Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր այոն այո՛ ըլլայ

Ձեր այոն այո՛ ըլլայ

Ձեր այոն այո՛ ըլլայ

«Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (ՄԱՏ. 5։37

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.

Յիսուս երդուեալ խոստումներու մասին ի՞նչ ըսաւ։

Իր խօսքին տէրը ըլլալուն մէջ, Յիսուս ինչո՞ւ լաւ օրինակ է։

Կեանքի ո՞ր երեսակներուն մէջ, մեր այոն այո՛ պէտք է ըլլայ։

1. Յիսուս երդում ընելու մասին ի՞նչ ըսաւ եւ ինչո՞ւ։

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ճշմարիտ քրիստոնեաները երդում ընելու հարկ չունին, քանի որ կը հնազանդին Յիսուսին, որ ըսաւ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո»։ Ան ըսել կ’ուզէր թէ անձ մը պէտք է իր խօսքին տէրը ըլլայ։ Յիսուս այդ պատուէրը կանխեց ըսելով՝ «ամենեւին երդում մի՛ ընէք»։ Ան այս արտայայտութիւնը ըրաւ, քանի որ բազմաթիւ մարդիկ սովորութիւն ունէին կրկին անգամ երդում ընելու թէ այս կամ այն պիտի ընեն, մինչդեռ մտադրութիւն իսկ չունէին իրենց այդ խոստումները կատարելու։ Երբ անձ մը երդում ընէ որ բան մը պիտի կատարէ եւ իր խօսքին տէրը չըլլայ, ան այսպէս ցոյց կու տայ թէ վստահելի անձ մը չէ եւ հետեւաբար ‘չարին’ ազդեցութեան տակ է (կարդա՛ Մատթէոս 5։33-37

2. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ երդում ընելը միշտ սխալ չէ։

2 Յիսուս ըսել չուզեց որ երդում ընելը սխալ է։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, Եհովա Աստուած եւ իր արդար ծառան՝ Աբրահամ, կարեւոր առիթներու ընթացքին երդումներ ըրին։ Նաեւ, Աստուծոյ Օրէնքը պահանջեց որ որոշ խնդիրներ լուծելու համար, անհատ մը երդում ընէ (Ել. 22։10, 11. Թուոց 5։21, 22)։ Ուրեմն, կրնայ հարկ ըլլալ որ երբ քրիստոնեան դատարանին մէջ կը վկայէ, երդում ընէ։ Կամ կրնան հազուագիւտ պարագաներ ըլլալ, երբ քրիստոնեայ մը խորհի որ հարկ է որ երդում ընէ թէ բան մը պիտի՛ ընէ կամ թէ որոշ հարցի մը շուրջ իր խօսածը ճիշդ է։ Իրականութեան մէջ, երբ քահանայապետը Յիսուսը երդումի տակ դրաւ, ան չառարկեց, այլ՝ ճշմարտապէս պատասխանեց (Մատ. 26։63, 64)։ Յիսուս հարկ չունէր մէկու մը երդում ընելու։ Ասով հանդերձ, իր պատգամին վստահելի ըլլալը շեշտելու համար, ան յաճախ իր ըսածը իւրայատուկ կերպով կը սկսէր, ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի» (Յովհ. 1։51. 13։16, 20, 21, 38)։ Տեսնենք թէ ինչ եւս կրնանք սորվիլ Յիսուսին, Պօղոսին եւ ուրիշներու օրինակներէն, որոնց այոն այո՛ էր։

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿԸ՝ ՅԻՍՈՒՍ

3. Յիսուս աղօթքով ի՞նչ խոստացաւ, եւ իր երկնաւոր Հայրը ինչպէ՞ս ընդառաջեց։

3 «Ահա կու գամ. . . քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած» (Եբ. 10։7)։ Այս իմաստալից խօսքերով, Յիսուս ինքզինք ներկայացուց Աստուծոյ, որպէսզի խոստացեալ Սերունդին համար նախագուշակուած բոլոր բաները կատարէ, ներառեալ՝ Սատանային կողմէ ‘իր գարշապարին խայթուիլը’ (Ծն. 3։15)։ Ո՛չ մէկ մարդ փափաքած է ա՛յսքան ծանր պատասխանատուութիւն շալկել։ Եհովան երկնքէն իր Որդւոյն հանդէպ իր լման վստահութիւնը յայտնեց, առանց պահանջելու որ ան երդում ընէ թէ իր խօսքը պիտի կատարէ (Ղուկ. 3։21, 22

