայի խոստումները կատարուած պիտի տեսնէ