4. Յիսուսի այոն ո՞ր տարողութեամբ այո էր։

4 Յիսուս միշտ իր քարոզածը գործադրեց, իր այոն այո՛ ընելով։ Ան թոյլ չտուաւ որ որեւէ բան զինք շեղեցնէ իր աստուածատուր յանձնարարութենէն,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ Աստուծոյ կողմէ քաշուած բոլոր անհատները աշակերտել (Յովհ. 6։44)։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ Յիսուսի ճշմարիտ ըլլալուն տարողութիւնը հետեւեալ հանրածանօթ խօսքերով. «Որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ ‘Այո’ են» (Բ. Կոր. 1։20)։ Իրապէս, Յիսուս լաւագոյն օրինակն է. ան գործադրեց ճիշդ ինչ որ իր Հօր խոստացած էր։ Այժմ նկատի առնենք անհատ մը, որ Յիսուսը ընդօրինակելու մէջ իր լաւագոյնը ըրաւ։

ԻՐ ԽՕՍՔԻՆ ՏԷՐԸ ԵՂՈՂ ՄԱՐԴԸ՝ ՊՕՂՈՍ

5. Պօղոս առաքեալ մեզի ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

5 «Ի՞նչ ընեմ, Տէր» (Գործք 22։10)։ Այս անկեղծ խօսքերով, Պօղոս, որ այն ատեն ճանչցուած էր որպէս Սօղոս, ընդառաջեց փառաւորեալ Տէր Յիսուսի ուղղութեան, որ տեսիլքով իրեն երեւցաւ, որպէսզի Իր աշակերտները չհալածէ։ Առ ի արդիւնք, Սօղոս խոնարհաբար իր անցեալի ընթացքին համար զղջաց, մկրտուեցաւ եւ Յիսուսի մասին ազգերուն վկայելու մասնայատուկ նշանակումը ընդունեց։ Այդ օրէն սկսեալ, Պօղոս շարունակեց Յիսուսը «Տէր» կոչել, այս արտայայտութեան համաձայն գործելով՝ մինչեւ իր երկրային կեանքին վերջաւորութեան (Գործք 22։6-16. Բ. Կոր. 4։5. Բ. Տիմ. 4։8)։ Պօղոս ուրիշներու նման չէր, որոնց մասին Յիսուս ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր» (Ղուկ. 6։46)։ Արդ, Յիսուս կ’ակնկալէ բոլոր անոնցմէ՝ որոնք զինք «Տէր» կը կոչեն, Պօղոս առաքեալի նման իրենց խօսքին տէրը ըլլան։

6, 7. ա) Պօղոս Կորնթոսի իր այցելութիւնը ինչո՞ւ ուշացուց։ բ) Ինչո՞ւ զինք քննադատողները արդարացի չէին իրեն չվստահելու։ գ) Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հանդէպ ինչպէ՞ս պէտք է զգանք։

6 Պօղոս նախանձախնդրաբար Թագաւորութեան պատգամը Փոքր Ասիա եւ Եւրոպա տարածեց, հաստատելով եւ վերայցելելով բազմաթիւ ժողովքներ։ Ատեններ, հարկ էր որ երդում ընէր թէ իր գրածը ճիշդ էր (Գաղ. 1։20)։ Կորնթոսի մէջ ոմանք խորհեցան թէ Պօղոս վստահելի անձ մը չէր։ Պօղոս ուզեց անոնց հասկցնել թէ իր խօսքը ճշմարիտ էր, ուստի ըսաւ. «Հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ ‘այո’ եւ ‘ոչ’ չէր» (Բ. Կոր. 1։18)։ Երբ ասիկա գրեց, ան Եփեսոսը ձգած էր եւ Մակեդոնիայի ճամբով Կորնթոս կը ճամբորդէր։ Սկիզբը, ան ծրագրած էր Կորնթոս վերադառնալ եւ ապա Մակեդոնիա (Բ. Կոր. 1։15, 16)։ Բայց ատեններ պատճառներ կ’ըլլան ծրագիրներ փոխելու։ Օրինակ, ներկայիս կրնայ ըլլալ որ շրջագայող տեսուչներ ժողովքներ այցելելու թուականները փոխեն։ Բայց անոնք անկարեւոր եւ անձնասէր պատճառներու համար չէ որ իրենց ծրագիրները կը փոխեն, այլ՝ հրատապ պարագայի մը համար։ Պօղոս Կորնթոս այցելելը ուշացնելու վաւերական պատճառ ունէր, եւ ատիկա ժողովքին օգտին համար էր։ Ինչպէ՞ս։

7 Իր սկզբնական ծրագիրները ընելէ որոշ ժամանակ ետք, Պօղոս լսեց որ Կորնթոսի ժողովքը խնդիրներ կը դիմագրաւէր։ Եղբայրներուն մէջ միութիւն չկար եւ անոնք ժողովքի մէկ անդամին թոյլ կու տային որ անբարոյ կեանք վարէ (Ա. Կոր. 1։11. 5։1)։ Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս խիստ խրատ տուաւ, իրենց օգնելու որ իրենց խնդիրները լուծեն։ Ապա, փոխանակ Եփեսոսէն ուղղակի Կորնթոս ճամբորդելու, Պօղոս որոշեց եղբայրներուն ժամանակ տալ, որ իր գալէն առաջ իր խրատները կիրարկեն։ Առ ի արդիւնք, իր այցելութիւնը աւելի քաջալերական պիտի ըլլար։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, ան ըսաւ որ իր ծրագիրները փոխելու պատճառը ասիկա՛ էր։ Ան ըսաւ. «Ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ» (Բ. Կոր. 1։23)։ Բնա՛ւ Պօղոսը քննադատողներուն նման պէտք չէ ըլլանք։ Փոխարէն, մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հանդէպ խոր յարգանք պէտք է ունենաք։ Պօղոս իր խօսքին տէրը եղաւ. եւ մենք պէտք է իր օրինակին հետեւինք, ինչպէս ինք՝ Քրիստոսին (Ա. Կոր. 11։1. Եբ. 13։7

ՈՒՐԻՇ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

8. Ռեբեկա մեզի համար ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

8 «Կ’երթամ» (Ծն. 24։58)։ Այս պարզ բառով, Ռեբեկա իր մօր ու եղբօր յայտնեց, թէ կը փափաքէ՛ր այդ օր տունը ձգելով օտարի մը հետ աւելի քան 800 քմ ճամբորդել, Իսահակի կինը դառնալու համար (Ծն. 24։50-58)։ Ռեբեկան իր խօսքին տէրը ըլլալով՝ Իսահակի հաւատարիմ ու աստուածավախ կինը եղաւ։ Իր կեանքին մնացեալ օրերը, Ռեբեկա Խոստացեալ երկրին մէջ որպէս պանդուխտ բնակեցաւ։ Ան իր հաւատարմութեան համար վարձատրուեցաւ, խոստացեալ Սերունդին մէկ նախամայրը ըլլալով (Եբ. 11։9, 13

9. Հռութ ինչպէ՞ս իր խօսքին տէրը եղաւ։

9 «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք» (Հռութ 1։10)։ Մովաբացի այրիները՝ Հռութն ու Որփան, շարունակեցին այսպէս ըսել իրենց այրի կեսուրին՝ Նոեմիին, որ Մովաբէն Բեթլեհէմ կը վերադառնար։ Ի վերջոյ, Նոեմիի յորդորին վրայ, Որփա իր հայրենիքը վերադարձաւ։ Բայց Հռութ իր խօսքին տէրը եղաւ (կարդա՛ Հռութ 1։16, 17Ան Նոեմիի հաւատարիմ մնաց եւ իրեն հետ կեցաւ, իր ընտանիքը եւ Մովաբի սուտ կրօնքը առյաւէտ լքելով։ Իր կեանքի մնացեալ օրերուն մէջ, Հռութ Եհովան պաշտեց եւ Ան զինք օրհնեց։ Հռութ հինգ կիներէն մէկն է, որ Մատթէոս աւետարանագիրը կը նշէ Քրիստոսի սերնդաբանութեան մէջ (Մատ. 1։1, 3, 5, 6, 16

10. Եսային ինչո՞ւ լաւ օրինակ էր մեզի համար։

10 «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Ասիկա ըսելէ առաջ, Եսային տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Եհովան, որ իր գահին վրայ նստած էր՝ Իսրայէլի տաճարին վերեւը։ Մինչ այս փառաւոր երեւոյթին վրայ իր աչքերը սեւեռած էր, Եսայի լսեց Եհովային սա խօսքը. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Եհովան կը փնտռէր մէկը, որ իր խօսնակը ըլլալով՝ իր պատգամը հաղորդէր իր կամակոր ժողովուրդին։ Եսային իր խօսքին տէրը եղաւ. իր այոն այո՛ էր։ Աւելի քան 46 տարի, ան հաւատարմօրէն ծառայեց որպէս մարգարէ, փոխանցելով դատապարտութեան զօրեղ պատգամներ, ինչպէս նաեւ ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատման մասին գեղեցիկ խոստումներ։

11. ա) Մեր խօսքին տէրը ըլլալը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ բ) Իրենց խօսքին տէրը չեղող անհատներու ի՞նչ ազդարարական օրինակներ ունինք։

11 Եհովան վերոնշեալ օրինակները իր Խօսքին մէջ ինչո՞ւ արձանագրած է։ Եւ որքա՞ն լուրջ է մեր այոն այո՛ ընել։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը զգուշացնէ, թէ «ուխտ չպահողներ[ը]. . . մահուան արժանի են» (Հռով. 1։31, 32)։ Եգիպտոսի փարաւոնը, Յուդայի թագաւորը՝ Սեդեկիան, եւ Անանիան ու Սափիրան, Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած վատ օրինակներէն ոմանք են, որոնք իրենց խօսքին տէրը չեղան։ Այսպէս, իրե՛նք տուժեցին եւ մեզի ազդարարական օրինակ հանդիսացան (Ել. 9։27, 28, 34, 35. Եզեկ. 17։13-15, 19, 20. Գործք 5։1-10

12. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր խօսքին տէրը ըլլանք։

12 «Վերջին օրեր»ուն մէջ ապրելով՝ շրջապատուած ենք «անսուրբ» կամ անհաւատարիմ մարդոցմով, «որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Կարելի եղածին չափ, այսպիսի չար ընկերակցութիւններէ պէտք է խուսափինք։ Փոխարէն, կանոնաւորաբար պէտք է ընկերակցինք անոնց հետ՝ որոնք միշտ կը ջանան իրենց խօսքին տէրը ըլլալ (Եբ. 10։24, 25

ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅՈ՛Ն

13. Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդի մը ըրած ամէնէն կարեւոր այո՛ն ո՞րն է։

13 Մարդուս ըրած ամէնէն կարեւոր խոստումը կապ ունի Աստուծոյ նուիրուելուն հետ։ Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն իրենց անձերը ուրանալ՝ Յիսուսի հետեւորդ մը դառնալով, երեք առիթներով պատեհութիւն ունին ըսելու այո՛,– պատրաստ են իրենցմէ պահանջուածը ընելու (Մատ. 16։24)։ Երբ երկու երէցներ կը նստին անհատի մը հետ որ կը փափաքի չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալ, անոր կը հարցուի. «Իրապէս կ’ուզե՞ս Եհովայի վկայ մը ըլլալ»։ Յետագային, երբ անհատը հոգեւորապէս յառաջդիմած է եւ կ’ուզէ մկրտուիլ, երէցներուն հետ նիստ մը կ’ունենայ, ուր իրեն կը հարցուի. «Դուն Եհովային նուիրուե՞ր ես աղօթքի միջոցով»։ Ի վերջոյ, մկրտութեան օրը իւրաքանչիւր թեկնածուի կը հարցուի. «Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան հիման վրայ, մեղքերէդ զղջացած եւ անձդ Եհովային նուիրա՞ծ ես՝ իր կամքը կատարելու համար»։ Այսպէս, վկաներու ներկայութեամբ, այս նորեկները այո՛ կը պատասխանեն,– կը խոստանան յաւիտեան Աստուծոյ ծառայել։

14. Ի՞նչ ինքնաքննութիւն կանոնաւորաբար պէտք է ընենք։

14 Ըլլա՛ս նոր մկրտուած քրիստոնեայ մը կամ տասնամեակներէ ի վեր Աստուծոյ ծառայող մը, հարկ է որ ատեն–ատեն հետեւեալներուն նման հարցումներ դուն քեզի ուղղես. ‘Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով՝ կը շարունակե՞մ իմ ամէնէն կարեւոր այոյիս՝ խոստումիս՝ տէրը ըլլալ։ Արդեօք կը շարունակե՞մ Յիսուսին հնազանդիլ, քարոզելն ու աշակերտելը կեանքիս առանցքը ընելով’ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 13։5

15. Մեր կեանքի ո՞ր երեսակներուն մէջ կարեւո՛ր է որ մեր այոն այո՛ ըլլայ։

15 Մեր նուիրումի ուխտը պահելու համար, պէտք է ուրիշ կարեւոր բաներու մէջ ալ ճշմարտախօս ըլլանք։ Օրինակ, եթէ ամուսնացած ես, շարունակէ յարգել կողակիցդ սիրելու եւ արժեւորելու այն թանկագին ուխտը որ ըրիր։ Եթէ գործի համաձայնագիր ստորագրած ես կամ աստուածպետական առանձնաշնորհումներ ունենալու դիմումնագիր լեցուցած ես, պարտաւորութիւններդ կատարէ։ Իսկ եթէ աղքատ անհատի մը կողմէ ճաշի հրաւիրուած ես, զայն չեղեալ մի՛ համարեր եթէ հարուստ անհատ մը քեզ հրաւիրէ։ Եւ եթէ տունէ–տուն ծառայութեան ատեն խոստացած ես անհատի մը, որ պիտի վերայցելես իրեն՝ յաւելեալ հոգեւոր օգնութիւն հայթայթելու համար, թող ամէն գնով այոդ այո՛ ըլլայ, եւ Եհովան ծառայութիւնդ պիտի օրհնէ (կարդա՛ Ղուկաս 16։10

ՄԵՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՐՆԱ՛Յ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ

16. Եթէ մեր խօսքին տէրը չեղանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Աստուածաշունչը կը նշէ թէ որպէս անկատար անհատներ, «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք», մա՛նաւանդ մեր լեզուով (Յակ. 3։2)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ գիտակցինք թէ մեր խօսքին տէրը չենք եղած։ Իսրայէլի տրուած Օրէնքին մէջ, ողորմած կարգադրութիւն մը կար այն անհատին համար, որ ‘բերնովը անխորհրդաբար խօսէր’ (Ղեւ. 5։4-7, 11)։ Սիրալիր կարգադրութիւն մը եւս կայ քրիստոնեաներու համար, որոնք այսպիսի մեղք կը գործեն։ Եթէ Եհովայի խոստովանինք այդ մասնայատուկ մեղքին մասին, ան մեր Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ միջոցաւ գթառատօրէն մեզի պիտի ներէ (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Բայց Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալու համար, մեր գործերով պէտք է ցոյց տանք որ իրապէս զղջացած ենք։ Օրինակ, մեր խոստումները բեկանելու սովորութիւն պէտք չէ ունենանք։ Եւ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք լուծելու համար որեւէ խնդիր որ ծագեցաւ, մեր խոստումին բեկանման առ ի հետեւանք (Առ. 6։2, 3)։ Անշուշտ, աւելի լաւ է որ ուշադրութեամբ մտածենք, առաջ որ խոստանանք ընել բան մը, որ կարող չենք կատարել (կարդա՛ Ժողովող 5։2

17, 18. Ի՞նչ փառաւոր ապագայ կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք կը ջանան իրենց խօսքին տէրը ըլլալ։

17 Ի՜նչ հոյակապ ապագայ կը սպասէ Եհովայի բոլոր երկրպագուներուն, որոնք կը շարունակեն ջանալ իրենց խօսքին տէրը ըլլալ։ 144,000 օծեալները երկնքի մէջ անմահութիւն պիտի ունենան եւ Յիսուսի հետ «հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտ. 20։6)։ Իսկ անհամար միլիոնաւորներ Քրիստոսի Թագաւորութեան իշխանութենէն պիտի օգտուին դրախտի մէջ, երկրի վրայ։ Անոնք օգնութիւն պիտի ստանան՝ ֆիզիքական եւ մտային կատարելութեան հասնելու համար (Յայտ. 21։3-5

18 Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան աւարտին, վերջին փորձին ընթացքին հաւատարիմ մնալով, այլեւս ուրիշին խօսքին վրայ կասկածելու պատճառ պիտի չունենանք (Յայտ. 20։7-10)։ Իւրաքանչիւր այո այո՛ պիտի նշանակէ, իսկ իւրաքանչիւր ոչ՝ ո՛չ. քանի որ բոլորն ալ կատարելապէս պիտի ընդօրինակեն իրենց սիրալիր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, որ ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է (Սաղ. 31։5

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Մկրտութենէն մինչեւ մահ, Յիսուս Եհովային ըրած իր խոստումը պահեց

[Նկար՝ էջ 31]

Ամէնէն կարեւոր այոյին առնչութեամբ, խօսքիդ տէ՞րն ես